<<Ո՛չ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին>>ը Միայն Լօզունգ Չէ՛

By Asbarez | Tuesday, 19 July 2016



0713daghdevirian_Page_1

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին յաջորդող օրերուն, թէ՛ հայ բանակի զինուորականները, թէ՛ կամաւորները <<Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին>> եզրը լօզունգի նման գործածեցին տպագիր եւ եթերային մամուլի թղթակիցներուն հետ. միւս կողմէ, մեր քաղաքական-դիւանագիտական վերնախաւը, ընդունելէ ետք ատրպէյճանական կողմէն եկած զինադուլի առաջարկը՝ սկսաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդներուն կողմէ խմբագրուած Մատրիտի (Յուլիս 2007) եւ ապա Քազանի (Յունիս 2011)՝ գրեթէ համաձայնեցուած, բայց ձախողած հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան ծրագիրներուն մասին կրկին անգամ խօսելու:

Մինչեւ այս վերջին արտայայտութիւնները, վերոյիշեալ քաղաքներուն անունով կոչուած ծրագիրներուն մասին շատ բան չէր փոխանցուած հանրութեան: Ի վերջոյ յայտնի դարձաւ, թէ անոնք կը պարունակէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) Պաշտպանական ուժերու ազատամարտիկներուն ազատագրած Պատմական Հայաստանի 7 տարածքները աստիճանաբար Ատրպէճանին վերադարձնելու եւ փոխարէնը՝ ԼՂՀի բնակչութեան ինքնորոշման հանրաքուէի մը խոստումին գլխաւոր կէտերը:

Սոյն աշխատութիւնը պիտի ջանայ ցոյց տալ, թէ <<Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին>>ը սոսկ լօզունգ չէ, այլ կը բխի ԼՂՀի եւ հետեւաբար ամբողջ հայ ժողովուրդին անվտանգութեան պահանջէն: Առաւել, այս աշխատանքին մէջ յիշուածները նոր գիւտարարութիւններ չեն. նախապէս յիշուած են քաղաքական, զինուորական, կուսակցական, պատմական եւ մշակութային գործիչներու կողմէ. պարզապէս հարկ է, այս օրերուն վտանգաւոր առոգանութեամբ հոլովուող տարածքներու վերադարձին դէմ հաստա՛տ կերպով, անգամ մը եւս շեշտել իրաւատէր հայ ժողովուրդին կեցուածքը:

Նաեւ, այս աշխատանքը պիտի չմանրամասնէ կարգ մը բացարձակ իրականութիւններ, որոնք անվիճելի են գոնէ պահանջատէր հայուն համար.

– Թէ՝ ազատագրուած այդ 7 տարածքներուն համար, հայութիւնը եւ մանաւա՛նդ արցախահայութիւնը վճարած է շա՜տ սուղ՝ իր լաւագոյն զաւակներուն, ազատամարտիկներուն (ազատութեան մարտիկներուն) կեանքը, անհաշիւ զինական ու նիւթական միջոցներ եւ անչափելի տառապանք:

– Թէ՝ այդ տարածքները հայութեան ծագումին առաջին օրէն իսկ մաս կազմած են Հայաստանի թագաւորութիւններուն, իշխանական տոհմերուն կամ Մելիքութիւններուն:

– Թէ՝ արիւնով ազատագրուածը թուղթով չի վերադարձուիր: Յաղթանակով աւարտած պատերազմը դիւանագիտութեան քուլիսներուն մէջ պարտութեան կարելի չէ՛ վերածել, ի՛նչ ալ ըլլայ ճնշումներուն տարողութիւնը. իսկ եթէ որեւէ միաւոր փորձէ այդ մէկը ընել, ապա կ՛արժանանայ իր ժողովուրդին կողմէ զգետնումի:

– Թէ՝ Ատրպէյճանը Հայաստանէն բազմապատիկ անգամ աւելի կը ծախսէ, եւ գոնէ ցարդ, միջոցներն ու կապերն ալ ունի իր բանակը ուժեղացնելու, զինանոցը բազմացնելու եւ արդիականացնելու:

– Թէ՝ Թուրքիան, Օսմանեան կայսրութեան օրերէն, ծրագրած եւ մինչեւ այսօր փորձած է յաջողցնել Փանթուրքիզմը, նախ՝ միանալով Ատրպէյճանին, հասնելու համար Կեդրոնական Ասիոյ իր ցեղակիցներուն, այդպիսով՝ կտրելու ռուսական ծաւալողական ձգտումները դէպի հարաւ: Հայ ժողովուրդն ալ, որպէս առաջին արգելք այս նպատակին, հարկաւոր է վերացնել, Արեւմտահայաստանի մէջ ըլլայ ան (Հայոց Ցեղասպանութեամբ), թէ Արեւելահայաստանի (կասեցուած Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով ու Ղարաքիլիսայով), թէ Արցախի (կասեցուած 1988-1994ի Շարժումով ու գոյամարտով)։ Հայութենէն ետք, վերացնելու հերթը այդ ճամբուն վրայ բնիկ միւս ժողովուրդներունը եղած է եւ է՛ ներկայիս եւս՝ յոյներ, ասորիներ եւ քիւրտեր։

 

Վերլուծութիւնը հարկ է կատարել հարցին հետ առնչութիւն ունեցող բազմազան երեսներով, որոնք կրնան նաեւ ամբողջական չըլլալ, բայց հարկ է զանոնք մեկնարկել։

 

ՌԱԶՄԱԳԻՏԱԿԱՆ

 

Արցախը, Խորհրդային Միութեան օրերուն ճանչցուած որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ (ԼՂԻՄ), 1988էն մինչեւ 1991 քանիցս կը փորձէ սահմանադրական ճանապարհներով միանալ Հայաստանին՝ դիմելով Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութիւններուն, սակայն միշտ ալ կը մերժուի անոնց կողմէ: 1991ին, Արցախ կը յայտարարէ իր անկախութիւնը եւ կը ստեղծուի ԼՂՀը: Յետագայ տարիներուն, ատրպէյճանցիք պատերազմի ուժով կը փորձեն ճնշել արցախահայութեան ազատատենչութիւնը, ու կը սկսի Արցախի գոյամարտը, որ արիւնալի, երկարատեւ ճակատումներէ եւ հազարաւոր զոհերէ ետք, 1994ին կը յանգի զինադադարի, հայկական կողմի յաղթանակներէն, 7 տարածքներուն ազատագրումէն, սակայն նաեւ կարգ մը հողատարածքներու կորուստէն ետք (ԼՂԻՄի Շահումեանը, հատուածներ Մարտակերտէն ու Մարտունիէն եւ Հայաստանին նախապէս պատկանող Արծուաշէնը):

 

0713daghdevirian_Page_9

 

Այժմ՝ թիւերու մասին:

Խորհրդային Միութեան օրերուն Հայաստանի հետ ցամաքային ոչ մէկ կապ ունեցած ԼՂԻՄի՝ Խորհրդային Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն երկարութիւնը շուրջ 650 քլմ. եղած է, ներառեալ՝ վերոյիշեալ կորուսեալ տարածքները (Շահումեան եւ հատուածներ Մարտակերտի ու Մարտունիի շրջաններէն): 1994ի զինադադարէն ետք, Քարվաճառ-Քաշաթաղ (Քելբաջար-Լաչին) միջնատարածքով Հայաստանի հետ անոր հողային միացումով, Ատրպէյճանի հետ շփման գիծի երկարութիւնը կը վերածուի շուրջ 220 քլմ.ի:

220 քլմ. փոխան 650ի. գրեթէ 3 անգամով աւելի կարճ:

Նոյն ատեն, Հայաստանի սահմաններու երկարութիւնը Խորհրդային Ատրպէյճանին հետ շուրջ 800 քլմ. եղած է, ներառեալ՝ Արծուաշէնը եւ Նախիջեւանը: 1994ի զինադադարէն ետք, սահմաններու երկայնքը երկու անկախ երկիրներուն միջեւ կը վերածուի շուրջ 480 քլմ.ի, Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքով ԼՂՀին հետ միացումով ու Արծուաշէնի կորուստով։

480 քլմ. փոխան 800. 40 տոկոսով աւելի կարճ:

ԼՂՀի եւ Հայաստանի՝ Ատրպէյճանին հետ նախկին սահմաններու երկարութիւնը միասնաբար՝ շուրջ 1450 քլմ.ը, 7 տարածքներու վերադարձուելուն պարագային, փոխան ներկայի 700 քլմ.ին, պիտի պահանջէ կրկնապատիկ թիւով զինուորներ (ու կամաւորներ) եւ միջոցներ, թէ՛ խաղաղութեան, թէ՛ պատերազմի պարագային:

Այլ խօսքով, եթէ հայոց ցամաքային բանակը՝ Հայաստանի ու Արցախի միասնաբար, կը հաշուէ շուրջ 70,000 զինուոր (ըստ International Institute for Strategic Studies կազմակերպութեան <<The Military Balance 2013>> պարբերական տեղեկագիրին), եւ ենթադրելով, թէ ամբողջ այս բանակը տեղակայուած է միայն Ատրպէյճանի դէմ հայկական սահմանները պաշտպանելու՝ առանց զինուոր տրամադրելու ա՛լ աւելի վտանգաւոր Թուրքիոյ ու յարաբերաբար բարեկամական Վրաստանի ու Իրանի սահմաններուն, ապա ներկայի 700 քլմ.ի պարագային ունինք շուրջ 100 տրամադրելի զինուոր ու սպայ՝ իւրաքանչիւր քլմ.ին, կամ 1 զինուոր՝ իւրաքանչիւր 10 մեթրին համար, ամէն վայրկեան, ցերեկ-գիշեր, առանց փոխարինողի: Ազատագրուած 7 տարածքներու վերադարձուելուն պարագային, իւրաքանչիւր քլմ.-ի համար կ՛ունենանք միայն 49 տրամադրելի զինուոր ու սպայ, կամ 1 զինուոր՝ իւրաքանչիւր 20 մեթրի համար, ամէն վայրկեան, ցերեկ-գիշեր, առանց փոխարինողի: Քառօրեայ պատերազմէն ետք, փորձեցէք գործնականի խոշորացոյցով դիտել վերոյիշեալը եւ պիտի տեսնէք անվտանգութեան ցնդումը:

Ճիշդ այս պատճառով է նաեւ, որ ճնշում կը բանեցուի հայկական կողմին վրայ՝ հողատարածքներու վերադարձով նաեւ միջազգային խաղաղապահներու տեղադրումը ընդունելու համար, որովհետեւ Ատրպէյճան (ի մասնաւորի) գիտէ, թէ հայկական կողմը, առանձինն, դժուարութիւն պիտի ունենայ այդքա՛ն երկար սահմաններ պահելու. առաւել, միջազգային խաղաղապահներ տեղադրել կամ չտեղադրելը նո՛յնն է, որովհետեւ անոնք աշխարհի վրայ ո՛ւր որ գործուղղուած են, միայն խորհրդանշական ներկայութիւն եղած են, նոյնիսկ զոհեր տուած, բայց ո՛չ մէկ տեղ միջամուխ եղած զինուորական գործողութիւններու, հետեւաբար՝ ցեղասպան Ատրպէյճանի սպառնալիքը միշտ առկայ պիտի մնայ:

 

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ

 

Ազատագրուած տարածքներուն բարձրադիր լեռներէն կը բխի Արցախի Թարթառ գետը, որ հանրապետութեան հիւսիսի, Մռավի լեռնաշղթայի կիրճերէն ու ձորերէն հոսելով՝ կը կազմէ Սարսանդի ջրամբարը, որ ջուր կը հայթայթէ Մարտակերտ քաղաքին եւ կ՛որոգէ ամբողջ Մարտակերտի մարզի արօտավայրերը:

Սարսանդի ջրամբարը այնքա՛ն կարեւոր է, նոյնիսկ՝ Ատրպէյճանի համար, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի խաղաղարար համանախագահները անոր նիւթը ըրին հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն ընթացքին, որպէսզի հակառակորդները համատեղ ու միասնաբար օգտուին անոր ջուրերէն:

Նման է պարագան նաեւ ԼՂՀի Խաչենագետին, որ նոյնպէս կը բխի ազատագրուած տարածքներէն:

Վտանգաւորը ազատագրուած տարածքներու յանձնումով այն է, որ Թարթառի ու Խաչենագետի ակունքները եւ ընդհանրապէս ԼՂՀի ջրային մատակարարման 85 տոկոսը պիտի անցնին ատրպէյճանցիներու հսկողութեան տակ, ու ինչպէս ԼՂՀի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեանը բազմիցս յայտարարած է (տես՝ <<Ապառաժ>>, 15 Յուլիս 2015), անոնք պիտի դառնան թունաւորման անգամ մը եւս ենթակայ, ինչպէս 1990ականներու սկիզբները ատրպէյճանցիք նախընթացը արդէն իսկ կատարած են, մինչեւ այդ տարածքներու ազատագրումը ԼՂՀ ազատամարտիկներուն կողմէ:

Վտանգը առկայ է նաեւ Հայաստանի Որոտան եւ Արփա գետերու պարագային, որոնք նոյնպէս կը բխին ազատագրուած Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքի լեռներէն ու կը հոսին Սիւնիքի լեռներու կիրճերուն մէջ:

Երկրորդ ազդակ է Արցախի լեռնաշղթաներուն ընձեռած բնական պաշտպանութիւնը:

Հիւսիսի Մռավի լեռնաշղթայի արեւմտեան մասը կը գտնուի ազատագրուած տարածքներուն մէջ, եւ անոնց յանձնուելուն պարագային՝ կը կորսուի ԼՂՀի հիւսիսային անանցանելի պարիսպը:

Արցախ լեռնաշղթան (նախկին Ղարաբաղ լեռնաշղթայ) կ՛երկարի ԼՂՀի հիւսիսէն հարաւ: Անոր արեւմտեան լանջերը կը գտնուին Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքին մէջ, որուն յանձնուելուն պարագային՝ ԼՂՀի արեւմտեան լեռնաշղթայ-պարիսպին արեւմտեան լանջերը կը կորսուին հայոց համար:

Նոյն միջնատարածքի կորուստով, Հայաստանի արեւելեան սահմանային բարձունքներուն (Արեւելեան Սեւանի, Վարդենիսի եւ Սիւնիքի լեռնաշղթաներ) ապահովութիւնը եւս կը կորսուի, եւ սահամանամերձ մարզերը կը դառնան թիրախ ատրպէյճանական ամէնէն սովորական զինանոցին:

Երրորդ ազդակ մը. ազատագրուած Աղդամը Ասկերանէն հազիւ 15 քլմ., իսկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 25 քլմ. հեռու է: Աղդամի վերադարձուելուն պարագային, գրեթէ դաշտային ճանապարհով, վերջինները կը դառնան գրաւիչ պատառ ատրպէյճանական նոյնիսկ ցամաքային արշաւանքներու, ինչ որ նպատակն էր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին ձախողեցուած մէկ փորձին:

 

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ

 

Քարվաճառ-Քաշաթաղ միջնատարածքին մէջ կը գտնուին, այլ յուշարձաններու շարքին, հայ մշակոյթի հոգեւոր բազմաթիւ կոթողներ՝ Դադիվանքի համալիրը, Ծիծեռնավանքը, Ծառա Ս. Աստուածածինը, Զօրախաչ Ս. Աստուածածինը, Ամուտեղը եւ Ձորավանքը:

Կ՛արժէ երկու խօսք աւելի ըսել ասոնցմէ երկուքին մասին.

Դադիվանքը հիմնուած է Ա. դարուն, ըստ աւանդութեան՝ Յիսուսի աշակերտներէն Հայաստան գործուղղուած Ս. Թադէոս Առաքեալի սաներէն՝ Ս. Դադիի մասունքներուն վրայ: Ներկայ համալիրը սկսած է կառուցուելու ԺԲ. դարուն: Բազմիցս քանդուած է արշաւող բանակներու կողմէ, սակայն ամէն անգամ վերակառուցուած է աւելի՛ շքեղ եւ որպէս աւելի՛ կարեւոր կեդրոն հայ մատենագիտութեան, արուեստի ու հոգեւորականութեան:

Ծիծեռնավանքն ալ (հիմնուած Դ.-Ե. դարերուն) վերջին ազատագրումին յաջորդած 1994ի զինադադարէն ետք, վերստացած է ուխտատեղի ըլլալու իր հանգամանքը. հոն տեղի կ՛ունենան տարեկան փառատօն եւ հանդէսներ։

Իսկ Աղդամի մօտերը, ազատագրուած տարածքներուն մէջ կը գտնուի Արցախի Տիգրանակերտը (Տիգրան Մեծի կողմէ կառուցուած, Ն.Ք. Ա. դարուն), ուր 2006ին պեղումներ սկսած են եւ յայտնաբերուած հնութիւններուն համար աւելի ուշ թանգարան բացուած է:

Կը բաւէ յիշեցնել Նախիջեւանի՝ քանի մը տարի առաջ մեծ աղմուկ հանած խաչքարերուն քանդումի պարագան, Պաքուի ու ատրպէյճանական նախապէս հայաշատ միւս քաղաքներու հայկական եկեղեցիներուն եւ յուշակոթողներուն աւերումի օրինակները (առանց տակաւին խորանալու Արեւմտահայաստանի մեր հոգեւոր, մշակութային ու պատմական հազարաւոր կոթողներու բռնի աւերուած իրավիճակին մէջ), եզրակացնելու համար ազատագրուած տարածքներու պատմական գանձերուն սպասող ճակատագիրը՝ վերադարձուելու պարագային:

 

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ- ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ

 

Ազատագրուած տարածքներուն մաս կը կազմեն Կովսական (նախկին Զանգելան), Մեխակաւան (նախկին æաբրայիլ), Քաշունիք (նախկին Ղուբաթլի) եւ Վարանդա (նախկին Ֆիզուլի) քաղաքները՝ իրենց շրջաններով, որոնք ԼՂՀն միացուցին հարաւ-արեւմուտքէն՝ Հայաստանին, իսկ հարաւէն՝ Իրանին, եւ այդպիսով ԼՂՀ տարածքները հասան մինչեւ Արաքս գետ եւ Իրանի սահման ու վերացուցին Հայաստանի հարաւին՝ Մեղրիի շրջանին սպառնացող Ատրպէյճան-Նախիջեւան անցք բանալու եւ Հայաստանը Իրանէն կտրելու վտանգը, որ յաճախ քրքրուած է միջազգային քաղաքականութեան եւ մամուլին մէջ:

Մատրիտի եւ Քազանի առաջարկութիւններուն մէջ, տարածքներու վերադարձին կողքին կը խօսուի նաեւ Ատրպէյճանին՝ դէպի Նախիջեւան Հայաստանի հարաւէն ազատ անցք տալու մասին:

Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, Արցախի գոյամարտի առաջին օրերէն ի վեր, փակեցին Հայաստանի հետ իրենց սահմանները: Հայաստանի հիւսիսային դրացիին՝ Վրաստանի սահմանները բանուկ են, սակայն՝ միշտ վտանգի ենթակայ, ըլլա՛յ Վրաստանի Ռուսիոյ հետ ունեցած իւրաքանչիւր տագնապի ժամանակ, թէ հայկական æաւախքը Վրաստանի կողմէ ճնշուելու նուազագոյն առիթին: Հետեւաբար եւ դժբախտաբար, Հայաստանին, ապահով առեւտուրի համար, կը մնայ միայն Իրանի ցամաքային սահմանագիծը, որ ռազմավարական առումով որքա՛ն երկարութեամբ պահուի, այնքա՛ն աւելի բարենպաստ արդիւնք կրնայ ունենալ:

Ազատագրուած տարածքներու վերադարձին պարագային, ո՛չ միայն ԼՂՀն կը կտրուի Իրանէն, այլ կը վերակենդանանայ Հայաստանին սպառնացող վերոյիշեալ ճակատագրական վտանգը:

***

Հոս տեղին է բերել քանի մը մէջբերումներ՝ ընդհանրապէս հայութեան համար Արցախ Աշխարհի կարեւորութեան մասին.

<<Պատմութիւնը մեզ շատ փաստերով ցոյց է տալիս, որ նուաճող ազգերի ահաւոր յորձանքները գալիս ընդհարւում էին Ղարաբաղի լեռնաստանին, փշրւում էին ու ետ դառնում: … Առանց Ղարաբաղի լեռնաստանին, անհնարին է երեւակայել Հայաստանի սրտի՝ այն է՝ Արարատեան երկրի պաշտպանութիւնը հիւսիսային եւ արեւելեան տափաստաններից>> ԼԷՕ (1860-1932), պատմաբան, <<Երկերի Ժողովածու>>, հատոր 3:

<<Երբե՛ք առանց Սիւնիքի եւ Արցախի: Առանց Հայաստանի աշխարհագրական այդ ուժեղ ողնաշարին՝ մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չէ՛ կարող>> ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ (1886-1955), զօրավար, <<Ազատ Սիւնիք>> (Իմ Պատուիրանները):

<<Մեր դէմ սկսուած պատերազմի վերջնական արդիւնքի մասին ես գիտեմ մէկ ճշմարտութիւն. ունենալու ենք ազատ Ղարաբաղ: Ազգովին պարտադրուած ենք յաղթելու, որովհետեւ դրուած է Արցախի հայութեան լինել-չլինելու հարցը: Մեր ողջ պատմութեան ընթացքում հայոց գոյապայքարի առջեւից ընթացող արցախահայութիւնը պարտուելու տարբերակ չունի, որովհետեւ պարտութիւնը՝ դա վերջն է…>> ԲԵԿՈՐ-ԱՇՈՏ ՂՈՒԼԵԱՆ (1959-1992), ազատամարտիկ, հրամանատար, (<<Բեկորը Ինչպէս Որ Կար>>, հեղինակ՝ Արմէն Դանիէլեան):

***

Բոլոր վերոյիշեալները նկատի առած, արցախահայութեան ու բնականաբար ամբողջ հայութեան անվտանգութիւնը սակարկութեան նիւթի կարելի չէ վերածել. առեւտուրի եւ <<փոխ>>զիջումի առարկայ կրնան դառնալ միայն հաւասար արժէք ներկայացնող հարցեր, երեւոյթներ կամ առարկաներ: Իսկ յաղթող կողմի պարագային կշիռքը ծանրօրէն կը թեքի իր կողմը:

Հայկական քաղաքական-դիւանագիտական վերնախաւը, մանաւանդ սահմանագիծի մեր բանակայիններուն կողմէ ատրպէյճանցիներուն կայծակնային յարձակումները թաղող սխրագործութիւններէն ետք, հայ ժողովուրդին կողմէ իրեն տրուած իրաւունքը ունի՝ անզիջող <<Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին>> պայմանը դնելու բանակցութիւններու սեղանին եւ իր կարգին, իր դիրքերը պահելու, թէկուզ իր բաժանմունքի զոհերուն գնով, մեր ցանկացած Միացեալ Հայաստանի արեւելեան նահանգները ամրագրելու:

 

9 Յուլիս 2016

 

 



comments

Advertisement