Խեղդուելու Վախը Կայ

By Asbarez | Saturday, 23 July 2016

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ


Church

Մէկ գաւաթ ջուրի մէջ խեղդուելու վտանգը, փոխաբերական իմաստով յաճախ կը գործածենք մեր լեզուին մէջ: Սակայն, սոյն գրութեամբ, խորունկ ծովերու մէջ ջրահեղձ ըլլալու երեւոյթին պիտի անդրադառնանք։

Հայոց Ոսկեդարու արարիչ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, ապա յաջորդող դարաշրջաններու շարականագիր վարդապետներ, մայրենի գրաբարին յատուկ հարուստ պերճաբանութեամբ եւ հզօր պատկերներու ներկայացումով, այս աշխարհը նմանցուցած են անծայրածիր ծովու: Այս ծովուն մէջ նաւելու, լողալու, ընկղմելու, խեղդուելու կամ անկէ ազատուելու պատկերներով հարուստ են շարականներու բանաստեղծական յօրինումները։

Աւետարանի էջերուն մէջ ալ, հաւատքի տկարութեան նշան իբրեւ ներկայացուած է Պետրոս Առաքեալի խեղդուելուն վտանգը: Ան, երբ Գալիլիոյ ծովակի ջուրերուն վրայէն քալող իր Տէրը տեսաւ եւ ուզեց նաւակէն իջնելով Անոր քով երթալ, Տէրը հրամայեց իրեն մօտ գալ: Իսկապէ՛ս, երբ ան սկսաւ քալելու ջուրերուն վրայէն Յիսուսի հրահանգով, յանկարծ կասկածը պատեց իր հոգին ու միտքը եւ սկսաւ ընկղմելու: Յիսուս անոր ձեռքէն բռնելով ըսաւ. <<Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ վախցար>>, (Մտ 14.31):

Ողիմպիական խաղերը չորս տարին անգամ մը համաշխարհային մակարդակով կը զբաղեցնեն մարզաշխարհի եւ ընդհանրապէս միջազգային լրատուութեան կարեւոր լուրերու սիւնակները: Պահ մը այնպէս կը թուի մարդկութեան, թէ աշխարհի բոլոր հարցերը՝ պատերազմական, ապահովական, տնտեսական, համաճարակներու, սովերու եւ աղքատութեան, լուծուած են, եւ միայն մնացեր է մարզախաղերու առաջնութեան խնդիրը:

Միջազգային լրատուութիւնները, յանկարծ, մարդկութեան հաւաքական սպանդներու եւ մեծածաւալ ոճրագործութիւններու ահասարսուռ լուրերը երկրորդական մակարդակի իջեցնելով՝ մարզիկներու առողջական հարցերով կը զբաղին: Անոնք մարզիկներու բնական ուժի կրկնապատկման ծածուկ միջոցներուն բացայայտումը կը կատարեն՝ ցոյց տալով, թէ անոնցմէ որո՛նք կախակայում պիտի ստանան այս կամ այն մրցախաղին։

Օրինական սոյն միջամտութիւնները, յանկարծ, մարզադաշտէն կը տեղափոխուին միջազգային քաղաքականութեան հարթակ, ուր իրարու դէմ պայքարելու համար իրենց շապիկներու թեւերը կը սոթտեն, մինչեւ իսկ՝ երկիրներու նախագահներ:

Լողալը շատերու համար ո՛չ միայն լաւագոյն մարզաձեւն է, այլեւ՝ սոյն մարզաձեւերու մրցոյթներուն ամէնէն հետաքրքրականը: Որքա՛ն հաճոյքով մարդ կը նայի այն արագութեան, զոր ջուր մտնելէ ետք յանկարծ կը հաւաքեն լողորդները: Վստահաբար, որքա՜ն փորձեր կատարած են անոնք նախապէս, նոյնիսկ իրենց կանուխ տարիքէն սկսեալ, ջուրի ծանրութեան մէջ հասնելու համար այսպիսի՛ արագութեան: Յատկապէս հետաքրքրական է <<թիթեռնիկ>> լողատեսակը, երբ ջուրին տակ մտնելով եւ դուրս գալով՝ հազիւ շնչառութեան առիթ կ՛ունենայ լողորդը: Ան առիթ իսկ չունի կողքի իր մրցակիցին արագութեան նայելու, ո՛չ ալ բաղդատական ընելու իր եւ անոր գտնուած գիծին միջեւ: Այլ միայն մրցումի աւարտին կ՛իմանայ ան, թէ ո՛վ էր յաղթականը: Այսպէս չէ՛ սակայն միւս մարզաձեւերու պարագային, երբ մրցող ենթական կրնայ հետեւիլ իր մրցակիցի շարժումներուն:

Փոխաբերական <<ծով>>ուն՝ այս աշխարհին մէջ, բոլոր մարդիկ <<նետուած>> են իրենց սեփական ուժերով լողալու եւ ափ ելլելու համար: Ալիքները անսպասելի կրնան բարձրանալ լողացողներուն դիմաց: Շատեր այս ալիքներէն կը տարուին աջ ու ձախ՝ չկարենալով դիմադրել անոնց ստեղծած ուժեղ հոսանքին: Ուրիշներ կը <<ծեծուին>> ծովու ալիքներու ուժգին հարուածներէն: Իսկ դժբախտագոյն պարագաները կ՛արձանագրուին այն պահուն, երբ ոմանց թեւերուն ուժերը չե՛ն բաւեր պայքարելու հսկայ ալիքներուն դէմ, եւ ջրամոյն կը դառնան՝ կորսուելով խորունկ ծովերու մութ անդունդներուն մէջ:

Մարդկային կեանքին համար տրուած հարազատ պատկերներէն մէկն է՝ ծովուն մէջ լողալու, անկէ անվտանգ դուրս գալու, կամ հոն խեղդուելու պատկերը: Ինչպէս քաղաքակիրթ երկիրներու դպրոցներուն մէջ փոքր տարիքէն լողալու յատուկ դասեր կ՛աւանդուին տարբեր տարիքի երեխաներու, նոյնպէս ալ աշխարհի ծովուն մէջ լողալու համար, ծնողներ կը նախապատրաստեն իրենց զաւակները՝ բարոյական դաստիարակութեամբ:

Ինչպէս սովորական ծովու ջուրերուն մէջ լաւ լողալու համար առաջին դասը ինքնավստահութեան ներշնչումն է ենթակային, նոյնպէս ալ աշխարհի ծովուն մէջ կարենալ լողալու առաջին դասաւանդութիւնը կը սկսի ինքավստահութիւնը ներկայացնելու նիւթով:

Ենթական լաւ լողալ կարենալու համար, պէտք է ինքնավստա՛հ ըլլայ: Կեանքի բոլոր տեսակի գործերուն մէջ, զանազան ասպարէզներու պարագային, ինքնավստահութիւնը առաջնահերթ պայման է: Նոյնիսկ նիւթական դրամագլուխէն աւելի՛ էական է ինքնավստահութեան դրամագլուխը, որ կրնա՛յ նիւթական դրամագլուխ ապահովել: Իսկ հակառակը մեծ արդիւնք չի՛ կրնար տալ, այլ միայն յաջողելու խաբկանք կը պարգեւէ արկածախնդիր մարդոց:

Ինքնավստահութեան կարեւորութիւնը ընդգծելէ ետք որեւէ գործի յաջողութեան համար, վերադառնանք <<ծովուն>> մէջ անոր անհրաժեշտութեան երեւոյթին: Ուրեմն, համոզուեցանք, թէ աշխարհի մէջ յաջողակ ըլլալու համար, պէ՛տք է ինքնավստահ ըլլանք: Սակայն, պէտք չէ մտահան ընենք, թէ <<ծով>>ը հնարաւորութիւն ունի մէկ կողմէ վիթխարի ալիքներ արտաբերելու իր մակերեսին վրայ, իսկ միւս կողմէ՝ խորախորհուրդ անդունդներու մէջ ընկղմելու տկարները:

Սակայն, որքա՛ն ալ լաւ լողորդ ըլլայ մարդ, խեղդուելու վախը միշտ կայ… Ինքնավստահութիւնը կը փարատէ ամէն կասկած, նոյնիսկ ծովուն ամէնէն խոր բաժինը շատ ցած կը թուի անոր, որ ինքնավստահութեամբ կը լողայ: Ճիշդ է, ծովուն խորութիւնը չի՛ դադրիր խորունկ ըլլալէ, ո՛չ ալ ամեհի ալիքները կը ցածնան՝ խղճալով լողացողին, սակայն անոր ինքնավստահութիւնը մեծապէս կ՛օգնէ, որ լողացողը կարենայ ափ հասնիլ: Արկածներ ու փորձութիւններ միշտ կը սպառնան լողացողի կեանքի ապահովութեան, սակայն ինքնավստահութիւնը կ՛ուժեղացնէ լողացողին թեւերը եւ մկաններուն հետ՝ անոր կամքը կը պրկէ, ծովեզր հասնելու յոյս ներշնչելով լողորդին:

Մինչեւ այսօր, բազմաթի՜ւ ինքնավստահ լողորդներ ծովու ալիքներու աղեյոյզ ջուրերուն մէջ մաշեր են ու փճացեր: Անոնք ալ ջուր նետուելու պահուն շատ ինքնավստահ էին, թէ քաջաբար պիտի դիմադրեն ալիքներուն եւ հասնին միւս ափը: Սակայն ծովը չէ՛ խնայած անոնց կեանքը ու իր ջուրերը դարձուցած է անյայտ գերեզման այդ քաջարի լողորդներուն համար։

Մեր ինքնավստահութիւնը պէտք է հովանաւորուած ըլլայ Աստուծոյ զօրութեամբ: Այլապէս՝ մարդկային մեր կարողութիւնները չե՛ն կրնար հովանաւոր դառնալ իւրաքանչիւրիս ինքնավստահութեան, որովհետեւ աշխարհի ալեծուփ ծովուն մէջ լողալու մեր փորձառութիւնը մի՛շտ իր դիմաց ունի խեղդուելու վախը:

 


comments

Advertisement