Պէյրութը, Հալէպը Եւ Երեւանի Մէջ ''Հնչող Քննադատութիւնը''

By Aztag Daily | Friday, 19 August 2016


Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Առանց յուլիսեան երկշաբաթեայ իրադարձութիւններուն վերջնական վերլուծման մը յաւակնութեան, օգոստոս մէկի իր ելոյթով նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուամենայնիւ հրամցուց քանի մը եզրակացութիւն: Անոնց կարգին` անընդունելի համարեց հարցերը զէնքով լուծելու <<որեւէ միտում իսկ>>, միեւնոյն ժամանակ չանտեսեց, որ ժողովուրդի <<մի հատուածի մօտ>> առկայ են <<մտահոգութիւններ>>: Մինչ նման սկզբունք հազիւ թէ կարելի է հարցականի տակ առնել, նախագահին խօսքին մէջ տարբեր հաստատումներ եւ ուղղակի թէ անուղղակի պատգամներ անխուսափելի կը դարձնեն անոնց մեկնաբանման անհրաժեշտութիւնը եւ հրապարակային քննարկումը: Այն ինչ որ այս տողերով պիտի արտայայտուի` նախագահին խօսքը սփիւռքեան տեսանկիւնէն մեկնաբանութեան փորձ մըն է, որ միեւնոյն բնոյթի այլ նախաձեռնութիւններու նման ո՛չ կը յաւակնի ըսուածը բացարձակ առարկայական հասկացողութեամբ ընկալած ըլլալ, ո՛չ ալ մէկ եւ միակ ճշմարտութիւն մը արտայայտել:

Այսպէս, նախագահը բառացիօրէն ըսաւ. <<Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ: Նախորդ դարաշրջանի` Սառը պատերազմի տարիների լուծումները թող ոչ մէկը չփորձի Մերձաւոր Արեւելքից ներմուծել Հայաստան: Թող սա չհասկացողները ուսումնասիրեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատմութիւնը կամ այսօր դեռ ծաւալուող` Սիրիայի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքները եւ իրենց եզրակացութիւնները կատարեն դրանից>>:

Նշենք, որ նոյն հնչեղութեամբ յօդուած մը նախապէս լոյս տեսած եւ հրապարակային քննարկման նիւթ եղած էր հայրենի մամուլին ու ընկերային ցանցերուն մէջ: Խօսքը կը վերաբերի Յարութ Յարութիւնեանի <<Պէյրութ մի՛ սարքէք մեր երկիրը>> յօդուածին, որ լոյս տեսաւ յուլիս 18-ին <<Մեդիամաքս>> ընկերութեան կայքէջին վրայ եւ արտատպուեցաւ հայրենի թէ սփիւռքեան մամլոյ տարբեր օրկաններու մէջ: Իր բովանդակութեամբ այլապէս հետաքրքրական եւ հայրենի իրականութեան խորթ երեւոյթները բացայայտող այս յօդուածը, սակայն, իր խորագիրով եւ անոր Ժիրայր Սէֆիլեանի ծննդավայրի հետ առնչումով, թէկուզ անուղղակիօրէն, կարծես կը յուշէ, որ Հայաստանի մէջ խնդիրներուն զէնքի միջոցով լուծում տալու նախանձախնդրութիւնը արտասահմանեան, այս պարագային` սփիւռքեան ներածում է, եւ ոչ թէ ծնունդ հայրենի պայմաններուն եւ հասարակութեան:

Վստահաբար պարզ զուգադիպութիւն է այս յօդուածով արտայայտուած մտքին արձագանգը նախագահին խօսքին վերոնշեալ պարբերութեան մէջ: Աւելի՛ն, <<Սասնայ Ծռեր>> զինեալ խմբաւորման կողմէ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին վրայ կատարուած յարձակման ստեղծած լարուածութեան ամբողջ երկու շաբաթներու իր լռութենէն ետք նախագահին առաջին հրապարակային ելոյթը վստահաբար շատ լաւ մտածուած եւ ուղարկելիք պատգամներու իմաստով կուռօրէն բանաձեւուած ճառ մըն է: Եւ, որպէս այդպիսին, պարզ է, որ աւելի զգաստ ու ականջալուր պէտք է ըլլա՛լ անոր եւ լուռ չանցնիլ անոր յառաջացուցած հարցադրումներուն եւ մտահոգութիւններուն վրայէն:

Անոր արդէն բացատրողական-լուսաբանական կարգով անդրադարձան, ի միջի այլոց, Արա Սանճեանը իր <<Երեւան եւ… Պէյրութ>> յօդուածով եւ <<Ազդակ>>-ի օգոստոս 3-ի ակնարկը, որ նաեւ ցոյց կու տայ, թէ նախագահին խօսքերը ժխտականօրէն ընկալուած են արաբական մամուլին մէջ: Նոյն այդ ակնարկը կասկած չի ձգեր նաեւ, որ սփիւռքեան մամուլի մէջ յարաբերական լռութիւնը իր կարգին առիթ տուած է ընթերցողներու լայն հատուածի մը հակազդեցութեան եւ հրապարակային քննարկման` ընկերային ցանցերուն մէջ: Ճիշդ է, որ ընկերային մետիան, <<ֆէյսպուքեան հայութիւն>>-ը (ինչպէս կարելի է անուանել) շատ աւելի աղմուկ եւ շփոթ կը յառաջացնէ, քան կը յստակացնէ իրավիճակ մը: Սակայն անպատասխանատուութիւն կ՛ըլլայ սահմանափակ ժամանակուան համար հոն  կենդանութիւն ստացած նիւթի մը անտեսումը, երբ այսքան արձագանգ կը ստեղծէ:

Արդ, անկախ նախագահին խօսքին ցարդ եղած բանական բոլոր հակազդեցութիւններէն, ուր արտայայտուած են տարբեր բնոյթի մտահոգութիւններ` քաղաքներու անուանակոչման ու բաղդատականի անդրադարձներուն վերաբերող, սփիւռքեան ընկալումով ժխտական հնչեղութիւն է նաեւ այն լուռ միտքը, որ Հայաստանի մէջ զէնքով խնդիրներ լուծելու միջոցը սփիւռքեան, ա՛լ աւելի յստակօրէն` միջինարեւելեան արմատներ ունի, ներածում մըն է, որ խորթ է հայրենի իրականութեան: Անմիջապէս ըսենք, որ տարակարծութիւն չկայ նախագահին խօսքի այն բաժնին, ուր զգուշացման հրաւէր կայ խուսափելու նման միջոցառումներէ, որոնք կ՛առաջնորդեն այնպիսի ողբերգութիւններու, ինչպիսին եղաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կամ ինչպիսին է այսօր Սուրիան: Բայց նաեւ յստակ պէտք է ըլլայ, որ անցեալին Լիբանանի եւ այսօր Սուրիոյ մէջ համատարած էր այն պաշտօնական ինքնախաբէութիւնը, որ քաղաքացիական պատերազմները <<դուրսէն>> կը հրահրուէին, որ լիբանանեան թէ սուրիական հասարակութիւնները նման պառակտումի երբեք չէին երթար, եւ որ կար պետութիւն մը, որուն ինստիտուցիոնալ ոլորտին մէջ հասարակութեան ներքին բոլոր հարցերն ու տարակարծութիւնները կը լուծուէին օրէնքի հիման վրայ:

Արտաքին միջամտութիւնները հազիւ թէ բացառութիւն եղած են քաղաքացիական բոլոր պատերազմներու պարագային, բայց քաղաքացիական պատերազմի երեւոյթը ինքնին ցոյց կու տայ, որ ինչ որ արմատական խնդիր կայ նոյն այդ երկրին մէջ, այնքան արմատական, որ լուծումը այլ միջոցով կարելի չըլլար պատկերացնել: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ, առանձին դէպքերը կրնան ծնունդ տալ քաղաքացիական պատերազմի, սակայն քաղաքացիական պատերազմ կը պատահի միայն այն ատեն, երբ կողմերը կը պատրաստուին անոր եւ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական պայմանները անոր կ՛առաջնորդեն:

Քաղաքացիական պատերազմի ուրուական չկայ Հայաստանի մէջ: Զինեալ միջադէպը աննախընթաց է, եթէ միայն անտեսենք անցնող քսանհինգ տարիներուն սպանութիւններու շարք մը, ուր յանցագործութիւնն ու քաղաքական մութ նպատակները ընդհանրապէս անզանազանելի են: Այդ սպանութիւնները, հարկ է յիշեցնել, երբեք կարգին չեն բացայայտուած: Առանց տակաւին խօսելու պետական մակարդակով կիրարկուած բռնութիւններուն մասին… Այդ բոլորը նախընթաց չեն եղած, որպէսզի զինեալ յեղաշրջման գաղափարը արմատանայ հասարակութեան մէջ: Երանի նախագահին խոստացած հետաքննութեան արդիւնքները լոյս տեսնեն մօտ ատենէն, որպէսզի յստակ դառնայ, եթէ <<Սասնայ ծռեր>>-ը պէյրութեան սադրա՞նք մըն է ըստ էութեան, թէ արդիւնքը բացառապէս հայրենի իրականութեան: Կը կրկնենք` ճիշդ է նախագահին զգուշացումը, որ միջադէպը նախընթաց չըլլայ զինեալ պայքարի ճամբով Հայաստանի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլայ <<Սասնայ ծռեր>>-ու խմբաւորումի անհեթեթ պահանջներուն գտած ժողովրդականութեան երեւոյթին, այսինքն` յուլիսեան օրերուն սկսած եւ այսօր շարունակուող ընկերային զօրաշարժի խոր պատճառներուն անտեսումը:

Պէյրութեան թէ հալէպեան իրականութիւններուն հետ հազիւ թէ կապ ունին անոնք, թէեւ սխալ չէ յիշեցնել, որ առնուազն Սուրիոյ պատերազմին ծնունդ տուող պատճառներէն մէկը ժողովրդավարութեան պահանջը, մարդկային իրաւանց յարգանքը եւ փտածութեան վերացումն էր: Այդ պահանջներուն սկզբնական խաղաղ արտայայտութեան բռնի ճնշումը նաեւ մեծ  պատճառ էր, որ սուրիական իրականութեան մէջ խոր արմատ ունեցող եւ ցարդ զսպուած միջհամայնքային ու հատուածական խնդիրները, անվստահութիւնը, եթէ ոչ ոխն ու ատելութիւնը, յանկարծ հրապարակ ելլեն եւ դուռ բանան արտաքին միջամտութիւններու: Բաղդատական փորձ մը չէ ասիկա, պարզ յստակացում, որ զինեալ միջոցառումներու հետեւանքներու զգուշացումը չի կրնար սահմանափակուիլ միապատճառային պարզացումով:

Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ընկերային զօրաշարժները մաս կազմած են քաղաքական համայնապատկերին, բայց բազմացած են օլիկարգային (սակաւապետական – <<Ա.>>) համակարգի ամրագրումէն, մենաշնորհային դրամատիրութեան հասարակարգի հաստատագրումէն եւ ազատ շուկայական տոկմայի հետեւումով տնտեսական քաղաքականութեան վերջնական պաշտօնականացումէն ետք` 1999-2001 քաղաքական ամենածանր անկայունութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին: Անոնց դրդապատճառը կամ ներշնչման աղբիւրը 2004-ին այսպէս կոչուած <<գունաւոր յեղափոխութիւններ>>-ու ֆոլքլորն էր, բնապահպանման խնդիրները, հարկային անարդարութիւնը, թէ՛ 2008-ի, եւ թէ՛ 2013-ի նախագահական ընտրութիւնները: Անոնց նախաձեռնողները իրենց ապիկարութեամբ յուսախաբութիւն պատճառած են փողոց իջած զանգուածներուն, անոնց հանգուցալուծումը դրուած առաջադրանքներու իրականացման իմաստով շատ աւելի ձախողած է, բայց ընկերային զօրաշարժերու խորքային պատճառները կը յամենան, որովհետեւ իշխանութիւնները եւ, ընդհանրապէս, քաղաքական ընտրանին նախընտրած են երաշխաւորել համակարգի շարունակականութիւնը տարիներու ընթացքին հեռացած են ժողովուրդէն եւ կորսնցուցած ժողովուրդին վստահութիւնը:

Դժուար թէ Ազատութեան հրապարակին վրայ շարունակուող ցոյցերը այսօր տարբեր հանգուցալուծում մը յուշեն: Հաւաքները, որոնք անհրաժեշտ են առողջ ամէն ժողովրդավար դրութեան համար, հազիւ թէ կարենան շրջանցել ինքնաբուխ նման իւրաքանչիւր զօրաշարժի յատուկ յոգնածութիւնը, եթէ անոնց ետին ծրագիր եւ ղեկավարութիւն չկայ: Ոչ ալ անոնց շարունակուիլը  ժողովրդականութեան յաւելման երաշխիք է: Աւելի՛ն, մինչ խօսքի ազատ բեմ կու տան արհեստական ամէն տեսակի ստեղծագործութիւններու, ներառեալ հայհոյանքներ, նոյնքան ճիշդ է նաեւ, որ հոն մէկտեղուած զանգուածը այնքան ալ հակամէտ չէ իր չուզած խօսքերը լսելու: Իր բոլոր առաւելութիւններով հանդերձ, ժողովրդային հաւաքներու յատուկ ուղղակի ժողովրդավարութիւնը զայն կը հաւասարեցնէ <<մեծամասնութեան բռնատիրութեան>>: Բայց երեւոյթը ինքնին բարացուցական է կառավարական համակարգի տկարութեան: Երանի նախագահին համոզմամբ այս տագնապէն աւելի զօրացած պետականութիւնը իրականութիւն ըլլայ մօտիկ ապագային: Ներկայիս այն, ինչ որ նախ քառօրեայ պատերազմը եւ յուլիսեան տագնապը բացայայտեցին առաւելաբար պետութեան տկարութիւնն է: <<Տկար պետութեան>> հասկացողութիւնը չի վերաբերիր զինեալ յարձակումը կանխատեսելու եւ անոր առաջքը առնելու կարողութեան միայն, այլ` անոր իբրեւ հետեւանք յառաջացած ժողովրդային զօրաշարժի խորքային պատճառներուն այսքան տարիներէ ի վեր լուծում չգտնելու, կամ այդ լուծումը լոկ ազատ շուկայական միջոցներու եւ անոնց սին արդարացումներու մէջ տեսնելու իրողութեան:

Առ այդ, երբ նախագահը կը վստահեցնէ, թէ առկայ խնդիրներուն, թերիներուն եւ ժողովուրդի <<մէկ հատուածին մտահոգութիւններուն>> լուծումը <<կը լինի լայն համաձայնութեան դաշտի պատասխանատուութեան ներքոյ>> եւ անոր գործնականացման միջոց կը նկատէ <<ազգային համաձայնական իշխանութեան>> ձեւաւորումը, ամէն պատճառ կայ, եթէ ոչ թերահաւատութեան, առնուազն զգուշ ըլլալու նման հեռանկարի լաւատեսութենէ: Ընկերային դժգոհութիւնը արտայայտուեցաւ նոյն այդ համաձայնական կառավարութեան տարիներուն, երբ տնտեսութեան պղպջակային աճը հիմնականօրէն պարարտացուց օլիկարգներուն օֆշորային հաշիւները, բայց չստեղծեց կայուն զարգացման տնտեսական համակարգ, օրուան պատասխանատուներն ու ազատ շուկայական օրկանական մտաւորականները յոխորտացին <<Կովկասեան Վագր>>-ի սին անուանումներով, անտեսուեցաւ ընկերային պաշտպանուածութեան երաշխիքներու կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը եւ ընկերային արդարութեան, հարստութեան արդար վերաբաշխումի ամէն նախանձախնդրութիւն տեղ իսկ չունեցան քաղաքական բառապաշարին մէջ: Իբրեւ արդիւնք` ազգային համաձայնութեան կառավարութենէն ծնաւ կոալիցիոն ժողովրդավարութիւնը, որ չէզոքացուց առողջ ընդդիմութեան յառաջացման ամէն կարելիութիւն, օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ընդդիմութիւնը վերածուեցաւ պարզ ձեւականութեան, <<համաձայնականութիւնը>> ծառայեց միայն համակարգի կառուցային բացթողումները անտեսելու, եւ օլիկարգային խաւը աւելի եւս ամրագրեց ամէն օրէնքէ եւ հաշուետուութենէ անդին ըլլալու իր ինքնավստահութիւնը: Օրին թերեւս, ի դիմաց տնտեսութեան աճին կախարդական թիւերու խաբկանքին, ոմանց համար դժուար էր այս բոլորը յստակօրէն տեսնել: Բայց այսօր, դէմ յանդիման նախագահին առաջադրած նմանօրինակ հեռանկարի մը, երկրի քաղաքական բոլոր ուժերը պարտաւոր են մօտիկ անցեալի դասերը լաւ ուսումնասիրելու:

Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնները կը ձեւաւորուին ընդհանրապէս դէմ յանդիման արտաքին սպառնալիքներու: Այս իմաստով, նախագահին առաջարկը, այո՛, կ՛իմաստաւորուի Արցախի տագնապի լուծման իմաստով, եթէ իսկապէս արտաքին ճնշումները այնքան զօրաւոր են, որ հայկական կողմը անհրաժեշտօրէն ներազգային համաձայնութեան պէտք ունի անխուսափելի փոխզիջումներու պատասխանատուութիւնը հաւաքականօրէն ստանձնելու համար: Այդ ձեւով միայն կրնայ վերանալ այս <<փոխզիջումային>> յղացքի <<գաղտնիքը>>, եւ լոզունգային ելոյթներու փոխարէն կարելի կ՛ըլլայ բանականօրէն քննարկել Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն ներս բացառելու նախագահի յստակ յանձնառութեան կարմիր գիծէն անդին ամէն կարելիութիւն: Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւնը, որ պիտի իրականանայ նախագահական վարչակարգէն խորհրդարանական վարչակարգի անցնելով, պէտք ունի աւելի քան ժողովրդային հանրաքուէի մը, պէտք ունի ընկերային համաձայնագիրի վերանորոգման: Ճիշդ է, գործնական իմաստով յստակ քայլ չկայ նման տեսական յղացքներու իրականացման համար:

Յստակ է, սակայն, որ առանց ներքին բանավէճի, անհամաձայնութիւններու ազատ արտայայտութեան, անկարելի է կայուն եզրակացութիւններու հասնիլ: Այսօրուան իրավիճակին մէջ միակ համաձայնութիւնը, որ կրնայ իմաստաւորուիլ, հակամենաշնորհային քաղաքական կոալիցիոնի մը շուրջ է, որովհետեւ, ի վերջոյ, խորհրդարանական կառավարութեան մեծ խոստումը մենաշնորհներու յառաջացման ամէն փորձութիւն իսկ բացառող համակարգի մը ստեղծումն է, հոն, ուր ժողովրդավարութիւնը կը հասկցուի միայն առողջ ընդդիմութեան մը առկայութեամբ, եւ այդ ձեւով ալ կ՛երաշխաւորուի որեւէ իշխանութեան սխալներու սրբագրման կարողականութիւնը:

Այս բոլոր վերլուծումը ցարդ կեդրոնացաւ ներհայաստանեան ոլորտի տինամիքին (ուժականութեան – <<Ա.>>) վրայ: Բայց նախագահը Պէյրութն ու Հալէպը նշելով, Սառը պատերազմը յիշեցնելով եւ ենթադրաբար Մերձաւոր Արեւելքի յատուկ լուծումները Հայաստան ներմուծման զգուշացումով նաե՛ւ սփիւռքը դրաւ <<դիմացի մայթ>>-ին վրայ: Ճիշդ է, Մերձաւոր Արեւելքը համայն սփիւռքը չէ, բայց ո՞վ կրնայ հարցականի տակ դնել այն, որ ընդհանրական հասկացողութեամբ սփիւռքի մը ինքնութեան եւ արժէքային համակարգի կազմաւորման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցան Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութները, որոնք Պաղ պատերազմի տարիներուն նաեւ հայապահպանման առաջատար դիրքին վրայ կը գտնուէին: Ճիշդ է, որ այդ կազմաւորման պատմական հոլովոյթին մէջ ներքին պառակտումները, եղբայրասպան բախումները իրենց տեղը ունեցան: Բայց այդ մէկը եղաւ հիմնականօրէն խորհրդային վարչակարգի թեր ու դէմ գաղափարախօսական դիրքաւորման բաժանման գիծի երկայնքին, որուն համար առաւելագոյն պատասխանատուութիւնը կ՛իյնար նաեւ օրին խորհրդային ղեկավարութեան <<բաժնէ՛, որ տիրես>>-ի քաղաքականութեան վրայ:

Եթէ պահ մը փորձենք կապ տեսնել Պէյրութի, Հալէպի, քաղաքացիական պատերազմներուն եւ սփիւռքին միջեւ, ապա եւ ճիշդ է, որ 1958-ին լիբանանեան քաղաքացիական առաջին պատերազմի ժամանակ միջհայկական բախումներու սեւ էջեր արձանագրուեցան: Բայց նոյնքան ճիշդ է նաեւ, որ 1975-ին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները միասնաբար որդեգրեցին <<դրական չէզոքութեան>> քաղաքականութիւնը եւ ցոյց տուին, որ անցեալի ողբերգութեան դասերը քաղելու կարողութիւնը ունին: Կացութիւնը իտէալական գոյներով ներկայացնելու միամտութիւն չկայ հոս, ոչ ալ յաւակնութիւն` հաստատելու, որ հայը հայու դէմ յոռի երեւոյթ չարձանագրուեցաւ բնաւ: Բայց տիրապետող էր եղբայրասպանութեան փորձութեան կրկին չմատնուելու քաղաքական հասունութիւնը, որ արդիւնք էր, պէտք է յիշեցնել, Ցեղասպանութեան յիսնամեակի ստեղծած մթնոլորտին: Թէ Հալէպը ի՛նչ իմաստով կ՛առնչուի քաղաքացիական պատերազմի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան դերակատարութեան` այնքան ալ յստակ չէ, եւ այդ իմաստով որեւէ մեկնաբանութիւն, որպէսզի չըլլայ սպեկուլացիա (աճպարարութիւն <<Ա.>>) պէտք ունի շատ աւելի նուրբ վերլուծումի: Վստահաբար մանաւանդ ա՛յս նախագահին մօտ ժխտական ոչ մէկ տրամադրութիւն կրնայ ըլլալ Հալէպի ու հալէպահայութեան նկատմամբ, բայց այդ մէկը առաւել հարցականի տակ կ՛առնէ օրհասական օրեր ապրող, ամէն օր նահատակուող, ժամանակին հայաշատ ու հայակերտ այդ քաղաքին օրինակին ընդգրկումը իր խօսքին մէջ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան հարց չունէր սփիւռքի <<նարինջ ուտողներ>>-ը դնելու դիմացի մայթին վրայ: Հայաստանի առաջին նախագահը կը տագնապէր այն անհեթեթ մտավախութեամբ, որ սփիւռքը, իմա՛` Դաշնակցութիւնը, Երկիր վերադառնալով կ՛ուզէր տէր ու տիրական դառնալ հայրենիքին: Իր <<պետական մտածողութիւնը>> կազմաւորուեցաւ հայաստանցի-արտասահմանցի նէօ-պոլշեւիկեան համոզումին հիման վրայ, որպէսզի ազատ, անկախ եւ հպարտօրէն յառաջ տանէր նէօ-լիպերալ (ազատական <<Ա.>>) անցումային հոլովոյթը եւ Հայաստանը բնականոնացնէր` զայն ձերբազատելով հայ-դատական կամ ընկերվարական ամէն ուրուականէ: Այս անհեթեթ, բայց օրին իշխանութեան համար պայքարը յստակօրէն բացատրող տրամաբանութենէ անդին անցած ենք ազգովին: Թերեւս նոյնինքն Տէր Պետրոսեանն իսկ բարեփոխած է իր դիրքորոշումը` առանց քաղաքական-գաղափարախօսական իր համոզումներէն հրաժարելու: Քոչարեանի օրով եւ իր նախաձեռնութեամբ սկսած Հայաստան-սփիւռք մերձեցումը Սարգսեան ո՛չ միայն շարունակեց, այլ նաեւ խորացուց` դէպի ազգային համարկում տանող յստակ նախաձեռնութիւններով, որոնց կարգին` քաղաքացիական օրէնքի բարեփոխումն ու սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը: Ինչո՞ւ, ուրեմն, խօսքին մէջ ընդգրկել այնպիսի բանաձեւումներ, որոնք հարցականներ կը յառաջացնեն եւ կը պղտորեն միտքերը…

Ամէն պարագայի, նախագահի ելոյթին այս բացառիկ ուշադրութիւնը, անոր խօսքերուն հրապարակային քննարկումը ինքնանպատակ չէ, սփիւռքեան նարսիսականութիւն չէ, ոչ ալ ինքնասիրութիւնը վիրաւորուած տեսնելու անհեթեթ զգայնութիւն մը: Առնչակից է հայրենիքի ու ազգի հաւաքական ապագայի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` Արցախի ճակատներէն մինչեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններ, բայց նաե՛ւ Ազատութեան հրապարակին թէ երեւանեան փողոցներու մէջ ընկերային զօրաշարժերու պահանջներ:

Սփիւռքեան իւրայատկութեան փնտռտուք մը չէ այս, ոչ ալ <<խաթեր>>-ի առնելու շփացածութիւն: Սփիւռքեան յանձնառութիւն է` ազգային հաւաքական գործընթացին մէջ իր տեղը հաստատագրելու ոչ թէ որպէս հանդիսատես, այլ` դերակատար: Կը բացառուի այդ դերակատարութիւնը <<Երեւանը Պէյրութի վերածելու>> անհեթեթ տրամաբանութեամբ սահմանումի ամէն տրամադրուածութիւն: Բայց նաեւ անկարելի է ականջալուր չըլլալ Երեւանի փողոցներուն մէջ <<հնչող քննադատութեան>>, ինչպէս նախագահը ի՛նք իր խօսքին մէջ բանաձեւեց իրավիճակը եւ յանձնառութիւն վերցուց թերիներու սրբագրութեան:

 


comments

Advertisement