Յեղափոխական Բարեփոխումներ

By Asbarez | Saturday, 31 December 2016

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

 

razmigshirinian1

Ընկերվարական-ազատական (կամ՝ Դաշնակցութիւն-Հանրապետական Կուսակցութիւն) ներկայ համախոհութիւնն է, որ առիթ տուած է հայրենի մեր իշխանութեան՝ յեղափոխական բարեփոխումներով կարգաւորելու հայկական պետութիւնը, տնտեսութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ընկերային յարաբերութիւններուն նկարագիրը: Այս համախոհութիւնն է, որ քաղաքական մտածողութեան նոր առիթ կու տայ՝ արժեւորելու ներքին քաղաքական մեր հիմնական վիճակը եւ տեսնելու անոր ուժական յարաբերութիւններն ու զարգացման ապագան:

Յեղափոխական բարեփոխումներու յղացքը կրնայ տարօրինակ թուիլ հասարակաց քաղաքական մտածողութեան համար, բայց ընդունինք, որ Հայաստանի պարագային՝ անիկա իւրայատուկ է եւ հայկական արեւելումի մը բնորոշումը ունի:

Հիմնական հարցը՝ հայկական արեւելումով քաղաքական մեր խնդիրները ձեւակերպելու ճարտարապետութիւնն է: Եթէ նայինք Հայաստանի իշխանութեան ձեւակերպած ու հրատարակած նոր ծրագիրին, ապա մեր մէջ կ՛արթննայ կարճ եւ երկար բարեփոխումներու յոյս մը, քաղաքականացման նշոյլ մը, ենթակառուցային ներշնչում մը ու հայրենի կենցաղին կապուած ազգային գիտակցութեան ջիղ մը: Հոն կը տեսնենք առաւելաբար դէպի ժողովուրդ ուղղուած ուրուագիծ մը, որուն մղիչ պատճառը, հաւանաբար, հայ անհատի կեանքին բարելաւումն է եւ անոր ամուր կառչիլը՝ ազգային ու քաղաքական հասկացողութեան: Այս առումով, Կարեն Կարապետեան վարչապետը գնահատելի՛ է ժողովուրդի կողքին կենալու իր ձգտումին մէջ:

Ամփոփ կէտերու մէջ՝ կը տեսնենք, որ կառավարութեան հրատարակած նոր ծրագիրը կը ձգտի ապահովել հայրենի ժողովուրդին <<պաշտպանուածութիւնը>>, <<արժանապատուութիւնը>>, <<արդար հասարակութեան մէջ ապրիլը>>, <<լաւատեսութիւնը ապագայի նկատմամբ>> եւ յատկապէս <<կենսամակարդակի բարձրացումը>>:

Հրաշալի հաստատում է ասիկա՝ ազատական ինքնաբաւ կեանքի հանգրուանին համար, որովհետեւ կարելի չէ ապագայի ընկերվարական կեանքը հաստատել չքաւոր պայմաններու մէջ: Պէտք է ընդունինք, որ բարեկեցիկ կեանք ապրող անհա՛տն է, որ կը գիտակցի դէպի ընկերվարութիւն ոստումի անհրաժեշտութեան: Սակայն, առանց հոն հասնելու արդէն, ծրագիրին նպատակը կ՛ամբողջանայ, կը պարփակուի ազատական տրամաբանութեան մէջ եւ չի բնորոշեր անցումային այդ անհրաժեշտ հանգրուանը՝ տնտեսական բարգաւաճումի կողքին արդար համակարգ մը ստեղծելու համար: Կենսական բոլոր ընկերային եւ քաղաքական բարեկարգումները առաջադրող հաստատումներէն ետք, հաւասար, արդար եւ գործարարութիւնը խթանող պայմաններու ապահովումը կը դառնայ տնտեսական առաջադրանք բոլո՛ր անոնց համար, որոնք <<յաւելեալ արժէք>> կը ստեղծեն:

Հոս, ազատականութենէն բխած դրամատիրական տրամաբանութի՛ւնն է արդէն, որ արդար համակարգը կը տեղադրէ դասակարգային յարաբերութիւններու մէջ: Ծրագիրին մէջ տիրող ազատականութիւնը, իր տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութիւններով, կը հաստատէ դրամատիրական յստակ համակարգ մը հայրենի ժողովուրդին համար: Հազուագիւտ, սակայն դիպո՛ւկ համախոհութեան արտայայտութիւններ կան՝ ազատական այս ծրագիրը ընկերվարական մէջբերումներով հաւասարակշռելու, ինչպէս օրինակ՝ <<գիւղատնտեսական տնտեսութիւնների կոոպերացիայի խթանման ուղղութեամբ միջոցառումների իրականացում>>ը, կամ, անաւարտ ընկերվարական միտքով՝ <<աղքատութեան դէմ պայքարը, միջին խաւի ընդլայնումը>>, ինչպէս նաեւ՝ <<սոցիալական ենթակառուցուածքների զարգացումը>>:

Այս եւ նման մէջբերումներ կարեւոր անդրադարձ ու քաղաքական միտքի գիտակցում կու տան, ի վերջոյ, տեսնելու համար, որ ամբողջական ու անհակակշիռ դրամատիրութեան մէջ կը կորսուին աշխատաւոր զանգուածի շահերը, հետեւաբար՝ կ՛անտեսուին նաեւ ազգային գիտակցութիւնն ու քաղաքական արժէքներու ըմբռնումը: Վերջին հաշուով, կայ իմացական այն կորիզը, որ քաղաքական մեր մտածողութիւնը կը խարսխէ դրամատիրութենէն ազատագրուած աշխատաւոր ժողովուրդին մէջ: Այս մօտեցումով կարեւոր է անդրադառնալ, որ այս ծրագիրը հանգրուան մըն է միայն՝ մեր ամբողջ զարգացումը աշխատաւոր ժողովուրդով իմաստաւորելու: Տնտեսական <<յաւելեալ արժէք>> հասկացողութիւնը, ինքնին, տնտեսական հաւանական աճի կողքին, չի ծառայեր զանգուածային զարգացման եւ ընկերային արդարութեան: Հետեւաբար, անոր արտայայտութիւնը պարզապէս կը պարփակուի ծրագիրի սա՛ տողին մէջ. <<Հաւասար, արդար եւ գործարարութիւնը խթանող պայմանների ապահովումը բոլոր նրանց համար, ովքեր ստեղծում են աւելացուած արժէք>>:

razmigshirinian1

Կարեւորը՝ հաստատելն է այն համակարգը, ուր հայ անհատը ազատագրուած ըլլայ քաղաքական, ընկերային եւ յատկապէս տնտեսական բոլոր տեսակի խտրականութենէ, զրկանքէ ու շահագործումէ: Նման համակարգի մէջ է որ կը հաստատուի հմուտ, զարգացած, քաղաքականօրէն յառաջացած ժողովուրդ, կը հաստատուին քաղաքացիական հաստատութիւններ, արուեստագիտական առողջ հոլովոյթներ, առողջ աւանդութիւններ ու ժողովրդավարական յարաբերութիւններ:

Ասոր համար ալ, դաշնակցական քաղաքական միտքը ինքզինք փրկած է ազատական մտածողութենէն: Համակերպած է նաեւ, թէ այս ծրագիրով դրսեւորուած յեղափոխական բարեփոխումները կարելի կը դարձնեն քաղաքականութիւնը տեղաւորել հայ անհատի գիտակցութեան մէջ, քաղաքական կեանքը իմաստաւորել արդիական, արհեստագիտականացած, մանաւանդ՝ ճարտարարուեստականացած եւ նաեւ գիւղական ներկայ պարզ կեանքին մէջ: Անիկա զարգացուցած է այն գիտակցութիւնը, որ քաղաքականութիւնը ազգային ինքնութիւն եւ հայ անհատին իտէալ յարաբերութիւններ կերտելու արուեստն է: Կարեւորը, հոս, այս ծրագիրով նախ եւ առաջ հայրենի ժողովուրդին քաղաքականացո՛ւմն է, որովհետեւ քաղաքականութիւնը գոյութեան մեր ուժն է: Ազատ հայ մարդուն գոյութիւնը կ՛իրականանայ քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ պարզ գոյութիւնը ինքնին ազատութիւն չէ՛ հայուն համար:

Վերջին եւ կարեւոր մատնանշում մը. քաղաքական մտածողութիւնները կը կառուցուին սովորական ու առօրեայ յարաբերութիւններուն վրայ, իսկ անոնց կապուած ազգային գիտակցութիւնը կու գայ լեզուէն: Հետեւաբար, պետական ծրագիրէն եկած օտար բառերը ունին իրենց անպատեհութիւնը, որովհետեւ բառերը մաս կը կազմեն ազգային մեր լեզուին եւ գիտակցութեան: Քաղաքականութիւնը, ծրագիրի էջերուն մէջ, կը տառապի օտար բառերու ու յօրինումներու հաշուոյն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս զարգացման անհրաժեշտ հանգրուանը բնութագրող ազատական տրամաբանութիւնը յաճախ զոհ կ՛երթայ <<յաւելեալ արժէք>>ով քաղքենիացած մտայնութեան: Հետեւաբար, կարեւո՛ր է, որ ընկերվարական միտքը արթուն պահակը մնայ այս ծրագիրին:

 


 

comments

Advertisement