Հալէպի Ազատագրումը…

By Asbarez | Friday, 27 January 2017

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-78

 

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

 

1017lalaminsakarian

Այս անգամ՝ անձրեւը չէր լար, ինչպէս կը սիրեն ներկայացնել ռոմանթիկ բանաստեղծները: Ընդհակառակը, ձայնակցելով հրաձգութեան որոտին՝ տեղատարափը կ՛աւետէր ազատագրում մեր հնգամեայ գերութենէն: Ան, որ (ինծի պէս) տակաւին տեղեակ չէր լուրէն, ահաբեկուած էր, թէ ոճրագործներու հերթական գրոհը յաջողեր է, անոնք քաղաքի կեդրոն հասեր են ու հոս կը կրակեն արդէն: Ուրեմն՝ կծկտէ՛ ու սպասէ՛ ճակատագիրիդ: Մինչդեռ, հայրենիքը ազատագրող մարտիկներն էին, որոնք իրենց հրճուանքին ելք կու տային՝ տարբեր զէնքերէ տարբեր տարողութեան կրակահերթերով, որոնցմով կը դղրդար քաղաքը: Հոգ չէ, թէ այդ հրճուանքին զոհ երթային անցորդներ…

Գերութեան հինգ տարիներուն, մեր երազանքի գագաթը եղած էր այդ՝ <<ալ վերջանա՜ր…>>, իսկ հիմա, երբ իրականութիւն էր այդ, ուրախանալու իսկ կը տատամսէինք: Աւելի իշխող էր կասկածը՝ իրա՞ւ… վերջնակա՞ն…։

Քանի՜-քանի անգամներ եղան շուտափոյթ ազատագրումի խոստումներ, քանի՜-քանի անգամներ հաւատացինք, ապա ինկանք խոր հիասթափութեան մէջ, թէեւ բոլորս կը հասկնայինք, թէ շատ բարդ ու մեծ թիւով զոհեր պահանջող գործողութիւն մը պիտի ըլլար հազար-հազարաւոր ու կատարելապէս սպառազինուած ոճրագործներէն քաղաքը ազատագրելը:

Համատեղ ծրագիրը կատարեալ կերպով մշակուած էր ու իրականացաւ քայլ առ քայլ, շնորհիւ ոչ միայն բանակին, այլ՝ դիւանագիտութեան, ուր փոքր չէր հիւսիսի եղբօր դերը:

22 Դեկտեմբեր 2016ին յայտարարուեցաւ ահաբեկիչներու վերջին խումբերուն արտաքսումը Հալէպէն ու քաղաքին կատարեալ ազատագրումը: Պարզուեցան սահմռկեցնող փաստեր, յայտնաբերուեցան ոճրագործներու բազմաթիւ զինապահեստներ, ուր կուտակուած էին այլազան զինամթերքի հսկայական պաշարներ, որոնցմով անոնք կրնային տարիներով պատերազմիլ, քաղաքը ամայացնել ու կատարեալ աւերակի վերածել:

Եւ հոն լա՜յն շունչ մը կ՛առնես, կ՛օրհնես այս ռազմավարութիւնը մշակողները:

Ազատութեան առաջին իսկ փաստը տրուեցաւ, երբ բազմաթիւ գոց փողոցներէ հանուեցան արգելապատնէշները, Սուլէյմանիէի մայր պողոտան եւ ուրիշ բազմաթիւ փողոցներ տիրացան իրենց իրաւունքին՝ եղան ինքնաշարժներու համար երթեւեկելի:

Ճիշդ է, որ մեր սովորութիւնը խանգարուեցաւ, եւ տարիներէ ի վեր հետիոտնի ճեմավայր-փողոցները ինքնաշարժներ գրաւեցին, բայց յանուն ազատութեան՝ կրնա՛նք ընել այդ զոհողութիւնը…

Յաջորդ անհաւատալին՝ Ճիտէյտիէի միջնադարեան նեղ թաղերէն անցնիլն ու Հալէպի Բերդ երթալն էր: Ինչպիսի՜ հրճուանք, երբ կանգուն է քաղաքին խորհրդանիշը, թէկուզ՝ իր բնակիչներուն պէս վիրաւոր: Մարդիկ խուռներամ ուխտի գացին հոն, վստահանալու անոր գոյութեան հրաշքին ու նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու, որ տոկացեր էր ու տակաւին կը պահէր քաղաքին դիմագիծը:

Հալէպի ազատագրումը այդ օրերուն ունեցաւ այլ խորհրդանիշ մը եւս, որ շուտով աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւեց՝ Ազիզիէի հրապարակի Կաղանդի ծառը… Լուսաւո՜ր, շողշողո՜ւն… Ժողովուրդը նոյնիսկ հրապարակը վերանուանեց <<Տօնածառի հրապարակ>>։

Հայերը, որոնք իրենց թուաքանակին համեմատութեամբ մեծ վնասներ կրողներէն էին, եղան նաեւ առաջին ուրախացողներու կարգին… Վերակառուցումի, վերանորոգումի ծրագիրները մէջտեղ դրուեցան: Ուխտի գացին՝ թէեւ վիրաւոր, բայց բարեբախտաբար կանգուն մնացած Ս. Քառասնից Մանկանց հնամեայ եկեղեցի, այրուած, սակայն չխոնարհած Ս. Գէորգը, նաեւ դէպի հայոց բերդ-խորհրդանիշներէն մին՝ տարիներով հարուածի թիրախ դարձած Ճեմարանը:

Կատարեալ տօնախմբութիւն ընելու տակաւին կանուխ է, քանի որ երկիրը լրիւ չէ թօթափած ոճրագործներու հորդաները. քաղաքն ալ տակաւին կարելիութիւնը չունի մեծ հրավառութիւններու եւ տօնակատարութեանց, բայց կու գայ նաեւ ա՛յդ օրը… Կ՛ուզենք հաւատալ անոր, մանաւանդ որ ժողովուրդը սկսած է Սուրիոյ դրօշակին քով նաեւ ռուսականը ծածանել տալու. իսկ <<Ծառի հրապարակ>>ին վրայ, տոքթ. Պաշշարին հետ քով քովի կախուած է նաեւ Փութինի մեծադիր նկարը…

Այս ուրախութեան մէջ մեր միակ տհաճութիւնը դարձեա՛լ Թուրքիոյ յաղթական դիրքն է: Կրկին անգամ կրցան ճկուիլ, ծռմռիլ, կրկին կրցան տէր փոխել, կրկին անգամ յաջողեցան իրենց դիրքը շահագործել (զոր սորվիլը հայ դիւանագէտներուն ալ չէր վնասեր), կրկին անգամ քաղաքական հրապարակի վրայ ո՛չ թէ ապտակ, այլ իրաւարարի կամ կարգաւորողի դեր ու դիրք ստացան:

Կրկին՝ <<հիւանդ մարդը>> առողջացաւ ու կարկանդակի մեծ բաժին մը առնելու վրայ է… Ահա՛ քաղաքականութեան յարափոփոխ դէմքը…

Կ՛ուզենք հաւատալ Հալէպի ազատագրումին, բայց…

Պատերազմի անցնող վեց տարիներուն, երկրին բնակչութիւնը մեծ տոկոսով քաղաքական մեկնաբան դարձաւ, եւ իբրեւ այդպիսին՝ անոր մէջ արթուն պէտք է մնար դիտող, համադրող ու վերլուծող միտքը: Ահա ա՛յդ է, որ արթուն է մեր մէջ ու կը խանգարէ կատարեալ հաւատքով նայիլը Հալէպի վերջնական ազատագրումին կամ այս աւազակային պատերազմի աւարտին:

Ամերիկայի կամակատար մեծ պետութիւնները պիտի ընդունի՞ն այս պարտութիւնը, թէ կը սպասեն նոր նախագահի կողմնորոշումին՝ նոր ծրագիրներ իրագործելու համար: Ամէն պարագայի՝ մնալով քեռիէն կախեալ:

ՄԱԿի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը (անտարակո՜յս՝ կրթուած անձ մը) վերջերս կրկին իրենց յօրինած սուտին ժանգոտած անիւը կը դարձնէր, թէ՝ Սուրիոյ նախագահը իր ժողովուրդը կը կոտորէ, թէ՝ իրենք անկարող են անտարբեր մնալ տառապող մարդոց վիճակին ի տես (Օ՜Օ՜Օ՜)… ու յանկերգը կ՛երգէր՝ ինք բացակայելով իր ստանձնած դերէն: Կը նայէի անոր՝ <<gentleman>>, ու կը խղճայի իր հոգիի սնանկութեան, հոգին սատանային ծախած ըլլալուն՝ յանուն ո՛չ թէ կատարեալը գտնելու Ֆաուստեան երազանքի, այլ… յանուն դրամի, միա՛յն դրամի…

Ձայնս լսելի պիտի չըլլար անոր, իսկ իմ ըսելիքս՝ արեւելեան կատարեալ անվրդովութեամբ, ըսաւ Չինաստանի ներկայացուցիչը. <<Կը բաւէ՛ թունաւորէք մթնոլորտը…>>: Խօսքի մէջ ժլատ արեւելքցին ըսել ուզեց. <<Պարո՛ն, դուք առանց շիկնելու կը ստէք, կը յերիւրէք հոս, բոլորիս ներկայութեան, ու շատեր ալ թէեւ կը գիտակցին ձեր սուտին, սակայն կը լռեն, ուրեմն՝ անոնք եւս ստախօս ու մարդասպան են>>։

Անգլիացին վեր նայեցաւ՝ խորհելով, թէ կ՛անձրեւէ…

Այսուհանդերձ, հաւատա՞նք Հալէպի վերջնական ազատագրումին: Թող ես ըլլամ թերահաւատը, սակայն նայելով շրջակայ երկիրներու վիճակին, մեծ պետութիւններու պայթուցիկ յարաբերութեանց, քաղաքական դաշտի մթութեան ու քաոսին՝ ուրախանալու կարողութիւն չունի՛մ: Պարզապէս՝ պէ՛տք է հաւատալ, քանի որ Քրիստոս պատգամեց, թէ հաւատքը կը փրկէ՛:

Հաւատա՛նք, սակայն սուրը պատեանը չդնենք, քանի որ, ինչպէս Իսահակեան կը պատգամէ՝

Գիտցէ՛ք, քնում են գետերն ու քամին,

Սակայն չի քնում երբե՛ք թշնամին…

 



comments

Advertisement