Սերունդի Մը Ուղղուածութիւնը

By armenia.com.au | Saturday, 03 December 2016

Մովսէս Ինճէճիկեան

 

Աւստրալիոյ hայ գաղութը կազմուած է ընդհանրապէս 1950–ական թուականերէն սկսեալ Միջին Արեւելքի պատերազմներէն ճողոպրած ազգութեամբ հայ գաղթականներով։Ցեղասպանութենէն ետք, կրկին անգամ տարագրեալ լինելով, անոր մտայնութեան մէջ խարբերդցի,սասունցի կամ տիգրանակերտցի ըլլալը փոխարինուած է լիբանանահայ,պարսկահայ, կամ եգիպտահայ եզրերով։ Այս դիտարկութիւնը մանաւանդ զգալի է Աւստրալիա ծնած ու հասակ առած hայ երիտասարդութեան մէջ:

Այս վերջին խմբաւորումը ուսումնասիրելը հետաքրքրական բայց նոյնքան ալ դժուար աշխատանք մըն է, մանաւանդ երբ նկատի առնենք անոր բաղադրիչ երեք հիմնական մասերը: Ազգային տեսանկիւնէ դիտուած, անոնք են՝ Անտարբեր, Մոլորուած, ու Հայրենասէր ենթախմբաւորումները:

Այս ցամաքամասին վրայ, հազուագիւտ պարագայ մը չէ գտնել ''եան'' մականունով երիտասարդ մը, որուն երբ հարց տաս իր հայ ըլլալը, պատասխանը կ'ըլլայ ժխտական ու կ'ըսէ թէ իր հայրը հայ էր: Ընտանեկան անհայեցի դաստիարակութիւնն ու հայկական միջավայրէ անջատուիլը ուղղակի պատճառները կը հանդիսանան արմատներու հանդէպ այս անտարբերութեան: Ալիսիան Սիտնիի մէջ ու Ալէքսը Քուինզլանտի մէջ մէկական օրինակներ են այս ցաւալի երեւոյթին:

Իսկ մոլորուածները միւս կողմէ, կը տատանին մերթ հայկական շրջանակէն ներս եւ մերթ օտար միջավայրին մէջ: Հայուն արիւնը ու ծնողներուն յորդորումները կը մղեն այս երիտասարդները մասնակցելու հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող ձեռնարկներուն, որուն կողքին տարին անգամ մը կը տեսնուին հայկական եկեղեցիի մը շրջափակէն ներս կամ հայկական պարահանդէսի մը ընթացքին: Յիշուած երիտասարդները այս անցողական վիճակէն դուրս կու գան կամ օտարամոլ ընտանիք մը կազմելով որ կ'արտադրէ վերոյիշեալ անտարբեր երիտասարդները եւ կամ կը վերադառնան իրենց հայկական արմատներուն ու կը ջանան մնացեալ մոլորուածներուն մէջ ազգասիրութեան ոգին արթնցնել:

Ճիշտ այս կէտին շուրջ է որ վիճաբանութիւններ կը ծագին մեր մէջ, ուր յոռետեսներն ու լաւատեսները իրար հակասող օրինակներ կը պարզեն ու դժբախտաբար եզրակացութեան մը չեն յանգիր: Իսկութեան մէջ, պատճառը շատ պարզ է: Մինչեւ այսօրս գոյութիւն չունի լայնածաւալ առարկայական ուսումնասիրութիւն մը որ կը ներկայացնէ այս երեք խումբերուն թուային պատկերը սփիւռքի որեւէ մէկ երկրի մէջ: Աւելին, ի՞նչ են այն փաստացի դրդապատճառները որոնք կ'ուղղեն հայ երիտասարդը դէպի այս երեք խումբերէն մին ու ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագայի անոր ազդեցութիւնը  հայ մարդուժի տարողութեան վրայ: Հարցումներ, որոնց համար կարելի է համոզիչ պատասխաններ գտնել վիճակագրական թիւերով:

Չտատամսինք երբէք այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը նախաձեռնելէ, վախնալով որ հայրենասէր երիտասարդներուն թիւը սակաւ է ու կրնայ մերկացնել մեր <<թշուառ>> վիճակը: Անձնապէս հանդիպած ու ծանօթացած եմ Աւստրալիոյ մէջ աչքերնին բացած հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու, որոնք ընդհանուր առումով դրական տպաւորութիւն մը ձգած իմ վրաս:Լսելով հայրենասէրներուն բերանացի վկայութիւնները ու զննելով իրենց ամէնօրեայ ապրելակերպը, յոյսով կը զինուիմ հայ ազգիս դատը պաշտպանելու իրենց կողքին:

Գաթիան, որ տարիներէ ի վեր սովորութիւն ըրած է առաւօտեան իր աչքերը բանալ հայրենասիրական երգեր լսելով մինչեւ իր դպրոցին դուռը հասնիլը, ունի իրեն նման ընկերներ որոնք գիշերները յեղափոխական երգեր լսելով կը փակեն իրենց աչքերը, ինչպէս Զոհրապը Սիտնիի մէջ ու Ալիշանը Մելպուրնի մէջ:

Հայկական մշակոյթը սիրող ու ծաղկացնող երիտասարդները միշտ կը հրապուրեն Աւստրալիոյ հայ գաղութը:Վարանդը, օրինակ, իր թատերական ձիրքը կը բանեցնէ հայերէն թատրօններ խաղալով, իսկ Մանուկը իր հմայիչ առոգանութիւնը կը գործածէ հայ հանճարներու արտասանութիւնները փոխանցելով: Գօլէթը իր կարգին ոչ թէ միայն մաս կը կազմէ Համազգայինի <<Սասուն>> մասնաճիւղի պարախումբին, այլ նաեւ հմտացած է հայկական պարարուեստին մէջ ու պարուսոյց է տասնեակաւոր հայ պատանիներու: Իսկ Նարեկը կը սիրէ իր մասնագիտական գծագրութիւններով մասնակցիլ թրքական ու ազերիական քաղաքականութեան դէմ կազմակերպուած հայկական ցոյցերու նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Հայերէն լեզուի հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւնը կարելի է գտնել Յովհաննէսին մէջ, որ միայն հայատառ բջիջայինի նամակներով կը հաղորդակցի իր եղբօրը հետ, կիրառկելու համար կիսատ մնացած իր սորված հայերէնը երբեմնի Սուրբ Գրիգոր ամէնօրեայ վարժարանէն: Որքա՜ն ցաւ կը յայտնէ Ռուբէնը երբ այդ դպրոցին նիւթը բացուի, ու կը սկսի խօսիլ մինչեւ այսօրս կանգուն մնացած Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի կարեւորութեան մասին:Մարալն ալ կ'երկրորդէ իրեն որ երբէք չզղջար օրական աւելի քան 50 քմ դէպի Համազգային դպրոց ճամբայ չափելուն,ի սիրոյն հայեցի դաստիարակութեան:Իսկ Աւստրալիոյ չորս հայկական շաբաթօրեայ դպրոցներու շրջանաւարտները շատ անգամ կը զարմացնեն բոլորին: Օրինակի համար Վաչէն այս գաղութի ամէնաուշագրաւ ճարտասաններէն է որ երկվայրկեաններու մէջ կարող է հայերէն ճար մը պատրաստել առանց որեւէ մէկ սխալմունքի: Աբօն որ օրական դրութեամբ կը հետեւի հայկական մամուլին, հերթական դասախօսութիւններ կը պատրաստէ իր ընկերներուն:  Հոս է որ ընտանիքի մը կենսունակ դերակատարութիւնը կը պարզուի հայակերտման գործընթացքին մէջ: Շանթն ալ այս շրջանաւարտներէն, կը խօսի սահուն հայերէն ու անգլերէն ու իր երկու ծնողները հայ ըլլալով նոյնիսկ, զարմանալիօրէն կը տիրապետէ արաբերէն լեզուին որուն համար դասընթացքներու հետեւած է պատանի տարիքին:Այս վերջին օրինակը կը լռեցնէ բոլոր անոնց որոնք կը կարծեն թէ հայերէն սորվիլը շատ դժուար է այս երկրին մէջ:

Նոյնիսկ հայերէն չգիտցողներուն մէջ ալ կը գտնուին թունդ հայրենասէրներ: Շահանէն հեղինակն է այս տարի լոյս տեսած <<Ցեղասպանութեան Մանուկները>> վաւերագրական տեսաերիզին, որուն միջոցաւ ան կը ծանօթացնէ մեր ցեղասպանութեան իրողութիւնը օտարին: Իսկ Ալէքսը ժրաջան աշխատանք տարած է վերջերս համացանցի վրայ տեղադրուած Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչութեան պաշտօնական կայքէջի հիմնադրութեան գործին մէջ, որմով կը ներկայացնէ Արցախի մեր հայրենակիցներուն պահանջատիրական դատը Աւստրալիացիներուն:

Հայրենիքէն ներս ծարայելու իղձը միշտ կարկառուն է այս երիտասարդներուն մէջ: Սարօն իր համալսարանը աւարտելէն ետք, մի քանի ամսուայ համար անցած է Հայաստան <<Դէպի Հայք>> ծրագիրին մասնակցելու եւ իր ճարտարապետական գիտելիքները գործնականի դարձնելու հայրենի հողին վրայ: Մարլինն ու Քրիստինը  հայրենիքի իրենց պատանի հայրենակիցներուն հոգեւոր սնունդ փոխանցելու համար անցեալ տարի իբրեւ առաջնորդներ մասնակցեցան Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կազմակերպած բանակումին: Ասոնցմէ զատ, այս տարի Արամը իր շուրջը 28 գաղափարակից երիտասարդներ հաւաքելով միասնաբար յաջողցուցին առաջին անգամ ըլլալով Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան (Ա.Ե.Մ) կազմակերպած ճամբարը Նոր Նորքի շրջանէն ներս:Աւելին, Թամարը չբաւարարուիր այս ժամանակաւոր ծառայութիւններով ու ամէն գիշեր կ'երազէ հայրենադարձի մասին:

Վերջաւորութեան, կ'ուզեմ փակել Գէորգին խօսքերով որուն վերջերս երբ կը շնորհաւորէի հայ խօսեցեալ մը ունենալուն համար, ան պատասխանեց ըսելով <<Անշուշտ հայ պիտի ըլլայ կողակիցս, որովհետեւ ազգս առաջ կու գայ, ետքը սէրը>>:

 


comments

Advertisement