Բարի Լոյս 26. Կը Նայինք Արարատէն Անդին (Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակին Առիթով)

By Aztag Daily | Thursday, 28 July 2016

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Սիրելի՛ ընկերներ,

Ձեր հերոսական սխրանքէն ու հերոսացումէն 33 տարի ետք, ահաւասիկ պահանջատէր երիտասարդութիւնը կու գայ դարձեալ խոնարհելու ձեր անզուգական գործին, գիտակից զոհողութեան եւ հայութիւնն ու Հայաստանը ամէն բանէ վեր նկատող ձեր նուաճած ու ամրակայած գաղափարական ճշմարտութեան դիմաց, որուն նուիրագործման համար չխնայեցիք ձեր կեանքն ու արիւնը:

Միջազգային ու ներազգային մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած, այսօր Պուրճ Համուտի ձեր պանթէոնէն դարձեալ պիտի ճառագայթէ ձեր ու բովանդակ հայութեան դաւանած պայքարի վեհութիւնը, ձեր  տիպարային ներկայութիւնը, եւ վերջապէս` ձեր ու համայն հայութեան երազի իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Պահանջատէր հայ երիտասարդութիւնը ձեր պանթէոնին դիմաց պիտի վերանորոգէ իր ուխտը, պիտի վերալիցքաւորուի ձեր գերբնական ուժով ու պատգամով, ամրապնդուի խոր հաւատքով ու համոզումով եւ հաստատակամօրէն վճռէ շարունակել սուրբ գործը:

Քաջութիւնը եւ համարձակութիւնը չունինք այսօ՛ր ազգովին խրոխտ ու բարձրաճակատ կանգնելու ձեր դիմաց ու հաղորդակից դառնալու ձեզի հետ: Մեր մեծ երազի իրականացման ճամբուն վրայ նոր փշաթելեր եւ անցարգելներ սկսած են իրենց տեղը գրաւել: Այսօր արցախեան ազատագրական պայքարով նուաճուած ժամանակակից հայոց պատմութեան մեծ յաղթանակը ազգովին պահելու դժուարութեան դիմաց կը գտնուինք: 25 տարեկան մեր նորանկախ հայրենիքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը պարպուի իր զաւակներէն, կարծէք Հայաստանը հայուն համար կը սկսի վերածուիլ սոսկ զբօսաշրջութեան վայրի: Հայրենիքի ընկերային-տնտեսական տագնապը այլեւս սկսած է սպառնալ ու դառնալ համատարած ազգային չարիք: Երկրին նկատմամբ հաւատքն ու վստահութիւնը խախտած են, եւ իրերայաջորդ իշխանութիւններու անհեռատես ընթացքներուն ու ազգավնաս վարքագիծերուն կուտակման տակ կքած եւ ընկճուած է հայրենի ժողովուրդը:

Սփիւռքի մէջ նոյնպէս պարագան խրախուսիչ չէ: Անոր պատկերը սկսած է դիմափոխուիլ եւ այլափոխուիլ, դառնալ սփիւռքներ` հին ու նոր, որոնց կազմակերպման համար ցարդ ապագասլաց ու յստակատես մօտեցումներու եւ ռազմավարութեանց մշակումը տակաւին համահայկական օրակարգի չէ վերածուած, հակառակ հայրենիքի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովներուն, հայրենի պետութեան նախաձեռնած հաւաքներուն ու փառատօներուն, որոնք հանդէսային խանդավառութենէն անդին, հետք ձգող եւ ապագայ երթ հունաւորող ընթացքի չեն վերածուած: Աւանդական կարգ մը գաղութները, որոնք հայոց պահանջատիրութեան եւ Հայ դատի հետապնդման իմաստով պատմական ու անջնջելի դերակատարութեան մէջ գտնուած են, այսօր փաստօրէն գոյութեան լուրջ կռիւ կը մղեն:

Դիւանագիտական մարզին մէջ Հայ դատի աշխուժութիւնը բաւական խրախուսիչ է, բայց դժուար ճանապարհ ունի անցնելիք: Այստեղ հայութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի միջազգային բարդ հաւասարակշռութիւններու, մեծապետական մութ վարքագիծերու, որոնք երբեմն իրենց սաղմին մէջ կը փորձեն ճզմել ժողովուրդներու արդար իրաւունքները, ազգային իւրայատկութիւնները եւ արդար պայքարները:

Ահաւասիկ այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ Պուրճ Համուտի մէկ գողտրիկ ու աննշան անկիւնը երեկոյեան պիտի հանդիպինք ձեզի հետ: Դժբախտաբար, ձեր գործին եւ վաստակին հայրենացումը նոյնպէս տակաւին լիակատար չէ դարձած: Համահայկական ձեր արժէքի դարբնումը հայկական արեւելումի մէջ ինքզինք ամբողջականօրէն չէ հաստատած: Աւելի՛ն, ձեր նուիրումին ու արարքին մասին մարդիկ` հայեր, երբեմն տգիտութենէ  կամ անտեղեակութենէ մեկնած, կը փորձեն հաւասարեցումներ կատարել, անհիմն բաղդատականներ ուրուագծել եւ մակերեսային մեկնաբանութիւններով ձեր պատգամի արժէքը նուաստացնել ու հայ կեանքը պղտորել: Անոնք երբեմն նաեւ հաշուենկատ եւ միտումնաւոր կերպով ձեր սրբազան գործը կը շահագործեն` յագուրդ տալով իրենց նեղմիտ ու հատուածական ախորժակներուն:

Սիրելի՛ տղաք,

Մեր հայրենիքին մէջ վերջին օրերու ներքին զարգացումները ամօթանքի ու հիասթափութեան կը մատնեն բոլորս: Արդարօրէն հարց կու տանք, որ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք հպարտանալ մեր անցեալով, հեգնել ու անիծել մեր ներկան եւ ապագային համար բաժան-բաժան, համահայկական տեսիլք ու գործընթաց մէկդի դրած շարունակենք գզվռտոցը եւ հայրենիքի հայաթափումը իրականացնենք հայու ձեռքով: Մինչեւ ե՞րբ անպատասխանատու մարդիկ պիտի յաւակնին մեր ազգային արժէքային համակարգը խնդրոյ առակայ դարձնել, եւ ինչու չէ` նաեւ ոտնակոխել: Ձեր արարքին մեծութեան դիմաց, մեր ժամանակներուն կիրարկուող փոքրոգութիւնները եւ հայկական հորիզոնին վրայ երեւցող սահմռկեցուցիչ անորոշութիւնը չեն նպաստեր հայութեան ժամանակակից ու միասնական ուժի ձեւաւորման, որուն խիստ կարիքը ունինք բոլոր ժամանակներէն աւելի:

Այսօր երեկոյեան, ձեր իտէալներով, երազներով, դաստիարակութեամբ սնած ու կազմաւորուած լիբանանահայ պահանջատէր երիտասարդութիւնը, որ բախտն ու պատիւը չունեցաւ ձեր սերընդակիցը ըլլալու, պիտի գայ ձեր շիրիմներուն դիմաց խոնարհելու եւ բարձրաձայնելու միշտ վերանորոգող խոստումը` շարունակելու ձեր սուրբ գործը: Ձեր սերընդակիցները պիտի գան յիշելու այն հանգրուանը, որուն մէջ իրենք նաեւ կազմաւորուեցան եւ ձեր կողքին մասնակից դարձան հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին: Հայ դատի հետապնդումը այսքան երկար ճամբայ կտրած պիտի չըլլար, եթէ չըլլայիք դուք եւ ձեր նմանները: Վերջապէս, նորահաս սերունդները ձեր ծնողներուն եւ հարազատներուն աչքերուն մէջ տեսնելով հպարտութեան արցունքները, պիտի փորձեն միշտ նմանիլ ձեզի ու նոյն ոգիով շարունակել ընթանալ ձեր բացած ուղիէն:

Դուք կը շարունակէք մնալ անբիծ ու գաղափարապաշտ հայ երիտասարդի, Հայ դատի, հայրենիքի ազատագրութեան համար իր կեանքը չսակարկող նորօրեայ ֆետայիի, Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր նկատող հայ զինուորի անզուգական տիպարները: Միշտ հեռու ամբոխավարութենէ, դուք կը շարունակէք մնալ արթուն պահակը, որպէսզի հայ վրիժառու բազուկի, մարտիկի, ֆետայիի ու զինուորի` քաղաքական կեղտոտ սադրանքներու մէջ մխրճելու ամէն փորձ դատապարտուի ձախողութեան: Հայ ֆետայիին կարգապահութիւնը, գաղափարական հայ մարդու յանձնառութիւնը, հայ ղեկավար անհատի նուիրուածութիւնն ու անշահախնդրութիւնը, եւ վերջապէս` ազգին ու հայրենիքին անկեղծ ու անմնացորդ ծառայութիւնը ձեզմով մի՛շտ ալ կը շարունակեն ստանալ վերանորոգ իմաստ ու նշանակութիւն: Դուք բոլորին կը պատգամէք մանաւանդ այսօ՛ր բարձրանալու վեր, հայեացքները ուղղելու Արարատին, ու նաեւ` Արարատէն անդին:

Հայու ձե՛ր տեսակին, մաքրամաքուր ու անբիծ նկարագիրին, ձեր երազած Հայաստանին, ձեր հաւատացած վարդահեղեղ արշալոյսին, համակող ու հայակերտող շունչին կարիքը ունինք այսօր, որպէսզի բարձրանանք վեր ու ազգովին եւ միակամ մեր հայեացքները ուղղենք Արարատէն անդին:

Միայն այս երազի վառ պահպանումով մենք կը յաջողինք վերաշխուժացնել ու վերաթարմացնել մեր հաւաքական կեանքը եւ հեռու մնալ ամէն տեսակի շահագործող ու մաշեցնող համաճարակներէ, եւ վերջապէս` ամէն տեսակի անհատապաշտութենէ եւ արկածախնդրութենէ:

Կը խոնարհինք ձեր շիրիմներուն դիմաց եւ կը նայինք Արարատէն անդին…

 


comments

Advertisement