Հայ Մամուլի Նկարագիրը Եւ Դերը Անցեալին Եւ Այսօր՝ Ժողովրդավարական Միգամածին Մէջ

By Asbarez | Tuesday, 12 July 2016

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

Hagop Balian

Համացանցի ընդհանրացումը արագօրէն փոխեց հայ մամուլի դերը եւ բովանդակութիւնը: Անցեալին մամուլը միայն տպագիրն էր: Ներկայիս, նոյն բնորոշման ներքեւ կը գտնենք նաեւ ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համացանցը եւ ա-նոնցմով արտայայտուելու, կարծիք փոխանցելու արագ եւ ազատ հնարաւորութիւնը:

Կովկաս եւ Պոլիս, հայ մամուլը, հասկնալ պարզապէս հայկականը, հպատակ հայկական զանգուածներուն համար, զիրար գտնելու եւ ճանչնալու միջոց էր: Անիկա ոչ միայն ընթացիկ տեղեկութիւն կը փոխանցէր, այլ նաեւ այն իւրայատուկ միջավայրն էր, ուր մտածումներ կը խմորուէին, ազգային, քաղաքական, գրական, կրօնական, բեմ էր ներազգային պայքարներու, հոն կը բանաձեւուէին հեռանկարներ: Նեղ իմաստով լրատուութիւնը չէր ողողեր մամուլի էջերը, ինչպէս այսօր է պարագան ընդհանրապէս:

Անցեալին հայ մամուլը լայն առումով հայու ինքնութեան վերականգնումի առաքելութիւն ունէր. կրթութիւն, ներազգային կազմակերպութիւն, լեզու, ժողովուրդի առաօրեայ, կենցաղ, իրաւունքի հետապնդում, մշակոյթ, գրականութիւն: Այսպէս, Թիֆլիսի <<Մշակ>>ը եւ Պոլսոյ <<Ազատամարտ>>ը հայ կեանքի հայելին էին, կարծիքներու բեմ, քարոզչական եւ լրատուական սահմանափակումէն անդին: Ժամանակակից հայ մամուլը անմիջականի պատճառով խորքի հասունացման համար բաւարար տեղ չի յատկացներ: Ճիշդ է, ամէն տեղ, մամուլէն կ՛ակնկալուի արագ, թարմ եւ ցնցող լուր: Եթէ պահ մը փորձենք մտածել եւ դատել, կը հասնինք այն եզրակացութեան, ոչ միայն մեր պարագային, այլ նաեւ մեծ լրատուամիջոցներու, որ այդ սահմանափակումը կը յառաջացնէ հանրային կարծիքի պարզացում եւ բթացում:

Հարց. լսուող եւ յաջորդ նորի սպասումով, ապա մոռցուող լրատուութիւնը կը յառաջացնէ՞ մտածման արթնացում, որպէսզի յառաջանան զարթօնք եւ անոր հունով՝ կառուցողական յանձնառութիւն: Առատաբան եւ կարգախօսային լրատուութիւնը կը ծառայէ յառաջդիմութենէ խուսափող անատակ ղեկավարութիւններու, որոնք արդէն կը հակակշռեն նոյն այդ լրատուամիջոցները, ղեկավարութիւններ, որոնք անփոփոխ եւ իրենք զիրենք վերանորոգող քաղաքական եւ տնտեսական սակաւապետութիւններ են, ոչ շատ տարբեր անցեալի ժառանգական աւատապետութենէն:

Հայ մամուլին մէջ կը հանդիպինք քննադատութեան, խծբծանքի, բանավէճի, ամբաստանութեան, չենք հանդիպիր ինքնաքննադատութեան: Տեսակէտները կը մնան պատնէշներու ետին, չեն փոխուիր, չեն ընդգրկուիր դրական փոփոխութեան եւ յառաջդիմութեան ընթացքի մը մէջ: Անկախ մամուլի բացակայութեան, թերթեր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, կը մնան ինքնապաշտպանութեան եւ կողմնապաշտ դիրքերու վրայ, իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ ըսել, ինչպէս առածը ֆրանսացիին, որ <<մենք ամէնէն գեղեցիկն ենք, ամէնէն զօրաւորը>>, եւ կը պատնէշուինք:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան ջատագովուած ժողովրդավարութեան մը ամպհովանիին տակ, ինքնարդարացումները կ՛ամրապնդուին քուէներով, երբ անոնց համար ներկայացող ընտրանքները կեղծուած խաղաքարտերով կը խաղցուին, արդիւնքները նախապէս բացորոշ կամ թաքուն համաձայնութիւններով կը կնքուին: Այդ է պատկերը ժողովրդավարական երկիրներու մէջ: Այսինքն ժողովրդավարութիւնը սակաւապետութեան դիրքերուն օրինաւորութիւն տալու միջոց դարձած է: Այս՝ ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, թաղապետէն մինչեւ նախագահ:

Օրինակ, Ամերիկայի նախագահական թեկնածաու ըլլալու եւ յաջողելու ոչ մէկ հաւանականութիւն ունի մեծ համալսարանի մը մեծանուն դասախօսը, նոյնիսկ եթէ նոպէլեան մրցանակ ստացած է, քանի որ իր ետին չունի վարչամեքենայի մը նեցուկը եւ միլիոնով տոլար: Ֆրանսայի մէջ, դիրքերու վրայ գտնուողները, ընտրութեան մը յաջորդ օրն իսկ կը սկսին հինգ տարի վերջ կայանալիք ընտրութեան պայքարի, երկրի հեռու եւ մօտ անկիւնները կը ճամբորդեն,  կը կազմակերպեն հանրահաւաքներ, որոնք մեծածախս են: Նախագահական թեկնածու մը, սակաւապետական (oligarchique) ինքնապաշտպանութեան եւ փառասիրութեան մոլուցքին վերջ տալու համար առաջարկեց, որ ընտրովի պաշտօններու ժամանակաշրջանը սահմանափակուի, ոչ միայն նախագահին համար, այլ նաեւ քաղաքապետական խորհուրդներու, երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու: Քայլ մը՝ նոր դէմքեր եւ նոր ծրագիրներ բերելու համար: Թէեւ, նոյն սակաւապետութիւնը իր թատրոնը կրնայ շարունակել փոխանորդներով, ինչպէս ֆրանսական Մեծ յեղափոխութեան երկրորդ ժողովին, քանի որ առաջինը, իր շրջանի աւարտին, քուէարկած էր, որ իր անդամները վերընտրելի չէին: Ապա կ՛ըսուէր, որ թատրոնը կը խաղցուէր փոխանորդներով:

Կարեւոր այլ հարց մը: Ժողովրդավարութիւնը, <<ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ>>ի ընդունուած տարազով տարբերութիւնները, եզակիութիւնը, ինքնուրոյնութիւնները կը հարթէ, յառաջդիմութեան, քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի շարժիչ ուժերը կը խամրեցնէ: <<Ձայն բազմաց>>ը համարուելով <<ձայն Աստուծոյ>>, օրէնք եւ օրինաւորութիւն, տարբերութիւն եւ եզակիութիւն կը դիտուին որպէս գայթակղութիւն:

Ստեղծուած սակաւապետութիւնը, խորհրդային օրերուն կ՛ըսէին <<նոմանքլաթուրա>>, անկլօ-սաքսոններու հետեւութեամբ կ՛ըսենք <<էսթէպլիշմըն>>չ, ինքզինք կը վերանորոգէ: Անունները կը փոխուին, համակարգը նոյնն է, ընկեր-բարեկամ, հայր եւ որդի:  Երեւոյթը նոր չէ, հաւանօրէն վաղն ալ պիտի չանհետանայ: Այդպէս կը վերաբերի սակաւապետութիւն-իշխանութիւնը խանգարող անհատին եւ եզակիին: Յունական դիցաբանութիւնը ունի հրաշալի օրինակ մը, զոր թատրոնի վերածած է Ժան Անու, հետեւութեամբ Սոփոկլէսի, Անթիկոնի եւ Քրէոնի հակադրութեամբ, իշխանի օրէնքին հակադրելով աստուածային օրէնքը, այսինքն՝ անձին իրաւունքը: Երկը ներկայացուած է 1942ին, Ֆրանսայի գերմանացիներու կողմէ գրաւման շրջանին, անգոսնելով <<իշխան>>ի օրէնքը: Խորհրդանշական:

Փակագիծ մը. Սիկմունտ Ֆրէոյտ, այս հարցին մօտեցած է իր հոգեվերլուծական տեսութենէն մեկնելով գրած գիրքով: <<Անհանգստութիւն քաղաքակրթութեան մէջ>>: Կը գրէ, որ <<մարդ տեսակին համար ճակատագրական հարց է գիտնալ է, թէ ո՛ր չափով իր քաղաքակրթութեան հոլովոյթը պիտի կարենայ յաղթահարել հաւաքական կեանքի խանգարումները, որոնք կը յառաջանան մարդոց յարձակողական ձգտումէն եւ ինքնաքանդումի մղումներէն>>: Այսինքն համախումբ կեանքի կանոնաւորման նպաստող ժողովրդավարութիւնը, մնայուն բնոյթ ունեցող մրցակցական պայքարով, կը հասնի հոն, ուր մրցակիցը պէտք է ջարդել, անհետացնել, լռեցնել: Կ՛արգիլուին թերթեր, լրագրողներ կը բանտարկուին, այլախոհներ Սիպերիա կը ղրկուէին, ոմանք կը սպաննուէին: Զրոյցի մը ընթացքին, քաղաքական գործիչ մը պարզութեամբ ըսաւ, որ քաղաքական կեանքի մէջ յաջողելու համար մրցակիցը սպաննել պէտք է գիտնալ:

Մրցակիցը կրնայ ըլլալ անհատ կամ երկիր: Նոյն Սիկմունտ Ֆրէոյտը դար մը առաջ, յիշուած գիրքին մէջ ըսած էր, որ <<մարդիկ հասած են բնութեան ուժերը հակակշռելու այն աստիճանին, որ անոնց միջոցաւ դիւրաւ կրնան զիրար ոչնչացնել մինչեւ իրենցմէ վերջինը>>: Եթէ այսօր ապրէր, իր մղձաւանջը բազմապատիկ աւելի պիտի ըլլար: Ապրելու դաշտը ընդարձակելու համար դէպի մահ գացած են եւ կ՛երթան ընկերութիւնները: Պատմութիւնը այդ ընթացքին անսկիզբ եւ տեւող թատերաբեմն է:

Նուաճող եւ մահ սփռող եւ մեզի հիացում պատճառող Մեծն Աղեքսանդր դէպի իր մահը գնաց: Նափոլէոն Ֆրանսայի յառաջդիմութիւնը կասեցուց իր արշաւանքներուն եւ յաղթանակներուն զոհելով երկրի երիտասարդութիւնը:

Ինչ որ ճշմարիտ է երկիրներուն, նախագահներուն, երեսփոխաններուն, ծերակուտականներուն եւ իշխանութեան բոլոր մակարդակներուն համար, ճիշդ է նաեւ ընկերային համեմատաբար պզտիկ կամ իրապէս պզտիկ կառոյցներուն համար, օրինակ կուսակցութիւններուն, միութիւններուն: Այս ոչ միայն հեռուի մարդոց համար, այլ նաեւ հայ ազգային փոքրիկ հաւաքականութիւններու պարագային: Կանխելով դիրքերու վրայ անձերու յաւերժացումը, առաջքը կ՛առնուի ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ ստեղծագործական կեանքի բթացման, եւ անփոխարինելիութեան պատկերին դէմ յառաջացող դժգոհութիւններուն:

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ վերապահութիւն եւ անվստահութիւն կ՛աճին քաղաքական գործիչներու, կուսակցութիւններու, հանրային կեանքը հակակշռողներու դէմ: Կը յառաջանան անհատներու խմբաւորումներ, որոնք նոյնիսկ երբ ծրագիր, փորձ, դիւանակալութիւն եւ միջոցներ չունին, կ՛արտայայտուին, կը քննադատեն, կը մերժեն առաջնորդուիլ, երբ իրենց կարծիքը չէ առնուած, տիքթաթով: Անոնց մասնակիցները նախանձախնդիր են իրենց եզակիութեան: Ընկերութիւն մը, որ անատակ է ինքզինք հարցականի ենթարկելու, այս կամ այն սկզբունքի, արժէնքներու եւ օրէնքներու կառչելով, ինքզինք կը կրծէ, կ՛երթայ դէպի փտախտ:

Ղեկավարներ, նոյնիսկ ընտրուած ժողովրդավարական կարգով, երբ կը մնան իշխանութեան գլուխ հինգ, տասը, քսան եւ աւելի տարիներ, կը խափանեն եզակիութիւններու ծաղկումը: Ղեկավարը երբ վերընտրուելու մղձաւանջ չունի, կրնայ աւելի արդար եւ յստակատես ըլլալ, մարդիկը կը տեսնէ որպէս անհատականութիւն, եզակիութիւն, որոնց համադրումով ընկերութիւնը կը յառաջդիմէ եւ մարդիկ պայքարներու սրումով չեն յանգիր տարբեր ծաւալներով հակամարտութիւններու:

Ժողովրդավարութիւնը հարկ է ազատագրել սակաւապետութիւններու տիրակալութենէն եւ մարդը, իր եզակիութեամբ, դնել անոր առանցքին:

Ընդունիլ միւսը, սկզբունքով մեր հաւասարը, այնպէս որ է, ոչ թէ կառչելով օրէնքի տառին, այլ՝ ոգիին: Ամէնուրեք: Այս մարդկային (humaniste) պայքարը մղել <<ձայն բազմաց>>էն անդին, ծառայել է <<ձայն Աստուծոյ>>ին, շարունակելով Անթիկոնի իրաւութիւնը ընդդէմ Քրէոններու՝ իշխանաւոր, փառասէր, վաշխառու թէ մեծանուն:

Եւ ընկերութիւնը, աստ եւ անդ, կը նուաճէ ինչ որ կայ Աստուածաշունչին մէջ, որ Աստուած ստեղծեց մարդը ըստ իր պատկերին: Բոլոր մարդիկը՝ նոյն պատկերով:

Հաւանօրէն լուրի, կարգախօսի, պատկերի տենդէն անդին, մամուլը ընդհանրապէս, հայ մամուլը մասնաւորաբար, մարդը եւ հայը, անոր ինքնութիւնը, իրաւունքը, լեզուն եւ մշակոյթը պէտք է դարձնէ առանցք, հեռանալով ամբոխավարութենէ եւ մարդորսութենէ (proselytisme), եւ վերադառնայ մեր կացութեան թելադրած իմաստութեան: Հայ մամուլի էջերէն բացակայ են հարցականներ եւ իրաւ քննադատութիւնը:

Հայ մամուլին տարբեր արտայայտութիւններէն կը բացակայի վիճարկումը, ոչ ընթացիկ մրցակցութիւններու, այլ հիմնահարցերու, գաղափարներու, արժէքներու հարցերով:

Իսկ իմաստութի՞ւնը… Ինչո՞ւ օր մը չխօսիլ այս էական հարցերուն մասին, առանց օրէնքի սուր ճօճելու եւ առանց ենթագաղափարաբանական ճառի, որպէսզի բազմատեսակ այլասերումներու զոհ չըլլանք եւ շարունակութիւն ըլլանք՝ որպէս մարդ եւ որպէս ազգ:

Հայ մամուլը, զանգուածային լրատուութիւնը, իր ուրոյն դերը լիովին պէտք է ստանձնէ: Ստանձնած ըլլար, դադրելով սոսկ քարոզչական իր դերէն:

 

 

4 Յունիս 2016

Նուազի լը Կրան


comments

Advertisement