By Asbarez | Friday, 18 November 2016
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահական աննախադէպ ընտրութիւնները աւարտեցան Տանըլտ Թրամփի անսպասելի յաղթանակով…
Նոյեմբեր 8ի ընտրութիւններէն ետք, ինքնակոչ հայ վերլուծաբանները բազմաթիւ ենթադրութիւններ ըրին նորընտիր նախագահի՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ գործարար կապերու մասին, սխալմամբ եզրակացնելով, որ ան Հայաստանի թշնամիներուն կողմը կը բռնէ։
Նկատի ունենալով, որ Թրամփ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ ըրած հայկական հարցերու վերաբերեալ, ուրեմն, իրականութեան մէջ, ոչ ոք կրնայ գիտնալ, թէ ինչ պիտի ըլլայ անոր դիրքորոշումը…
Բացի Թրամփի քարոզարշաւի յախուռն խոստումներէն՝ <<չորցնել Ուաշինկթընի մէջ առկայ ճահիճը>> եւ <<Ամերիկան կրկին դարձնել հզօր>>, ոչ ոք կրնայ կանխատեսել, թէ ան ինչ պիտի ընէ ներքին կամ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս: Ասկէ բացի, ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ ան կառչած պիտի մնայ այն դիրքորոշումներուն, զորս արտայայտած է նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին: Վերջին ամիսներուն եւ յատկապէս ընտրութենէն ետք, Թրամփ մեղմացուցած է իր տեսակէտները շարք մը գլխաւոր հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս՝ բոլոր մահմետականներու մուտքի արգիլումը Միացեալ Նահանգներ, պատի կառուցումը Մեքսիքայի սահմանին, 11 միլիոն ապօրինի ներգաղթեալներու արտաքսումը եւ Obamacare-ի ջնջումը: Ինչպէս նախագահ Օպամա բացատրեց 14 Նոյեմբերի իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թրամփ գործնական մարդ է եւ կայուն հայեացքներու գաղափարախօս չէ: Հետեւաբար, շահարկելու փոխարէն, թէ ինչ կ՛ընէ Թրամփ իբրեւ նախագահ, եկէք հետեւինք Հիլըրի Քլինթընի իմաստուն խորհուրդին՝ ըլլալ <<ողջախոհ>> եւ Տանըլտ Թրամփի <<հնարաւորութիւն տալ ղեկավարելու>>…
Նկատի ունենալով, որ նորընտիր նախագահը տակաւին յստակ դիրքորոշում չունի հայկական հարցերու վերաբերեալ, հիմա ճիշդ ժամանակն է, որ ամերիկահայերը խնդրեն Քոնկրեսի հանրապետական կողմնակից անդամներէն՝ համայնքի հիմնական մտահոգութիւնները փոխանցել Թրամփի եւ իր խումբին: Նման շփումներ աւելի դժուար կ՛ըլլան Յունուարին, երբ նախագահը իր երդմնակալութենէն ետք ուղղութիւններ տայ իր նոր անձնակազմին: Իսկ մինչ այդ, թուրք եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները, Ուաշինկթընի իրենց հզօր լոպիիստներուն միջոցով, զբաղած են սեփական կապերու հաստատումով՝ Թրամփի անցումային խումբին եւ Քոնկրեսին հետ… Աւելին, մինչ բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ, որոնց շարքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, շնորհաւորական ուղերձներ յղած են նորընտիր նախագահին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անձամբ հեռաձայնած է Թրամփին՝ կոչ ընելով անոր աւելի սերտացնել յարաբերութիւնները իրենց երկիրներուն միջեւ…
Արդէն անհանգստացնող նշաններ կան, որ Թրամփի երկու մերձաւոր օգնականները, որոնք, հաւանաբար, բարձր պաշտօններ ստանան նոր վարչակազմին մէջ, կատաղի թրքամոլներ են.
Մինչ նորընտիր նախագահի հետ հայկական կապեր գործնականին մէջ գոյութիւն չունին, համայնքը բարեբախտաբար մշակուած գերազանց յարաբերութիւններ ունի Քոնկրեսի բազմաթիւ վերընտրուած անդամներու հետ թէ՛ դեմոկրատներու, թէ՛ հանրապետականներու, որոնք կրնան Հայաստանի եւ հայերու համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող օրինագիծեր ընդունիլ եւ բանաձեւեր անցընել:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հաւանութեան արժանացած Քոնկրեսի թեկնածուներու աւելի քան 90 տոկոսը ընտրուած է 8 Նոյեմբերին: Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող 122 թեկնածուներէն 117ն յաղթած են, ներառեալ Քալիֆորնիայէն ամերիկահայ դեմոկրատ գոնկրեսականներ Ճեքի Սփիր եւ Աննա Իշու: Ցաւօք, Իլինոյ նահանգէն հանրապետական քոնկրեսական, Քոնկրեսի Հայաստանի աջակցութեան խումբի համանախագահ Ռապըրթ Տոլտ չէ վերընտրուած, նաեւ չէ շահած Ներկայացուցիչներու տան թեկնածու Տենի Թարխանեան (հանրապետական, Նեւատա):
Ծերակոյտի ընտրութիւններուն Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հաւանութեան արժանացած 11 թեկնածուներէն եօթն յաղթած են 8 Նոյեմբերին: Հայաստանի աջակցութեան խումբի անդամ, քոնկրեսական Վեն Հոլըն (դեմոկրատ, Մերիլենտ) ընտրուած է ծերակուտական՝ նախընտրական փուլին Թուրքիոյ աջակցութեան խումբի անդամ, քոնկրեսական Տանա Էտուըրտզին յաղթելէ ետք: Շատ ցաւալի է, որ չէ վերընտրուած հայկական հարցերու ջատագով, ծերակուտական Մարք Քըրք (հանրապետական, Իլինոյ):
Հարկ է նշել, որ մինչ Քոնկրեսի Հայաստանի աջակցութեան խումբի 11 անդամները չեն վերադառնար Ներկայացուցիչներու տուն՝ պարտուելու, թոշակի անցնելու, արձակուելու կամ այլ պաշտօն ստանձնելու պատճառաւ, Թուրքիոյ աջակցութեան խումբը աւելի մեծ կորուստ ունեցած է. 19 անդամներ չեն վերադառնար Ներկայացուցիչներու տուն, ներառեալ համանախագահ Էտ Ուիթֆիլտ (հանրապետական, Քընթաքի), որ այս տարուան սկիզբը հրաժարական տուած էր Բարոյական արժէքներու յանձնաժողովի ստուգումներու պատճառով:
Ընտրութիւններուն հայ համայնքի քոնկրեսական կողմնակիցներու ձեռք բերած բաւական մեծ յաջողութիւնները լաւ նախանշան են Քոնկրեսին մէջ հայկական հարցերու հետապնդման համար:
Հաշուի առնելով, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի վերահսկէ Քոնկրեսի երկու տուները եւ Սպիտակ տունը, հանրապետական հայերու պարտքն է աւելի շատ անդամներ գրաւել մեծամասնութիւն ներկայացնող կուսակցութենէն, իսկ դեմոկրատ հայերը կրնան ամրապնդել իրենց երկարատեւ կապերը՝ փոքրամասնութիւն հանդիսացող կուսակցութեան հետ: Ի վերջոյ, Հայկական Հարցը, իբրեւ անկողմնակալ խնդիր, պետք է արժանանայ երկու կուսակցութիւններու աջակցութեան…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
<<Քալիֆորնիա Քուրիըր>> թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է