Քաղաքականացում՝ Փոխան Հայապահպանումի

By Asbarez | Monday, 23 January 2017

Ստիպուած ենք այս հին (բայց օրին լուծուած) վէճին անգամ մը եւս անդրադառնալու, իբրեւ ամբողջական թղթածրար:

Սփիւռքը ապրող, կենսունակ եւ յարափոփոխ է՝ իր իրագործումներով եւ ձախողութիւններով:

Անիկա ապրող օրկանիզմ մըն է՝ իր առողջ ու <<հիւանդ>> յատկանիշներով: Նաեւ տրուած ըլլալով, որ Սփիւռքը զերծ չէ համաշխարհային եւ հայաստանեան զոյգ թատերաբեմերու զարգացումներէն, անիկա կ՛ազդուի այդ բոլոր փոփոխութիւններէն, որոնք տեղի կ՛ունենան թէ՛ Հայաստանի եւ համաշխարհային գետնի վրայ: Այս բոլոր փոփոխութիւնները բնականաբար ունին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ գաղափարախօսական՝ մտածողութեան յատկանիշներ:

Օրինակ, վերջին քսանամեակին, Հայաստանի ներքին զարգացումները յանգեցան արտագաղթի, որ իրականութեան մէջ սկսած էր դեռ խորհրդային վարչակարգի օրերուն՝ 1970ական թուականներու սկիզբներէն:

Կամ Սուրիոյ պարագան, որ հիմէն ցնցեց ոչ միայն տեղւոյն Սփիւռքը, այլեւ նոր կացութիւններ ստեղծեց համահայկական իմաստով (Հայաստան, Լիբանան, մինչեւ Գանատա): Այնպէս որ, այս մեծ փոփոխութիւնները կը ստեղծեն այնպիսի կացութիւններ, ուր ստիպուած ենք երբեմնի լուծումները վերատեսութեան ենթարկելու, յաճախ վերադառնալու զերօ կէտին մօտ տեղ մը ու վերսկսելու այնպիսի գործընթացներ, որոնք կը կարծուէր թէ իրենց լրումին հասեր էին:

 

ՆԱԽ՝ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ

 

Մինչեւ 1988, կար, ըսենք,  <<դասական>> Սփիւռքը: Ցեղասպանութենէն վերապրած այս հաւաքականութիւնները (Մ. Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկաներ) գոյութիւն մը պահպանելու ճիգին լծուած էին: Այս ճիգերը հիմնուած էին օտար միջավայրերու մէջ <<հայը հայ պահելու>> մտածողութեան վրայ: Տարբեր բառապաշարով՝ հայապահպանում:

Այս <<պահպանել>>ը սակայն, տասնամեակներու թաւալքին հետ, յանգեցուց կղզիացումի, մեկուսացումի եւ հետեւաբար նաեւ՝ ապառողջ կացութեան, որովհետեւ մինչ մեր շրջապատը, ամբողջ աշխարհը զարգացման յարափոփոխ ընթացքի մէջ էր, մեր քով, մեր ժամացոյցները կարծէք կանգ առած էին: Բնականաբար, աշխարհը մեր թանկագին խաթեր համար իր ընթացքը պիտի չկասեցնէր, պիտի չ՛ըսեր՝ <<Եկէք սպասենք, սա սփիւռքահայերը քիչ մը իրենք զիրենք գտնեն, թող հասնին մեզի, վերջը միայն կը շարունակենք մեր թաւալքը>>:

Յիսնամեակը կարեւոր <<երկրաշարժ>> մըն էր: Մտածողութեան անկիւնադարձ մը, ուր ընդգծուեցաւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման խնդիրը: Այս մէկը հրատապ հարց էր, եւ տակաւին է՛ անշուշտ: Հետեւաբար, հայ քաղաքական միտքը, գլխաւորաբար (ոչ ամբողջովին) ՀՅ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, լծուեցաւ այս ծանր առաջադրանքի իրագործումին:

Այդ մէկը ընելու համար, անհրաժեշտ էր արդիականացնել մեր ամբողջ մօտեցումը, մտածողութիւնը, վերանորոգել սփիւռքեան կառոյցները, զանոնք ատակ դարձնել քաղաքական այդ ծանր առաջադրանքը կատարելու:

Ակնյայտ իրականութիւն էր, որ ցարդ միայն հայապահպանումի մտածողութեամբ առաջնորդուող, միայն վերապրելու, ողջ մնալու, գէշ-աղէկ գոյութիւն մը պահպանելու հեռանկարով մղուած Սփիւռքը ի վիճակի պիտի չըլլայ այս պատմական մարտահրաւէրը դիմագրաւելու: Իսկ մարտահրաւէրը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ մեզմէ խլուած, բռնագրաւուած հողերուն եւ իրաւունքներուն վերատիրացումը:

Հայապահպանումի մտածողութիւնը Եղեռնին անմիջապէս յաջորդած քանի մը տասնամեակներուն, իր դերը կատարած ու սպառած էր: Այլեւս անորմով առաջնորդուիլը ոչ միայն օգտակար չէր, այլեւ՝ վնասակար: Որովհետեւ մեր նպատակը բան մը <<պահելը>> չէր, այլ՝ մեզմէ խլուածին վերատիրանալն էր: <<Պահելով>> կարելի չէ իրաւունքի վերատիրանալ: <<Պահել>>ն ու իրաւունքներու վերատիրանալը ամբողջովին տարբեր հարթութիւններ են:

Նոր փուլին անցնելու համար, ամէն բանէ առաջ, Սփիւռքը պէտք էր օժտել քաղաքական գիտակցութեամբ, որպէսզի անդրադառնայ, թէ ո՞ւր կը կայանան Հայաստանի ու հայութեան շահերը: Քաղաքական շահերու գիտակցումը եւ հետապնդումը կարելի չէ կղզիացած միջավայրի մէջ: Անհրաժեշտ է նաեւ՝ շփուիլ, մասնակից դառնալ շրջապատի, միջավայրի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային խնդիրներուն, փնտռել ու գտնել զօրակիցներ, ընդարձակել մեր ազդեցութեան ծիրը, համոզել միջազգային հանրային կարծիքը, որ արդար է մեր Դատը:

Մէկ խօսքով՝ քաղաքականացում:

Մամուլը, յատկապէս դաշնակցական մամուլը մեծ դեր խաղցաւ սփիւռքահայութեան մէջ քաղաքական գիտակցութիւնը ամրապնդելու ճիգերուն մէջ: Իսկ նորաստեղծ կառոյցներու մէջ (յատկապէս ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններ), մեծ ճիգ թափուեցաւ երիտասարդութեան մէջ թէ՛ ամրապնդելու հայ ժողովուրդի քաղաքական շահերու գիտակցութիւնը եւ թէ անորմով զայն դաստիարակելու ուղղութեամբ:

Արտաքին գետնի վրայ, անհրաժեշտ էր քանդել լռութեան պարիսպը, որ գոյութիւն ունէր մեր Դատին շուրջ: Թուրքիան առաջին հերթին եւ ամբողջ աշխարհ պէտք է անդրադառնային, որ կայ անլոյծ հարց մը, որ պէտք է լուծուի արդար եղանակով. հայ ժողովուրդին նկատմամբ անարդարութիւն եղած է ու պէտք է սրբագրել զայն:

Այս ուղղութեամբ թափուած ճիգերը եւս, յատկապէս ցուցական մակարդակի վրայ (1975էն սկսեալ), մեծապէս նպաստեցին Սփիւռքի մէջ քաղաքական գիտակցութեան մակարդակի բարձրացումին: Մէկ խօսքով, յանգեցանք այն եզրակացութեան (կամ փուլին), որ հայը հայ պահելու մտայնութեամբ կարելի չէ լուծել մեր արդար Դատը ու մեծ ոստում մը պէտք է կատարել: Եւ կատարեցինք այդ ոստումը թէ՛ գաղափարական եւ թէ քաղաքական բնագաւառներու մէջ:

 

ԻՍԿ ՀԻՄԱ՞

 

Հիմա այդ դասական Սփիւռքը մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած է, որովհետեւ անոր <<բաղադրութիւն>>ը, փոխուած է: Ինչո՞ւ, որովհետեւ 1988ին հայկական իրականութեան մէջ տեղի ունեցան երկու մեծ երկրաշարժներ. մէկը քաղաքական (Արցախի ազատագրական պայքար եւ Հայաստանի վերանկախացում), միւսը՝ երկրաբանական, որուն հետեւանքները տակաւին չեն դարմանուած ամբողջութեամբ:

Այս զոյգ երկրաշարժները իրենց հետ բերին թէ՛ ժողովրդագրական ցնցումներ եւ թէ ցարդ տիրող մտածողութիւն մը բարեփոխելու անհրաժեշտութիւն, որովհետեւ այլեւս կայ հայկական պետութիւն մը՝ իր պարտադրած բոլոր պատասխանատուութիւններով:

Հայաստանէն թափ առած արտագաղթի նոր ալիքը, 1988էն վերջ, փոփոխութեան ենթարկեց դասական որակուած Սփիւռքին պատկերը:

Օրինակ, մինչ ատենօք Սպանիոյ մէջ կային մատի վրայ համրուող հայեր, այսօր այդ երկրին մէջ հաստատուած հայերու թիւը կը գնահատուի 40 հազարով: Մինչ Յունաստանի <<դասական>> հայութիւնը կը հաշուէր 10 հազարի շուրջ, այսօր այդ երկիրը հասած են առնուազն 40 հազար հայորդիներ, Հայաստանէն արտագաղթած:

Տակաւին չենք խօսիր Մ. Նահանգներու ու յատկապէս Քալիֆորնիոյ մասին՝ առնուազն թիւերու իմաստով, որովհետեւ տակաւին նոր աւարտեցինք այս մասնայատուկ նիւթին նուիրուած մեր յօդուածաշարքը:

Բայց հիմա կը դիմագրաւենք նոյն խնդիրը: Կրկին սկսած է հանրային հնչեղութեամբ լսուելու <<հայապահպանումը կարեւոր է>>, յանկերգի նման ամէն տեղէ կը լսենք <<հայապահպանում>>, <<հայապահպանում>>:

Սա էապէս վնասակար մօտեցում է, որովհետեւ (ինչպէս վերը ըսինք) մեզ կ՛առաջնորդէ կղզիացումի, լճացումի եւ միայն ու միայն սեփական բարօրութեամբ առաջնորդուելու գաղափարին: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ սփիւռքահայը հեռանայ քաղաքական գիտակցութեան հարթութենէն եւ մնայ լոկ սպառողական միջավայրի գերին. նոր ինքնաշարժ, <<Մէյսի՛զ>>ի <<սեյլ>>երէն նոր հագուստ կամ կարասի եւ այլն:

Մինչդեռ, նժարին դրուած են համահայկական հնչեղութեամբ խնդիրներ՝ Թուրքիայէն մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացում, միջազգային օրէնսդրութեամբ Արցախի վերամիացում Հայաստանին, մեր պետականութեան, երկրի ուժեղացում, ներքին ընկերային ու տնտեսական արդար կարգուսարքի հաստատում, Հայաստանին արտաքին զօրակցութեան ապահովում եւ շարքը տակաւին կարելի է երկարել:

Այս բոլորին մէջ դերակատար կրնայ ըլլալ ո՛չ թէ հայապահպանումի հովերով տարուած, այլ՝ քաղաքականացա՛ծ Սփիւռքը: Այսինքն այն հաւաքականութիւնը, որ կը գիտակցի վերի պարբերութեան մէջ նշուած խնդիրներուն եւ յանձնառու է ատոնց նկատմամբ: Այն հաւաքականութիւնը, որ կ՛անդրադառնայ, թէ ո՛ւր կը կայանան Հայաստանի ու ընդհանուր հայութեան շահերը ու կը հետապնդէ նոյն այդ շահերը: Քաղաքականացած հայն է, որ նախ կը գիտակցի իր ինքնութեան ու հաւաքական նպատակներուն:

Մէկ խօսքով, քաղաքականացումի նոր ու հսկայական ճիգի մը անհրաժեշտութիւնը ստեղծուած է այսօր, յատկապէս Ամերիկաներու մէջ: Ամերիկայի մէջ ապրող քաղաքականացա՛ծ Սփիւռքն է, որ կրնայ թէ՛ ինքզինք վերանորոգել, թէ՛ Հայաստանի պաշտպանական համակարգին մէջ իր ուրոյն տեղը ունենալ եւ թէ միաժամանակ նպաստել Հայաստանի ներքին ուժեղացումին:

Երկարեցինք… Այս յօդուածին նպատակը նիւթը սպառելը չէր բնականաբար: Այլ՝ միայն բանալ կափարիչը խնդիրի մը, զոր անհրաժեշտ է հաւաքաբար քննարկել: Խօսի՛նք այս հարցերուն մասին, վիճինք ու <<կռուինք>>՝ առանց վախի ու բարդոյթի:

 

Լոս Անճելըս,

19 Յունուար 2017

vproodian@gmail.com

 

comments

Advertisement