Յուսահատութեան արտայայտութիւն է իրենց այդ զինեալ պոռթկումը -Արսինէ Խանճեան

By Asbarez | Saturday, 30 July 2016



ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ազատութիւն>> - <<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Ազա Բաբայեան զրուցած է քանատահայ նշանաւոր դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի հետ, որ օրեր առաջ ոստիկանութեան կողմէ Խորենացի փողոցէն բերման ենթարկուեցաւ եւ աւելի ուշ ազատ արձակուեցաւ։

<<Ազատութեան>> լրագրողը հարցուցած է, թէ Արսինէ Խանճեանի համար ո՞վ են ՊաւելՄանուկեանը եւ <<Սասնայ ծռեր>> խումբի անդամները։

<<Մեր խորհրդանշական պատմութեան մէջ հերոսներ են իրենք, իրենց գործունէութիւնը, զոր տարած են շատ յստակ ցոյց կու տայ, որ ծառայած են մեր երկրին։ Ես կը կարծեմ, թէ կրնայ ըլլալ, որ քիչ մը բորբոքիչ ձեւով կը դրսեւորուին, սակայն կը հասկնամ, որ յուսահատութեան արտայայտութիւն է իրենց այդ զինեալ պոռթկումը պետութեան հանդէպ:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ինք կը հաւատա՞յ, թէ անոնց կոչով Հայաստանի նախագահը կը հրաժարի՝ Խանճեան ըսած է.  <<Ես կը կարծեմ, թէ իրենց կոչը չէ, այլ ժողովուրդին կոչով է, որ պիտի ըլլայ այդ փոփոխութիւնը, եթէ ժողովուրդը շարունակէ իր կեցուածքը, եւ, ըստ երեւոյթին, այսօր ժողովուրդը այլեւս չի վախենար: Նոյնիսկ եթէ ոստիկանութիւնը պիտի գայ եւ ամբարտաւան ձեւով, առանց իրաւունքներու, ժողովուրդը վախցնէ, ժողովուրդը այլեւս պատրաստ չէ վախնալու: Կը կարծեմ, թէ ժողովուրդն ալ կը փորձէ հերոսներու օրինակով դառնալ փոփոխութեան մասնակից>>:

Լրագրողը հարցուցած է, որ Արսինէ Խանճանի ամուսինը արդեօք կը բաժնէ՞ իր տեսակէտները. <<Անշուշտ. ինք իր մօտեցումները ունի,  վերջ ի վերջոյ յստակ է իրեն համար, որ այս երկրին մէջ մեծ հարցեր կան, եւ մեր պարտականութիւնն է, նաեւ իր պարտականութիւնն է մասնակից դառնալ լաւագոյն ձեւով: Մինչեւ այսօր մեր մասնակցութիւնը մշակութային մասնակցութիւն էր…>>։

Լրագրողը ուզած է գիտնալ, որ արդեօք պատրա՞ստ են նաեւ քաղաքական մասնակցութիւն բերելու. <<Ես անձամբ՝ այո՛, որովհետեւ նաեւ քաղաքական անցեալիս պատկերն է այս մէկը: Իսկ Ատոմին համար ալ, եթէ պէտք է աւելի հաստատէ իր կեցուածքը, վստահ եմ առանց կասկածի, որ պիտի մասնակից դառնայ>>:

 

comments