ԱԿՆԱՐԿ- Տալիք Հող Չունինք, Իսկ Առնելիք՝ Շա՛տ

By Asbarez | Friday, 15 July 2016

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Sarkis-Mahseredjian2

Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի սահմանային գօտիներուն մէջ արձանագրուած ծանօթ ճակատումներէն ետք, բանակցութեանց ու անոնց մասին մեկնաբանութիւններու սակարանը բաւական ելեւէջ արձանագրեց Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած ծանօթ հանդիպումներուն լոյսին տակ, վերաքաղի ենթարկելով մատրիտեան ու նման հանգրուաններու թղթածրարները։

Բանակցային եռուզեռին մասին Պաքուէն <<սպրդում>>ները հերքուեցան պաշտօնական Երեւանի կողմէ, <<այդպէս չէ>> իմաստով լակոնական բառերով, սակայն դիւանագիտական սեղաններու շուրջ եւ քուլիսներու մէջ կատարուածին մասին ճնշող գաղտնապահութեան մը պահպանումը առատ ջուր բերաւ մեկնաբանութիւններու ջաղացքին, ու մինչեւ այսօր ալ, հաւանական զարգացումներու մասին շփոթը ըստ բաւականին չէ փարատած։

Ապրիլեան բախումներուն լոյսին տակ, նոր իմաստ ու բովանդակութիւն զգեցած են մանաւանդ այն զրոյցները, որոնք կը շօշափեն խաղաղ լուծումի նախապայմանները, անկախ անկէ, թէ լուծումը <<փաթեթայի՞ն>>, թէ՞ <<հանգրուանային>> ընտրանքներով պիտի հետապնդուի (այս փոխընտրանքները արդէն յամեցող <<Գորդեան Հանգոյց>>ին մէկ արտայայտիչն են)։ Յամենայնդէպս, աւելի յաճախակի ու լուսարձակներ գրաւող դարձան այն զրոյցները, ըստ որոնց՝ վերջնական լուծումի համար, հայկական կողմը տրամադիր է <<գրաւեալ տարածքներ>> յանձնելու Ատրպէյճանին (եւ այլն, եւ այլն), եւ թէ՝ հող զիջելու ընտրանքը նորութիւն չէ։ Մինչեւ իսկ մեր պետական կարգ մը ներկայացուցիչները <<գրաւեալ տարածքներ>> ձեւը որդեգրած են իրենց հրապարակային արտայայտութեանց մէջ կամ բանակցութեանց երթալ-գալու ճամբուն վրայ, ակնարկելով այն հողերուն, որոնք պատմականօրէն հայկական են ու ազատագրուած՝ նոյնինքն Ատրպէյճանի  կողմէ շղթայազերծուած բազմահանգրուան պատերազմական գործողութիւններու իբրեւ հակադարձութիւն։

Այսօր, մեր նպատակը քաղաքական խաղերու, մարտավարական ու խուսանաւումներու ոլորապտոյտին մէջ մխրճուիլ ու կորսուիլ չէ, այլ կ՛ուզենք յիշեցնել ու անգամ մը եւս հաստատել, որ մենք ոեւէ մէկուն տալիք հող չունինք, իսկ առնելիք՝ շա՜տ ունինք, ըլլա՛յ Ատրպէյճանէն, ըլլա՛յ անոր դաշնակից-զինակից Թուրքիայէն։ Իսկ մեր առնելիքներուն հաշուեցուցակը հոն չի վերջանար…

Տալիք չունենալու, այլ առնելիք ունենալու ճշմարտութիւնը պէտք է յստակ ըլլայ նախ մեզի՝ հայերուս, սկսելով պետական պատասխանատուներէն, որոնք կը գտնուին բանակցութեանց առաջին գիծին վրայ ու յաճախ, գիտենք, կը մատնուին նեղ կացութեան ու ճնշումներու, սակայն սա յստակ պէտք է ըլլայ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից են խաղաղ լուծումի քայլերուն հետապնդման։ Իրաւունք ունինք հարց տալու. <<Ո՞վ որո՞ւ հողը որո՛ւն պիտի տայ>>։ Միայն յիշեցման կարգով արձանագրենք, որ դիւանագիտութեան սեղանին վրայ սակարկութեան դրուած հողերը պատմականօրէն ու էապէս հայկական են, հետեւաբար, ընդունելի չէ, որ միայն հայապատկան հողերու շուրջ առեւ-տուրի խաղ խաղցուի, այսինքն՝ լուծումը հետապնդուի միայն հայապատկան կարգ մը հողերու շուրջ սակարկութեամբ։ Յետոյ, ինչո՞ւ մոռնալ, որ Շահումեանն ու Գետաշէնքը, Արծուաշէնին հետ միասին, մինչեւ Գանձակ տարածուող գօտին հայկական էին, ու կը մնան բռնագրաւուած,  բանակցութեանց ընթացքին բացայայտ յիշատակում չի կատարուիր անոնց մասին, մոռացութեան տրուած է Նախիջեւանն ու հայկական մշակութային ժառանգութեանց օր ցերեկով փճացումը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի տոմարներուն մէջ անոնց գտած արձանագրութիւնները։ Իսկ ազերիական ոճրային արարքնե՞րը՝ սկսելով 80ականներէն մինչեւ օրս…

***

Կարելի է ցանկը երկարել, սակայն մեր եզրակացութիւնն ու անոր հիման վրայ մեր կեցուածքը յստակ է, յստակ պէտք է ըլլայ մեզի ու բանակցութեանց բոլոր մասնակիցներուն համար. տալիք չունինք, իսկ առնելիք՝ շա՜տ։

Ոչ մէկ տրամաբանութիւն կրնայ ընդունիլ, որ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր մղուող անհաւասար ճակատումներու ճամբով մեր ձեռք բերած յառաջխաղացքն ու վերաշահածը կրնան սակարկութեան դրուիլ ու կորստեան մատնուիլ դիւանագիտական սեղաններու վրայ, մեզի հետ կապ չունեցող շահակցական հաշուեկշիռներու հետեւանքով (չենք արհամարհեր <<մեզի հետ կապ չունեցող>> բաներուն ազդեցութիւնը՝ մեզի առնչակից զարգացումներուն վրայ. մեր ոտքերը կտրած չեն գետինէն, որովհետեւ ամէն օր ականատես ենք աշխարհի տարածքին նմանօրինակ բազմաթիւ իրադարձութեանց ու անարդար տնօրինումներու)։ Ո՛չ մէկ հայ, Հայաստանի, Արցախի ու Արտերկրի որեւէ՛ մէկ անկիւնին մէջ, կրնայ ընդունիլ, որ մեր սահմանապահներուն արեամբ շահուածը խաղի դրուի ու կորուստներու մատնուի բանակցային սակարկութեանց մէջ։ Իսկ մեր խօսքը չի վերաբերիր միայն ապրիլեան վերջին դէպքերուն, այլ նաեւ կապ ունի այն ճակատումներուն հետ, որոնք 1988ին սկիզբ առին շատ համեստ միջոցներով, երբեմն միայն որսորդական հրացաններով, ճակատումներ տեղի ունեցան ՕՄՈՆին, ազերիական բանակներուն ու անոնց զինակիցներուն դէմ։ Արցախեան ազատամարտի առաջին փուլերուն թէ նորագոյն ճակատումներուն, մեր ուժերը դէպքերու <<բնական ընթացքը>> շրջեցին, բազկի ուժով իրողական կացութիւն ստեղծելով՝ ի հեճուկս Ատրպէյճանի հաշիւներուն ու շրջանի <<հաւասարակշռութիւնը>> հակակշիռի տակ պահել ուզող մեծերուն, ինչպէս որ ըրած էին Սարդարապատի մէջ <<հնարք գտնող խենթեր>>ը…։

Եւ այս տողերը թող չդիտուին զգացականութեան ակնոցով, այլ ինքնաճանաչումի բովանդակութեան մէջ, ընդառաջ՝ <<Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք>> պատգամին…։

***

Ճակատամարտ շահիլը կարեւոր է ու նախապայման՝ շահուածը պահպանելու եւ իրաւունքի ճամբուն վրայ նոր քայլեր առնելու համար։ Այս նպատակով, պետութիւն, դիւանագիտութիւն եւ հայկական կառոյցներ, ներառել Սփիւռքի կարողականութիւնները պէտք է լաւագոյնս ի մի բերել եւ մարմին տալ այն ուխտին, որ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր կը հնչէ հայութեան զաւակներուն շուրթերէն. <<Ուս ուսի տուած, առիւծի նման (…), Հայեր, միացէ՛ք, միացէ՛ք, հայեր, Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէք (…), Դեռ ճամբայ ունինք, պիտ՛ հասնինք Սասուն…>>։ Ժողովուրդի կամքին արտայայտիչը եղող աշուղը այս բառերը չէ հիւսած զգացականութեան տուրք տալու համար, այլ վերանորոգած է ֆետայական շարուժումի նախօրեակին բիւրեղացած պատգամը, որ կտրած է Զէյթունի, Վանի, Սասնոյ ու բազում այլ հերոսամարտերու երկինքները, կնքուեցաւ Սարդարապատով, անոր արձագանգները ահա 80ական տարիներէն ի վեր կը լսենք Արցախի մէջ։

Այս բոլորը զգացական ու վիպական եղելոյթներ չեն, այլ վերջին աւելի քան 100 տարիներուն մարմնաւորուած իրականութիւններ, յենարան՝ մեր այսօրուան ու վաղուան քայլերուն։ Նաեւ հրաւէր՝ արդարօրէն գնահատելու մեր իրականացուցածը, առանց տարուելու գերակայութեան բարդոյթով։

Բանակցութեանց <<գաղտնիքներ>>ուն վրայէն թող որոշ չափով վերցուի գաղտնապահութեան քողը (գիտենք, որ որոշ խորհրդապահութիւն մը միշտ ալ հարկաւոր է դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ). թող մեր ժողովուրդը ըստ բաւականին իրազեկ դառնայ, թէ ի՞նչ <<կ՛եփի>> քուլիսներու ետին, թէ՝ մեր անսակարկելի իրաւունքներուն նկատմամբ ինչպիսի՞ վերաբերմունք կը ցուցաբերուին բարեկամին ու հակառակորդին կողմէ։ Մեր ժողովուրդը ո՛չ միայն իրաւունք ունի իմանալու հիմնական մանրամասնութիւններ, այլ նաեւ՝ իր վճռական կարծիքը արտայայտելու անոնց մասին, հեռու՝ աժան քաղաքականացումի՝ իշխանութիւն-ընդիմադիր-իշխանամէտ-հակադիր գիծերուն վրայ յաճախ աղմկարար շաղակրատութեան վերածուող բանավէճերու բթացնող մթնոլորտէն։ Սա կրնայ առաջնորդել հոն, ուր, օրինակի համար՝ բանակցային ընթացքին ելքը զարնուի ողջ հայութեան կամքը արտայայտող հանրաքուէի մը փորձաքարին, որպէսզի տեսնուի, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք <<տալիք հող չունինք>>ով։

Որպէսզի ժողովրդավարութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ու պատմական ճշմարտութեանց վերահաստատման քարոզները իսկապէս գործնական արտայայտութիւն գտնեն։

***

Ցեղասպանութեան ճանաչման ճամբուն, անցեալ տասնամեակներուն թէ նորագոյն շրջանի մեր արձանագրած յառաջխաղացքները բաւարար յենարան են, պէ՛տք է ըլլան մեզի համար, որպէսզի նոյնը ընենք Արցախի նո՛յնքան կարեւոր հարցին համար, որովհետեւ, չմոռնանք, որ մեր Դատին էութիւնը ՀՈՂԻ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ հարց է, Արցախէն մինչեւ Նախիջեւան ու Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հողերը։ Մեր Դատին իւրաքանչիւր տարրը միւսին լրացուցիչն է, առանց մէկուն՝ միւսը կը կորսնցնէ իմաստը, կը մնայ անկատար։ Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, հայութեան կեանքը մարմնաւորող բոլոր միաւորները՝ պետական ու դիւանագիտական ձեռքերը, մեր Դատին հետամուտ բոլոր բազուկները համատարած ու արդիւնաւոր աշխատանքի մէջ ի մի բերելը պիտի ըլլայ հայ քաղաքական միտքին դիմաց կանգնող գլխաւոր մարտահրաւէրը, ինչ որ պիտի նշանակէ քանի մը աստիճան աւելի՛ տիրապետել քաղաքական-դիւանագիտական արուեստին, այնպէս՝ ինչպէս մեր սահմանապահները կ՛ընեն իրենց ոլորտին մէջ, յաճախ <<անսպասելի կատարուած իրողութիւններ>> հրամցնելով հակառակորդին ու միջնորդներուն…։

Այո՛. տալիք հող չունինք, իսկ առնելիք՝ շա՛տ։ Այս սկզբունքը պէտք է ըլլայ (եթէ մինչեւ օրս չէ) մեր ազգային քաղաքականութեան ու պահանջատիրութեան մէկ հիմնական գիծը, որդեգրելի՝ իշխանութեան, ընդդիմադրութեան թէ աշխարհացրիւ ոեւէ հայու կողմէ։ Եւ ոչ ոք իրաւունք ունի մեզ ծայրայեղական որակելու, երբ նման կեցուածքով կը շարունակենք մեր ամբողջական իրաւունքներուն հետապնդումը, կտրելու համար հողային ու նիւթական ամբողջական հատուցման յառաջիկայ հանգրուանները։

 

10 Յուլիս 2016

 



comments

Advertisement