By Asbarez | Tuesday, 28 February 2017
ԺԱՆԻԿ ՔԷՉԵԱՆ
Ըստ երեւոյթին, այլ բաներու կարգին, կը թուի թէ համաշխարհայնացումը պատճառ դարձած է որ իրական իշխանութիւնը քաղաքականութենէն առանձնազատուի, ժամանակակից պետութիւնները բացարձակ նէոլիպերալ հայեցակագի չափանիշի մը ենթարկուած ըլլալուն որպէս հետեւանք:
Ասիկա ակադեմական գաղափարախօսական հիմնադրոյթներուն հետ ոչ մէկ կապ ունի, այլ մօտեցում ունի, օրինակ՝ թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ ձեւով կը միջամտէ (կամ ոչ) պետութիւնը, ի՞նչ ձեւով պետութիւնը կրնայ ներդրում ունենալ առաջնահերթութիւն տալով առողջութեան, աշխատանքին (կամ ոչ), եւ հիմնականին մէջ՝ ի՞նչ ձեւով պետութիւնը կը նպաստէ հաւաքական կառուցման ընդդէմ անհատական շահերուն:
Այսինքն, կը վերաբերի Հայաստանի եւ աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ ամէն օր պատահածին:
Մինչ այդ, եւ այս յարացոյցին որպէս անխուսափելի հետեւանք, երբեմն կը թուի, թէ կը մնանք լուծումներէն հեռու, թէ՛ մեր իրականութիւնը բարեփոխելու կարելիութիւն չ՛ունինք եւ թէ այլընտրանք չկայ:
Բոլորս տեղեակ ենք եւ գիտակից ենք, թէ կաշառակեր պաշտօնեաները, որոնք քուէներու փոխարէն գումար առաջարկելու սովորութիւն ունին, ինչպէս նաեւ կը քաջալերեն իշխանութեան օգտագործումը քիչերու ի նպաստ տեսանելի օլիգարխիայի <<յաջողութիւնը>>, միայն կ՛աճեցնեն յուսահատութիւն, դժգոհութիւն եւ պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ չներգրաւուին:
Ասիկա մեր փնտռածին եւ փափաքածին բոլորովին հակառակն է:
Մեզ համար զարգանալ կը նշանակէ ընկերային արդարութիւն, կը նշանակէ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացում ամէն տեսակէտով, կը նշանակէ հնարաւորութիւններու հաւասարութիւն, կը նշանակէ արդարութեան եւ պետական հաստատութիւններու ամբողջական գործունէութիւն, կը նշանակէ քաղաքացիութեան իրազեկում եւ անոր մասնակցութիւնը ընկերութեան մէջ:
Կայ արտագաղթի, աշխատանքի եւ հնարաւորութիւններու հետ կապուած հարցեր, որոնց նկատմամբ երկար տարիներով իշխանութեան գլուխ գտնուող ղեկավար դասը պատասխանատուութեան իր բաժինը կը կրէ, եւ գիտակից ենք, թէ գոյութիւն ունեցող դժգոհութիւնը արդարացուած է:
Նոյնպէս գոյութիւն ունին ենթակայական հարցեր, գոյութիւն ունին զգացումներ, որոնք կը թուին անձնական, օրինակ՝ հիասթափութիւնը եւ յուսահատութիւնը, որոնք յանկարծ հասարակական կարգավիճակ կը ստանան, երբ աննկատելիօրէն միաժամանակ կը համաժամանակացուին, ինչ որ թերեւս ցոլացուի տարիներու բերումով գոյութիւն ունեցող կացութեան տարբերակի մը՝ ի նպաստ քուէի մը, զանազան շրջաններու ընթացքին գործադիր իշխանութեան գլուխ գտնուող անձերը փոխելու նպատակով՝ քուէի մը, որ հասարակական բարօրութեան վրայ հիմնուած ըլլայ, քուէի մը, որ առաւել դերակատարութիւն տայ մինչեւ օրս այդ կացութիւնը չունեցողներուն:
Հասկնալի է, որ պատախաններու չգոյութիւնը, հարցերուն լուծումներու չգոյութիւնը անհաւատութեան եւ թերահաւատութեան տեղիք կու տան:
Ներկայ ժամանակներուն, լաւատես ըլլալը ռոմանտիկ բնոյթ կ՛ունենայ: Սակայն, ամէն ինչ ցնդող չէ: Կը կառուցենք յոյս ներշնչող ծրագիրներու վրայ, ցոյց տալով, որ կարելին գոյութիւն ունի, կամ՝ հակառակ տեղ պիտի իյնանք: Միջանկեալ ձեւ մը չեմ տեսներ:
Մեր ծրագիրները կապուած են իրագործումներու հետ, մեր համահունչ գաղափարներուն եւ դիրքորոշումներուն հետ, որոնք յստակօրէն տեսանելի են ժամանակի ընթացքին, եւ ասիկա ոչ միայն երեւելի է Ցեղասպանութեան ճանաչման կամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ու պաշտպանութեան ի նպաստ տարուած անխոնջ աշխատանքին հետ կապ ունեցող բոլորին ծանօթ երեւոյթներուն մէջ:
Հայաստանի պետականութեան կառուցման ի նպաստ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երկար տարիներու ընթացքին տարած ներդրումը՝ որպէս ակնառու հետեւանք ունի Սահմանադրական փոփոխութիւնները:
Այս հիմնաքարէն մեկնելով է որ իր գործողութեան ու հիմք տուող արժէքներու խախտուած համակարգի մը փոփոխութիւնը առաջարկած ենք:
Ժամանակը գերազանցող այս գործիքը մեզ պիտի օժանդակէ նախագահական կեդրոնացած մոտելի ներկայ իշխանութեան փոխանցումը յաջողցնել դէպի առաւել հաւասարակշռուած եւ ժողովուրդին աւելի մասնակցութեան առիթ տուող Խորհրդարանի մը, ուր ընդդիմութեան դերը բարձրանայ եւ, տարիներու ընթացքին այս ձեւին վրայ կայուն մնալով, Հայաստանի պետութիւնը ամապնդուի:
Այս իրականութիւնը կը թուի հեռաւոր, առօրեայի եւ ժողովուրդի կարիքներուն հետ կապ չունեցող: Հաւանաբար, նոյնիսկ կարելի չ՛ըլլար յօդուածի մը միջոցաւ ճիշդ ձեւով զայն փոխանցել, ու վստահ եմ որ նիւթի մը մասին ընթերցելը ու անոր վրայ հաւատալ ոչ մէկ ձեւով բաւարար պիտի ըլլայ:
Սակայն հաւատքի հարց չէ: Նոր սահմանադրութիւնը եւ նպաստուած փոփոխութիւնները ժողովուրդի կեանքին վրայ անմիջական ազդեցութիւն պիտի ունենան:
Կրթութեան, ընկերային զարգացման ու բնապահպանութեան նախարարութիւններու խողովակով տարուած աշխատանքը յստակ նշաններ են, թէ կարելի է դրական ազդեցութիւն ունենալ ժողովուրդի կեանքին ու կարիքներուն վրայ: Եւ հոն է, ուր յստակ ձեւով կը յայտնուին մեր առաջնահերթութիւնները, մօտակայ ու միջին հեռանկարով իրագործուելիք ծրագիրներով, որոնցմէ մեծամասնութիւնը արդէն իրականացուած է եւ յայտնի ձեւով:
Այս օրինակներով է որ կը յաւակնինք դառնալ ժողովուրդին ի նպաստ փոփոխութիւններու միջոցի մը, իր թերութիւններով ու սխալներով՝ այն, ինչը անխուսափելիօրէն կ՛ունենան անոնք, որոնք գործ յառաջ կը տանին:
Հարցը քուէները որեւէ ձեւով <<հաւաքել>>ը չէ, հնարաւորը կուտակելով եւ կնքելով առանց ծրագիրներու կամ բովանդակութեան դաշինքներ, ինչպէս որ պատահած է վերջին ժամանակներուն: Քաջ գիտենք թէ ասիկա չէ ճամբան:
Հարկ է օրինականութիւն պահանջել՝ ընդհանուր ջանքերը իրականացնելու համար:
Քաղաքականութենէն անդին այլընտրանք չկայ, եւ անոր վրայ մեր հաւատարմութիւնը իրականութենէ հեռու չէ եւ չի նշանակեր առօրեան չճանչցողին մօտեցում մը:
Կը հաւատանք, թէ լաւ քաղաքականութիւն մը կարելի է: Այդ քաղաքականութիւնը, որ <<սթաթուս քուօ>>ին առջեւ մարտահրաւէր է, որ կը նպաստէ անձնական եւ հաւաքական յառաջխաղացքը, միջավայրի մը մէջ, ուր ազատութիւնը համատեղելի է ընկերային արդարութեան հետ:
Թերեւս աշխարհագրականօրէն հեռու կը գտնուինք Հայաստանի ընտրութիւններուն մասին կարծիք տալու համար, որովհետեւ այդտեղի առօրեայ իրականութեան մասնակից չենք: Սակայն ունինք հոն բնակող ազգականներ, բարեկամներ, հարազատներ. ոմանք մօտերս այստեղ հասած են. հոն պատահածներուն մասին կը հետեւինք ֆիզիքապէս հեռու գտնուելով, բայց ժողովուրդի մտահոգութիւններն ու կարիքները կը զգանք մեր մօտ, որպէս մեր անքակտելի եւ էական մասնիկ:
Նոյնպէս ճիշդ է որ մաս կը կազմենք բնորոշ չեղող կազմակերպութեան մը, որ կը գործէ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ ունի համահայկական տեսլական, որպէս միակ նպատակ ունենալով մեր միջավայրերուն մէջ յաջողցնել Հայաստանի ի նպաստ լաւագոյնը, մեր թերութիւններով ու յատկութիւններով, համոզմունքներով, գործունէութեամբ եւ 126 տարուայ ընթացքին մեր պահպանած հետեւողականութեամբ:
Կը հաւատանք, թէ քուէ տալը բարեփոխումի ձեւ մըն է, ուժ յառաջացնելու միջոց մը, <<ուժ>> կերտելու, եւ գիտակից ենք, թէ ձայն բարձնացնելը բաւարար չէ:
Քուէ տալը բողոքէն դէպի առաջարկ անցնելու միջոց մըն է, եւ հոն է, ուր մեր ծրագիրները տեսանելի իրականութիւն մըն են:
Կը ցանկանամ, որ իւրաքանչիւրը քուէարկէ այդ համոզումով թէ կարելի է բոլորին համար լաւագոյն երկիր մը կառուցել, եւ թէ այդ այլընտրանքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է