Ակնարկ. Ռուսական Գերմիջնորդութեան Տեսանելիութիւնը (Ս. Փեթերսպուրկը` Վիեննայէն Ընդամէնը Մէկ Ամիս Ետք)

By Aztag Daily | Thursday, 16 June 2016

Հաստատուած է արդէն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը կը կայանայ 20 յունիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Ըստ հրապարակուած լրատուութիւններուն, հանդիպման կը նախորդէ Ռուսիոյ նախագահին առանձնազրոյցը` երկու նախագահներուն հետ:

Եթէ նկատի ունենանք Վիեննայէն Ս. Փեթերսպուրկի միջեւ ժամանակահատուածին կարճատեւ ըլլալը եւ հանդիպման վայրը, որոշ մտածումներու կ՛առաջնորդուինք հարցի հետապնդման ուղղութեան վրայ գերմիջնորդ պետութեան ստանձնած դերակատարութեան գնահատական տալու առումով:

Պարզ էր, որ քառօրեայ պատերազմին հրադադար պարտադրելով Մոսկուան բոլոր կողմերուն ուղերձ կ՛ուղարկէր, որ հարցի ոչ միայն ռազմական իրադարձութիւններուն վրայ հակակշիռ ունենալու ղեկը, այլ նաեւ բանակցային գործընթացին վրայ գերազդեցութիւն բանեցնելու կողմը կը յաւակնէր ըլլալ:

Իրաւարար ըլլալու համար սակայն, կողմերուն նկատմամբ ցուցադրական չէզոքութիւն պէտք էր, երկու կողմերուն զինամթերք տրամադրել-վաճառել անհրաժեշտ էր, զգուշ ըլլալ, որպէսզի միջազգային կեդրոններու եւ ընդհանրապէս միջնորդներու որդեգրած պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման վարքագիծը չխախտի, ամբողջանան  բոլոր այն նախադրեալները, որոնք թէ՛ երկու հակամարտող կողմերուն եւ թէ՛ միջազգային ընտանիքին համար իրաւարարութիւնը ընդունելի տարազ կը դարձնեն:

Հիմա ծրագրուածը կը  թուի որոշ արդիւնքներ տուած ըլլալ: Ռուսիան մէկ ամսուան կարճ ժամանակամիջոցին մէջ յաջողած է ճշդել հանդիպման թուական. Ս. Փեթերսպուրկը իբրեւ հանդիպման վայր, նոյնպէս ռուսական դերակատարութեան մասին կը յուշէ. եթէ աւելցնենք նաեւ նախագահ Փութինի ունենալիք առանձին հանդիպումները երկու նախագահներուն հետ, աւելիով կը համոզուինք ռուսական գերմիջնորդութեան վարկածին:

Շարունակելով այս տրամաբանութիւնը կարելի է ենթադրել, որ քազանեան հանդիպումին առընթեր <<մատրիտեան փաստաթուղթ>> օգտագործումը  կը փոխարինուի քազանեան  եզրով: Հինգ տարի առաջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի կողմէ ներկայացուած առաջարկներու ամբողջութիւնը կը կոչուի քազանեան փաստաթուղթ, որ շատ պարզ հետեւութեամբ կը խօսի հարցի կարգաւորման ռուսական դիւանագիտութեան նախաձեռնութեան մասին:

Քազանի փաստաթուղթը իր ամբողջութեան մէջ չէ հրապարակուած: Արծարծուած կէտերը, որոնք հրապարակայնացուած են տարբեր հանգրուաններուն, կ՛ամփոփուին հետեւեալ ձեւով.

առաջին` հայկական ուժերը դուրս կու գան նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին յարակից բոլոր շրջաններից, բացառութեամբ Քարվաճառի եւ Լաչինի,

երկրորդ` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կը տեղակայուին խաղաղապահ ուժեր,

երրորդ` Լեռնային Ղարաբաղը կը ստանայ միջանկեալ կարգավիճակ, այն է` տէ ժիւրէ կ՛ամրագրուի այսօրուան տէ ֆաքթօ իրավիճակը,

չորրորդ` Լեռնային Ղարաբաղը որոշակի պահու կը ստանայ կամարտայայտութեան, այն է` հանրաքուէ կայացնելու իրաւունք, որուն արդիւնքները Ազրպէյճանն կ՛ընդունի:

Ի տարբերութիւն մատրիտեանի ուրեմն, Քազանը նախ կ՛արծարծէ հայկական ուժերու հեռացման խնդիրը. մինչդեռ մատրիտեանը իբրեւ առաջնային կէտ ունէր կարգավիճակի հարցը` ընդգծելով հանրաքուէ կազմակերպելու հրամայականը: Վիեննայի առիթով, պաշտօնական յայտարարութիւններու ճամբով խօսուած էր նաեւ համապարփակը (փաթեթային) փուլային տարբերակով ընկալելու սկզբունքին մասին. այստեղ եւս հայկական կողմին համար պարզ էր, որ փուլայինի պարագային նախ Արցախի կարգավիճակի ճշդումն էր պայմանը: Այս պայմանի վերարծարծումը անշրջանցելի է` ի տես ազրպէյճանական եւ միջնորդական կողմերուն ինչ որ բան համաձայնելու ուղղութեամբ տեսանելի դարձող ճնշումներուն:

Առանց խորանալու քազանեան փաստաթուղթի բանակցելիութեան հաւանականութիւններուն մէջ, յիշեցնենք Վիեննայի մէջ ամիս մը առաջ բանաձեւուած պայմանաւորուածութեան միտող կէտերը.

Ա.- Քննարկուած են արցախեան հակամարտութեան գօտիին վրայ ապրիլի սկիզբը կատարուած հրադադարի կոպիտ խախտումին պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու հաւանական ուղիները:

Բ.- Համանախագահող երկիրները շեշտած են 94-ի եւ 95-ի համաձայնագիրները յարգելու եւ անոնց իրականացումէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:

Գ.- Համաձայնութիւն գոյացած է քայլերու ձեռնարկելու մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի հաստատման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կարողութիւններու յաւելման հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններու հաւանական վերսկսման համար:

Համեմատական անդորրը կամ ազրպէյճանական կողմի դրսեւորած զսպուածութիւնը սահմանին հրադադարը յարգելու խաբկանք ստեղծել է, որպէսզի Վիեննայէն անդին փորձ կատարուի համաձայնութեան առաջին փուլ քննարկելուն:

Քիչ հաւանական է, որ Ս. Փեթերսպուրկը շրջանցելով Վիեննան անցնի ուղղակի Քազանի փաստաթուղթի քննարկման: Իսկ Վիեննան պատահականօրէն չէ, որ յղում կատարած էր 94-ի հրադադարի պայմանագիրին: 94-ի համաձայնագիրէն կը բխի նաեւ Մեծ քաղաքական համաձայնագրի յանգելու համար տարուելիք աշխատանքներու առաջադրանքը: Իսկ այս մէկը արդէն հրամայական կը դարձնէ Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցային սեղան:

 


comments

Advertisement