Առօրեայի Հարթեցումը

By Asbarez | Wednesday, 06 July 2016

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

apo-oreorin

Վերջին տարիներուն կամ նոյնիսկ վերջին ամիսներուն, քանի՞ անգամ ազգովին դէմ առ դէմ եկած ենք այնպիսի կացութիւններու, որոնց դիմագրաւումը մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը պահանջէր գերլարուած աշխատանք, առաւելագոյն ներդրում:

Այդ կացութիւնները բնութագրելու համար յաճախ օգտագործած ենք <<կենաց մահու>>, <<ճակատագրական>> կամ ատոնց հաւասար եզրեր:

Եթէ գնահատենք մեր հաւաքական անդրադարձը նման կացութիւնները միասնաբար եւ առաւելագոյն նուիրումով դիմագրաւելու կոչերուն, ապա վստահաբար յուսախաբ պիտի ըլլանք:

Ամէնէն դիւրին ճամբան յուսախաբութիւնը բացատրելու կամ արդարացնելու, մեղքը ժողովուրդի անտարբերութեան վրայ բարդելը եղած է: Հետեւնաքը՝ յաջորդ կոչերուն ժողովուրդը կրնայ աւելի անտարբերութեամբ պատասխանել կոչերուն, որոնց հանդէպ իր հաւատքը սասանած է:

Այո, ժողովուրդը այլեւս չի հաւատար, որ որեւէ պահու <<կենաց մահու>> վճռականութեամբ գործելու անհրաժեշտութիւն կայ: Գոնէ մինչեւ հիմա ստեղծուած լուրջ պարագաները ճակատագրական ըլլալով հանդերձ, ժողովուրդը իր ղեկավարութեան մօտ չէ նկատած համապատասխան լրջութեամբ ու հետեւողականութեամբ աշխատելու վարքագիծ, որուն պատճառով իր զգայնութիւնը այդ բառերուն հանդէպ թմրած է:

Աւելին: Հաւաքական, ընդհանուր զօրաշարժ ստեղծելու մթնոլորտ չենք կրցած ստեղծել եւ այդ <<չենք>>ին մէջ դերակատարները ազգի պատասխանատուներն են՝ պետականէն սկսած մինչեւ Սփիւռքի կառոյցներուն ղեկավարները: Ներառեալ մամուլը՝ իր բոլոր տեսակներով:

<<Ճակատագրական>> պահերը, սակայն, իրապէս <<կենաց մահու>> կացութիւններ են կամ յղի են ծանրագոյն վտանգներով ու սպառնալիքներով: Պարզապէս մեր հակազդեցութիւնն է, որ առօրեայ հարթեցնող պայմաններու ուժով կը մեղմանայ, իր մէջէն կը թօթափէ նպատակասլաց աշխատելու մղումը:

 



comments