Քաղաքականացած Իշխանութիւն

By Asbarez | Thursday, 20 October 2016

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

razmigshirinian1

Հայ քաղաքական իրականութիւնը ճիշդ արժեւորելու համար, նախ պէտք է նայիլ անոր ենթակառուցային մակարդակով յառաջացող առօրեայ եւ բնականոն յարաբերութիւններուն: Այսինքն՝ հայրենի ժողովուրդի կեանքին:

Պետական կառոյցներէն աւելի, մեզի համար կարեւորը ներկայ մեր քաղաքականացման ընթացքը բնորոշող ենթակառոյցն է: Իսկ պետական կառոյցները (օրէնսդիր, գործադիր թէ դատական) քաղաքական արժէք են մեզի համար, միայն եթէ ամուր խարսխուած ու արմատ նետած ըլլան ենթակառոյցին մէջ, այսինքն՝ ժողովուրդի առօրեային մէջ: Հայաստանի պէս թերաճ երկիրի մը պարագային, պետականութեան այս խարիսխն է, որ ժողովուրդի քաղաքականացման ներկայ փուլը կը յատկանշէ եւ իշխանութեան իրաւականութիւնը կը հիմնաւորէ: Հետեւաբար, Հայաստանի պետականութիւն հասկացողութիւնը պէտք է հասկնալ ժողովուրդին մակարդակով ու ներկայացնել իր ենթակառոյցին մէջ:

Այս հասկացողութեամբ է, որ հայ քաղաքական միտքը կը ձերբազատէ ինզինք կառուցային նեղ մեկնաբանութիւններէ ու կը վերադառնայ ժողովուրդին: Որովհետեւ, որքա՛ն հարազատ եւ մարդկայնօրէն դիտենք ժողովուրդին կեանքը, սավորական ու անտեսուած անհատին հոգեկան ապրումը, եւ կապուինք անոր բնական ու անշպար կենցաղին հետ, այնքա՛ն կը պայծառանայ քաղաքական մեր միտքը եւ կը լուսաւորուի մեր տեսիլքը՝ ժողովուրդի հոգիին կապուած: Այս տեսիլքն է հայ քաղաքական միտքին մարտահրաւէրը այսօր:

Տակաւին չենք մտած քաղաքական մեր տեսիլքին մէջ: Նայեցէ՛ք, զոր օրինակ, Զովունի գիւղի բնակիչ եւ չորս զաւակներու մայր՝ 30ամեայ Լիանա Ղուկասեանի կեանքին: Ան իր երեխաներու կեանքով չի կրնար զբաղիլ, որովհետեւ միջոցներ չունի: Բժշկական եւ դպրոցական ծախսերը չի կրնար հոգալ: Նայեցէք նաեւ եօթը անձերէ բաղկացած Ակորի գիւղին մէջ կիսաքանդ տնակի մը մէջ բնակող ընտանիքին: Տնակին մէջ ջուր, լոգարան եւ պէտքարան չկայ: Բազմանդամ այս ընտանիքը իր կենցաղային կարիքները հոգալու համար, ձեռքով ջուր կը կրէ տնակէն 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող աղբիւրէն: Նայեցէ՛ք, ի վերջոյ, հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի եօթանասուն տոկոսի կեղեքուած, թշուառ ու ողորմելի կեանքին եւ պատկերացուցէ՛ք քաղաքական մեր ենթակառոյցն ու իշխանութեան իրաւականութիւնը:

Պատմական անկիւնադարձային իրողութիւն է այսօր սովորական հայ անհատի առաւել քաղաքականացման տուեալը, այսինքն՝ հողին կապուած քաղաքական իրականութիւնը: Պետական կառոյցներէն ու քաղաքական թէ տնտեսական ընտրանիէն աւելի՝ հայ անհատին ընթացիկ կենցաղն ու յարաբերութիւններն են, որոնք կը բացատրեն քաղաքական մեր համակարգը: Շատ օգտակար չէ հայրենի ներկայ իրականութիւնը մեկնաբանել պետական-կառուցային կամ օրէնսդրական-նուիրապետական տուեալներով, այլ աւելի կարեւոր է պատկերացնել այդ իրականութիւնը սովորական-կենցաղային, տեղական-բնական, հարազատ-մշակութային, անհատական-զարգացման ու նաեւ թեքնոլոճիք-արուեստագիտական կարողութիւններու տուեալներով:

Հո՛ս է մեր պետականութեան գաղտնիքը: Մեզի համար ամէնէն կարեւորը այն անդրադարձն է, թէ՝ պետութիւնը Հայաստանի մէջ արժէք չունի, եթէ չէ կապուած ենթակառուցային տարածքին, չէ հաստատած իշխանութիւն-ժողովուրդ համարկումը եւ դուրս չէ եկած պետական կառուցային կամ հեղինակապաշտական ուղղահայեաց ու նուիրապետական յարաբերութիւններ հաստատող արեւմտեան իր նեղ սահմանումէն:

Բարեբախտաբար, հայրենի մեր ժողովուրդը ունի քաղաքականութեան իր մղիչ ուժը: Այդ ուժը ժողովրդային պահանջներն ու շարժումներն են, որոնք հայ անհատի քաղաքական ու բնական իրաւունքները կը ձգտին իրականացնել: Ժողովրդային այս շարժումները առաւելաբար կը սպառնան հեղինակապաշտական եւ նուիրապետական կառոյցներուն ու կ՛արժեւորեն ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու ժողովրդային, հետեւաբար եւ՝ ժողովրդավար ենթակառուցային տարածքը:

Երբ ականատես ըլլանք ժողովրդային շարժումներուն, ապա կ՛անդրադառնանք, որ կը պարզուի այդ շարժումներէն բխած պետականութեան նոր ու հարազատ հասկացողութիւն մը, որուն իմաստը կը տեղադրուի ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու ենթակառուցային տարածքին մէջ: Աւելի հորիզոնական ու նուազ ուղղահայեաց կառուցուածքային նկարագիրով յատկանշուող տարածքն է ասիկա, որ հարազատ ու օրինական կապ մը կը ստեղծէ ժողովուրդի առօրեայ կենակցութեան եւ ժողովրդավար յարաբերութիւններուն միջեւ: Ա՛յս է հայկական իւրայատկութիւնը, հայկական արեւելումը, որուն կառչելով՝ կը քաղաքականանայ նաեւ հայ քաղաքական միտքը:

Հետեւաբար, քաղաքականութիւն ըսուածը՝ պարզ ու յստակ, պետականութեան ներաշխարհին հետ շաղկապուած քաղաքական եւ գիւղական կեանքն է: Իսկ քաղաքական զարգացումը՝ այդ կեանքի հաճոյքն ու հմայքն է ժողովուրդին համար:

Ժողովուրդի կեանքին հետ նոյնացած ու անոր ակունքները արտայայտող ու ցայտող իշխանութի՛ւնն է միայն, որ կրնայ քաղաքական զարգացման ընթացքը հարթել իր երկրին մէջ: Այլապէս, կ՛ունենանք քաղքենի իշխանութիւն մը, որ պարզապէս Հայաստանը կը պահէ ձախող երկիրներու կարգին ու անարգանք մը շպրտած կ՛ըլլայ հայ քաղաքական կեանքի երեսին: Քաղքենիացած իշխանութիւնը չի տեսներ ժողովուրդին թշուառ կեանքը, ու պետական կառոյցներու կարծրատիպ իր մտածողութեան մէջ պարփակուած՝ հեռու կը մնայ ժողովուրդէն:

Վերջին հաշուով, Հայաստանի քաղաքական ենթակառոյցը նաեւ հարազատ արտայայտութիւնն է հայրենի ժողովրդավար յարաբերութիւններուն: Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը չէ կապուած ընտրութիւններուն, այլ կապուած է ընտրութիւններուն միջեւ քաղաքացիի սովորական կեանքին: Հայաստանի պարագային, ընտրութիւնը ժողովրդավարութիւն հաստատող գործողութիւնը չէ՛, այլ ընտրութիւններուն միջեւ առկայ գործողութիւննե՛րն են, որոնք ժողովրդավարութիւն կը հաստատեն:

 


comments

Advertisement