Ընտրարշաւեան Խոհեր եւ Մտորումներ

By Hairenik Weekly | Friday, 24 March 2017



Մարտ 5-ին ազդանշանը տրուեցաւ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն քարոզարշաւին: Երկու շաբաթներ թաւալած են եւ գրեթէ այս նախընտրական քարոզարշաւի կիսուն ենք: Տեղին է հետեւիլ, դիտել, վերլուծել եւ յանգիլ որոշ հաստատումներու, որոնք վստահաբար իրենց անդրադարձը կրնան ունենալ Ապրիլ 2-ին կատարուելիք ընտրութիւններուն վրայ:
Դժբախտաբար, հսկայ թիւ մը լաւապէս տեղեակ չէ թէ ի՞նչ փոփոխութիւններ կատարուած են:
Այո՛, դժբախտաբար քիչեր կը գիտակցին թէ ամիսներ առաջ, Սեպտեմբեր 2016-ին յատուկ ընտրութիւն մը կատարուած է դուռ բանալով եւ կանաչ լոյս տալով նոր սահմանադրութեան մը որդեգրումին: Պարզ ու անհեթեթ <<Այո՛>> կամ <<Ո՛չ>> քուէարկութիւն մը չէր այդ ի նպաստ նոր սահմանադրութեան ընտրութիւնը, փոխան նախագահականի՝ խորհրդարանական համակարգ, որ բազմիցս անտեղի կերպով քննադատութեան եւ նոյնիսկ պոյքոթի ենթարկուեցաւ…եւ այսօր, այդ նոյնինքն <<Ո՛չ>> քուէարկողներուն մէկ մեծ մասը ամէնայն ուժգնութեամբ եւ պատրաստութեամբ, ձեռքերնին սոթտած կազմած են դաշինքներ՝ քոալիցիաներ:
Արդեօք, այդ քուարկողներու մեծամասնութիւնը տեղեա՞կ է թէ այս անգամ համաձայն նոր ընտրական օրէնքին, ընտրուողներուն աննախընթաց իշխանութիւն պիտի տրուի։
Շատ են փոփոխութիւնները, որոնց կարգին Ազգային Ժողովի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ազգային փոքրամասնութիւնները պիտի ունենան իրենց աթոռը: Այսպէս չորս փոքրամասնութիւններ՝ ասորիներ, եզիտիներ, քիւրտեր եւ ռուսեր, աթոռ պիտի ունենան 101-է աւելի հաշուող Ազգային Ժողովէն ներս, նաեւ անոնք քուէարկելու իրաւունքներ պիտի ունենան։
Շատ աւելի մասսայական ձեւով, այս ընտրարշաւեան օրերուն, պէտք է շեշտուի որ նոր սահմանադրութիւնը ծնունդ տուած է քաղաքական այնպիսի բնագաւառի մը՝ գործունէութեան դաշտի մը, ուր հաւաքականութիւնն է գերակայողը եւ ո՛չ թէ անհատը: Հետեւաբար անհատներ չեն կրնար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել, այլ միայն ու միայն հաւաքական կառոյցներ, այսինքն կուսակցութիւններ կամ դաշինքներ։
Քուէարկող հայորդին լաւապէս պէտք է որ իմանայ թէ ի վերջոյ երկրին գերագոյն ուժն ու մարմինը պիտի ըլլայ հաւաքականութիւն մը՝ խորհրդարանը, եւ ոչ թէ անհատ մը՝ նախագահը, որուն իրաւասութիւնները պիտի ըլլան համեմատաբար սահմանափակ, թէ՛ ներքին ապահովական եւ թէ՛ արտաքին քաղաքական-յարաբերական բնագաւառներէն ներս:
Դժբախտաբար, այս թափանցիկ յստակացումներն ու մատնանշումները չեն պարզաբանուիր ընտրարշաւի օրերուն, յատկապէս <<Բարգաւաճ Հայաստան>> (գլխաւորութեամբ Գագիկ Ծառուկեանի) եւ իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւններուն կողմէ, որոնք նիւթական անսահման կարողութիւններ ունին իրենց ընտրարշաւը կատարելու:
Իսկ <<աքիլլէսի կրունկ>>ը կը մնայ ընտրակաշառքը, եւ այս գծով պարզ ու մեկին տեղին է բացայայտել թէ, դժբախտաբար ընտրական այս նոր օրէնքը գործնականօրէն չի կրնար եւ ափսոս որ պիտի չկարենայ առաջքը առնել ընտրակաշառքի: Յստակ է որ առուծախը քուէն գնողին եւ վաճառողին միջեւ կանխաւ, նոյնիսկ այժմէն իսկ գոյացած կրնայ ըլլալ։
Այս գծով, ողջունելի է այս նախընտրական քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ, Հ.Յ.Դ. ուսանողական եւ երիտասարդական միութեան երիտասարդներու կատարած խաղաղ ցոյցը Երեւանի մէջ՝ ընդդէմ ընտրակաշառքին:
Ի վերջոյ յաչս <<Նոր սերունդ, արդար Հայաստան>> կերտելու բանալին՝ սուրբ պայքարն է ընտրակաշառքին, զեղծարարութեան եւ փտախտին դէմ:

comments

Advertisement