…Որքա՜ն Դիւրին է Ամբաստանուիլն Ու Դատապարտուիլը

By Hairenik Weekly | Thursday, 16 February 2017


Թատերգութիւն մըն է որ պատահեցաւ Փետրուար 8-9-ին, Պելոռուսիոյ մայրաքաղաք՝ Մինսքի մէջ: Ողբերգութի՞ւն, եղերերգ թէ պարզ ու մեկին եղերերգ, այսինքն <<Թրաժիքոմետի>>:
Եթէ հայոց բանաստեղծ եւ թատերագիր՝ Մուշեղ Իշխանի համար <<Մեռնիլը որքան դժուար է>>, ըստ երեւոյթին շաբաթներէ ի վեր լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի առնչութեամբ, ստեղծուած թնճուկը տարբեր նիւթեր արծարծող թատերգութիւններու դուռ կը բանայ՝ <<Ամբաստանուիլը որքան հեշտ է>>, կամ <<Դատապարտուիլն ալ որքան դիւրին>>:
Այսպէս Փետրուար 8-էն 9-ի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Ատրպէյճանի մէկ պետական օդանաւը ժամանեց Մինսք եւ Պաքու փոխադրեց տեղւոյն Պելառուս ապահովութեան ուժերու կողմէ ձերբակալուած Լափշինը:
Ապշեցուցիչ եւ մտահոգիչ երեւոյթ: Պաշտօնապէս ազերի քարոզչական մեքենան ալ ներկայ էր, որ բազմաթիւ լուսանկարներով ցոյց տուաւ Ատրպէյճանի յաղթանակը:
Լափշին երեք հպատակութեան տէր է.- Ուքրայինա, Իսրայէլ եւ Ռուսաստան: Նկատի ունենալով Ուքրայինայի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը, վերջին երկու երկիրներու մասին անդրադառնալը աւելի կարեւոր եւ ազդեցիկ է:
Առաջին օրէն իսկ Իսրայէլի պարագային, յստակ էր թէ <<ձայն բարբառոյ յանապատի>> դիրքորոշում մը որդեգրուած էր: Ոչ մէկ արտայայտութիւն, ոչ մէկ հետաքրքրութիւն, այլ կրաւորականութիւն եւ անտարբերութիւն: Նոյնիսկ իր երկրին համար ծառայած անշունջ զինուորին դիակը ստանալու համար, տասնեակ մը պաղեստինցի բանտարկեալներ գերիներ վերադարձնող Իսրայէլին համար անկարեւոր եւ երկրորդական անձնաւորութիւն մըն էր Լափշին:…Ի վերջոյ նաեւ այլ կարեւոր կէտ մը՝ զինուորական եւ ռազմագիտական պիտոյքներու առուծախը՝ Պաքուի հետ, ի շառս այլոց՝ անօդաչու օդանաւեր, գերարդիական ռատարներ…:
Քնեսէթի այս լռութեան դիմաց, Քրեմլը տարբեր դիրքորոծում որդեգրեց, քանի մը անգամ հպանցիկ կարծիքներ արտայայտելով, մերթ քննադատական ոճով եւ մերթ լուսանցքային եւ անյստակ եզրակացութիւններով:
Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լավրով քննադատած էր Պաքուի որդեգրած քաղաքականութիւնը, յայտարար
ելով թէ այսպիսի թշնամական մօտեցում կրնար դժուարացնել Արցախի հիմնահարցի գծով առնուած որոշումներն ու կիրարկուած քաղաքականութիւնը: Միեւնոյն նախարարութեան բանբերն ալ, յանձին տիկին Մարիա Զախարովային, պաշտօնապէս արտայայտեց իր դժգոհութիւնը, նշելով թէ Ռուսաստանի դաշնակցային պետութիւնը պաշտօնապէս դէմ է իր երկրի հպատակ Լափշինը ձերբակալելու, արգելափակելու եւ Ատրպէյճան փոխադրելու Պելոռուսիոյ որոշումին: Այս արտայայտութիւններէն քանի մը օր ետք, նոյնինք Լավրով այլ պղտոր եւ <<լարախաղային>> արտայայտութիւն մը ունեցաւ, յայտնելով թէ
անցանկալի անձնաւորութիւններու ձերբակալութեանց եւ արտայանձնման բնագաւառէն ներս, Մոսկուա եւ Մինսք համաձայնագիր ստորագրած են: Բնականաբար տնտեսական սերտ յարաբերութիւններն ալ, ուղղակիօրէն իրենց ազդեցութիւնը ունին այս <<բարեկամ մնանք>> գոյավիճակին վրայ:
Մինչ այդ, Մարդկային իրաւանց պաշտպաններու եւրոպական հիմնարկը խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան, Լափշինի ձերբակալման եւ Պաքուի արտայանձնման վերաբերեալ հրապարակած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որ ձեւական բնոյթ ունի, նոյնքան ձեւական որքան Ատրպէյճանի մէջ շարունակուելիք թատերգութիւնն ու եղերեգը:
…Որքա՜ն դիւրին է ամբաստանուիլն ու դատապարտուիլը:

comments

Advertisement