Ակնարկ. Չխանգարել Բանակցութիւնները

By Aztag Daily | Thursday, 21 July 2016

Դրական պէտք է ընկալել երկկողմանիօրէն` իրաւապահ մարմիններու եւ զինեալ գործողութիւնը իրականացնողներու դրութիւնը: Երեւոյթը պէտք չէ վերագրել անպայման կապի խզումին, նոր դաւադրութիւններու մշակման կամ գործողութեան վերջ տալու նպատակով նախապատրաստուող յարձակման: Ոչ ալ` հիւծել-յանկարծակիօրէն գրոհել տարբերակին: Երբ համեմատաբար լուռ են կողմերը, կը նշանակէ, որ բանակցութիւններ կան, իսկ այդ բանակցութիւններուն փակագիծերը չեն բացուիր, որովհետեւ մարդոց ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է, որովհետեւ կայ յայտնապէս արիւնահեղութիւնը բացառելու գիտակցում:

Հետեւաբար պահանջներ-ընդառաջումներ կամ չընդառաջումներ, զինեալներու կամ ոստիկաններու տեղաշարժերը իբր թէ նկատողներ, տարածք գրաւողներուն <<մինչեւ վերջ գացէ՛ք>> ըսողներ կամ պետական ծառայողներուն հասցէին ամէն տեսակի հայհոյանք թափողներ երեւութապէս չեն ազդեր երկու կողմերուն առնելիք քայլերուն վրայ, որովհետեւ երկու կողմերն ալ – կ՛ուզենք հաւատալ նախադրեալներէն եւ երեւոյթներէն մեկնած – բանակցելով եւ ցարդ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ դրական ելքերու, պատուհաններու շրջագիծեր ուրուագծելով գերադաս կը նկատեն առանց մարդկային զոհերու աւարտել գործողութիւնը:

Թէժացնողները, պառակտիչ եւ հրահրիչ յայտարարութիւն կատարողները, <<մինչեւ վերջ մի՛ յանձնուիք>> կամ <<գրոհեցէ՛ք>> յանձնարարողները յայտնապէս երկու կողմերուն գիտակցական մօտեցումով չեն վերաբերիր այս խնդիրին:

Լռութիւնը միշտ չէ, որ կրաւորականութիւն է, անտարբերութիւն, անկարողութիւն կամ արհամարհանք:

Իսկ այս պարագային աւելի համոզիչ է, որ այդպէս չէ: Նման ճգնաժամի պայմաններուն մէջ համեմատական լռութիւնը բանակցութիւն է: Իսկ բանակցիլը ուժի կիրարկման բացառումով խաղաղ լուծումի յանգելու համար է: Երկու կողմերուն լռութիւնը այս կը նախանշէ, մնացեալը` եթէ այս տրամաբանութենէն դուրս է, կրնայ խանգարիչ ըլլալ: Իսկ խանգարումը կը վերաբերի մարդոց կեանքերուն:

Առ այս պահը խանգարողները չեն յաջողած ազդել բանակցողներուն վրայ: Պիտի ուզէինք, որ չազդէին:

 


comments

Advertisement