Լիզպոնի պայթիւնը որ լռութեան պատը քանդեց

By Aztag Daily | Thursday, 28 July 2016

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Երբ կը յիշենք Լիզպոնի հինգ հայորդիներու նահատակութիւնը, պէտք է կրկին անգամ մտաբերենք անոնց զոհաբերումին նպատակը։ Միայն այդ ձեւով կրնանք հայօրէն արժեւորել այս հինգ սքանչելի տղոց թէ՛ կեանքը, թէ՛ նահատակութիւնը եւ թէ առաքելութիւնը։

Ի դէմ ճշմարտութեան՝ օտարին լռութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է քանդել։ Ի տես արդարութեան՝ այլոց անտարբերութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է խախտել։ Ի լուր իրաւազրկման՝ մարդոց գիտակցութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է արթնացել…։

Պապենական հայրենիքէն հեռու՝ օտարութեան մէջ ծնած ու մեծցած հայ նորահաս սերունդէ մը բարձրացող հարցումներ էինք ասոնք։ Հարցումներ, որոնք միտքերը կը չարչրկէին։ Հարցումներ, որոնք հոգիները կը խռովէին։ Հարցումներ, որոնք կամքի պրկում եւ վճռականութիւն կը պարտադրէին։ Լիզպոնի տղոց նման տղաքը միայն կրնային պատասխաններ բերել այս հարցումներուն։

Մինչ հողային իմաստով կոտորակուած Հայաստանը կը փորձէր ինքզինք վերականգնել Սովետական բռնատիրութեան տակ, ցեղասպանութենէն ճողոպրած սփիւռքեան գաղութները կը ճգնէին հայկական ինքնութիւնը պահպանելով նոր կեանք ստեղծել օտար ափերու վրայ։ Ցեղասպանութեան հարուածը ցնցիչ էր եւ ահաւոր։ Հայութեան մնացորդացը պէտք է ապրէր, սակայն պարտաւոր էր ապրիլ հայօրէն։

Եկաւ ժամանակ երբ սփիւռքեան նոր սերունդ մը անբաւարար նկատեց տասնամեակներէ ի վեր յամեցող գաղութային կացութիւնը։ Հայութիւնը կը մնար իրաւազրկուած։ Հայրենի հողերու մեծ մասը կը մնար բռնագրաւուած։ Հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը կը մնար առանց ճանաչումի եւ առանց արդարութեան։

Մեծ, միջակ ու փոքր պետութիւններ դոյզն իսկ կարեւորութիւն չէին ընծայեր մեր աղերսներուն եւ դիմումներուն։ Անոնք բարձրացուցած էին լռութեան պատ մը։ Անոնք խուլ կը շարունակէին մնալ մեր բողոքներուն։ Անոնք համր կը շարունակէին մնալ մեր արդարութեան կանչին դիմաց։

Ի տես այս իրավիճակին, նորահաս սերունդը վերյիշեց դար մը առաջ Երկրի հայուն վճռականութիւնը։ Վերյիշեց թէ ազատութիւն բերելու համար լեռնաշխարհի հայը պէտք է կռուէր, արդարութեամբ ապրելու համար Հայկական բարձրավանդակի հայը պէտք է նաեւ մեռնէր։ Այս յիշողութեան ընդերքին թաղուած էր հայ մարդու ըմբոստ ոգին եւ մարտունակ էութիւնը։ Արդ, պարտադրաբար պէտք էր կրկին վերադառնալ ազգային նկարագիր եւ արժանապատուութիւն կերտող մեր յատկութիւններուն։ Եւ եղաւ վերադարձ դէպի մեր քաղաքական ու յեղափոխական աւանդներուն։ Եւ վերածնան նոր ազատամարտիկներ։ Անոնք եղան մեր արդարութեան մարտիկները։ Անոնք եղան Լիզպոնի մեր հինգ ընկերները։

1983ի Յուլիս ամսուայ տաք օրերուն, անոնք ուղղուեցան դէպի Լիզպոն։ Ունէին ճշդուած թիրախ, յատուկ առաքելութիւն եւ յստակ նպատակ։ Ամսու 27ին անոնք մտան թրքական դեսպանատունը եւ գրաւեցին դեսպանական շէնքը։ Բացատրեցին իրենց առաքելութիւնը։ Ներկայացուցին իրենց նպատակային պահանջները։ Կրնային յանձնուիլ, բայց չյանձնուեցան։ Որոշեցին զոհուիլ որպէսզի, ի դէմ աշխարհի պետութիւններուն, երաշխաւորուի իրենց առաքելութեան անկեղծութիւնը եւ անարդարութեան վերացման իրենց պահանջին լրջութիւնը։

Իրենց կեանքի զոհաբերումով ականեալ պայթիւնը ցնցեց ու քանդեց Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ բարձրացուած պատը։ Պայթիւնը խոցեց արդարութեան դէմ ցուցաբերուող անտարբերութիւնը։ Պայթիւնը գիտակցութիւն տարածեց Հայութեան իրաւազրկման մասին։

Իրենց առաքելութեամբ Լիզպոնի տղաքը նուիրականացուցին մեր պահանջատիրութեան գործնական հետապնդման հարկադրանքը։ Անոնք լուսագծեցին մեր իրաւունքներու եւ հայրենական հողերու ազատագրման ճանապարհները։

Իրենց զոհաբերումով Լիզպոնի մեր ընկերները ապահովեցին նուաճումը Հայ Դատի հետապնդման պայքարի նոր հանգրուաններու՝ քաղաքական թէ քարոզչական մակարդակներու վրայ։ Լիզպոնէն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ու մեր պահանջատիրութեան մասին լռութիւնը վերջնականապէս խզուեցաւ։

Հոյակապ այս հինգ հերոսները՝ Սիմոնը, Սեդրակը, Սարգիսը, Արան եւ Վաչէն ինկան նպատակադրեալ, զոհուեցան գիտակցօրէն, որպէսզի շարունակուի ու շարունակուելով ընդարձակուի պահանջատիրական պայքարը։ Եւ պայքարը կը շարունակուի։

Լիզպոն հինգ տղոց ոգիները, ինչպէս մեր բոլոր ֆետայիներուն ոգիները, կը սաւառնին հոն ուր հայութեան զաւակները ազատագրական պայքարի մէջ են։ Անոնք ներկայ են Արցախի ազատատենչ լեռներուն վրայ։

Տակաւին ցայսօր անոնք կանգնած են պինդ՝ Արցախեան ազատամարտիկի կողքին։ Անոնք հայ ազատամարտիկի բարի, քաջ ու առաքինի ընկերներն են։ Անոնք հարուածող բազուկն են մեր ժողովուրդին։ Անոնք վահանն են մեր հայրենիքի սահմաններուն։

Փառք ու յարգանք Լիզպոնի հինգ ընկերներուն։ Սուրբ գործը կը շարունակուի։

27/07/2016

 


comments

Advertisement