Թուր Կեծակին Պէտք է Միայն ու Միայն Ուղղուած Ըլլայ Թշնամուն

By Nerses Baliozian - armenia.com.au | Sunday, 24 July 2016

Կիրակի երեկոյեան երբ ամբողջ Աւստրալահայութիւնը կը պատրաստուէր մասնակցելու գաղութի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք թելեթոնին լսեցի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին:

Նիկոլ Բաշինեանի տեսաերիզի միջոցաւ տեսայ դէմքերը անոնց որոնք գրաւած էին ոստիկանատունը: Դէմքերուն մէջ աչքառու էր Բաւլիկին դէմքը:

 

Բաւլիկին դէմքը պահ մը զիս տարաւ 16 տարի առաջ երբ առաջին անգամ ըլլալով ընկերոջս հետ միասին կը մտնէինք ակումբ անդամակցելու ՀՅԴ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան շարքերուն, մուտքին տեղադրուած օրացոյցին վրայ տեսանք յաղթանդամ ֆետայիի մը պատկերը: Զարմանալի էր որ այդ պատկերը գունաւոր էր, երբեք չէինք տեսած ֆետայիներու գունաւոր նկարներ: <<Գէորգ Չաւուշն է ան>> ըսաւ ընկերս: Իսկ մեր պատասխանատուները ժպտալով մեր անմեղ արտայայտութիւններուն մեզի բացատրեցին թէ ան Գէորգ Չաւուշը չէ եւ գալիք օրերուն անոնք պիտի բացատրեն մեզի այս ֆետայիին մասին: Օրերը եւ տարիները անցան եւ արդէն ծանօթացանք Արցախի ազատագրական պայքարի մասին ինչպէս նաեւ ծանօթացանք այդ պայքարի հերոսներուն որոնց շարքին էր այդ յաղթանդամ ֆետային՝ Ապարանցի Բաւլիկը:

Չէի կրնար երեւակայել որ նոյն այդ ազատամարտիկը,որուն հերոսութիւններուն մասին լսած եմ իր զինակից ընկերներէն, այսօր շաբաթէ մը աւելի կը գրաւէ ոստիկանատուն մը այդ երկրին մէջ որուն անկախութեան համար իր կեանքն անգամ զոհելու պատրաստակամութիւնը ունէր:

Շաբաթէ մը աւելի Հայ ժողովուրդը մէկ աչքը յառած է բանակցութեան սեղաններուն իսկ միւս աչքը Էրէբունիի ոստիկանատան:

Մեր ժողովուրդը ազատ ապրելու իրաւունքը ունի եւ արժանի է անոր:

Հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող քաղաքակիրթ մեր ժողովուրդին իրաւունքն է հաւասարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն պահանջելը: Իրաւունքն է արտագաղթի եւ ապականոնութեան դէմ պայքարիլը: Աւելին՝ մեր ժողովուրդի պարտականութիւնն է այդ բոլորը:

Սակայն բռնութեամբ չէ որ այդ մէկը կ'իրականանայ, զէնքի ուժով չէ որ քաղաքակիրթ ժողովուրդները կը պայքարին իշխող համակարգերուն դէմ եւ բրտութեամբ չէ որ ազատութիւն տենչող ժողովուրդին կը լռեցնեն:

Հանգրուանը զգաստութիւն կը պահանջէ քանզի թշնամին մեր քիթին տակ կեցած մեզ կը դիտէ:

Զգաստութիւն կը պահանջէ քանզի Սասնայ Դաւթին Թուր Կեծակին պէտք է միայն ու միայն ուղղուած ըլլայ թշնամուն:

Զգաստութիւն կը պահանջէ քանզի եղբայրասպան պատերազմի արդիւնքը յստակ է, վկայ սփիւռքի մէջ հիմնուած Փոքրիկ Հայաստանները:

Զգաստութիւն կը պահանջէ քանզի Էրէբունիէն ոչ հեռու Սասնայ Դաւթին Քուռկիկ-Ջալալու վրայ նետուելու սպասողներ կան:

Հայաստանապահպանումը ներկայ ժամանակի գրաւականն է:

Սատար հանդիսանանք մեր Հայրենիքին եւ մեր պետականութեան ու միասնաբար ձեռք-ձեռքի եւ ուս-ուսի աշխատինք կերտելու Հայրենիք մը ուր իւրաքանչիւր հայ կարողութիւնը կ’ունենայ իր ապագան տեսնելու անոր մէջ:

 

Ներսէս

comments

Advertisement