Արցախը Մեր Արեւելեան Դարպասն Է (ԻՍԿ ՈՐԵՒԷ ԴԱՐՊԱՍ ԱՄՈՒՐ ԿԸ ՊԱՀՈՒԻ)

By Asbarez | Sunday, 04 September 2016

Անցնող Ապրիլ ամսուն, Թալիշի խրամատներէն մէկուն մէջ, հեռադիտակով ինծի ցոյց տուին դիմացը բլուրի մը վրայ գտնուող գիւղ մը, որուն ծայրը՝ կարմիր տանիքով տուն մը: <<Դա Շահէն Մեղրեանի բնակարանն է>>, ըսին:

<<Դիմացը>> ըսուածը Արցախի Շահումեան շրջանն էր, իսկ գիւղը՝ Շահէն Մեղրեանի ծննդավայր Գիւլիստանը: Շահումեանի շրջանը այսօր կը մնայ բռնագրաւուած՝ Ատրպէյճանի կողմէ:

Արցախի անկախութեան հռչակումով, 25 տարի առաջ, հայութեան արդար իրաւունքներու վերատիրացման հարցը մտաւ նոր փուլ՝ հողահաւաքի գործընթացով:

Անցնող դարու վերջին քառորդին արդէն, հայ քաղաքական միտքը (յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով) մշակած եւ զարգացուցած էր հայահաւաքի եւ հողահաւաքի ոչ միայն գաղափարները, այլեւ զանոնք գործնականացնելու միջոցները: Բոլորս ալ շատ լաւ կը գիտակցէինք, թէ հողը չի տրուիր: Հողին կարելի է վերատիրանալ: Եւ կարելի է վերատիրանալ՝ միայն արիւնով:

Այդ արեան գինը վճարուեցաւ Արցախի ազատագրումին համար: Իսկ այս ազատագրումին ամենակարեւոր քաղաքական փուլերէն մէկը Արցախի անկախութեան հռչակումն էր, 2 Սեպտեմբեր 1991ին: Օրին այս քայլը առնուեցաւ ամբողջովին համահունչ Խ. Միութեան օրէնսդրութեան: Տարբեր խօսքով, Արցախի անկախութեան հռչակումը կ՛ամբողջացնէ այն օրինական պայմանը, որ կ՛ամրապնդէ մեր իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ քաղաքական բնագաւառէն ներս:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս մեզի ցոյց տուաւ այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ արդէն գիտէինք. հողը կը պաշտպանուի զէնք-զինամթերքով, կռիւով, արիւնով:

1994էն ի վեր շարունակուող դիւանագիտական բանակցութիւնները անցան բազմաթիւ փուլերէ: Բազմաթիւ անգամներ, աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծերը շատ յաճախ անձա՛մբ փորձեցին ճնշում բանեցնել հայկական կողմին վրայ (Քի Ուեսթ, եւ այլն), <<հող՝ խաղաղութեան դիմաց>> տարազը պարտադրելու համար:

Այս բոլոր փորձերը ձախողութեան մատնուեցան այն պարզ պատճառով, որ հայութեան համար հողը ենթակայ չէ սակարկութեան: Հողը, հողամասը, տարածքը, ինչ անուն կ՛ուզէք տուէք, ասոնք Հայրենիքին մաս կը կազմեն, անոր մասնիկն են:

Ապրիլեան պատերազմէն ետք, երբ ա՛լ աւելի ցայտուն կերպով երեւան եկան Հայաստանը կառավարող համակարգին թերութիւններն ու թերացումները, հող <<տալ չտալու>> խնդիրը սկսաւ անլրջանալու: Բազմաթիւ միջավայրերէ ու յատկապէս ընկերային ցանցերէ ներս սկսան լսուելու հողային հարցով <<անզիջողութեան>> ձայներ՝ ոչ թէ հայկական դիւանագիտութեան դիրքերը ամրապնդելու, այլ սոսկ ՀՀ վարչակարգը քննադատելու տրամաբանութեամբ: Ժողովրդային լեզուով, ըսուածին <<ամբոխային տրամաբանութիւնը>> այն էր որ <<հասէք ժողովուրդ, ասոնք հողերը պիտի տան, արդէն համաձայնելու վրայ են, մէջտեղ իջէք որ արգելք ըլլանք>>: Եւ սա վտանգաւոր երեւոյթ է, որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան ապահովութեան խնդիրը դուրս կը հանէ իր լրջութեան բուն շրջագիծէն ու զայն կը վերածէ ներքին քաղաքական պայքարի զէնքի, շահագործումի խաղաքարտի: Երբ մեր երկրի ապահովութեան խնդիրը կը վերածենք ներքին պայքարի դրամագլուխի, կը նշանակէ, թէ կը հարուածենք նոյնինքն այդ ապահովութեան խարիսխը:

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան 1 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ յայտարարեց, թէ Արցախի <<անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը բացառիկ արժէքներ են եւ ենթակայ չեն շահարկումների ու սակարկութեան: Մեզ համար չկայ վերադարձ անցեալին: Իւրաքանչիւր նման փորձ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով եւ դատապարտուած է ձախողման>>:

Փաստաբանական ամէնէն փայլուն, կամ ամէնէն իտէալական կարողութիւնները պէտք է ունենալ ՀՀ քաղաքական կառավարման  այս 25ամեայ համակարգը պաշտպանել կարենալու համար: Գրեթէ անկարելի առաքելութիւն մը…: Սա՝ իր կարգին: Բայց կարելի չէ Հայաստանի համար ռազմավարական, ապահովական ու մահու կենաց խնդիր մը հակաիշխանական պայքարի շահագործման խաղաքարտի վերածել‘ անկախ անկէ, թէ իշխանութիւնները ինչ որակ կը ներկայացնեն:

Քաղաքական հասունութեան ցուցանիշը պիտի ըլլայ այն, որ իշխանութիւններու համակիրներ կամ ընդդիմադիրներ, բոլո՛րս, հայութեան բոլոր հատուածներն ու հոսանքները, մէկ բան միահամուռ կերպով, ներառեալ ժողովրդային մակարդակի վրայ պարտաւոր ենք յստակացնելու մեր թշնամիներուն, որ

– Առաջին, Արցախի կապակցութեամբ կը մերժենք որեւէ հողային զիջում, որովհետեւ այդ հողերը մեր հայրենիքին մաս կը կազմեն, հետեւաբար սակարկելի չեն:

– Երկրորդ, ժողովրդային այս կեցուածքով ամրապնդել հայկական դիւանագիտութեան դիրքերը Արցախի հարցով բանակցութիւններուն ընթացքին, մանաւանդ այն տրամաբանութեամբ, որ հարցը սոսկ <<հողային>> չէ, այլ՝ հայութեան հայրենիք Հայաստանի ֆիզիքական ապահովութեան եւ գոյութեան երաշխիքի խնդիրն է: Եւ այդ երաշխիքին տնօրինումը միա՛յն հայութեան կը պատկանի:

– Երրորդ, անդադար յիշեցնել Ատրպէյճանին, որ ինք տակաւին բռնագրաւած կը պահէ հայապատկան Շահումեանի շրջանը, ի շարս այլ տարածքներու, որոնք Հայաստանի գոյատեւումին ու ապահովութեան համար բանալի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն: Այս կէտը լաւ ըմբռնելու համար, անպայման կարիք չկայ Թալիշի խրամատներէն հեռադիտակով հանդիպակաց կողմը նայելու:

Հիմնականին մէջ այս երեք կէտերուն մէջ կը խտանայ այն հանգամանքը, որ Արցախը հայկական պետութեան արեւելեան դարպասն է: Եւ ինչպէս որեւէ դարպաս, զայն պարտաւոր ենք պահելու անառիկ, անկախ մեր երկրի քաղաքական ղեկավարութեան որակէն:

 

Լոս Անճելըս, 1 Սեպտեմբեր 2016

vproodian@gmail.com

 


comments

Advertisement