Էրտողանեան Սպառնալիքներ, Հայ Նահատակներ Եւ… Հայկական Լռութիւն

By Asbarez | Friday, 28 October 2016

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

WRITERS VATCHE PROODIAN

Վերջերս, քաղաքական մեկնաբան մը շատ ճիշդ ձեւով դիտել կու տար, որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան <<բազմաթիւ պատերազմներ>>: Այսինքն՝ Ռուսիա ընդդէմ Արեւմուտք, Սուրիա ընդդէմ Ծոցի երկիրներ եւ Թուրքիա, Իրան եւ Ծոցի երկիրներ, եւ այլն: Այս <<բազմաթիւ>>ներուն վրայ հիմա աւելցած է (աւելի ճիշդ՝ <<տաքցած>> է) իրաքեանը՝ Մուսուլի հարցով:

Մուսուլի մէջ, Արեւմուտքը իբրեւ թէ կը պայքարի <<գէշ>>երուն դէմ, իսկ Հալէպի պարագային, նոյն <<գէշ>>երը իր զինակիցներն են…

Ասոր վրայ աւելցնենք ամերիկեան քաղաքականութիւնը, որ իրականութեան մէջ… <<քաղաքականութիւններ>> են: Այսպէս, տուեալները ցոյց կու տան, որ գէթ Մ. Արեւելքի մէջ, կան բազմաթիւ <<ամերիկեան քաղաքականութիւններ>>, որոնք շատ յաճախ մրցակից են ու իրարամերժ*, Սպիտակ տունը եւ Պետական բաժանմունքի Ճան Քերիի անմիջական շրջապատը ունին իրենց քաղաքականութիւնը, նոյն բաժանմունքին միջին պաշտօնատարները՝ իրենցը, Փենթակոնը՝ իրը, <<Սի.Այ.Էյ.>>ը՝ իրը, իրենց ենթա-զինակիցներով (Ուոլ Սթրիթ, զինուորական ճարտարարուեստ, ուսումնասիրական կեդրոններ եւ այլն): Ու այս բոլորը՝ <<նախագահութեամբ>> նախագահի մը, որ արտաքին յարաբերութիւններու բնագաւառէն ներս, տակաւին կը մնայ 8 տարի առաջուան իր սիրողական մակարդակին վրայ:

Գումարենք այս բոլորը իրարու վրայ ու առանց բառարան բանալու կրնանք լրիւ ըմբռնել, թէ <<թնճուկ>> կամ <<տագնապ>> բառերը ինչքան թոյլ են ու տկար…

Այս սարսափազդու մեծ պատկերին վրայ է ահաւասիկ, որ Էրտողան սկսած է բացէ ի բաց խօսելու Իրաքէն իր երկրի <<պատմական>> հողային պահանջներուն մասին, Մուսուլի եւ յարակից շրջաններու մասով (որոնք կ՛ընդգրկեն նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, թերեւս Հալէպն ալ), ըսելով, որ ասոնք Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէին: <<Փա՞ստ>>՝ օսմանեան շրջանէն արխիւներ կան, կալուածաթուղթեր կան, որոնք այդ <<կը հաստատեն>>:

Տարբեր խօսքով, Էրտողան բացէ ի բաց կը խօսի Սուրիան եւ Իրաքը անդամահատելու թրքական ախորժակին մասին:

Տրամաբանօրէն կարելի է ակնկալել, որ ըլլա՛յ Արեւմուտքը, ըլլա՛յ Անգարայի հետ տակաւին մեղրալուսինի մէջ գտնուող Ռուսիան պէտք է հակազդէին Էրդողանի այս միտումներուն:

Արեւմուտքը (գլխաւորաբար Մ. Նահանգներ) չհակազդեց. Ռուսիա նոյնպէս: Լօզանի դաշնագիրը ստորագրած եւրոպական երկիրները եւս, բերանները ջուր լեցուած եւ <<դոդ>> աչքերով, միայն նստած են:

Մէկ խօսքով, ճատրակի այս մեծ խաղատախտակին վրայ կը նշ-մարուի Սուրիոյ եւ Իրաքի անդամահատումի օրակարգ մը, որ յառաջ կը մղուի Թուրքիոյ կողմէ, բնականաբար՝ ի շահ իր սահմաններու ընդարձակումին: Այսինքն, քարտէսի փոփոխութեան մասին կը խօսուի:

Մեզի համար, իբրեւ հայութիւն եւ Հայաստան, բնականաբար կարեւորութիւն պէտք է ներկայացնէ այս հարցը, մանաւանդ իր երկսայրի բնոյթով:

Հո՛ս է, որ պէտք է գործէ <<մեզի հետ խաղ չկայ>> մօտեցումը: Տեսէ՛ք, Ատրպէյճան ամէնօրեայ կշռոյթով եւ անդադար կը խախտէ զինադադարը: Հայկական բանակը նորանոր նահատակներ կու տայ, իսկ հայկական կողմի պաշտօնական լրատուութիւնը սկսած է նմանելու ծոյլ աշակերտներու (կամ լրագրողներու) copy-paste-ին: Նոյնիսկ Լոս Անճելըս նստած մէկը կրնայ գրել հայկական կողմի այդ հաղորդագրութիւնները՝ զինադուլի խախտումներուն մասին:

Չմեղադրենք Մինսկի համանախագահները, որ նոյն հարթութեան վրայ կը դնեն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը: Մեր ազգային նպատակը այս համանախագահներուն գոհունակ ժպիտին արժանանալը չէ: Արդէն իսկ անոնց այս անգոյն, անդիմագիծ եւ մանաւանդ անհասցէ յայտարարութիւնները կը քաջալերեն Ատրպէյճանը, որ ամէնօրեայ կշռոյթով խախտէ զինադուլը եւ անպատիժ մնայ: Պաքուի մէջ կը հաշուարկեն, որ եթէ իրենց ռազմագիտական սերտ դաշնակից Թուրքիա զէնքի ուժով Մուսուլը իրեն կցելու  յայտարարութիւններ կ՛ընէ եւ անպատասխան կը մնայ, ուրեմն… կարելի է նոյնը ընել՝ այս անգամ Արցախին <<ինքնավարութիւն>> խոստանալու քօղին տակ: Չկասկածիք. Թուրքիոյ՝ Մուսուլը կցելը եւ Արցախին <<ինքնավարութիւն>> տալու ատրպէյճանական ճարպիկութիւնը էապէս նոյն բաներն են:

Ուզենք կամ չուզենք, դաժան իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան այսօր փաստօրէն կը գտնուի վերոնշեալ նոյն խաղատախտակին վրայ:

Տարբերութիւնը այն է, որ մինչ Թուրքիոյ պարագային Stop! նշանը ցոյց տուող չկայ (ցարդ), Արցախի պարագային կա՛յ եւ… չկայ: Չկայ, որովհետեւ հայկական կողմը, այս յօդուածագիրին կարծիքով, անհրաժեշտ պատասխանը չի տար ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն, իր սաղմին մէջ չի խեղդեր զանոնք՝ համարժէք ու ազդու պատասխան տալով: Սկսած ենք յօրանջելու ԼՂՀ Պաշտպանական բանակի ամէնօրեայ եւ նոյն կրաւորական բովանդակութեամբ  հաղորդագրութիւններէն. <<Իրավիճակը վերահսկում ենք…>>:

Դարձեալ այս յօդուածագիրին համոզումով, հայկական դիւանագիտութիւնը ըսելիք պէտք է ունենայ Իրաքի ու Սուրիոյ նկատմամբ Էրտողանի վերջին կեցուածքներուն կապակցութեամբ: Անգարայի սուլթանին առնուազն յիշեցնելու համար, որ եթէ Մուսուլի կապակցութեամբ կան կալուածային <<փաստաթուղթեր>>, մեր պարագային եւս կան թէ՛ կալուածային եւ թէ միջազգային օրէնքի փաստաթուղթեր:

Մինչ իրաքեան կողմը քաղաքական եւ զինուորական կարելիութիւնները չունի Թուրքիոյ հակազդելու, նոյնը չէ պարագան Հայաստանի՝ ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի:

Անհրաժեշտ է զսպել ատրպէյճանական սանձարձակութիւնները սահմանին վրայ, որպէսզի, ժողովրդային խօսքով, Պաքուի միտքէն <<չախալ չանցնի>>: Չի բաւեր <<ձեր ինքնավարութիւնը ձեզի պահեցէք>> խօսքը բերանացիի սահմաններուն մէջ պահել: Այդ յայտարարութիւնը աւելի ազդու կը դառնայ, երբ կը կատարուի ոչ թէ Ստեփանակերտէն կամ Երեւանէն, այլ՝ Թալիշէն մինչեւ æաբրայիլ երկարող սահմանի որեւէ մէկ հատուածէն, <<խրամատային>> լեզուով:

Բոլորս ալ գիտենք, որ քաղաքական դաշտը դաժան է, եւ հոն հաշուի կ՛առնուի միայն ուժը՝ իր բոլոր արտայայտութիւններով: Միայն թէ, երբեմն պէտք է դիմացինին ալ յիշեցնել այս չոր իրականութիւնը:

 

* Այս իրարամերժութեան վերջին օրինակը. ամիս մը առաջ Լաւրով եւ Քերի զինադուլի եւ անոր յաջորդելիք քայլերու շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացուցին Սուրիոյ հարցով: Երկու օր ետք… ամերիկեան օդուժը, Փենթակոնի հրահանգով, յարձակեցաւ Հասաքէի մէջ ՏԱԷՇին դէմ կռուող սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ: Վերէն վար <<ցեխոտած>> (ուրիշ բառ չգործածելու համար) Քերի ստիպուեցաւ յայտարարելու. <<Սխալ մըն էր, եղաւ>>:

 

Լոս Անճելըս

27 Հոկտեմբեր 2016

vproodian@gmail.com

 

comments