Սխալ Է Հակաթուրք, Կամ Հակաազերի Մտածողութիւնը (ԲԱՅՑ Ո՞ՐՆ Է ՃԻՇԴԸ. ԲԱՑԱՏՐԵՆՔ)

By Asbarez | Saturday, 18 June 2016

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

WRITERS VATCHE PROODIAN


Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ուժգնութիւնը հազիւ մեղմացած, տպագիր, հեռասփռուող կամ ելեկտրոնիք մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ թափ առին բազմատեսակ քննարկումներ:

Սա անշուշտ բնական երեւոյթ է:

Այս քննարկումները բնականաբար կ՛ընդգրկէին նաեւ քաղաքական բնագաւառը, եւ որուն առանցքային բաժինը կը վերաբերէր Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին: Ենթաթեքսթային իմաստով ալ, երբեմն Արեւմուտքին: Սա եւս բնական է եւ մինչեւ հոս, ոչինչ կայ արտասովոր:

Այս քննարկումներուն ներքին տրամաբանութիւնը եւ շեշտադրումները  հակառուս (կամ ռուսամէտ), հակաթուրք եւ հակաազերի հարթութեան վրայ էին:

Առժամաբար մէկ կողմ ձգելով հակառուս կամ ռուսամէտ տրամադրութիւններու պարագան, անդրադառնանք միւս երկուքին, որովհետեւ… քիչ անդին կը յստականայ <<որովհետեւ>>ին պատասխանը:

Հայութեան ներքին զգացողութեան ու հոգեբանութեան մաս կը կազմեն հակաթուրք եւ հակաազերի տրամադրութիւնները: Երկար տասնամեակներու ընթացքին, այս տրամադրութիւնը արմատացած է հետեւեալ հասկնալի պատճառներով.

Առաջին (արդէն մտանք <<որովհետեւ>>ի բացատրութեան մէջ), թրքական պետութիւնը վարած է հակահայ ու հայահալած քաղաքականութիւն, յատկապէս 19րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ:

Երկրորդ, թրքական իշխանութիւնները (Համիտ Բ.ի օրով) փորձած են զանգուածային սպանդի միջոցով միջազգային քաղաքական օրակարգէն դուրս հանել Հայկական Հարցը:

Երրորդ, թրքական իշխանութիւնները (այս անգամ երիտթուրքերու օրով) փորձած են ցեղասպանութեան ենթարկել հայ ժողովուրդը եւ այդ միջոցով ալ վերջնականապէս տիրանալ անոր հայրենիքին:

Չորրորդ, ինչ-ինչ մեքենայութիւններով, նորաստեղծ Ատրպէյճանը (խորհրդային իշխանութիւններու օրով) տիրացաւ հայկական Արցախ նահանգին ու յաջորդող տասնամեակներուն, փորձեց հայաթափել զայն, մինչեւ անոր ազատագրումը հայութեան կողմէ:

Այսօր հայութիւնը խնդիր ունի Թուրքիոյ հետ, որովհետեւ անիկա ցեղասպանութեան միջոցով տիրացած է մեր հայրենիքի մեծ մասին: Մենք, իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն, հատուցում կը պահանջենք Թուրքիայէն՝ ի դիմաց այն վնասին, որուն ենթարկուած ենք:

Մենք խնդիր ունինք նաեւ Ատրպէյճանի հետ, որովհետեւ անիկա ցարդ կը մերժէ Արցախի հայապատկան ըլլալու փաստը, եւ մեր պայքարին հենքը այս է:

Հետեւաբար, իրականութեան մէջ, հայութիւնը ոչ թէ ԹՈՒՐՔի կամ ԱԶԵՐԻի կերպարին դէմ է, ոչ թէ խելքը փչած է, որ ինք <<պիտի չսիրէ>> այս երկու կերպարները, այլ որովհետեւ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ատրպէյճանը փորձած են իւրացնել եւ մեզմէ խլել այն ինչը մեզի կը պատկանի: Բան մը, որուն դէմ հայութիւնը թէ՛ կը պայքարի եւ թէ կը փորձէ <<նախայարձակ>> ըլլալ իր պահանջներուն տիրութիւն ընելով: Դժուար չէ այսքանը հասկնալը:

Պատկերացնենք հետեւեալ վարկածը. օգտուելով ռազմաքաղաքական ինչ-ինչ դասաւորումներէ, Հայաստանի դրացիներէն մէկը (ըսենք Վրաստանը կամ Իրանը) եթէ <<հողային>> կամ այլ տիպի ոտնձգութիւն մը կատարեց Հայաստանի դէմ, մենք բնականաբար հո՛ս եւս տիրութիւն պիտի ընենք մեր իրաւունքներուն, չէ՞, պիտի պայքարինք, չէ՞: Եւ մեր այս պայքարին զսպանակը ոչ թէ ոտնձգութիւն ընող Վրաստանի կամ Իրանի նկատմամբ մեր հակակրանքն է կամ ատելութիւնը, այլ պարզապէս մեր իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու գաղափարը:

Այնպէս որ, մեր քաղաքական աչալրջութեան հենքը, խարիսխը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր արդար իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու գաղափարը եւ ոչ թէ այս կամ այն արտաքին ուժին նկատմամբ մեր համակրանքը կամ հակակրանքը:

<<Հակա>>-այսինչ ըլլալը կը տկարացնէ մեր դիրքերը նաե՛ւ անոր համար, որ մեզ կը սահմանափակէ միայն հակադարձողի դերին մէջ ու կ՛արգելակէ մեր կողմէ որեւէ նախաձեռնութեան դիմելու կարելիութիւնը: Ասոր փաստը 1970-80ական թուականներն էին, երբ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներն ու ճիգերը թեւակոխեցին նոր փուլ՝ ոչ թէ հակաթուրք տրամաբանութեան վրայ յենած, այլ՝ մեր իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու ռազմավարութեան վրայ յենած: Այդ ժամանակաշրջանը <<հակաթուրք>> պայքարի տարիներ չէին, ինչպէս յաճախ թիւրիմացաբար ըսուած է, այլ՝ Հայ Դատին համար, արդարութեան համար մղուած պայքարի տարիներ էին:

Նաեւ կայ այս հարցին գաղափարական երեսը: <<Հակա>>-այսինչ ըլլալը մեզ կը մեկուսացնէ համաշխարհային մտածողութեան զարգացումներէն ու մեզ կը մղէ ցեղապաշտութեան ու այլատեացութեան՝ իրենց բոլոր ծանր հետեւանքներով: Այս պարագան, այսինքն ցեղապաշտութիւնը եւ այլատեացութիւնը, ոչ միայն ամբողջութեամբ անյարիր է հայ ժողովուրդի հոգեկերտուածքին եւ ազգային ձգտումներուն, այլ նաեւ խոչընդոտ է մեր իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու ճամբուն վրայ: Այլատեացութեամբ եւ ցեղապաշտութեամբ կարելի չէ արդարացնել արդար իրաւունքի ի խնդիր մղուող մեր պայքարը:

<<Հակա>>ն նոյնքան վնասակար է, որքան <<փրօ>>-այսինչ ըլլալը, որովհետեւ երկուքն ալ տրամաբանօրէն մեզ կը մատնեն անելի:

Աւելի՛ն: Ենթադրենք, որ ապագային յաջողեցանք մեզի համար ընդունելի տարբերակով լուծել թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի հետ մեր խնդիրները. պիտի շարունակե՞նք մնալ <<հակաթուրք>> կամ <<հակաազերի>>: Բնականաբար ոչ. պատճառ չկայ, չէ՞: Ուրեմն խնդիրը կը կայանայ այդ <<պատճառ>>ին մէջ:

Իսկ ելքը ո՞ւր է:

Ելքը կը կայանայ մեր իրաւունքներուն նկատմամբ ամբողջական գիտակցութիւն զարգացնելու գաղափարին մէջ: Տեսնել, թէ տուեալ զարգացում մը, վարքագիծ մը, որքանո՞վ կը նպաստէ մեր իրաւունքներուն տիրանալու մեր պայքարին մէջ:

Մէկ խօսքով, իրականութեան մէջ մենք ոչ թէ հակաթուրք, հակաազերի, արեւմտամէտ-հակաարեւմտեան, կամ հակառուս-ռուսամէտ բնորոշումներով պիտի մօտենանք խնդիրներուն, այլ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԿԵԴՐՈՆ եւ ՀԱՅԱԿԵԴՐՈՆ տրամաբանութեամբ, որովհետեւ այդ է ճիշդ ուղին, որ կրնայ մեզ հասցնել մեր ազգային նպատակներուն: Այս տրամաբանութիւնն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել մեր երկրի ու ժողովուրդի ազգային ապահովութիւնը: Այս տրամաբանութեան վրայ յենած քաղաքական մտածողութիւնն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել Հայաստանի ու հայութեան ապագայ բարգաւաճումը:

Փոխան եզրակացութեան, եւ փոխ առնելով Սիմոն Վրացեանի խօսքերը՝ <<Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բոլոր օտար պոչերը իրար արժեն>>:

 

16 Յունիս 2016

Լոս Անճելըս

vproodian@gmail.com

 


comments

Advertisement