25 Յուլիս 1897. Խանասորի Արշաւանքին Մշտանորոգ Պատգամը. Հայը Յաղթահասակ Պիտի Քալէ Իր Հողին Վրայ

By Asbarez | Wednesday, 27 July 2016



Յուլիս 25ին, ամէն տարի, ազգային իր արժանաւորութեան, ինքնահաստատման եւ մարտունակութեան նախանձախնդիր հայութիւնը կը տօնէ տարեդարձը Խանասորի Արշաւանքին:

119 տարի առաջ՝ 25 Յուլիս 1897ին, Երկիրն Հայոց ապրեցաւ յեղափոխական իր տարերքին շղթայազերծման ամէնէն բուռն պոռթկումի պահերէն մէկը:

Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութեանց միջեւ երկատուած ու գերեվարուած հայ ժողովուրդը, քաջարի իր ազատամարտիկներուն ուժերու գերագոյն լարումով, պատմութեան թատերաբեմին վրայ իր արժանի տեղը ունենալու իրաւունքը նուաճեց:

Յուլիս 25ին, մէկ օրուան մէջ, իրագործուեցաւ եւ անարգ թշնամիին հատու հարուած տալու իր առաքելութիւնը պատուով կատարեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպած Խանասորի Արշաւանքը:

Քանի մը ժամէն քրտական Մազրիկ ցեղի յանցագործ հայասպաններու կարմիր արեամբ ներկուեցաւ Խանասորայ կանաչ դաշտը:

Հարիւրաւոր անմեղ հայերու արեան հեղումին պատասխանատուն՝ քրտական Մազրիկ ցեղախումբը արեա՛մբ պատժուեցաւ՝ Դաշնակցութեա՛ն որոշումով:

24էն 25 Յուլիսի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, թուրք-պարսկական սահմանը յանդգնօրէն հատեցին 253 դաշնակցական մարտիկներ, որոնց 40ը՝ ձիաւոր: Արշաւախումբը ճամբայ ելաւ Սալմաստէն, արագօրէն կտրեց Արաուլ լերան լանջը եւ, լեռնային ճանապարհով, ուղղուեցաւ դէպի Վանայ Լիճին հարաւ-արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտը: Խանասորայ դաշտը ամառնային բանակավայրն էր քրտական տխրահռչակ Մազրիկ ցեղախումբին, որ իր արիւնարբու աշիրաթապետ Շարաֆ պէյի ղեկավարութեամբ, տարի մը առաջ՝ 1896ի գարնան, Ապտիւլ Համիտի հրամանով՝ ուղղակի կոտորածի ենթարկած էր Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկները:

Դաշնակցական Պետոյի, արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի գլխաւորութեամբ՝ աւելի քան երեք հարիւր հայ երիտասարդներ – մարտիկներ եւ անզէն տղաք – զոհ գացին Մազրիկ ցեղախումբի հայատեացութեան:

Հայկական արիւնի այդպէս վատաբար ու անարգ հեղումը, քիւրտ հրոսակներու ձեռամբ, անպատասխան եւ անպատիժ չէր կրնար մնալ ու չմնաց:

Եւ Խանասորի Արշաւանքը եկաւ հայոց նորագոյն պատմութեան այդ հատու պատասխանը խորհրդանշելու:

Եւ թրքական բռնատիրութեան ու սուլթանական հայաջնջումի քաղաքականութեան ծառայակոչուած Մազրիկ ցեղախումբը ստացաւ իր արդար պատիժը:

Դաշնակցութիւնը շատ երկար մտածեց եւ նպատակայարմարութեան ու յաջողութեան իր բոլոր երեսներով եւ մանրամասնութիւններով քննեց ու կշռադատեց իր քայլը, գործնական որեւէ նախաձեռնութեան դիմելէ առաջ: Հարկ եղաւ սպասել մինչեւ 1896ի տարեվերջին եւ 1897ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ ՀՅԴ Ռայոնական ժողովի գումարումին՝ եզրակացնելու եւ որոշելու համար, որ այո՛, պէ՛տք էր այդպէս՝ մեծաթիւ արշաւախումբով մը քրտական ցեղախումբը պատժել:

Նախ՝ անհրաժեշտ դասը պէտք է տրուէր բոլոր անոնց, որոնք հայու արիւն կը հեղէին՝ անպատժելիութեան ապաւինելով:

Միաժամանակ՝ Աւետիսեաններու, Մարտիկներու եւ Պետօներու նահատակութեան վրէժը պէտք է լուծուէր:

Տակաւի՛ն. հաւասարապէս թէ՛ ջարդարար Սուլթանին, թէ՛ Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուացող Եւրոպային հարկ էր ազդարարել, որ այլեւս կարելի չէ բիրտ ուժով լռութեան մատնել կամ արեան բաղնիքներու մէջ խեղդել փորձել հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան՝ արդարութեան ու իրաւունքի համար բարձրացած բողոքի եւ պայքարի մարտունակ ձայնը:

Վերջապէ՛ս, հայ ժողովուրդին ճակատագրակից քրտական ցեղախումբերը այլեւս պէտք է հասկնային, թէ իրենց իսկ իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանութեան սիրոյն՝ զէնք պէտք չէ բարձրացնէին հայ ժողովուրդին ու անոր անձնուէր՝ անկեղծ զինուորներուն դէմ:

1897ի տարեսկիզբին գումարուած թիֆլիսեան իր Ռայոնական ժողովէն եւ անոր հաստատած ա՛յս որոշումէն ետք ալ, Դաշնակցութիւնը շարունակեց յեղափոխական շրջահայեցութեամբ շարժիլ Խանասորի Արշաւանքի կազմակերպման իր աշխատանքներուն եւ նախապատրաստական քայլերուն մէջ:

Մինչեւ Յունիս 1897 շարունակուեցան բուռն քննարկումները եւ տարակարծութիւնները Նիկոլ Դումանի կողմէ ներկայացուած եւ Ռայոնական ժողովի հաւանութեան արժանացած պատժական արշաւախումբի առաջարկին շուրջ:

Թէեւ ոչ ոք վիճելի կը նկատէր հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին կենսունակութիւնն ու մարտունակութիւնը վերահաստատելու հրամայականը, այդուհանդերձ՝ կային հիմնաւոր առարկութիւններ այդպիսի մեծաթիւ արշաւախումբով ցուցական քայլի մը արդիւնաւէտութեան, նպատակայարմարութեան եւ, ինչու ո՛չ, նաե՛ւ յաջողելու հաւանականութեան հանդէպ: Ատրպատական հաւաքուեցաւ դաշնակցական գործիչներու եւ ֆետայիներու ամբողջ փաղանգ մը: Հոն էին Նիկոլ Դումանն ու Վարդանը (Մեհրապեան), իշխան Յովսէփ Արղութեանն ու Կարօն (Արիստակէս Զօրեան, Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը), Յարութիւն Շահրիկեանն ու Վազգէնը (Տիգրան Տէրոյեան), Գուրգէնն (Պաղտասար Մալեան) ու Սեւքարեցի Սաքօն, Քրիստափոր Օհանեանն ու Գալուստ Ալոյեանը, Փոխիկն ու Ախպերը, տակաւին նորագիր պարզ զինուոր Անդրանիկն ու շատ–շատեր: Շուրջ երեք հարիւրի կը հասնէր անոնց թիւը:

Արշաւախումբի գաղափարին համաձայն չէին Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, Վարդանի եւ Վազգէնի տարողութեամբ հեղինակաւոր գործիչներ, որոնք Երկրի մէջ՝ յատկապէս Վասպուրականի տարածքին, յեղափոխական առաջին կառոյցներու եւ դաշնակցական կուռ կազմակերպութեան ստեղծման ռահվիրաները եղած էին: Անոնք կը նախընտրէին զինական թէ մարդկային ուժերը խնայողաբար գործածել, շարունակել լուռ եւ անաղմուկ կազմակերպչական գործը ու նոր թափ տալ Երկրի զինման եւ մարտական ուժեղացման աշխատանքներուն՝ խուսափելով ցուցական քայլերէ, որոնք մեծ քաղաքներու մէջ աւելի ազդու կրնային ըլլալ: Մանաւանդ որ նոր պատահած էր Պոլսոյ մէջ Օսմանեան դրամատան գրաւումը:

Բայց Նիկոլ Դումանի երկաթեայ տրամաբանութիւնը այս անգամ եւս յաղթող դուրս եկաւ: Ան կրցաւ պատժական արշաւախումբի գաղափարին շուրջ համախոհութիւն յառաջացնել: Դումանի մօտեցումներուն ջերմ պաշտպանն էր ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ ուղարկուած լիազօրը՝ Յարութիւն Շահրիկեան, որ Թաւրիզ առաքուած էր յատկապէս Արշաւանքին վերաբերեալ Ռայոնական ժողովի որոշումին գործադրութիւնը փութացնելու յանձնարարութեամբ: ՀՅԴ Ատրպատականի Կեդրոնական կոմիտէն Յունիսի վերջերուն վճռահատեց հարցը՝ արշաւախումբի կազմութիւնը արագացնելով եւ, զուգահեռաբար, Վազգէնին ու Գուրգէնին յանձնարարելով, որ լաւապէս զինուած 30 հոգինոց խումբով մը ուղղուին դէպի Վան ու Սասուն:

Նոյնինքն Վարդան եւ Իշխան Արղութեան նշանակուեցան արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար: Հարիւրապետներ նշանակուեցան Փոխիկ եւ Ախպեր: Իսկ Նիկոլ Դուման, որ գլխաւոր դարբինն էր պատժական արշաւանքի գաղափարին, նշանակուեցաւ արշաւախումբի չորս յիսնապետներէն մէկը:

Ճշդուեցան նաեւ տասնապետները: Սեւքարեցի Սաքոյին վստահուեցաւ ձիաւոր խումբի պատասխանատուութիւնը: Եւ 21էն 25 Յուլիս 1897ին իրագործուեցաւ Խանասորի արշաւանքը:

25 Յուլիս 1897ին Խանասորի դաշտին վրայ գտնուող Մազրիկ ցեղախումբի բոլոր տղամարդիկ արեամբ քաւեցին իրենց մեղքը: Հայ յեղափոխականները ձեռք չերկարեցին կանանց եւ մանուկներու վրայ: Դաշնակցական ֆետայիներու այդ վեհանձն գաղափարականութենէն օգտուեցաւ նոյնինքն Շարաֆ պէյ, որ կանացի հագուստ հագած կրցաւ ճողոպրիլ: Սպաննուեցաւ նաեւ անոր անձնական հիւրը եղող թուրք հարիւրապետը:

Արշաւախումբը յաջողութեամբ աւարտեց իր առաքելութիւնը, բայց դէպի պարսկական սահման նահանջի իր ճամբուն վրայ ընդհարումներ ունեցաւ մերձակայ լեռներէն խուժած քիւրտ զինեալներու հետ: Մղուեցան բուռն կռիւներ, որոնց հետեւանքով արշաւախումբը ունեցաւ ծանր կորուստ. նահատակուեցան քսան մարտիկներ, որոնց շարքին՝ հարիւրապետի օգնական Կարօն, յիսնապետի օգնականներ Խանը, Կրետացին եւ Սաղաթել խան Զօհրաբեանը, ինչպէս նաեւ տասնապետներ Շաւարշն ու Խաչիկը:

Այսօր 119 տարի անցած է Խանասորի արշաւանքի պատմական այդ օրէն, բայց կարծէք նաեւ այսօրուան մեր սերունդներուն ուղղուած պատգամ էր արշաւախումբի հրամանատարին՝ Վարդանի կոչը Խանասոր արշաւողներուն.

«Ցոյց տանք մեր հասարակութեան թերահաւատ մասին, որ ընդունակ ենք յեղափոխական – թէեւ անհաւասար – կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու. ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայն էլ գիտէ կռուել ազատութեան համար»: Իրապէս ալ, նաեւ մեր ժողովուրդի շարքերուն մէջ, Խանասորի յանդուգն արշաւանքը կամքեր կռանեց եւ ինքնավստահութիւն ջրդեղեց:

Հայրենի հողին, սեփական ինչքին ու պատուին տէր ու տիրական կանգնելու յանդգնութեամբ լեցուց նորահաս սերունդներու սիրտն ու միտքը:

Զգաստացուց քիւրտն ու թուրքը:

Իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու պարտաւորութեան առջեւ դրաւ ազատախոհ Եւրոպան:

Եւ յատկապէս հայ ազգային–ազատագրական շարժման առջեւ բացաւ կռիւը նորովի թափով շարունակելու եւ ծաւալելու լայն հորիզոններ՝ անխուսափելի անկումներու եւ հերոսական յաղթանակներու արնաներկ ճամբով հասնելու համար «Վարդահեղեղ արշալոյսներուն», որոնց «ոտնաձայնները» արդէն սկսած էր առնել «Ցեղին Սիրտը», ինչպէս որ վկայեց Դանիէլ Վարուժան:

Ահա այսպէ՛ս, ինչպէս որ Խանասորի մասնակիցներէն եւ ազգային-ազատագրական շարժման լուսաւոր ռահվիրաներէն Գալուստ Ալոյեան պիտի գրէր իր սրտաբուխ բանաստեղծութեան մէջ, 25 Յուլիս 1897ին՝

Կարկուտ տեղաց խանասորայ դաշտումը,

Ֆետայիներ Դաշնակցական, վրէժ առան հովտումը:

Սոսկաց քիւրտը՝ լեղապատառ Մազրիկցին,

Չէր երազեր ջնջուել ի սպառ քաջ ֆետայու գնդակէն:

– Եամա՜ն, Աստուած, ֆետան եկաւ, ո՞ւր փախչինք,

Ըսաւ որդուն կրծքին սեղմած լեղապատառ քրտուհին:

– Մի՛ վախենար, հանգիստ կեցիր, պաճի ճան,

Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրէժխնդիր քաջ ֆետան:

Մի ժամուայ մէջ Մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ,

Խանասորայ Կանաչ դաշտը կարմիր արեամբ ներկուեցաւ:

Հայեր յիշէք նուիրական այս օրը,

Յուլիս ամսոյ քսան հինգին կատարեցէք մեր տօնը:

comments