Արմատականացած Ցեղասպանը Մեր Մէջ Պէտք Է Պայքարի Նոր Ջիղ Տեսնէ

By Asbarez | Wednesday, 19 April 2017

ASBAREZ_April_2017_1

 

Հայոց Ցեղասպանութեան յանցանքը ուրացող պետութիւնը հիմա՝ իր նոր սահմանադրութեամբ, արդէն աշխարհով մէկ յայտնի իր բռնապետական հակումներով եւ կառավարութեան բարձրագոյն դիրքը գրաւած Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ճիպոտին տակ, աւելի լկտիօրէն յառաջ պիտի տանի պատմութիւն կեղծելու եւ իր ահռելի ոճիրին պատասխանատուութենէն խուսափելու քաղաքականութիւնը:

Արդարեւ, բիրտ ճնշումներու ճամբով, յառաջիկային վստահաբար պիտի տեսնենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պատրաստակամութիւն եւ սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու միտում ցոյց տուող թուրք մտաւորականները լռութեան մատնելու փաստեր, հալածանքներ ու բանտարկութիւն:

Այսօր, առաւել քան երբեք, նաեւ պիտի տագնապինք Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ մնացորդացին ճակատագիրով, տեղածին երիտասարդութեան զարթօնքի պոռթկումը կոխկռտելու պետական հաւանական մոլուցքով, համայնքի ներքին կեանքին բռնացող կարգադրութիւններով, հայութեան գիրկը վերադարձող բռնի իսլամացուածներու ահաբեկումով, ազգութեամբ հայ քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու կեանքով:

Մենք նաեւ պիտի մտահոգուինք ազգային ինքնորոշման պայքար տանող քիւրտ ժողովուրդի գլխուն վերահաս փորձանքներով, արեան բաղնիքով այդ պայքարը խեղդելու Էրտողանի դաւադիր գործողութիւններով:

Միջազգային հանրային կարծիքին վրայ թքող էրտողանեան վարչակարգը, իր կայսերապաշտական ծրագիրները իրականացնելու համար, ամէն գին վճարելու պատրաստ է, եւ ան, որ կը խոչընդոտէ այդ ծրագիրներու իրականացումը իր վրայ պիտի հրաւիրէ օսմանեան արհաւական կատաղութեան ամբողջ զինանոցը:

Մենք՝ մեր աշխարհագրութեամբ, մեր պատմութեամբ ու մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը այդ հողատարածքին վրայ պահպանելու անկոտրում վճռականութեամբ, էրտողանեան սուլթանական ծրագիրներուն ամէնէն հիմնական խոչընդոտներէն կը հանդիսանանք ու իբրեւ այդպիսին, վստահաբար կը դասուինք այդ վարչակարգի ամէնէն առաջին թշնամին:

Այս գիտակցութիւնը մեզ պէտք է մղէ մշտական արթնութեան, պէտք է մեզ թելադրէ պաշտպանական այնպիսի ռազմավարութեան որդեգրում, որ կրնայ դիմակայել ամէն տեսակի սադրանք, ամէն տեսակի նենգութիւն:

Մեր ռազմավարութիւնը նաեւ պարտի այնպիսի հնարաւորութիւններ ստեղծել մեր ժողովուրդին համար, որ ուժաքամ ըլլալու փոխարէն՝ նոյն այդ ռազմավարութենէն բխի իր կենսունակութեան աւիւնը, ստեղծագործական թռիչքներ դռներ բանալով մեր երիտասարդութեան, մեր գիտութեան, մեր գիւղատնտեսութեան, մեր արհեստագիտութեան առջեւ:

Մեր թշնամիները՝ արեւելքէն կամ արեւմուտքէն, պէտք է յստակ իմանան, որ մաշումի պատերազմը զիրենք է որ քայքայման կրնայ տանիլ, ո՛չ թէ մեզ: Մեր սրբազան հողին կառչած մնալու դաւանանքը մենք ճի՛շդ այս օրերուն կեանքի սկզբունք դարձնելու խնդիրը ունինք ու վ ՜այ մեզի, եթէ ուշանանք, վ ՜այ մեզի, եթէ շարունակենք նոյն աննպատակ ոստոստումներով մեր պետութեան սիւները թուլացնել: Թշնամին դաժան է մեր աջին, աւելի՛ դաժան՝ մեր ձախին, ու Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ խօսիլ թուլացումի ու ընկրկումի վտանգներուն մասին՝ արդէն իսկ ահազանգային պէտք է նկատել ու արթննալ:

Դուրսէն մեր հայրենի ու սփիւռքեան  իրականութիւնը դիտող մը, կրնայ ունենալ այն տպաւորութիւնը , որ մենք մեր ապահովութեան երաշխիքը խորհրդաւոր ուժի մը վստահած ենք ու այդ վստահութիւնը այնպիսի համոզումով կը ջատագովենք, որ մենք ալ կը հաւատանք անոր ու կ՛արդարացնենք ամէն տեսակի զանցում, անգործունեայ վերաբերում, ազգավնաս անտարբերութիւն, ազգային հնարաւորութիւններու անիմաստ ու անհեթեթ մսխում ու այս բոլորին հանդէպ յանցաւոր հանդուրժողութիւն:

Առաջին հերթին, ուրեմն, պէտք է թօթափենք այդ խորհրդաւոր պաշտպանի պատրանքը, պէտք է արմատաւորենք միայն մեր ուժերուն վստահելու գաղափարախօսութիւնը եւ այդ գաղափարախօսութեան պահանջած լրջութեամբ ու յանձնառութեան ոգիով կերտենք էրտողանեան թէ ալիեւեան սադրանքները սանձելու մեր կարողութիւնը, մեր ուժական պաշտպանունակութիւնը: Պարտութիւններ արդարացնելու ժամանակաշրջանը անցա՛ծ է: Օրուան հրամայականը՝ մեր պայքարելու վճռականութիւնը ջրդեղե՛լն է:



comments

Advertisement