Հազար Դրամը Անշո՛ւշտ Պէտք է Տալ

By Asbarez | Saturday, 19 November 2016

 

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

 

WRITERS VATCHE PROODIAN

Յոյն գիտնական Արքիմետեսի կը վերագրուի այն խօսքը, որ <<Տուէք ինծի կենալու տեղ մը եւ ես աշխարհը կրնամ տեղէն շարժել>>:

Ինչո՞ւ  յիշեցի 8րդ դասարանիս գի-տութեան դասի ընթացքին լսած այս դրուագը:

Վերջին շաբաթներուն, մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ քննարկումներու եւ վէճերու ականատես եղանք: Նիւթը՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛առաջադրէ աշխատավարձ ստացող իւրաքանչիւր բնակիչէ ամսական 1000 դրամ գանձել, եւ հաւաքուած գումարէն յատկացումներ կատարել նահատակ կամ վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն:

Մեծ էր թիւը այս առաջարկը ողջունողներուն, որովհետեւ, ի վերջոյ բանակի կարիքներուն համար է հաւաքուելիք գումարը: Նկատառելի էր նաեւ առարկողներուն թիւը, այն մօտեցումով (մօտաւորապէս), որ ի՞նչ վստահութեամբ պիտի տրուին այս գումարները, երբ չարաշահումներ եւ իւրացումներ եղած են պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ:

Մեր համոզումով, տեսակէտներու բախումը, այս հարթութեան վրայ, օգտակար չէր եւ անհրաժեշտ էր կանխել զայն: Ինչպէ՞ս. քիչ մը համբերեցէք…:

Բնականաբար պիտի չմտնենք այս վէճին մէջ, որովհետեւ հայկական բանակին, կամ Հայաստանի ազգային ապահովութեան մասին որեւէ հանրային խօսակցութիւն կամ քննարկում զարգացնելէ առաջ, պէտք է մեկնիլ հիմնական սկզբունքէ մը. այսինքն՝ այնպիսի ձեւով մօտենալ խնդի-րին, որ տուեալ քննարկումը մեր թշնամիներուն համար շահագործելի նիւթի չվերածուի:

Հայկական բանակին ուժեղացման, կամ պաշտպանական համակարգին ի նպաստ որեւէ քայլ, միայն պէտք է ողջունել: Սա սկզբունքային հարց պէտք է համարել: Իսկ այդ քայլը գործադրելու միջոցներուն մէջ, կարելի է տարակարծիք ըլլալ, առաջարկներ կամ հակա-առաջարկներ մէջտեղ բերել:

Օրինակի համար, խորհրդարանէն ներս ՀՅԴ խմբակցութեան առաջարկներէն մէկը այն էր, որ գանձուելիք գումարը պէտք է ճշդուի ըստ եկամուտի: Այս յօդուածագիրին համոզումով, առաջին, նման մօտեցում մը կը նշանակէ, որ պետական-վարչական բնագաւառէն ներս, <<թուղթի գործ>>ի նոր օղակ մը պիտի աւելնայ, պետական դիւանակալութիւնը շերտով մը եւս պիտի բարդանայ: Որովհետեւ տեղ մը, պետական որոշ թիւով պաշտօնեաներ ու գրասենեակներ պիտի զբաղին աշխատող քաղաքացիներու, անոնց աշխատավարձերու ցուցակագրումով, թերեւս յատուկ համակարգչային ծրագրաւորում ալ պէտք է պատրաստել, որպէսզի <<ճիշդ>> ըլլայ գանձումը: Երկրորդ, այս գործընթացը կրնայ պատճառ դառնալ, որ մարդիկ արուեստական կերպով իրենց եկամուտը (կամ աշխատավարձը) <<նուազ>> ցոյց տան, որպէսզի <<նուազ>> ալ վճարեն… Մէկ խօսքով, անհարկի դիւանակալութեան եւ յաւելեալ ապօրինութեան դուռ կրնայ բացուիլ: Նաեւ, թափանցիկութիւնը կրնայ… <<պղտորիլ>>:

Մինչդեռ միակտուր ու համահարթեցուած դրութիւն մը աւելի հակաշռելի եւ աւելի թափանցիկ կրնայ ըլլալ:

Վերադառնալով այս յօդուածին սկիզբը ակնարկուած վէճին, պէտք է ըսել, որ 1000 դրամի գաղափարը ունի երկու կարեւոր բաղադրիչ:

Առաջինը այն, որ ժողովուրդը բանակին համար ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ կ՛առնէ: Մոռցա՞նք անցնող Ապրիլին ստեղծուած համաժողովրդային զօրակցութեան մթնոլորտը:

Երկրորդը, երկուքուկէս տասնամեակէ ի վեր իշխող ընտրանիին մօտ յամեցող այն յոռի գործելակերպը, որ յանգած է քաղաքացիներուն մօտ անվստահութեան վերաբերումին: Ընտրութիւնները թերի ու անարդար, դատական համակարգը թերի ու անարդար, տնտեսութիւնը խեղդուած՝ մենաշնորհեալներու ձեռքին, հաւասար պայմաններու չգոյութիւն եւ մասամբ նոցին: Այս սիւնակներէն բազմիցս անդրադարձած ենք կառավարման համակարգի թերութիւններուն ու նոյն այդ համակարգի սնանկացած ըլլալու փաստին մասին:

Հետեւաբար, առանց արդարացնելու վերոնշեալ վէճին մէջ արտայայտուած առարկութիւնները եւ <<բայց>>երը, նոր կառավարութիւնը (վարչապետ եւ նախարարական կազմ) պարտաւոր է թէ՛ խորքային եւ թէ միաժամանակ հանրային հնչեղութիւն ունեցող քայլեր առնելու, որպէսզի իշխանութեան հաւաստիութեան որակը բարձրացնէ, որպէսզի ժողովուրդին մօտ արդարօրէն յամեցող անվստահութեան մթնոլորտը չէզոքացնէ եւ փարատէ:

Երբ կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ լուրջ ու անկեղծ քայլեր առնէ, ոչ ոք կրնայ այլեւս խնդրոյ առարկայ դարձնել գանձուելիք գումարներու ճակատագիրը: Ըսել չենք ուզեր, որ խնդրոյ առարկայ դարձնողները ճիշդ են. բանակը վեր պէտք է պահել նման մօտեցումէ: Բանակին նկատմամբ մեր վերաբերումը չի կրնար պայմանական ըլլալ:

Ոչ ոք թող կասկածի տակ առնէ մեր ժողովուրդին (Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի) սէրը, նուիրումը եւ զոհողութիւնը բանակին նկատմամբ: 1000ական դրամի ծրագիրին մասնակից պիտի ըլլանք բոլորս, անխտիր, առանց տրտնջալու: Իսկ այս դրական վերաբերումը պարզապէս կարելի է բազմապատկել, երբ զուգահեռաբար սկսին առնուելու այնպիսի քայլեր, որոնք կը փակեն թերահաւատութեան տանող բոլոր ուղիները ու այս անտեղի վէճն ալ կարելի էր խնայել մեր հանրութեան:

Այնպէս որ, վերադառնալով Արքիմետեսին, մեր խօսքը կ՛ուղղենք կառավարութեան: Արժանացած էք խորհրդարանի վստահութեան քուէին, հիմա եկած է պահը, որ արժանանաք նաե՛ւ ժողովուրդին վստահութեան, հաւատք ներշնչէք անոր: Ու այն ատեն, կ՛ունենաք այն <<կենալու տեղը>>, ուրկէ կրնաք <<շարժել>> ամբողջ հայկական աշխարհը:

Մինչ այդ՝ 1000ական դրամը պիտի տանք առանց դժգոհելու, Սողոմոն Իմաստունի դրուագի այդ հարազատ մօր նման: Որովհետեւ մեր բանակը <<անվիճելի>> է ու անճառելի:

 

Լոս Անճելըս,

17 Նոյեմբեր 2001

vproodian@gmail.com

 

comments

Advertisement