Կայսերական Խմբավարին Նահանջի Փողը (ՊՐԵԶԻՆՍԿԻԻ ՆՈՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

By Asbarez | Saturday, 27 August 2016

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

WRITERS-VATCHE-PROODIAN1

Նախագահ Ճիմի Քարթըրի ազգային ապահովութեան խորհրդական Զպիկնիեւ Պզեզինսկի 1997ին իր հրատարակած գիրքին մէջ (The Grand Chessboard: American Primacy and Its Geostrategic Imperatives, <<Ճատրակի Մեծ Խաղատախտակը. Ամերիկեան Գերակշռութիւնը Եւ Իր Աշխարհառազմավարական Հրամայականները>>) կը զարգացնէր հետեւեալ տեսակէտը եւ առաջադրանքը. Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Միացեալ Նահանգները կը մնայ միակ գերուժը, որ պիտի տիրապետէ համաշխարհային քաղաքական այս նոր թատերաբեմին վրայ: Ան պէտք է որդեգրէ իր հաւանական մրցակիցները՝ Ռուսիան եւ Չինաստանը այժմէն իսկ մեկուսացնելու վարքագիծը, որպէսզի յաջողի իր միահեծանութիւնը հաստատելու ճիգերուն մէջ:

Ան բառացիօրէն կը հաստատէր հետեւեալը. <<…20րդ դարու վերջին տասնամեակը ականատես եղած է համաշխարհային իրադարձութիւններու մէջ հիմնական փոփոխութիւններու: Առաջին անգամ ըլլալով ոչ Եւրասիական ուժ մը մէջտեղ եկած է ոչ միայն իբրեւ բանալի իրաւարար Եւրասիական ուժերու յարաբերութեան մէջ, այլ նաեւ իբրեւ ամէնէն տիրապետող ուժը ամբողջ աշխարհի մէջ: Խ. Միութեան պարտութիւնն ու փլուզումը վերջին փուլն էր Արեւմտեան կիսագունդի ուժի մը՝ Մ. Նահանգներու  արագ բարձրացումին, իբրեւ միակ եւ իրապէս առաջին համաշխարհային ուժը>> (էջ 13. Մէջբերուած Մայք Ուիթնիի յօդուածին մէջ, www.counterpunch.org, Հինգշաբթի, 25 Օգոստոս):

Բոլորս ալ գիտենք, թէ Պրեզինսկի գլխաւոր ճարտարապետն էր Աֆղանիստանի մէջ Խ. Միութեան դէմ մղուած այն մաշումի պատերազմին, որուն հետեւանքները մինչեւ այսօր շատ ծանր կը կշռեն համաշխարհային ներկայ քաղաքական զարգացումներուն վրայ: Նաեւ բացայայտ իրողութիւն է, որ Քլինթընէն ետք, ամերիկեան իրարայաջորդ վարչակազմերը գործեցին Պրեզինսկիի տեսութեան կամ առաջադրանքի գծած ուղիներով: Այս քաղաքականութեամբ կը բացատրուի Մ. Նահանգներու կողմէ Ռուսիան մեկուսացնելու միտող ճիգերը, Ռուսիան ու Չինաստանը ամերիկեան զինուորական խարիսխներով շրջապատելու վտանգաւոր ընթացքը ու այս ձեւով՝ հին Պաղ պատերազմը նորով փոխարինելու ամերիկեան աննահանջ վարքագիծը:

 

0827brzhezhinsky

Ու այս բոլորին մէջ <<մանրամասնութիւններ>> են Իրաքը, Սուրիան, Լիպիան, Աֆղանիստանը, ինչպէս նաեւ տասնեակ միլիոնաւոր մարդոց խեղուած ճակատագիրը:

Սակայն վերջերս, նոյն Պրեզինսկին ստորագրած է այլ յօդուած մը, The National Interest հանդէսին մէջ, <<Դէպի Համաշխարհային Վերադասաւորում>> խորագրով, ուր կը վերլուծէ իր ցանած սերմերուն արդիւնքները, որոնք այդքան ալ փայլուն չեն: Ու ինք եւս կ՛ընդունի, որ իր  առաջադրած նախկին վարդապետութիւնը աղէտալի եղած է համաշխարհային առումով: Ան կ՛ընդունի, որ այսօր Ռուսիա եւ Չինաստան իրենք եւս դարձած են հաշուի առնուելիք համաշխարհային ուժեր, որոնք իրենց ըսելիքը ունին երկրագունդի վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն մէջ եւ դերակատար են: Ընդունելէ ետք այս իրողութիւնը եւ ընդգծելէ ետք Մ. Նահանգներու ներկայ վարքագիծի ապագայ գոյութենական վտանգները, կ՛առաջադրէ գործակցութիւն հաստատել Մ. Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ, համաշխարհային քաղաքական քարտէսին մէջ նոր դասաւորումներ կատարելու միջոցով մարդկութեան գոյութեան սպառնացող վտանգները դիմագրաւելու նպատակով:

Բնութագրելէ ետք այս վտանգները, Պրեզինսկի կ՛ըսէ. <<Տրուած ըլլալով, որ յառաջիկայ քսան տարիները պիտի հանդիսանան վերջին փուլը մեզի համար աւանդական ու շատ ծանօթ դասաւորումին (ուր մենք հանգիստ զգացած ենք), պատասխանը պէտք է այժմէն իսկ ձեւաւորուի: Այս դարու մնացեալ տարիներուն, մարդկութիւնը գերզբաղած պիտի ըլլայ ողջ մնալու ճիգով, հաշուի առնելով կենսոլորտային մարտահրաւէրները: Այս մարտահրաւէրները կարելի է դիմագրաւել միմիայն պատասխանատուութեան զգացումով եւ ազդու կերպով՝ միջազգային յաւելեալ հանդուրժողութեան մը դրուածքին մէջ: Եւ այս հանդուրժողականութիւնը պէտք է հիմնուի ռազմավարական տեսլականի մը վրայ, որ կ՛ընդունի աշխարհաքաղաքական նոր հայեցակարգի մը հրատապ կարիքը>> (Պրեզինսկի հոս կը գործածէ accomodation բառը, որ թէեւ թարգմանեցինք <<հանդուրժողականութիւն>>, իրականութեան մէջ սակայն այդ բառին ճշգրիտ իմաստը հոս կը նշանակէ <<հանդուրժել, ընդունիլ եւ անոր տեղ տալ>>):

Յայտնի չէ, թէ ամերիկեան նոր կազմուելիք վարչախումբին (Քլինթըն, Թրամփ կամ ուրիշ մէկը) խելքին պիտի պառկի՞ Պրեզինսկիի այս նոր առաջադրանքը: Կասկածելի է անշուշտ:

Պրեզինսկի ձեւով մը <<նահանջի փող>> կը հնչեցնէ իր նախկին հաւատամքէն: Իւրայատուկ mea culpa մը եթէ կ՛ուզէք, միլիոնաւոր զոհերէ ու բազմաթիւ երկիրներու քարուքանդ ըլլալէն վերջ:

Մէկ բան կարեւոր է մեզի համար, իբրեւ Հայաստան ու հայութիւն, որ այս նոր առաջադրանքը միջազգային քաղաքական թատերաբեմին վրայ լարուածութիւններու զգալի մեղմացում կրնայ նշանակել՝ երկար շունչի վրայ: Սակայն մեծերու միջեւ ստեղծուելիք մեղմացումը արդեօք այս կամ այն <<փոքր>>ին ի հաշիւ պիտի չըլլա՞յ եւ թէ արդեօք մենք օգտուողներո՞ւն, թէ վնասուողներուն շարքին պիտի ըլլանք:

Եթէ մէկ կողմէ Արեւմուտքի եւ միւս կողմէ Ռուսիա-Չինաստան զոյգին միջեւ ներկայ մրցակցութիւնը շարունակուի (ինչ որ է պարագան ներկայիս), մեր վարքագիծը հիմնուած պիտի ըլլայ այն ազդակին վրայ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւեն ազգային ապահովութեան սեփական երաշխիք ձեռք բերելու եւ զայն պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Պատճառ չկայ, որ մեր այս հայեցակարգը փոփոխութեան ենթարկուի Պրեզինսկիի նոր առաջադրանքին ստեղծելիք մթնոլորտին մէջ, որովհետեւ մեր շահերը ըստ էութեան պիտի չփոխուին: Կրնան դիւրանալ մեր ճիգերը, համաշխարհային աւելի <<մեղմ>> եւ նուազ սուր մրցակցային պայմաններու մէջ՝ այդ ուրիշ խնդիր: Կրնան նաեւ դժուարանալ՝ երբ մեզի հրամցուի… զոհասեղան մը:

Երկու պարագաներուն ալ, մեր ազգային ապահովութեան խնդիրները պիտի հանդիսանան մեր միակ կողմնացոյցը: Եւ այս կողմնացոյցին, այսինքն մեր ազգային ապահովութեա՛ն տեսանկիւնէն պէտք է մօտենանք նաեւ Արցախի կապակցութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, որովհետեւ ա՛յս է (ու պիտի մնայ) հիմքը մեր քաղաքականութեան: Անկախ՝ մեծերուն միջեւ կռիւէն կամ սիրաբանութենէն:

 

25 Օգոստոս 2016

Լոս Անճելըս

vproodian@gmail.com

 

 

 


 

 

comments

Advertisement