Մենախօսութիւններ

By Asbarez | Tuesday, 14 March 2017

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

garoarmenian

Ապրիլի 2էն ի վեր, մեր միտքերը կլանուած են սահմանագիծի երկայնքին տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւններով: Կանգ առած է ամէն ուրիշ բան: Ընդհարման հոգեվիճակն է, որ կ՝առաջնորդէ մեզ: Սահմանագիծը մտած է մեր կեանքերէն ներս:

Հայկական ուժերը կը ցուցաբերեն մեծ արիութիւն: Անոնք կը բաղկանան մեր ժողովուրդի խոնարհ խաւերու զաւակներէն: Անոնք երիտասարդ են, պիրկ, խրոխտ, անսասանելի: Անոնք կ՛երթան դէպի կրակը հայրենապաշտպան հերոսի նուիրումով: Անոնք կը դիմագրաւեն թշնամիին գրոհը մեծ վճռակամութեամբ: Անոնք գիտեն, թէ այս հայրենիքը իրենցն է եւ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել զայն իրենց ձեռքէն:

Այս կռիւը նոր չափանիշներ հաստատեց: Սահմանագծին վրայ մղուող կռիւը մաքրեց մեր ներքին տարածութիւնը: Ան սրբեց կասկածները. տատանումները չքացուց. առաջնահերթութիւնները բիւրեղացուց եւ երկիրը դուրս բերաւ իր մահացու թմբիրէն: Այս կռիւը այրեց բոլոր շինծու սահմանագիծերը՝ ազատելով մեզ մեր ներքին չարքերէն: Մենք հաւասարեցանք մեր երկրին: Անոնք, որոնք չեն ուզեր մաս կազմել մեր երկրի այս նոր երթին, դուրս պիտի իյնան այս կենսական հաւասարութենէն: Ուժական եւ նպատակախնդիր եւ ծայր աստիճան տոկուն եւ ոգեզինուած մարդոց ժամանակն է ասիկա:

comments

Advertisement