Հաշտութիւն՝ Ճանաչումի Դիմաց… (Գերմանիոյ Խորհրդարանի Բանաձեւին Գծած Ճամբու Քարտէսը)

By Asbarez | Tuesday, 21 June 2016

 

nazareth

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Թէեւ պարզամիտ կամ միամիտ մարդիկ այլեւս շատ չեն մնացած, այդուհանդերձ՝ նոյնիսկ եթէ տակաւին դիւրահաւատներ կան, հաւանաբար անոնք ալ կ՛անդրադառնան, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանը սոսկ պատմական ճշմարտութեան կամ հայերուս սեւ աչքերուն սիրոյն չէր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր ճիշդ անունով կոչելու եւ իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու որոշումը կայացուց։

Ընդհանուր է համոզումը, որ անցեալի մեծ ողբերգութիւն մը պետականօրէն ճանչնալու բարոյական պարտքէն անդին գացող՝ մերօրեայ քաղաքական աշխարհի բուռն վերիվայրումներու խորքին տեղաւորուող քայլ էր Գերմանիոյ Պունտեսթակի 2 Յունիս 2016ի որոշումը։

Առ այդ՝ բանաձեւն ու անոր որդեգրման ետին գտնուող քաղաքական դրդապատճառներն ու հաշուարկները, միջազգային լրատուամիջոցներով ու համացանցով, լայնքին-երկայնքին քննարկուեցան եւ բազմակողմանի մեկնաբանութեանց արժանացան վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին։

Յատկապէս հայերս հասկնալիօրէն եւ արդարօրէն յաղթական տրամադրութեամբ ողջունեցինք Պունտեսթակի որոշումը, որովհետեւ նախ՝ Գերմանիա Մեծ Եղեռնի օրերուն Թուրքիոյ դաշնակիցն ու աւագ զինակիցն էր, որ մատը մատին չզարկաւ օրին թէ այնուհետեւ, ի տես եւ ի լուր Օսմանեան կառավարութեան պետականօրէն կազմակերպած ու գործադրած ցեղասպանութեան՝ հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց դէմ։ Հետեւաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան Պունտեսթակի ճանաչումը Գերմանիոյ համար ունի սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու եւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ սեփական պատասխանատուութիւնը խոստովանելու հիմնական նշանակութիւնը, ինչ որ ինքնին Թուրքիոյ ուղղուած նոյն օրինակին հետեւելու քաղաքական ծանրակշիռ մարտահրաւէր մըն է։

Երկրորդ՝ Գերմանիա մեր օրերուն կը հանդիսանայ համաեւրոպական տարողութեամբ այն գերակշիռ մեծապետական ուժը, որ իր դիրքորոշումներով ու ձեռնարկած քայլերով՝ քաղաքական եղանակ կը ստեղծէ եւ, ըստ այնմ, հաշուի կ՛առնուի միջազգային տարողութեամբ խմորումներու եւ կարգաւորումներու մէջ։

Միւս կողմէ՝ նոյնպէս հասկնալի է, որ Թուրքիա ինչո՞ւ այս աստիճան կատաղութեամբ հակադարձեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ այդպիսին անուանելու եւ ճանչնալու Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումին։ Միացեալ Նահանգներէն յետոյ Գերմանիա այն կարեւորագոյն երկիրն է, որուն կեցուածքն ու քաղաքականութիւնը, Հայ Դատի առնչութեամբ, հիմնական արժէք ունին Թուրքիոյ վարիչներու աչքին՝ կուսակցական կամ քաղաքական ի՛նչ պատկանելութիւն ալ ունենան թրքական պետութեան պատասխանատուները։

Տակաւին պէտք է սպասել՝ տեսնելու համար, որ Պունտեսթակի որոշումին հետեւանքով ստեղծուած լարուածութիւնը ո՞ւր պիտի յանգի եւ յարաբերութիւնները ի՞նչ հոլովոյթ պիտի ապրին նախ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ, ապա՝ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան, իսկ այնուհետեւ՝ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ, այլեւ՝ Թուրքիոյ եւ Մ. Նահանգներու միջեւ։

Մինչ այդ ուշադրութենէ պէտք չէ վրիպի, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակի 2 Յունիս 2016ի որոշումին անբաժանելի մասը կը կազմէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, այլեւ՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց մէջ, այսպէս կոչուած պատմական հաշտեցման ուղղութեամբ գծուած… ճամբու քարտէսը։

Նոյնինքն վարչապետ Մերքել, բառերը առանց ծամծմելու, շեշտը դրաւ այդ հաշտեցման ի նպաստ գործելու Գերմանիոյ յանձնառութեան ու պատրաստակամութեան վրայ՝ միաժամանակ մեղադրելով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, որ կը շարունակէ խափանել Ցիւրիխեան արձանագրութեանց վաւերացումը Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ։

Անշո՛ւշտ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչելու եւ իբրեւ այդպիսին ճանչնալու Գերմանիոյ քայլը, ամէն պարագայի, ողջունելի է եւ պատմական տարողութեամբ դէպի առջեւ նետուած քայլ մըն է։

Բայց իբրեւ այդպիսին ալ արժանի է ուշադիր եւ բազմակողմանի արժեւորման, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութիւնը միշտ յիշելու եւ ամբողջական հատուցման արժանացնելու համազգային մեր պահանջատիրութիւնը պատրաստ գտնուի քայլ պահելու՝ ճանաչումին դիմաց հաշտութիւն խթանելու գերմանական ներկայ ռազմավարութեան զիկզակներուն։

Կարելի չէ անտես առնել, որ Գերմանիոյ վարչապետը նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Պունտեսթակի բանաձեւէն ետք տակաւին կը խօսի… պատմական վէճերու շուրջ հայեւթուրք միացեալ յանձնաժողով կեանքի կոչելու անհրաժեշտութեան մասին։

Նաեւ՝ իր խնդրայարոյց կէտերով հանդերձ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեանց վաւերացման վրայ շեշտ դնելով, Գերմանիա փաստօրէն կ՛անտեսէ հայեւթուրք յարաբերութեանց բնականոնացումը խոչընդոտող գլխաւոր կնճիռը, որ անտեսումն է հայ ժողովուրդին արդար հատուցում կատարելու Թուրքիոյ առաջնահերթ պարտաւորութեան եւ, այդ գծով, միջազգային երաշխաւորութիւն ապահովելու մեծապետական պատասխանատուութեան։

Թերեւս աւելորդ կասկածամտութենէ ու ծայրայեղ զգուշաւորութենէ բխող վերապահութիւն է այս ամէնը, բայց իրաւատէր հայութիւնը աւելի քան մէկ դարու փորձ ունի, որպէսզի մածունն անգամ փչելով խմէ…

Գոնէ յստակօրէն գիտնանք, որ Գերմանիա Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը (նաեւ ու մանաւանդ Թուրքիոյ կողմէ) բաւարար պայման կը նկատէ, որպէսզի փոխարէնը հաշտութիւն կնքուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, այլեւ՝ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ։

Նմանօրինակ պաշտութիւնը միայն ջուր կը լեցնէ ջաղացքին թուրք հասարակութեան մէջ տակաւին պետական եւ քաղաքական ղեկի վրայ գտնուող այն իշխանաւոր մտածողութեան, որ կը հաւատայ Հայկական Հարցը լուծելու մէկ ու միակ ուղիի՝ միջազգային խառն պայմաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պետականօրէն գործադրութեան, որուն պատմական ճշմարտութիւնը ճանչնալու առաջին քայլ մըն էր Գերմանիոյ խորհրդարանին 2 Յունիս 2016ի ողջունելի որոշումը։

 



comments

Advertisement