Երկիմաստ Եզրերու Քաղաքականութիւնը

By Asbarez | Sunday, 19 June 2016

garoarmenian

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Արդէն յստակացած է, որ Հայաստանի և Ատրպէյճանի նախագահներու նոր գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ վաղը, Յունիսի 20ին, երբեմնի կայսերական Ռուսաստանի մայրաքաղաք՝ Սէնթ Փիթըրզպըրկի մէջ։ Նաեւ ծանուցուած է, որ երկու նախագահները առանձնաբար հանդիպումներ պիտի ունենան զիրենք հիւրընկալող Նախագահ Փութինի հետ՝ աւելի եւս հաստատելով այն իրողութիւնը, որ բանակցութիւններու ներկայ փուլին մէջ մենք գործ ունինք միայն ու միայն ռուսական իրաւարարութեան հետ։ Բոլոր գործնական չափանիշներով, Արեւմուտքը մեկուսացուցած է ինքզինք ընդունելով Ռուսաստանի առաջնորդող դերակատարութիւնը բանակցային գործընթացի մայրուղիին մէջ։

 

Պարզ խօսքով, Լիզպոնի սկզբունքներէն մինչև Կազան երկարող ժամանակամիջոցին, տեղի ունեցած է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Համանախագահներու բանակցային գործընթացի աստիճանական մաշում։ Գործընթացը իւրացուած է Մոսկուայի կողմէ ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի ցուցաբերած թոյլ շահագրգռութեան եւ երկու պետութիւններու վարած անհետեւանք դիւանագիտութեան պատճառով։ Հետեւաբար ան այլեւս կը գտնուի բացառապէս Ռուսաստանի տնօրինման ծիրին մէջ։ Առաւե՛լ, կը խօսուի այն մասին, որ Յունիսի 20ի բանակցութիւններու մեկնակէտը ըլլալու է Կազանի մէջ մշակուած սկզբունքային փաթեթը։

 

Արտգործնախարար Եդուարդ Նալբանդեանի հաւաստիացումով, յառաջիկայ բանակցութիւններէն պիտի ծնի մէկ <<փաթեթային կարգաւորում՝ փուլային իրականացմամբ>>…Պէտք է ենթադրել, որ այս դժուար հասկնալի տարազը ձեւաւորուած է Չորսօրեայ Պատերազմէն ետք Ռուսաստանի արտգործնախարար Լաւրովի հետ տեղի ունեցած քննարկումներու բովին մէջ։ Իրականութիւնը, սակայն, այն է, որ փաթեթայինը չի կրնար փուլային կիրառում ունենալ, եթէ կարծր եւ միջազգայնօրէն երաշխաւորուած եւ ժամանակի կարճ ժամկէտներով յստակօրէն ճշտուած իրաւական քայլերու չի հպատակիր ան։ Մինչդեռ այն ինչ, որ կ՛ըսուի Կազանի փաստաթուղթին մէջ, փաթեթայինի բացայայտ չարաշահումն է։ Թէեւ համանախագահող կողմերը կը պնդեն, որ Կազանի փաստաթուղթը <<շարունակութիւն>>ն է Մատրիտեան սկզբունքներուն, իրականութեան մէջ Կազանը կ՛աղաւաղէ այդ սկզբունքները։ Ան բացէ ի բաց փաթեթային է Ատրպէյճանի համար  եւ փուլային՝ Հայաստանի եւ Արցախի՛։ Պարզ խօսքով, մենք հոս գործ ունինք երկու չափ եւ երկու կշիռի քաղաքականութեան մը հետ, որմէ լայն չափերով նպաստաւորուողները պիտի ըլլան Ատրպէյճանն ու Թուրքիան։

 

Արդար ըլլալու համար, պէտք է ըսել, որ Կազանի փաստաթուղթին պաշտօնական բնագիրը չէ հրապարակուած։ Անոր բովանդակութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւններ տրուած են մամլոյ էջերէն։ Ան կ՛ենթադրէ քայլերու հետեւեալ  յաջորդականութիւնը։ Առաջին, հայկական ուժերը կը պարպեն ազատագրուած տարածքները (բացի Քարվաճառէն եւ Քաշաթաղէն) եւ զանոնք կը յանձնեն Ատրպէյճանի գերիշխանութեան։ Երկրորդ, միջազգային խաղաղապահ ուժեր կը տեղադրուին ԼՂՀ-Ատրպէյճան սահմանագծի երկայնքով։ Երրորդ, Արցախին կը տրուի <<միջանկեալ>> (interim) կարգավիճակ անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման միջազգային երաշխիքներով։ Չորրորդ, յառաջիկային Արցախին կը տրուի նաև պատեհութիւն հանրաքուէով ճշտելու իր վերջնական օրինական (de jure) կարգավիճակը, որ նաեւ ինքնաբերաբար կ՛ընդունուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Կը խօսուի նաեւ երկու այլ քայլերու մասին, որոնց բնոյթն ու յաջորդականութիւնը յստակ չեն։ Փաթեթը կ՛ենթադրէ տեղահան եղած բնակչութեան (ենթադրաբար ազերի, հայ եւ այլազգի) վերադարձը Արցախ ճշտուելիք պայմանաժամի մը սահմաններուն մէջ։ Եւ ցամաքային միջանցքի մը հայթայթո՛ւմը Ատրպէյճանի՝ հայկական տարածքով դէպի Նախիջևան։

 

Ի դէպ մամուլի սիւնակներէն տրուած մեկնաբանութեամբ, Արցախին տրուելիք <<միջանկեալ>> կարգավիճակը յաճախ կը բնութագրուի որպէս <<դէ յիւրէ>> (օրինական, de jure), որ շփոթեցուցիչ է։ De facto-ն չի կրնար միաժամանակ De jure ըլլալ, երբ մանաւանդ նոյն փաստաթուղթին մէջ յստակօրէն կը հաստատուի Արցախի <<օրինականացման>> (de jure կարգավիճակը նուաճելու) գործընթացը յառաջիկային կայացուելիք հանրաքուով։ Աւելի՛ն. <<միջանկեալ>> կարգավիճակը, ըստ էութեան, աւելի սահմանափակ է իր վայելած ազատութիւններով եւ իրաւասութիւններով քան այն <<փաստացի>>ն, որ այսօր գոյութիւն ունի ԼՂՀի պետական հանգամանքով։

 

Հանրագումա՞րը այս բոլորին։ Հայկական կողմը նախայարձակ Ատրպէյճանին կը զիջի ռազմավարական տարածքներ, որուն դիմաց կը ստանայ անբովանդակ խոստումներ։ Այսինքն՝ բացարձակապէս ոչի՛նչ։

 

Յունիսի 20ի գագաթաժողովը, այս առումով, դատապարտուած է ամլութեան։ Հայկական կողմը չի կրնար ընդունիլ այսպիսի նահանջ եւ անձնատուութիւն, եթէ նոյնիսկ Ռուսաստան փորձէ ճնշման լծակներով <<լուծում>>ներ պարտադրել։ Ռուսաստանի հեղինակութիւնը մեծ է Հայաստանի եւ Արցախի կեանքին մէջ, բայց ան կանգ կ՛առնէ այն սահմանին վրայ, որմէ անդին մեր հաւաքական

գոյութեան խնդիրներն են։ Կազանի փաստաթուղթով մեզի առաջարկուող դեղահատը շատ հեռու է բուժում բերելէ Արցախի հարցի կարգաւորման եւ առհասարակ Կովկասի կայունութեան սպառնացող ախտերուն։ Ան կը պարունակէ փամթուրքիզմի մահացու վարակը, որ նոյնքան մեծ սպառնալիք է Ռուսաստանին որքան Հայաստանին եւ Արցախին։ Այն երկակի խաղը, զոր Մոսկուա խաղացած է ցարդ հսկայ քանակութեամբ ռազմանիւթ հայթայթելով Ալիեւի վարչակարգին, կոչուած է ի վերջոյ թիկունքէն դաշունահարելու Ռուսաստանի գերագոյն շահերը։ Սահմանին վրայ կռուող հայ զինուորը, իր արիութեամբ, տէր կանգնած է նաեւ Ռուսաստանի՛ գերագոյն շահերուն հակառակ Մոսկուայի երկդիմի քաղաքականութեան։ Եթէ այդ նոյն անհեթեթ խաղն է, որ Մոսկուա կը ծրագրէ խաղալ Սէյնթ Փիթըրզպըրկի մէջ Յունիսի 20ին, հայկական կողմի դերը պիտի ըլլայ կասեցնել այդ խաղը վճռականօրէն եւ ամէն գնով։ Առանց այլեւայլի եւ ամէն գնո՛վ։

 

Կարօ Արմենեան

Յունիս 19, 2016

Ուաշինկթըն

 

 

 

 

 


 

 

 

 

comments

Advertisement