Երբ Կը Պակսի Չափի Ու Սահմանի Զգացումը

By Asbarez | Saturday, 22 October 2016

 

WRITERS VATCHE PROODIAN

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լրագրութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն ենթադրող աշխատանք է: Տեղեկութիւնը զէնք է եւ լրագրողը լուր ու տեղեկութիւն փոխանցելով հանրութեան, իրականութեան մէջ զայն <<կը զինէ>>:

Եւ ինչպէս տան մէջ գործնական առումով հրազէն պահողը, եթէ զայն գործածել չի գիտեր, անպայմանօրէն ինքն իր կամ իր տան մէկ անդամին գլխուն փորձանք կը բերէ: Նոյնն է լրագրութեան պարագային, երբ անճիշդ, խեղաթիւրուած կամ յերիւրածոյ տեղեկութիւններ տարածելը միայն վնաս կը պատճառէ հանրութեան:

Վերջերս հայկական կայքի մը մէջ լուր մը կարդացի, որ կը վերաբերէր Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ներս քննարկումի մը, ուր տուեալ երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութին բաներ մը ըսած է ՀՀ նախագահի հասցէին: Անհաւանական չէ, որ Փութին կրնայ արտայայտած ըլլայ այդ միտքերը, կարեւորը այդ չէ: Կարեւորը այն է, որ <<լրատուութիւնը>> կը սկսի հետեւեալ բառերով. <<Ասում են թէ…>>: Այլեւս կրնաք երեւակայել, թէ ինչքան հաւաստի կրնայ ըլլալ հաղորդում մը, որ կը սկսի <<ասում են թէ>>ով: Հեքիաթներն են, որոնք կը սկսին <<ասում են թէ>>ով, կամ… բանջարավաճառին խանութին մէջ կայացած զրոյցները յաճախորդներուն միջեւ:

Կարելի չէ կարդալ լրատուութիւն մը, որ կը սկսի <<ասում են թէ>>ով: Խոստովանիմ, որ այս յօդուածագիրը ծայրէ ծայր կարդաց լուրը… ոչ թէ հրապարակագիրի բնական մղումով դրդուած, այլ որովհետեւ այդ վայրկեանին սրամտութեան մը, կուշտ ու կուռ խնդալու կարիքը կը զգար:

Դեռ կայ այս հաղորդումին միւս երեսը: Եթէ Ռուսիոյ նման երկրի մը Ապահովութեան խորհուրդէն ներս խօսակցութեան մը մանրամասնութիւնները հասած են այդ կայքէջին, ուրեմն այդ պետութիւնը շատոնց գոյութենէ դադրած պէտք է ըլլար, չէ՞: Վա՜յն է պատեր Ռուսիոյ ու Փութինին… Եթէ Փութին այդքան հետաքրքրուած է, թէ իր գլխաւորած այդ պետական մարմինէն ներս խօսուածները ինչպէ՞ս կը հասնին հայկական կայքէջի մը, թող յաւելեալ դրամ ծախսէ, յաւելեալ միջոցներ ձեռք առնէ… Իր գիտնալիքն է. մեզ չի հետաքրքրեր:

Բայց երեւոյթը ոչ միայն խնդալիք չէ, այլ նոյնիսկ վտանգաւոր է: Որովհետեւ շատ յաճախ կ՛ընդգրէ հայկական զգայուն բնագաւառներ, ուր ոչ միայն լրագրողական նրբանկատութիւնը, այլ նաեւ քաղաքական զգուշաւորութիւնն են խնդրոյ առարկայ:

Այսպէս, վերջերս ՀՀ կառավարութեան կողմէ Հալէպ ուղարկուած էր մարդասիրական օժանդակութիւն՝ երկու օդանաւերով: Պաշտօնական Երեւանի կողմէ յայտարարուած էր, թէ այդ օժանդակութիւնը պիտի բաշխուի բոլո՛ր հալէպաբնակ սուրիացիներուն, անխտիր:

Հիմա, հայ լրագրող մը աղմուկ-աղաղակով, մեծաշռինդ ոճով մը <<լրատուութիւն>> կը կատարէ ըսելով, որ այդ օժանդակութեան 90 տոկոսը չէ հասած հալէպահայութեան, ու ասոր պատճառն ալ Բերիոյ թեմի առաջնորդն է. այս պարագային՝ հոգեւորական մը: Փա՞ստ՝ Հալէպէն երկու անձեր այն մասին <<վկայեր>> են լրագրողին եւ… voila, boom !!

Բարեբախտաբար չուշացաւ հակադարձութիւնը եւ նոյնինքն Հալէպէն: Ոչ միայն Հալէպէն, այլ՝ տեղւոյն <<Գանձասար>> շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլափոշեան-Պօղիկեանէն: Այսինքն, պատասխանատու եւ ղեկավար հանգամանք ունեցող անձնաւորութենէ մը:

Հալէպի պաշտօնակիցս կուռ յօդուածով մը կը կատարէ կարեւոր մատնանշումներ, թէ նման հաղորդումներ անպատասխանատու կերպով տարածելը կը հետապնդէ քանի մը նպատակներ:

Այսպէս.

<<1.- Հանրութեան մօտ իր ղեկավարներուն նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտ ստեղծել.

<<2.- Մարդոց տնտեսական ծանր վիճակը օգտագործելով, տեւաբար ակնկալողի ու իբրեւ թէ այդ ակնկալութիւններուն համապատասխան օգնութիւնները չստացողի խեղճացած ու անիրաւուած վիճակի մէջ ներկայացնել.

<<3.- Մեր մամուլին մէջ իսկ զետեղուած պատկերները օգտագործելով իրականութիւնները շրջուած ներկայացնել՝ այս անգամ ոչ միայն հալէպահայութեան, այլեւ ողջ հայաշխարհի հանրային կարծիքը այնպէս մը շեղելու, որ նպաստներն անգամ անիմաստ ու անօգուտ թուին ու դադրին.

<<4.- Համայնքը ներկայացնել որպէս անկազմակերպ, անտէր ու լքուած համայնք, որպէսզի հնարաւորինս պարարտ հող ստեղծուի ապատեղեկատուութեան ընդհանրացման համար>>։

Հայաստանէն Հալէպ առաքուած օժանդակութեան բաշխումին մասին վերոնշեալ կայքէջին կողմէ կատարուած ապատեղեկատուութիւնը վտանգաւոր է Զարմիկ Չիլափոշեան-Պօղիկեանի նշած չորս կէտերուն պատճառով: Իսկ ասոնցմէ ամէնէն ծանրակշիռը վերջինն է. այսինքն, հալէպահայութիւնը ներկայացնել իբրեւ անտէր ու անգլուխ բազմութիւն մը:

Սա առաջին անգամը չէ, որ փորձ կը կատարուի հալէպաբնակ հայութիւնը անգլուխ ու անտէր ներկայացնելու առումով: Այս ախմախ ու էապէս վնասակար մօտեցումը նոյնքան հին է, որքան Սուրիոյ մէջ ու այդ երկրին դէմ սկսած պատերազմը: Օրին, հալէպաբնակ հայութիւնը, իբրեւ ժողովուրդ եւ ղեկավար մարմիններ, կեանքով ու գործո՛վ հակառակին ապացոյցը տուած են ու մինչեւ այսօր (բառացիօրէն) կը շարունակեն տալ: Հալէպաբնակ հայութիւնը վիրաւոր է: Թէ՛ քաղաքական եւ թէ մարդկային առումներով ծանրակշիռ պայմաններու մէջ կ՛ապրի, լուրջ վտանգներ կը դիմագրաւէ: Այս բոլորին մէջ սակայն, ունի ղեկավարութիւն, որ հերքիւլեան աշխատանք կը տանի համայնքը կազմակերպելով, դպրոցներ ոտքի պահելով, ազգային տօնախմբութիւններով հաւաքական կամքը ամուր պահելով, կարիքաւորներուն օ-ժանդակելով: Ու այս բոլորը՝ նաե՛ւ մարդկային զոհերու գնով:

Հալէպաբնակ Զարմիկ Չիլափոշեան-Պօղիկեան կայքէջի կամ լրագրողի անուններ չի նշեր: Այս յօդուածագիրը կ՛ուզէ հետեւիլ իր գործակիցի տրամաբանութեան, որովհետեւ հարցը անուններէն շատ աւելի անդին կ՛անցնի ու կ՛առնչուի վտանգաւոր միտումի մը, մտայնութեան մը, որ այս պարագային ոչ չափի, ոչ ալ սահմանի գիտակցութիւնը ունի:

Զարմիկ Չիլափոշեան-Պօղիկեանի յօդուածն ու մեր այս միտքերը թող առնուազն սթափութեան կոչ մը համարուին վերոնշեալ անպատասխանատու <<լրագրողներուն>> համար:

Հալէպաբնակ հայութիւնը տէր-տիրական, ղեկավարութիւն ունի, նոյնիսկ Հալէպի աշխարհագրական սահմաններէն դուրս:

 


comments

Advertisement