Մեզի Վստահուած, Յանձնարարուած, Վերապահուած Առաքելութիւնը

By Asbarez | Friday, 13 January 2017

ARF logo  color

Ազգի ճակատագիրի ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնողի չափանիշներով կը գնահատենք մեր գործը, մեր աշխատանքը, մեր կեցուածքներն ու դիրքորոշումները, մեր յաջողութիւնները, ձեռքբերումները, ձախողութիւններն ու բացթողումները:

Այս հոգեբանութիւնը արմատացած է մեր մէջ, իւրաքանչիւր դաշնակցական շարքայինէն սկսած մինչեւ պատասխանատու մարմիններ: Այս հոգեբանութիւնն է, որ կրնայ գնահատուիլ, արժեւորուիլ կամ քննադատուիլ եւ նոյնիսկ ծաղրի ենթարկուիլ՝ մեր պատմութեան, մեր աւանդներուն ու մեր էութեան անծանօթ անձերու, խմբակցութիւններու, հաւաքականութեանց կողմէ:

Այս հոգեբանութիւնն է, որ կը մղէ հայրենիքէն հեռու տարածքներու վրայ հասակ նետած դաշնակցականը՝ իր անմիջական շրջապատէն, իր տեղայնական, համայնքային հարցերէն անդին՝ Հայոց պետականութեան ծառայելու բերկրանքը հետապնդելու:

Այս հոգեբանութիւնն է, որ ընկերական ամուր կապերով կը միացնէ դաշնակցականը իր գաղափարակից ընկերներուն, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ըլլան անոնք, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր վայրերը, նո՛յն նպատակին, նո՛յն իտէալներուն համար պայքարողներու վճիտ հարազատութեամբ:

Դաժան ենք մենք մեզի հանդէպ, պահանջկոտ, խիստ, որովհետեւ ազգին ու հայրենիքին գլխուն կուտակուած ամպերը ցրելու մեր պայքարի արդիւնաւէտութիւնը չի՛ գոհացներ մեզ, Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու մեր լարումը չի՛ բաւարարեր մեզ:

126 տարի առաջ յեղափոխական պայքարի նետուած ու Դաշնակցութեան երթի սկզբունքները իրենց արիւնով նուիրագործած մտաւորական-մարտական գործիչները, ինչպէս նաեւ անոնց յաջորդած սերունդներու զոհաբերութիւնները մեզ կը յանձնարարեն, կը պարտաւորեցնեն երբե՛ք չդառնալ սոսկ կուսակցութիւն, երբե՛ք չառաջնորդուիլ նեղ կուսակցական նկատառումներով, շահերով, այլ մեր աշխատանքը, մեր պայքարը, սրբազան առաքելութեան մը լծուած մարտիկի անանձնականութեա՛մբ յառաջ տանիլ:

Հայ ժողովուրդի ու Հայոց պետականութեան, Հայ Դատի ու ազգային մեր պահանջատիրութեան զինուոր, գործիչ դաշնակցականներն ենք, ու ամէ՛ն գնով, մեզի վստահուած, մեզի յանձնարարուած, մեզի վերապահուած առաքելութեան պիտի նուիրուինք՝ մեր ամբողջ ուժով։

comments

Advertisement