Վերելքի Սկիզբի՝ Ուշացած Բայց Անյետաձգելի Ազդանշանը

By Asbarez | Saturday, 31 December 2016

 

ASBAREZ_Armenian_NYS_Cvr_1

 

Հայրենիքը պէտք է հզօրանայ, պէտք է կասեցուի տնտեսական վայրէջքը, արտագաղթը, պէտք է համընդհանուր՝ տնտեսական, հասարակական, քաղաքական, մշակութային վերելքը սկսի, պէտք է հնչէ վերելքի ազդանշանը:

Այդ ազդանշանը պէտք է տանք բոլո՛րս: Աշխատանքով, պայքարով, կառուցելով, նպաստելով, աջակցելով, քննադատելով, ընդդիմանալով՝ յանուն Հայաստանի բարգաւաճման, յանուն Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան:

Դժուար եւ ցաւագին տարի մը եղաւ անցեալ տարին: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին անփոխարինելի կորուստները, պետութեան ներքին կայունութիւնը ցնցող Յուլիսեան իրադարձութիւնները… իւրաքանչիւրը իր յատուկ դրդումով պէտք է մեզ արթնցնէ օրուան տագնապներուն հետ հաշտուելու թմրեցնող քունէն:

Այո՛, մենք կրնանք այդ ցաւին ու տագնապին մէջ գտնել ներքին այդ ուժեղ կամքն ու վճռականութիւնը, որոնք կրնան մեզ, հաւաքաբար, առաջնորդել դէպի ինքնամաքրում, դէպի կտրական մերժում՝ ամէն տեսակի կեղծիքի, անարդարութեան, փտածութեան, չարաշահութեան:

Պիտի գտնենք նաեւ վճռականութիւնը դրսեւորելու անյպիսի՛ դրական լիցք, այնպիսի՛ վստահութիւն, որ պիտի կարենայ շարժել մեր ստեղծագործ ջանասիրութիւնը, պիտի կարենայ մեզ հաւաքել ընդհանուր նպատակի շուրջ:

Վերելքի ազդանշանը մենք այստե՛ղ պիտի հնչեցնենք, իբրեւ սփիւռքեան կարեւորագոյն համայնքներէն մէկուն կողմէ յայտարարուած յանձնառութիւն, զօրակցութեան եւ գործակցութեան պատրաստակամութիւն:

Մենք համոզուած ենք, որ մեր երազի հայրենիքը անհնար չէ իրականացնել, եւ որ մեր մէջ կայ ահռելի՛ ներուժ՝ այդ երազի իրականացմանը նուիրաբերելու:

Այդ ներուժը կայ մեր երիտասարդներո՛ւն մէջ, որոնք այսօր կը յաճախեն այս երկրի լաւագոյն համալսարանները, եւ որոնք կարեւոր պաշտօններ կը գրաւեն հանրային ու մասնաւոր ոլորտներու մէջ, եւ որոնք, ամէնէ՛ն կարեւորը, տոգորուած են հայրենասիրութեամբ ու պատրաստ են ընկալելու, ջատագովելու Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ որեւէ ծրագիր:

Այդ ներուժը կայ մեր համայնքի կազմակերպուած կառոյցներո՛ւն մէջ, որոնք կրնան նպատակասլաց աշխատանքի դաշտ մտնել՝ համախմբուած, իրենց շուրջ հաւաքելով համայն հայութիւնը՝ հրաշալի՛ տարողութեամբ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կրցան հաւաքել Քալիֆորնիոյ հայութիւնը Փոքրիկ Հայաստանի պողոտաներուն վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պահանջատիրական քայլարշաւին ժամանակ:

Այդ ներուժը կը բազմապատկուի՝ միանալով միւս համայնքներուն, Սփիւռքի միւս օճախներու հայութեան ճիգերուն: Կրնայ ըլլլայ, որ մեր համայնքին իւրայատուկ բաղադրութեան բերումով՝ մե՛նք ենք ամէնէն աւելի տարակուսողը Հայաստանի մէջ դրական տեղաշարժին: Ուրեմն, թօթափելով մեր վրայէն այդ տարակոյսի սերմերը, կրնանք առաւել վստահօրէն առաջնորդողի դեր վերցնել՝ սփիւռքեան կարողականութիւնը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ ուղղորդելու դէպի հայրենիք: Մեր ներդրումի յաւելեալ կշիռը կրնայ որակապէս փոխել իրավիճակը, արագացնել բարեփոխման գործընթացը, պայմանաւ որ… առա՛նց պայմանի, սակայն՝ պիրկ, պարտաւորեցնող պահանջներով:

Ուրախ ենք, որ ազգովին սուրիահայութեան կենսական կարիքներուն մասին մտահոգուելու փոխարէն՝ պիտի բռնուինք անոր վերականգնումի տենդով, որ պիտի լիցքաւորուի նո՛յն գործին լծուած հալէպահայութեան ուժականութեամբ, որուն խանդավառութիւնը, որուն լաւատեսութիւնը արդէն կը վարակէ բոլո՛րս:

Մենք պիտի չսպասենք, որ վերելքի ազդանշանը հնչէ մէկ այլ տեղէ. մե՛նք պիտի հնչեցնենք զայն, ու յետագայ տագնապներու ահազանգները կանխելու եւ մեր պետութեան անվտանգութեան ու հզօրացման հիմերը ուժեղացնելու արշաւը բուռն թափով առաջ տանելու պատասխանատուութիւնը՝ աւելիո՛վ իսկ պիտի ստանձնենք:

 


 



comments

Advertisement