Կորուստներուն Կորուստը

By Asbarez | Wednesday, 29 March 2017

0328kesab

ՅՈՒՇԻԿ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

 

Ես Քեսապցի եմ:

Գիտէ՞ք ինչ կը նշանակէ քեսապցի ըլլալ… Վստահ աւելի նշանակութիւն ունի՝ քան խնձորի պարտէզ ունենալը, ամառները Քեսապ անցընելը, քանի մը բառ Քեսպնօք ջարդելը, կամ քեսապցիներուն կէսը ազգականներդ ըլլալը (միւս կէսն ալ՝ խնամիներ): Այս բոլորէն շատ, շատ աւելի…

<<Շատ աւելին>> զգացած եմ միշտ, բայց բնաւ յստակ ձեւ կամ անուն չէ ունեցած ինծի համար մինչեւ… 21 Մարտ 2014…

Որքան տառապած եմ, դպրոցի օրերէն սկսեալ, ընկերներուս բացատրելու, թէ ես քեսապցի՛ եմ: <<Այսինքն ո՞ր գաւառէն եկած էք հոս>> կ՛ըլլար հարցումին շարունակութիւնը: Եկուր ալ բացատրէ: Հալէպի մէջ ընդհանրապէս <<ո՞ր երկրացի ես>> հարցումին պատասխանը պէտք է ըլլայ սասունցի, ուրֆացի, տիգրանակերտցի, այնթէպցի կամ այլ լսուած ու չլսուած կորսուած գաւառցի մը, բայց Քեսապը չէ կորսուած: Անիկա հո՛ն է, կարճ ճամբով՝ Հալէպէն երեք ժամ անդին: Ո՞վ չի կրնար հասնիլ Քեսապ, բայց ոչ ոք կրնայ հասնիլ Սասուն, Ուրֆա, Տիգրանակերտ, Այնթէպ կամ այլ լսուած ու չլսուած կորսուած գաւառները… Ճակատագիրի ինչ-ինչ խաղով՝ իմ հայրենիքս կորսուած գաւառ մը չէ… Եկուր ալ բացատրէ…

Մինչեւ 21 Մարտ 2014…

Մինչեւ այն օրը, երբ ճակատագիրի ինչ-ինչ խաղով՝ իմ հայրենիքս ալ կորսուեցաւ՝ ես ալ հետը… Հոգիիս սիւներէն մին փլաւ… Կարելի՞ է բացատրել անբացատրելին, նկարագրել աննկարագրելին, տրամաբանել անհեթեթը… Թերեւս գայ այն օրը, երբ կարենամ այդ երեք ամիսներու ապրումներս ձեւով մը արտայայտել:

Երբ սկսայ այս յօդուածը գրելու՝ կը յուսայի, որ հոս պատահէր այդ մէկը, բայց անգամ մը եւս զգացումներս ու մուսաներս դաւաճանեցին զիս: Որքա՜ն խաբուսիկ են բառերը եւ որքան մակերեսային են հոգիի պոռթկումները հայրենիքի՛ կորուստին դիմաց: Դէպքէն երկու տարի առաջ արդէն կորսնցուցած էի հայրս, սակայն միայն այդ երեք ամիսներուն ընթացքին էր որ ինքզինքս ամբողջովին, իսկապէս եւ լիարժէքաբար որբ զգացի: Ամէն կորուստ կը նսեմանայ հողի՛ կորուստին դիմաց: Եւ այդ երեք ամիսներուն ընթացքին դադրեցայ քեսապցի ըլլալէ եւ եղայ իր կողմնացոյցը կորսնցուցած թափառական հայ…

Այսօր, երբ յետադարձ նայուածքով կը յիշեմ այդ երեք ամիսները, առաւել խորութեամբ կ՛ապրիմ մեր ազգային ողբերգութիւնը: Կ՛ուզեմ այս անգամ ե՛ս հարց տալ իմ սասունցի, ուրֆացի, տիգրանակերտցի, այնթէպցի կամ այլ լսուած ու չլսուած կորսուած գաւառցի հայուն, թէ դուն ինչպէ՛ս կ՛ապրիս առանց հայրենիքի: Անոր համա՞ր երգերդ մելամաղձոտ են… Անոր համա՞ր շռայլօրէն ամէն բան կը բաշխես շուրջդ… որովհետեւ կորուստներուն կորուստը ճանչցողին համար ա՛լ սուղ բան չկա՞յ…

<<Շատ բան>>ը կորսնցուցի, բայց շատ բան ալ հասկցայ: Հասկցայ, թէ ինչո՛ւ այսպէս ենք, ինչո՛ւ աշխարհը այսպէս է… Բայց տակաւին չեմ հասկցած, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը զիջին հողը, որ արդէն իրենց ոտքերուն տակ է: Չեմ հասկցած, թէ ինչո՛ւ հայրենակորոյսի վիճակին մէջ կը մտնեն՝ կամովին: Ի՞նչը պիտի զիջիք, վասն ինչի՞… Դուք ձեզ մի առաջնորդէք հոգիներու նախճիրին: Ձեր ոտքերը ամո՛ւր, ամուր փակցուցէք հողին, որովհետեւ ոտքերուն տակէն երբ հողը սահի՝ կը որբանա՜նք, կը խեղճանանք, կը հատուինք ու կը կրճատուինք: Մեր բառերը կ՛ըլլան սակաւ եւ նայուածքը՝ խամրած:

Ես քեսապցի եմ: 21 Մարտ 2014էն մինչեւ 21 Յունիս՝ ես որբ էի:

 



comments

Advertisement