By Asbarez | Saturday, 23 July 2016
ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Յարգա՜նք Ձեզ, որ ձեր գերագոյն զոհաբերութեամբ ազգասիրութեան նոր չափանիշ նուաճեցիք, ու մեզ բոլորիս ցոյց տուիք, որ հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան գաղափարներուն շուրջ խաղեր եւ սակարկութիւն չի կրնար ըլլալ, այլ միայն՝ ամբողջական նուիրումի ուղիներ:
Յարգա՜նք Ձեզ, որ ձեր առաքելութեան ու անոր գործադրութեան ընդմէջէն մեզի հասկցուցիք, որ մեր ազգի գերագոյն շահերուն սպասարկումը կ՛իրագործուի ազնիւ եւ անձնուրաց ծառայութեան ճամբով միայն, տարածք մը, ուր աննշան ու անհեթեթ կը դառնան ես-երը եւ ես-երու ամէն բանը:
Յարգա՜նք Ձեզ, հազա՛ր յարգանք, որ դուք ձեր արեամբ մեր անհատական խիղճերը ու հաւաքական խիղճը Եռագոյն ներկեցիք, ու հոն քանդակեցիք մշտնջենական զինանշաններ, որպէսզի սերունդներ ձեզ ունենան որպէս պարտաւորեցնող օրինակներ, ու կեանքի շունչ փնտռեն ազգային անբասիր ու ջինջ ծառայութեան ընդմէջէն միայն:
Յարգա՛նք Ձեզ, ընկերներ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է