Գօտեպնդուի՛նք

By Asbarez | Wednesday, 19 April 2017

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

vrejarmen

Հայե՛ր, քոյրե՛ր, եղբայրնե՛ր, ընկերնե՛ր, ընկերուհինե՛ր, երիտասարդնե՛ր ու տարեցնե՛ր, Ժամն է գօտեպնդուելու։ Ժամն է թօթափելու մեր ամէն տեսակի բարդոյթները, մանաւանդ ստորակայութեան բարդոյթը որ ներսէն կը կրծէ մեր հոգիները։ Ժամն է բարձր ճակատով նայելու դէպի գալիքը։

Հիասթափելու, վհատելու, յուսահատելու պատճառները քիչ չեն։ Թերիներն ու թերացումները կը վխտան։ Քննադատելիք, ձաղկելիք շատ բան կայ մեր շուրջ։ Մեր բոլոր կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, մեր երկրէն ներս թէ դուրս ինքնասրբագրութեան, ինքնաբարելաւման կարիք ունին։ Մարդկային բոլոր արատներն ու թերութիւնները կրնանք մատնանշել մեր մէջ։ Սակայն տեղ մը պէտք է կանգ առնել ու հարց տալ մենք մեզի՝ արդեօք մե՞նք միայն այդպէս ենք։

Եկէք վերջ տանք պարտուողական ոգիին, որ ներարկուեր է մեր հոգիներուն մէջ հարիւրամեակներէ ի վեր, վերջ տանք մանաւանդ մենք մեզ տեւաբար ստորագնահատելու եւ ուրիշը, օտարը գերգնահատելու սա մոլութեան։

Բայց զգո՜յշ, չիյնանք նաեւ սնապարծութեան ու յոխորտանքի թակարդին մէջ՝ առաջին այսն ենք, առաջին այնն ենք եւ այլն, կամ՝ սա հանճարը ունինք կամ նա տաղանդը ունինք, ունէինք…

Այդ ամէնը լաւ, ե՛նք եւ ունի՛նք, բայց այսօրուան աշխարհին մէջ մեր տեղը պիտի գրաւենք մեր այսօրուան արժանիքներով ու յաղթանակներով։ Ամրապնդենք մենք զմեզ՝ այդ արժանիքները ձեռք ձգելու եւ ամրակայելու եւ այդ յաղթանակները ապահովելու համար։

Գիտակցինք մեր ներուժին։ Անիկա բոլոր ժամանակներէն աւելին է։ Գիտակցինք մեր կարելիութիւններուն, որ նոյնպէս բոլոր ժամանակներէն աւելիով կը վայելենք։

Չհրաժարինք մենք մեզ քննադատելէ, ձաղկելէ անգամ, բայց ո՛չ ժխտական, այլ դրական ոգիով։ Ո՛չ այն ինքնախաբէութեամբ, թէ տեսէ՛ք, մարդ պիտի չըլլանք, բան պիտի չփոխուի, տեղ պիտի չհասնինք։ Թերիները կամ մեղանչումները մատնանշած ատեն մեր տեսողութենէն չհեռացնենք նաեւ մեր առաւելութիւններն ու ձեռքբերումները։ Նաեւ, մեզ բաղդատելով ուրիշներու հետ, չտարուինք այն սին ենթադրութիւններով, թէ ուրիշներ մեզմէ աւելի արագ յաջողած են յառաջ երթալ, մանաւանդ գերութեան եւ պատերազմի ժամանակներուն։ Ոմանք՝ թերեւս, ոմանք՝ ոչ. մանաւանդ ամէնէն մեծերը՝ ո՛չ։

Երկու օրինակ այս առնչութեամբ, երկուքն ալ առնչուած նոյն օրուան եւ ամսուան՝ 2 Ապրիլին, մէկը 2016 թուականի, միւսը 2017։ Մեզմէ ոմանք պարտութիւն համարեցին Արցախեան քառօրեայ պատերազմը՝ նկատի առնելով մեր բանակին անակնկալի գալը, հարիւրեակ մը զոհեր տալն ու շատ փոքր հողատարածք մը զիջիլը։ Ուրիշներ սակայն արդարօրէն յաղթանակ կոչեցին զայն, քանի որ թշնամին չհասաւ իր նպատակին ու բազմապատիկ աւելի զոհեր տալով նահանջեց։ Յաւելեալ՝ ամրապնդուեցաւ հայրենիքին տէր կանգնելու հայութեան միասնական կամքը։ Նոյնպէս, այս տարուան խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք կայացան միշտ Ապրիլ 2ին, երկու հակադիր հակազդեցութիւններ ունեցան. ոմանք դատապարտեցին ընտրակաշառքներն ու ընտրախախտումները, որոնք շարունակեցին աղաւաղել Հայաստանի քաղաքական գործընթացներն ու դէմքը, մինչ ուրիշներ իրաւամբ յառաջընթաց մը նկատեցին այդ ընտրութիւնները, որոնք ամբողջ վարչաձեւ մը փոխելու առաջին քայլը հանդիսացան։

Չմոռնանք երբեք, որ 451 թուականին պարսիկները շահեցան ճակատամարտը, բայց հայերը՝ պատերազմը։ Եղիշէ պատմիչը Վարդանանցը հերոսապատումի վերածեց ու ահա դարեր ի վեր վառ պահեց մեր ազգային հպարտութիւնը, առանց որուն չէինք կրնար ապրիլ, գոյատեւել։

Այո, ժամանակն է գօտեպնդուելու։

Ժամանակն է դադրեցնելու ա-րեւմտահայերէնի կորուստը ողբալը եւ ընելու այնպէս, որ չկորսուի՛ անիկա. այսինքն՝ հարիւրաւոր դպրոցներ բանալ Սփիւռքի տարածքին, ուսուցիչներ պատրաստել, դասագիրքեր հրատարակել եւ այլն։

Ժամանակն է դադրեցնելու հայրենի իրականութեան միայն սեւ կողմերը շեշտելը եւ ընելու այնպէս, որ սեւը նուազի ու ծիածանի բոլոր գոյները բազմանան։ Արտագաղթելու փոխարէն հայը ուզէ՛ տուն վերադառնալ։

Ժամանակն է դադրեցնելու անցեալի մեր իրագործումները միայն ջատագովելը եւ ընելու այնպէս, որ մեր ներուժը վերածուի համաշխարհային ճանաչում ստացող ուժի, ըլլայ այդ մշակութային, գիտական, տնտեսական թէ մանաւանդ մարզական ոլորտներուն մէջ, միլիոնաւոր դիտողներու առջեւ եռագոյնը բարձրացնելու եւ «Մեր հայրենիք»ը լսելի դարձնելու եւ Հայաստան անունը պանծացնելու առաջադրութեամբ։ Ինչպէ՞ս,_ հարց պիտի տան ոմանք։ Օգտագործելով մեր նիւթական ներուժը, որ անսահման է ու անչափելի։ Գործի լծելով մեր մարդկային ներուժը, որ նոյնպէս անսահման է ու անչափելի։  Յերկիր եւ յարտերկիր։ Ահա գլխաւոր հարցը, որ բոլորիս օրակարգերուն առաջին գծին վրայ պիտի ըլլայ։

Ժամանակն է գօտեպնդուելու՝ մաս կազմելու համար ժամանակակից քաղաքակրթութեան երթին։

Այլապէս՝ դուրս գալու պատմութեան բեմէն…



comments

Advertisement