Հալէպի Մէջ Արձանագրուող Տեղաշարժին Քաղաքական Բաժինը

By Aztag Daily | Saturday, 03 December 2016

Հաւանաբար առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հալէպի շուրջ ընթացող մարտերուն կ’արձանագրուին գետնի վրայ նկատելի տեղաշարժեր: Կառավարական ուժերը կ’արձանագրեն յստակ առաւելութիւն եւ իրենց վերահսկողութեան տակ կ’առնեն Հալէպի այն շրջանները, որոնք կը  գտնուէին առաւելաբար կրօնական անուան տակ կռուող տարբեր, բազմատեսակ զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ:

Մինչ այս արձանագրուած տեղաշարժը, թէժ մարտերը, ռուսական կործանիչներու աշխուժ ներգրաւումը եւ կառավարական ուժերու թափանցման փորձերը չէին յաջողեր գետնի վրայ դիրքերու գրաւման տեղաշարժեր ապահովել: Հայկական թաղամասերէն որոշ հատուածներ կը գտնուէին շփման գիծերու անմիջական շրջակայքը, եւ այդ սահմանագիծը փաստօրէն կը մնար անշարժ` երկկողմանիօրէն քարացած պահելով նաեւ զինուորական դիրքերը:

Հիմա փոխուած է կացութիւնը. աւելի ճիշդը փոփոխութեան ընթացք մը ծայր առած է, որ զինուորական բացատրութեան առընթեր ունի նաեւ իր քաղաքական տրամաբանութիւնը: Սուրիական կառավարական ուժեր-Իրանի զինուորական ներկայութիւն, գումարած լիբանանեան Հըզպալլայի ցուցական մասնակցութիւն եւ այս բոլորին վրայ աւելցող ռուսական կործանիչներ ամիսներ շարունակ Հալէպի պարագային չէին կրցած գետնի վրայ տեղաշարժ ապահովել մինչեւ օրեր առաջ արձանագրուածը:

Զինուորական ուժերու այս հանրագումարային պատկերը տրամաբանօրէն պիտի յաջողէր նահանջի մատնել ահաբեկչական խմբաւորումները, եւ անոնց հետ նաեւ երկրորդ գիծի վրայ կռուող հակակառավարական ուժերը, ճանչցուած` <<ընդդիմադիր ուժեր>> տարազով:

Ուղղակի-անուղղակի հովանաւորչութիւն, աջակցութիւն եւ պաշտպանութիւն գոյութիւն ունէր փաստօրէն զինեալ խմբաւորումներուն: Այն երկուութիւնը, թէ զինեալ խմբաւորումները չէզոքացնելով նպաստած պիտի ըլլային Սուրիոյ նախագահով մարմնաւորուած վարչակարգին, պատճառ էր հիմնական քաղաքական համաձայնութիւններու ուշացման, ձգձգման եւ անոր առընթեր զինուորական գործողութիւններու սահմանափակման:

Միայն որոշ ժամանակի համար կայացած քաղաքական համաձայնութիւն մը գերտէրութիւններու միջեւ կրնար յանգիլ տեղաշարժային այս արդիւնքին: Այլապէս, նախորդ ամիսներուն վրայ երկարող սթաթիւս քոն (գոյավիճակը) կամ գրաւում-նահանջ պարանաձգութիւնը պիտի շարունակուէր:

Երեւոյթները մտածել կու տան, որ իրար հակակշռող զսպիչ գօտիներու ընդհանուր դաշտին մէջ կ’արձանագրուէին զինուորաքաղաքական գործողութիւնները եւ ընդհանուր միջգերտէրութենական վերահսկողութիւնը կը պահպանուէր: Այս տեղաշարժը կը նախանշէ բարձր մակարդակի վրայ համաձայնեցուած վերահսկողութեան տակ ռուս-իրանեան դաշինքի զինուորաքաղաքական գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը: Եւ այնպէս չէ, որ միայն ռուս-թրքական կարճաժամկէտ մերձեցման արդիւնքն է, որ Անգարան աւելի կրաւորական դիտեց ռուսական կործանիչներուն կամ իրանեան ռազմական միջամտութիւններուն հետեւանքով Հալէպի որոշ հատուածի ազատագրումը ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Առանց Ուաշինկթընի լուռ համաձայնութեան դժուար թէ իրականանար տեղաշարժը, կամ Հալէպի ռազմավարական հատուածին ռուս-իրանեան գործօնի ճամբով կառավարական ուժերուն վերահսկողութեան տակ առնուիլը:

Ինչ կը վերաբերի ռուս-թուրք կարճաժամկէտ մերձեցման, ապա գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ արդէն իսկ կ’երեւի սուր հակասութիւն: Թուրքիոյ նախագահը սուրիական պատերազմին իր ներկայութիւնը կը պայմանաւորէ Ասատի վարչակարգի հեռացման նպատակով: Բնական է նաեւ, որ դէպի Մոսկուա շրջադարձ կատարած, ներողութիւն խնդրած-չխնդրած, Սոչիի մէջ ռուսական ձայները շատ արագ լսող Անգարան այս բոլորը նաեւ կը գործադրէր սպառնական ուղերձներ ուղղելու համար ընդհանրապէս Արեւմուտքին: Հիմա նաեւ Հալէպի ազատագրումը կրաւորական դիտող Անգարան ներգործօն դեր կը փորձէ ստանձնել այս անգամ Դամասկոսի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու Արեւմուտքի պահանջը իր սեփականը նկատելով:

Անգարայի այս խաղերը արդիւնաւորուելու շատ տեղ չունին փաստօրէն: Անգարան ինքը յայտնուած է այլեւս այլոց խաղի կանոններուն հետեւելու, իբրեւ խաղաթուղթ օգտագործուելու տուեալ պահուն զինուորաքաղաքական գործողութիւն իրականացնելու համար: Մնացեալը զուտ յայտարարողական սպառնական ուղերձներ են, որոնք առարկայացում չեն գտներ յաճախ:

Իսկ թէ ի՛նչ պատճառով ի յայտ եկաւ ամերիկեան կողմի այս <<կրաւորական>> կեցուածքը, թերեւս նոյնպէս լայն անդրադարձի նիւթ է: Կարելի է այս երեւոյթը կապել նոր նախագահի ընտրութեան հետ: Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ նորընտիր նախագահ Թրամփի արտայայտութիւններուն արդէն ծանօթ ենք: Եւ գուցէ Սուրիոյ մէջ  դրսեւորած դիրքորոշման փոփոխութեան մէջ արտայայտուիլ սկսած է  ամերիկեան նոր քաղաքականութիւնը: Շատ ժամանակ չէ մնացած այս ենթադրութեան ճիշդ կամ սխալ ըլլալու ուղղութեամբ համոզուելու համար:

 


comments

Advertisement