Դաշնակցութեան Յաղթանակը

By Asbarez | Wednesday, 29 March 2017

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

apo-oreorin

Հայաստանի տարածքով ընտրարշաւը կը մօտենայ իր աւարտին. քանի մը օր մնացած է Ապրիլ 2ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, քաղաքական բոլոր ուժերը առաւելագոյն լարումով կը փորձեն սիրաշահիլ քաղաքացիներուն քուէները:

Ընտրարշաւի այս լարուած ընթացքը կրնայ թելադրել, որ նոյնիսկ կաշառք կամ այլ անընդունելի լծակներ օգտագործող ուժերը կը փափաքին ընտրութեան օրը միջազգային դէտերուն կեղծիքի նշաններ ցոյց չտալ, մինչ այդ՝ քաղաքացիներուն վրայ ազդելու բոլոր հնարքներուն կողքին՝ խօսքով, խոստումներով ու քարոզչական այլ ճանապարհներով համակրանքի պատրանքը ստեղծելով:

Քարոզչական այս ընդհանուր աղմուկին մէջ, Դաշնակցութեան ընտրարշաւը, որ օրէ օր աւելի թափ կը ստանայ ու աւելի բազմամարդ հանդիպումներով կ՛ընթանայ, յաճախ կ՛առանձնանայ իր փոխանցած պատգամներու վերկուսակցական էութեամբ:

Այս պատգամներէն է, զոր օրինակ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի՝ Իջեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, ուր ան կը շեշտէ, թէ այս ընտրութիւններուն, Դաշնակցութիւնը ինքզինք արդէն իսկ յաղթանակած կը նկատէ, եթէ Հայաստանի քաղաքացին քուէարկէ իր ազատ կամքով:

<<Ցանկացած քուէարկութիւն, որ կատարւում է ազատ քաղաքացու կողմից, ազա՛տ կամքով, դա Դաշնակցութեան յաղթանակն է, որովհետեւ դա նոր սկզբի առաջին քայլն է, որովհետեւ դա արդար Հայաստանի առաջին քայլն է: Մի խաբուէք այն ասէկօսէներին, թէ իբր ամէն ինչ որոշուած է՝ անկախ ձեր քուէարկութիւնից, այդպէս չէ՛. եթէ այդպէս լինէր, ապա այսքան շատ ընտրակաշառքի մասին չէին խօսի, ընտրակաշառքի արժէքը չէին բարձրացնի կամ իջացնի: Իմացէք՝ ոչ միայն ընտրակաշառքն է քրէօրէն պատժելի, այլ նաեւ ընտրակաշառք ստանալն է քրէօրէն պատժելի>>, յայտարարած է Մանոյեան, Երեքշաբթի օր Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին:

comments

Advertisement