Քաղաքական Անցում եւ Տնտեսական Ներդրում

By Asbarez | Thursday, 05 January 2017

ՌԱԶՄԻԿ ՀԱՐՈՒՆ

 

razmikharoun

Նոյեմբեր 9, 1989ին, երբ Պերլինի պատը գերմանացիներու ոտքերուն տակ քանդուեցաւ, կ՛ըսուէր, թէ այլեւս աշխարհը մուտք կը գործէ խաղաղութեան նոր դարագլուխ՝ Փաքս Ամերիկեան:

Եօթանասուն տարիներու բուռն գաղափարախօսական պայքարը դրամատիրութեան եւ համայնավարութեան միջեւ աշխարհը բեւեռացուցած էր ոչ միայն տնտեսական հակոտնեայ սկզբունքներու հիման վրայ, այլ մասնաւորաբար քաղաքական հակընթացութեամբ մը, որուն ծագումը բոլորովին իրարամերժ պետական կառավարման համակարգերու զարգացումն էր:

Խորհրդային Միութեան յանկարծահաս փլուզումով, ինչ որ կը նշանակէր նաեւ գաղափարախօսական առումով համայնավարութեան պարտութիւնը, յաղթական մնաց ժողովրդավարութեան եւ ազատ շուկայի ամերիկեան տարբերակը: Պատկերացումն այն էր, որ միահեծան գերպետութեան մը առաջնորդութեամբ համաշխարհայնացումը կը ստանար նոր թափ, որուն պիտի հետեւեր տնտեսական աճ, ապա՝ կենսամակարդակի բարձրացում:

Նոյեմբեր 9, 2016ին տեսանք, թէ նոյնինք Ամերիկան այդքան ալ գոհ չէ համաշխարհայացման ընթացքէն, երբ, ի զարմանս բոլորի, ԱՄՆի նախագահ ընտրուեցաւ իր թեկնածութեան ատեն համաշխարհայնացման սկզբունքներուն դէմ բազմաթիւ արտայայտութիւններով հանդէս ելած, ցարդ որեւէ քաղաքական, զինուորական կամ կառավարական պաշտօն չստանձնած Տոնալտ Թրամփը: Ճիշդ է որ ան ձայներու պարզ մեծամասնութիւնը չստանալով հանդերձ հասաւ երկրի բարձրագոյն պաշտօնին (յիշենք, որ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնը կ՛ըլլայ կաճառականներու քուէարկութեամբ) բայց եւ այնպէս ունէր իրեն հետեւող բարձրաձայն փոքրամասնութիւն մը եւ ան կրցաւ ժողովուրդին դժգոհացած խաւերէն ձայն ապահովել, անոնց խոստանալով կարգ մը բարեկարգումներ՝ ոմանք անհասկնալի իսկ ոմանք ծիծաղելի: Այս բոլորը կը յիշեցնեմ ընթերցողին, որպէսզի նկատի ունենանք, որ նոյնիսկ Ամերիկայի նման քաղաքականօրէն յառաջդիմած եւ բարձր կենսամակարդակ վայելող երկիր մը կ՛ունենայ նաեւ խմորումներ: Ընտրութիւնէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցան ցոյցեր զանազան քաղաքներու մէջ՝ արտասովոր երեւոյթ մը, ըստ ամերիկեան նախագահական ընտրութեանց մշակոյթին:  Թէ Թրամփին ընտրութիւնը ինչ նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար՝ ժամանակը կը պարզէ:

Հայաստան, իր կարգին, կը դիմագրաւէ ուրիշ տեսակի հարցեր, որոնք մասնաւորաբար կը տառապեցնեն յարաբերաբար նորանկախ պետութիւնը: Պետականութեան ամրապնդումը, երկրին ենթակառուցուածքային պահանջքներու գոհացումը եւ ժողովուրդին վստահութեան արժանացումը երեք տիրական խնդիրներ են, որոնց նկատմամբ իշխանութիւնը ցարդ բաւարար աստիճանի նուաճում չէ արձանագրած: Այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի անկասկած, սակայն այլեւս ժամացոյցի սլաքի ճշգրտութեամբ գուշակելի իրերայաջորդ տարեկան ժողովրդային պոռթկումները առնուազն կը ստիպեն պահ մը խոկալ: Յուլիս 2013ի հանրակառքերու սակերու բարձրացման դէմ ցոյցերը, 2014ի ընդիմութեան հանրահաւաքները, Յուլիս 2015ի <<Ելեքթրիք Երեւան>> ցոյցերը եւ Յուլիս 2016ի <<Սասնայ ծռեր>> խումբի բռնի արարքներէն բռնկած բողոքի արտայայտութիւնները կը թելադրեն, որ ժողովուրդը կը պահանջէ հաշուի առնուիլ: Այլ կերպ ըսած, ժողովուրդը քաղաքացիական իրաւունքներն ու պարտականութիւնները սկսած է գործի դնելու, եւ այս մէկը յուսադրիչ երեւոյթ է: Յուսադրիչ է՝ այնքան ատեն, որ թիրախը կը մնան բարեկարգումները, եւ պայքարը կ՛առնէ հիմնականօրէն գաղափարախօսական բնոյթ:  Յուսադրիչ է այնքան ատեն որ պառակտումի տանող ծայրայեղական սովորութիւններէ զերծ մնայ եւ առաջնորդուի սկզբունքային մեկնակետերէ, ի հեճուկս արտաքին թէ ներքին ազդեցութիւններու: Այս ընթացքով, արդարացի կ՛ըլլայ քաղաքական որեւէ պահանջ, որուն արհամարհումը կամ խափանարարութիւնը իշխանութեան կողմէ կը վտանգէ պետութիւն-ժողովուրդ համակեցութեան էական յարաբերութիւնը, որուն ընդմէջէն է միայն, որ կը շնորհուի իշխելու յանձնարարութիւնը: Ամէն բողոք ու պահանջ որպէս սպառնալիք դիտելու վարժութիւն դարձած գործելակերպը նաեւ չի նպաստեր կառավարելու աշխատանքին:

Այս սովորութիւնն է, որ ժողովուրդին կը տանի իտէալացնելու իշխանափոխութիւնը: Այսպէս, իշխանութիւն փոխելը կը դառնայ ինքնանպատակ՝ առանց հաշուի առնելու հետեւանքները, որոնք վայրկեանական եւ անհեռատես քաղաքական պահանջներու գոհացում կու տան,  ի գին ներքին անդորրութեան եւ ապահովութեան: Այն սերունդը, որ հասակ նետեց Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, բնականաբար ունի տարբեր ակնկալութիւններ վարչակարգէն եւ իշխանութիւնէն, բաղդատած այն սերունդին, որ կառավարելու փորձառութիւնը վաստակած է համայնավարութեան օրին եւ ինքզինք իշխանութեան մէջ կը գտնէ այսօր: Այնքան ատեն որ նոր սերունդը ստիպուած ըլլայ քաղաքականութեան լուսանցքին մէջ մնալու եւ կառավարութեան մէջ կամ նոյնիսկ կուսակցութիւններու ղեկավարութեան մէջ գրեթէ ներկայութիւն չունենալու, այնքան աւելի պիտի խորանայ երկուքը բաժնող քաղաքական մշակոյթի վիհը եւ ժամանակի ընթացքին տեղի պիտի տայ մէկը միւսէն օտարացած ազգային եւ պետական տեսլականներու:

Յուլիսի դէպքերէն ետք, Հայաստանի նախագահը գործէն արձակեց վարչապետը՝ զայն փոխարինելով օրին կուսակցական պատկանելիութիւն չունեցող, բայց Երեւանի քաղաքապետութեան ճամբով քաղաքական փորձառութիւն ձեռք բերած յայտնի գործարար Կարէն Կարապետեանը: Նոր վարչապետի առաջին գործերէն էր նախարարներու նշանակումը: Ըստ իր հայեցողութեան՝ ան դասաւորեց նախարարական խորհուրդը՝ ոմանց գործէ արձակելով, ոմանց գործը փոխելով եւ ոմանց գործի կանչելով: Իւրաքանչիւր նախարարութեան առաքելութիւնը չափազանցել անկարելի է, բոլորն ալ երկրի կենսամակարդակի բարելաւման աշխատանքի գլխաւոր դերակատարներն են:  Ոմանք արտաքին աշխարհին հետ աւելի կապ ունին՝ կամայ թէ ակամայ, քան ուրիշներ: Տնտեսութեան նախարարութիւնը, իր կարգին, ենթակայ է աւելի քան միւսները համայնաշխարհացման բերած օգուտին եւ աւերին: Համաշխարհայնացման նպատակներէն մէկը աշխարհի զանազան երկիրներու շուկաները օտարամուտ ներդրումներու տրամադրելի դարձնելն է, որպէսզի դրամագլուխը հետապնդէ շահը այն շուկային մէջ, ուր նուազագոյն ծախսով արտադրելու նպաստաւոր պայմաններ գոյութիւն ունին: Ասոր որպէս նախապայման, հարկաւոր է ստեղծել դրամագլուխի միջազգային փոխադրութեան դիւրութիւններ:

Նոր վարչապետին արժեւորումով, Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը նահանջ սպառնացող տեղքայլի մէջ է, եւ ըստ իր դատողութեան՝ տնտեսութիւնը աւազուտէն ազատելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է Հայաստան ուղղուած ներդրումներու յաւելումը եւ անոնց սպասարկման բարելաւումը: Այսպէս, ան ճշդեց տնտեսութեան նախարարութեան ընելիքը մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Քանի որ ներդրումները որոշ հետաքրքրութիւն կը վայելեն, հարկ է անոնց մասին աւելի հանգամանօրէն անդրադառնալ:

Նախ պէտք է ըսել, որ տնտեսութեան նախարարութեան այս նոր ուղղուածութիւնը՝ ներդրումներու քաջալերումն եւ սպասարկումը, ազգային տնտեսութեան քաղաքականութիւն ճշդող եւ անոր քաղաքական զօրաւոր հիմք տուող նախարարութեան առաքելութեան կրճատում է:  Նախարարութեան գործը կեդրոնացնել միայն ներդրումներու խնդիրին վրայ կը նմանի, օրինակի համար, առողջապահութեան նախարարութիւնը զբաղի միայն դեղեր պարենաւորելով եւ անտեսէ համաճարակ արգելակող կիրառական միջոցներ: Ներդրումներու նկատմամբ պէտք է ըսել, որ Հայաստանի պարագային, անոնք ունին գլխաւորաբար երկու բնոյթ.

ա. Հայրենասիրութիւն, որ յաճախ կը կատարուի առանց շահի ակնկալութեամբ, մանաւանդ Սփիւռքին կողմէ: Այս մէկը անտեսելի չէ եւ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ վերջին 25 տարուան ընթացքին այս համոզուածութեամբ կատարուած ներդրումները չնչին չեն: Այս իրականութիւնը մերժողին կը բաւէ տալ մէկ անուն՝ Քըրք Քըրքորեան:

բ. Շահադիտութիւն, որ առնուազն մեծ ներդրումները ոչ բացառաբար, բայց յաճախ կը կատարուին բազմազգային ընկերութիւններու (multinationals) ձեռքով։

Երբեմն կը խառնուին իրարու, բայց առհասարակ մինչեւ հիմա մեծ ներդրումները եղած են մէկէն կամ միւսէն: Առաջինին պարագային քաջալերելու հարց չկայ, իսկ եթէ պիտի խօսինք այդ տեսակի ներդրումներու յաւելացման մասին, ապա պէտք է սկսինք խօսելու ազգային տնտեսութեան տեսլականին մասին: Հակառակ պարագային, այս տեսակի ներդրումը կը մնայ զուտ հայրենասիրական երեւոյթ, որ տնտեսական ռազմավարութեան հրամայականին չի ծառայեր:  Իսկ եթէ պիտի կեդրոնանանք երկրորդին վրայ, պարզապէս քաջալերելը եւ սպասարկելը բաւարար չէ: Երկրորդը տնտեսական ներկայ իրավիճակը շահագործելու բնազդին ենթակայ է, եթէ մնայ տիրող ծայրայեղ առեւտրականութեան մթնոլորտին մէջ (ինչ որ մենաշնորհութեան գրաւականներէն է) եւ նախարարութեան անաչառ վերահսկողութիւնէն դուրս:

Իսկ ներդրումները՝ իրենք, ունին երկու նպատակ: Առաջինը հայկական դրամատուներուն մէջ արտասահմանէն եկած դրամի աւանդումն է բաժնետոմսերու եւ արժեթուղթերու շահարկման համար: Երկրորդը Հայաստանի ընկերութիւններուն վերահսկիչ սեփականութեան բաժինի տիրապետութիւնն է: Քանի որ Հայաստան բաժնետոմսերու եւ արժեթուղթերու շատ փոքր շուկայ ունի, պէտք է եզրակացնել, որ նախարարութիւնը պիտի հետապնդէ երկրորդ նպատակը: Պատմականօրէն յայտնի է, որ յարաբերաբար փոքր տնտեսութիւն ունեցող երկիրները ներդրումներու այդ երկրորդ տեսակին ընդհանրապէս ստացողներ չեն:  Այստեղ կայ մէկ կարեւոր բացառութիւն. քաղաքական նպատակ հետապնդող ներդրումը, որուն հիմամբ Հայաստան այժմ ունի մէկ հսկայ ներդրող՝ Ռուսիան: Եթէ նախարարութիւնը կրնայ զգալիօրէն փոխել այդ իրականութիւնը, կը մնայ ներդրումներէն շահած անձերու կամ ընկերութիւններու գումարներուն նստավայրին մասին մտածել: Ի՞նչ է նպատակը ներդրումին, եթէ անկէ շահած գումարները պիտի թռին Մոսկուա կամ Լոս Անճելես: Այդ գումարներու Հայաստանակեդրոն տնօրինումով է որ օտարամուտ ներդրումներու յաւելումը իսկական յաջողութիւն պիտի գտնէ տնտեսութեան վերաշխուժացման նախագիծին մէջ:

1994-1996 տարիներու տնտեսական ճգնաժամին ատեն Հայաստանի գործող դրամատուներուն կէսը ստիպողաբար փակուեցաւ Կեդրոնական բանկին կողմէ, իսկ մնացածը երկար ատեն տառապեցան չգործող վարկերու ծանրութեան տակ:  Դրամ եւ դրամագլուխ Հայաստանը լքեցին՝ տագնապին յաւելեալ թափ տալով: Այսօր Հայաստանի դրամատուները շատ աւելի կայուն եւ դրամարկելի վիճակ ունին:  Աւելին՝ անոնք իրենց մօտ աւանդած տոլարին շատ աւելի բարձր տոկոս կու տան, քան ամերիկեան դրամատուները, տարբերութիւնը մօտաւորապէս տասնապատիկն է: Ներդրումներու կողքին պէտք է նաեւ աշխատանք տանիլ Հայաստանի մէջ ապահովագրուած աւանդներու տարածման եւ գործածութեան ուղղութեամբ, որպէսզի Հայաստանի հետ զգացական եւ մշակութային կապերուն կողքին զօրացնենք նաեւ նիւթականը:

Զանազան ազգային հարցերու լուծման տանող <<Դէպի Երկիր>> փրկարար կարգախօսին իմաստը շատ աւելի լայն է, քան մինչեւ օրս մեր հասկացողութիւնը ընկալած է:

 

 

 


comments

Advertisement