Գաղափարական Բանավէճի Անհրաժեշտութիւնը

By Asbarez | Saturday, 31 December 2016

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

WRITERS VATCHE PROODIAN


Հայաստանի կապակցութեամբ մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ ընդգծած եւ եզրակացուցած էինք, որ Հայաստանը լուծումներու կարիք ունեցող երկիր է, ոչ թէ զգացական փորձարկումներու վայր:

Երբ կը խօսինք լուծումներու անհրաժեշտութեան մասին, անմիջապէս դէմ յանդիման կը գտնուինք կարեւոր հարցի մը. գաղափարական ի՞նչ հիմնաւորումներ պիտի ունենան այդ լուծումները: Լուծում տալը պէտք չէ նմանի ծագած հրդեհ մը պարզապէս մարելու ճիգին՝ ինչքան ալ անհրաժեշտ ըլլայ ատիկա: Այլ՝ ստեղծել համակարգ մը, միջավայր մը, որ հիմնուած ու կառուցուած ըլլայ անխուսափելիօրէն ծագելիք հրդեհները կանխարգիլող մտածողութեան վրայ:

 

ՆԱԽ, ՅԵՏԱԴԱՐՁ ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ

 

Փաստ է, որ Խ. Միութեան փլուզումէն անմիջապէս վերջ, ամբողջ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական համակարգը սկսաւ անկայուն ձեւով տատանելու եւ ժամացոյցի ճօճանակի նման, մէկ ծայրայեղութենէն գնաց միւսը:

Արեւմուտքի ելեւմտական ու տնտեսագիտական հաստատութիւնները (IMF, Համաշխարհային դրամատուն, տնտեսագիտական ամբիոններ եւ ուսումնասիրական կեդրոններ), ինչպէս նաեւ անրդազգային ընկերութիւններ, առիթը պատեհ համարելով, անմիջապէս ցատկեցին ու շունչերնին առին Մոսկուա, Ռուսիոյ քաղաքական ընտրանիին <<սորվեցնելու>>, թէ իրենց երկիրին տնտեսութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպեն: Այս ներխուժումին տուն տուող պատճառը ոչ թէ Ռուսիան տնտեսապէս ոտքի կանգնեցնելն էր, այլ՝ մաքուր հայերէնով, զայն կողոպտելը: Ի վերջոյ, Ռուսիոյ մէջ եւ ամբողջ Խ. Միութեան տարածքին կան ոչ միայն հում նիւթերու անսպառ պաշարներ (քարիւղ, գազ, թանկագին մետաղներ), այլ նաեւ գիտութեան բնագաւառի պատրաստուած մարդուժ: Այս վերջինը Արեւմուտքին համար պատրաստի մարդկային դրամագլուխ էր, զոր կարելի էր օգտագործել: Ի վերջոյ, գիտական մասնագէտ մը, գիտնական մը <<արտադրելու>> համար, խորհրդային համակարգը (ինչպէս որեւէ կազմակերպուած երկիր) մեծ ներդրումներ ըրած էր: Հիմա, Արեւմուտքը նոյն այդ պատրաստի ու որակեալ մարդկային ներուժը շահագործելու պատեհութիւնը ունէր՝ զանոնք հրապուրելով արեւմտեան աշխատավարձով:

Արեւմուտքը եւ Ռուսիոյ ղեկավար ընտրանին այս վարքագիծը փորձեցին ծախել իբրեւ <<Շոք թերափի>> (Ցնցումային դարմանում): Սակայն իրականութեան մէջ, ռուս ժողովուրդին բաժին ինկաւ միայն աղքատացման <<շոք>>ը, իսկ քանի մը հարիւր հոգիի ալ՝ կարճ ժամանակի ընթացքին միլիոնատէր ու միլիառատէր դառնալու <<թերափի>>ն:

Մէկ խօսքով, Ռուսիոյ նախկին խորհրդային համակարգը ոստում կատարեց դէպի վայրագ դրամատիրութիւն, առանց անդրադառնալու, որ ականապատուած դաշտ մը կը մտնէր: Ելցինի ամբողջ պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը, գրեթէ տասնամեակ մը, յատկանշուեցաւ Ռուսիոյ մէջ Արեւմուտքի սանձարձակութիւններով, որուն բնականաբար ընկերացաւ նորայայտ <<օլիկարք>>ներու խաւը, որ այսօր տէր է անհաշիւ հարստութեան:

Այս գործընթացէն զերծ չմնաց Հայաստանը, այն իմաստով, որ անխնայ սեփականաշնորհուեցան պետական ինչքերը՝ գործարաններ, հանքեր, վարելահող, ենթակառոյց (հաղորդակցութեան միջոցներ, ջուրի, կոյուղիի, կապի ցանցեր եւ այլն): Հայաստանի մէջ այս գործընթացին հետեւանքներէն մէկն ալ նոյն այդ վերը նշուած <<օլիկարք>> խաւին ծնունդն էր: Մեր ժողովուրդին մնաց աղքատացման <<շոք>>ը:

Հայաստանի մէջ կացութիւնը աւելի բարդ էր նաեւ այն պատճառով, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենային պատերազմի պայմաններուն տակ: Այսինքն, սեփականաշնորհումը (իրականութեան մէջ՝ հանրային ինչքի իւրացումը, լայն չափով) կ՛ընդգրկէր նաե՛ւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բնագաւառներ:

Մէկ խօսքով, Ռուսիոյ մէջ գործած <<ճօճանակը>> իր աւերը գործեց նաե՛ւ Հայաստանի մէջ: Հետեւաբար, Հայաստանի ներկայ ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական խնդիրներուն արմատները կ՛երկարին մինչեւ այդ օրերը, երբ հինի փլուզումէն ետք, նորին հիմքերը չմտածուած ձեւով դրուեցան՝ պարզապէս օրուան, այդ պահու խնդիրները <<հլը հիմի անենք>>ի մօտեցումով:

 

ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԵՆՔԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

 

Մէկդի դնելով նախկին խորհրդային միւս երկիրներու պարագան, Հայաստանի մէջ այս բոլորը տեղի ունեցան անտեսելով գաղափարական վիճարկումը: Իրերայաջորդ իշխանութիւնները (ըլլա՛յ ԼՏՊի, ըլլա՛յ Ռ. Քոչարեանի եւ ըլլայ Սերժ Սարգսեանի) ոչ մէկ ատեն գաղափարական քննարկումներու դաշտ ստեղծեցին. ոչ մէկ ատեն փորձեցին գաղափարական վէճի մը բերելիք բիւրեղացումին վրայ հիմնել երկրի ընկերային-տնտեսական եւ արտաքին վարքագիծը:

Այսպէս, ԼՏՊի օրերու իշխանութիւնը որդեգրած էր այդ օրերու ռուսականին նմանողութեամբ ազատական վարքագիծ մը, շատ աւելի մօտ՝ ընկերային տարուինիզմին:

Քոչարեանի մօտեցումը քիչ մը աւելի խելամիտ եղաւ: Ինք զգաց անհրաժեշտութիւնը ուժեղ միջին դասակարգի մը եւ փորձեց երկրի տնտեսական զարգացման ընթացքին մէջ ներառնել այնպիսի ուղղութիւններ, որոնք նպաստէին միջին խաւի ստեղծումին եւ ուժեղացումին: Այս փորձը թէեւ տուաւ որոշ արդիւնք, սակայն ատիկա եղաւ սահմանափակ, որովհետեւ <<ներքին կարգով>> ստեղծուած մենաշնորհները շուտով խեղդեցին փոքր ու միջին գործարարութեան միջավայրը, ստեղծելով ընկերային արդարացի դժգոհութիւններ:

Սերժ Սարգսեանի գալը գրեթէ զուգադիպեցաւ համաշխարհային ելեւմտական տագնապին, որ Հայաստանի պարագային աւելի բարդացուց կացութիւնը, որովհետեւ երկրի կառավարման համակարգը ի՛նք արդէն սկսած էր փակուղի մտնելու:

Միայն ՀՅ Դաշնակցութիւնն էր, որ իր քարոզչական միջոցներով եւ ընտրութիւններու ընթացքին իր հրապարակած <<փլաթֆորմներ>>ով, ջատագովը հանդիսացաւ երկրի բարիքներու եւ եկամուտներու արդար բաշխումի գաղափարին, զայն զուգորդելով կառավարման համակարգի արդի ըմբռնումներուն, անձի իշխանութենէն հաւաքական ղեկավարութեան անցնելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծելով:

Սակայն Դաշնակցութեան այս ճիգերը ապարդիւն անցան: Ապարդիւն անցան, որովհետեւ Հայաստանի ղեկին գտնուող իրերայաջորդ ուժերը չունէին գաղափարական ուրոյն մտածողութիւն. չունէին գաղափարախօսութիւն:

ՀՀՇի <<գաղափարախօսութիւն>>ը կը կայանար քաղաքականօրէն արեւմտամէտ ուղղութեան հետեւելու եւ տնտեսապէս Արեւմուտքի նոր-ազատականութեան կառքին լծուելու մօտեցումներուն մէջ: Նաեւ, այդ շարժումին համար Հայաստանը 30,000 քառակուսի քիլոմեթրնոց երկիրն էր ու վերջ: Թուրքիայէն ի՞նչ պահանջ, ի՞նչ իրաւունք… Կարծէք ռազմավարական նպատակի վերածուած էր <<բոլոր հարեւաններուն հետ լաւ յարաբերութիւններ>> արդէն իսկ դատարկ կարգախօսը:

Հանրապետական կուսակցութիւնը եւս զուրկ է գաղափարախօսութենէ: Դատարկ խօսակցութիւններ են <<մենք Նժդեհի ժառանգորդներն ենք>>ի իմաստով եղած պնդումները, որովհետեւ ոչ մէկ ատեն տեսած ենք գաղափարական-տեսաբանական լուրջ աշխատանք մը, որ ծնունդը ըլլար Հանրապետական կուսակցութեան հիմնադիր կամ <<գաղափարախօսական>> շրջանակներէն: Դաշնակցական Գարեգին Նժդեհի գործերու վատ տեսակի ընտրովի հատորի հրատարակութիւնը երբեք փաստ չի կրնար ըլլալ ՀՀԿի գաղափարականին:

Նմանատիպ են մնացեալներն ալ. այսինքն, գաղափարաբանութենէ զուրկ են Հայաստանի մէջ գործող (կամ թուղթի վրայ) մնացեալ բոլոր կուսակցութիւնները, բացի Համայնավար կուսակցութենէն, որ այնքան լուսանցքային է, որքան վերոնշեալ <<մնացեալները>>:

Այնպէս որ, մեր դիտարկումը շատերուն հաճելի ըլլայ կամ ոչ, իրականութիւնը այն է, որ յատկապէս գաղափարաբանական տեսանկիւնէն, ՀՅ Դաշնակցութենէն զատ Հայաստանի մէջ մնացեալ բոլոր կուսակցութիւնները, կարելի է ըսել, շահակցական խմբաւորումներ են կամ անհատներու առանցքին շուրջ դարձող նեղ շրջանակներ:

Դժբախտութիւն է անշուշտ այս մէկը, որովհետեւ գաղափարական <<բախում>>ի, բանավէճի բացակայութիւնը տուեալ հասարակութիւնը կը զրկէ առողջ զարգանալու հնարաւորութենէն եւ կ՛առաջնորդէ լճացումի: Քաղաքական մրցակցութիւնը անհրաժեշտ է, սակայն նոյնքան եւ աւելի անհրաժեշտ է գաղափարական հենքի վրայ կառուցուած քաղաքական մրցակցութիւնը, որովհետեւ գաղափարներու բախումէն է, որ լաւագոյն լուծումները կրնան ծնիլ: Այս յօդուածագիրին գիւտը չէ սա: Այս մէկը տիեզերական ճշմարտութիւն է:

 

ՆԵՐԿԱՅ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ…

 

Կրնայ առարկուիլ, որ տեսէ՛ք, նոր վարչապետ մը եկաւ, որ հետամուտ է վարչատնտեսական բարեկարգումներու: Այս պնդումը ընողներուն կ՛ուզենք բացատրել, պահ մը ընդունելով հանդերձ նոր վարչապետ Կարէն Կարապետեանի վարչական կառավարման կարողութիւնները, մեզի համար հարցական է, թէ ի՞նչ է իր մօտեցումը երկրի քաղաքական դրուածքին, այլ մանաւանդ՝ օրէնքի գերիշխանութեան խնդիրին նկատմամբ: Նոր վարչապետը կամքը պիտի ունենա՞յ զսպելու այն բացայայտ ապօրինութիւնները, որոնց վկաները եղած ենք երկար ատենէ ի վեր:

Բարացուցական օրինակ մը. կ՛ուզենք տեսնել վարչապետ մը, որ Գլխաւոր դատախազին յանձնարարէ՝ անմիջապէս լծուիլ Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի օր ցերեկով սպանութեան խնդիրի բացայայտումին: Սա սոսկ անհատի մը վերաբերող խնդիր չէ. սա օրէնքի գերիշխանութեան խնդիր ըլլալով, ուղղակի կ՛առնչուի պետականութեան հիմքերուն: Այնպէս որ, պանանի ներածումի մենաշնորհը ջնջելուն չափ ու ատկէ շա՛տ աւելի կարեւոր է օրէնքի գերիշխանութիւնը կեանքի, փաստի վերածելու վարքագիծը:

Մեր այս հարցադրումները յաւելեալ վկայութիւններն են երկրէն ներս գաղափարական դաշտի բացակայութեան ու այդ պարապը լեցնելու  անհրաժեշտութեան: Այս յօդուածագիրին համոզումով, ասոր մէջ կը կայանայ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծագոյն մարտահրաւէրը Հայաստանի մէջ:

Ճիշդ է, անցնող տարիներուն, զանազան բնագաւառներու մէջ իրագործումներ յաջողցուցած դաշնակցական նախարարները իրենց գաղափարական ներշնչումը ստացած են Դաշնակցութեան մօտեցումներէն: Այսօր եւս, երկրի մարզերուն հաւասարաչափ զարգացումի, երկրի բնական հարստութիւնները կենսոլորտի պահանջներուն համապատասխան ու խելամիտ կերպով օգտագործելու, ինչպէս նաեւ կրթական ոլորտը թէ վարչական եւ բովանդակային իմաստով բարեկարգելու վարքագիծերը իրենց ներշնչումը կը ստանան Դաշնակցութեան գաղափարաբանութենէն, անոր ծրագրային տրամադրութիւններէն:

Ճիշդ է, հայրենիքի սահմաններու վտանգուելու օրերուն (1988էն ի վեր), Դաշնակցութեան կամաւորներու խիտ ներկայութիւնը եւս արդիւնքն է անոր դաւանած գաղափարական սկզբունքներուն: Վերջերս կազմուած պահեստազօրքը եւս, ոչ միայն նոյն ակէն կը խմէ իր ջուրը, այլեւ առնչուած է Դաշնակցութեան էութեանն իսկ, մաս կը կազմէ ատոր:

Մէկ խօսքով, Դաշնակցութիւնը իր դաւանած ընկերվարական մօտեցումները եւ սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ասոնցմէ բխած աշխարհընկալումը ու ատոնց հենքին վրայ հզօր ու ամբողջական Հայաստան ստեղծելու առաջադրանքը ժողովրդայնացնելու խնդիր ունի:

Մեզի համար մեծ մարտահրաւէր է նոյն այս գաղափարական մօտեցումները ժողովրդային լայն խաւերուն հասանելի դարձնելու, բացատրելու աշխատանքը: Տարբեր խօսքով, գաղափարներու դաշտի դատարկութիւնը լեցնելու խնդիր ունինք: Խնդիր մը, որ այս յօդուածագիրին համոզումով, կիսատ-պռատ մօտեցում չի հանդուրժեր:

 

Լոս Անճելըս

14 Դեկտեմբեր 2016

 

comments

Advertisement