ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ 25ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ- Երգելո՛վ Յաղթանակելու Դրուագ Մը

By Asbarez | Monday, 08 May 2017

0509shoushilibre1

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Խորհրդային Միութեան արեւամուտէն առաջ, Փետրուար 1988ին պայթած Արցախի ազատագրական պայքարը առաջին օրերուն արտայայտութիւն գտաւ հրապարակային ցոյցերով ու քաղաքական քայլերով, որոնք բարձրացուցին այս հողամասին պատմականօրէն հայութեան պատկանելիութեան եւ անոր բնակիչներուն ինքնորոշման իրաւունքի դրօշները։ Մինչ միլիոնաւոր հայորդիներ, Երեւանի մէջ թէ արտերկրի օճախներուն հրապարակները կ՛ողողէին՝ արձագանգելով Ցեղասպանութեան 50ամեակին առիթով հնչած <<Մեր հողերը, մեր հողերը>> պահանջին, զուգահեռ գիծերու վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովուրդին կամքը մարմնաւորող խորհրդարանը Ստեփանակերտի մէջ որդեգրեց դէպի ինքնորոշում եւ Ատրպէյճանի լուծէն անկախացում բանաձեւերը, համապատասխան արձագանգներ գտնելով թէ՛ Երեւանի եւ թէ Սփիւռքի տարածքին։ Ատրպէյճանի հակադարձութիւնը չմնաց քաղաքական-դիւանագիտական ոլորտի մէջ, այլ Պաքուի ու Սումկայիթի նախճիրներով սկիզբ առին արիւնոտ էջեր, որոնք շուտով հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը փոխադրեցին ռազմադաշտ։

Ու մեր պատմութեան էջերուն մութ կարմիր տառերով արձանագրուեցան Գետաշէնն ու Շահումեանը, անոնց հետեւեցան Մարտակերտն ու Արցախի հիւսիսային եւ արեւելեան գօտիներու կարգ մը մարզերու անունները։ Ատրպէյճան որոշած էր կուլ տալ ամբողջ Արցախը. կռիւը անհաւասար էր. վտանգուած էին Մարտունին, Ասկերանը, նոյնինքն Ստեփանակերտն ու հայկական Արցախի սիրտը հանդիսացող Շուշին, առանց մոռնալու հարաւային Արցախն ու մինչեւ Լաչին եւ Քելբաջար տարածուող անցքերը։ Նախիջեւանին վիճակուած ճակատագիրը կը սպառնար ամբողջ Արցախին։ Պաքու կը շարժէր ինքնավստահօրէն, որովհետեւ իր կողքին ունէր սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն մերժող խորհրդային Մոսկուայի դիրքորոշումը, որ մերթ կը թարգմանուէր կրաւորական դիտողի դիրքով, սակայն նաեւ ազերիական ուժերուն գործակցելու քայլերով։

Օրհասական պահուն, Արցախի ու ողջ հայութեան հոգիին մէջ վերականգնեցաւ հին երգ մը. <<…Բայց զէնքը ձեռին ոտքի կանգնեցան հայ ֆետայիներ առիւծի նման>>։ <<Հերոս Անդրանիկ>>ի, Աղբիւր Սերոբի, Գէորգ Չաուշի, Հրայր Դժոխքի եւ բիւր-բիւր ֆետայիներու հարազատ ժառանգորդները նետուեցան անհաւասար կռիւի մէջ, ու մեր պատմութիւնը այս անգամ վառ կարմիրով արձանագրեց նոր անմահներ, որոնց շարքին էին Շահէնն ու Վարդանը, Տուշմանն ու Թաթուլը, Պետոն եւ դեռ բուռ-բուռ քաջեր, որոնք զարդարեցին մեր բնակարաններուն ու ակումբերուն պատերը, մեր կեանքին մաս կազմեցին իրենց մասին հիւսուած երգերով, եւ այսօր իբրեւ յուշարձան մեզի կը նային Եռաբլուրէն ու Ստեփանակերտէն. անոնք ալ ունեցան իրենց հետեւորդ ուխտապահները, որոնց նորագոյն փաղանգը դեռ երէկ կերտեց Քառօրեայ պատերազմը, կը շարունակէ գերագոյն զոհաբերութեամբ պաշտպանել Արցախի հողն ու Հայաստանի վտանգուած սահմանները, գիտէ, թէ ի՛նչ է <<Ինչքան էլ որ դժուար լինի, դիմացէք… Հողը արիւնով են պահում, իմացէք>> երգին իմաստը։

 

***

 

1988էն մինչեւ 1993-94 տարիները ծանր տարիներ եղան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի համար, մէկ կողմէ՝ զինուորական ճակատումներուն ու միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պաշարումներուն հետեւանքով։ Ու եթէ յիշողութեանս դարակներէն փորձեմ դուրս բերել այդ օրերու կարգ մը մանրամասնութիւնները, աչքերուս դիմաց կը վերականգնի Պէյրութի <<Ազդակ>> օրաթերթի խմբագրատան գրասենեակս, ուր աթոռիս ետին, պատին վրայ փակցուցած էինք Արցախի նոր հրատարակուած քարտէսը եւ օրը օրին, ստացուած լուրերուն հետեւողութեամբ կը գծագրէինք ռազմական գործողութեանց շարժումները։ Երիտասարդ ընկերներ կը հաւաքուէին խմբագրատուն, մինչեւ ուշ գիշեր կարմիր ու կանաչ մատիտներով քարտէսին վրայ կը գծէինք ատրպէյճանական յառաջխաղացքներուն ու հայկական ուժերու հակահարուածներուն նետերը, նորաստեղծ <<սահմանները>>։ Քարտէսը վերածուած էր աշխարհագրութեան ապրո՛ղ դասագիրքի։ Եթէ անցեալին Արցախը առաւելաբար Շուշիով ու Ստեփանակերտով ծանօթ էր շատերուն, այդ օրերուն մեր առօրեային մաս կազմեցին Սարսանգն ու Դրմբոնը, Մարտունին ու առասպելական Քարին Տակը, Լիսագորը, Օմարի լեռնանցքն ու Քելբաջարը, տակաւին՝ Աղտամը, Ֆիզուլին, Ղուպաթլին եւ պատմական Արցախի մէն մի պատառը։

Ճակատումներուն ու մեր արձանագրած յաղթանակներուն գագաթնակէտը բնականաբար եղաւ Շուշիի ազատագրումը, առանց անտեսելու Լաչինի վրայով Հայաստանին միացումը ու մինչեւ Արաքսի ափերը տարածումը։ Նոր օրերու ֆետայիները, աներեւակայելի թուացող գործողութեամբ մը, մէկ-երկու օրուան մէջ ռազմականօրէն դժուար ուղիներէ քալելով՝ հասան Շուշի ու կռնկակոխ փախչող ազերիական ուժերէն ազատագրեցին մեր մշակոյթի պատմութեան մէջ իշխանական դիրք ունեցող բերդաքաղաքը, հայկական դրօշը ծածանեցին անոր պատմական բերդին ու Ղազանճեցոց եկեղեցիին վրայ։

 

***

 

Հայութեան մեծագոյն զանգուածին պէս, այդ իրադարձութիւններուն հետեւեցայ հեռակայ կարգով՝ խմբագրատան գրասենեակէն, հեռագրալուրերու, ձայնասփիւռի հաղորդումներու եւ քիչ մըն ալ այդ օրերուն Արցախ այցելութենէ վերադարձող ընկերներու պատմածներուն ճամբով (համացանց, դիմատետր եւ նմանօրինակ պերճանքները չէին ծնած տակաւին), միշտ երազելով, որ պէտք է անպայման, աւելի շուտ քան թէ ուշ, առիթը ստեղծէի ու Արցախ այցելէի, քալէի այն հողին վրայ, որ ոռոգուած էր ու ազատագրուած՝ նորագոյն նահատակներուն արիւնով։ Ու առիթը չուշացաւ։ Դաշնակցութեան մամուլի ծառայողներուն Երեւանի (Ծաղկաձորի) խորհրդաժողովը, 1993ի ամառը, ստեղծեց այդ առիթը։ Յունիսի առաջին քանի մը օրերը ժողովական նիստերու յատկացնելէ ու աշխատանքը ամբողջացնելէ ետք, Երեւան վերադարձին, մտածում մը զարգացաւ, որ խումբով պէտք է այցելել Արցախ։ Լաչինի անցքը բացուած էր կարճ ատեն մը առաջ, Աղտամի ճակատամարտը կը շարունակուէր, ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը ոչ-հայանպաստ բանաձեւ մը որդեգրեր էր մեր խորհրդաժողովի օրերուն, Շուշին ու Ստեփանակերտը կը մնային օդային ռմբակոծումի վտանգին տակ։

Աւելի քան տասնեակ մը խմբագիրներով ու մամուլի գործիչներով Կիրակի առաւօտ մը ճամբայ ելանք դէպի Արցախ, Երկուշաբթի գիշեր Երեւան վերադառնալու որոշումով։ Մինչեւ սահման, ճամբան տանելի էր, իսկ անկէ անդին, պատերազմական վիճակի ու ատրպէյճանական <<հոգածութեան>> բոլոր հետքերը դրոշմուած էին ամէն քայլափոխի, ճամբաներուն ու գիւղերուն վրայ։ Լաչինը աւերակ էր, նմանապէս ծանր քանդումներու երթարկուած էին գիւղեր ու աւաններ։ Ճամբաներուն կուպրը երկար տարածութիւններու վրայ չգոյ էր, ջրափոսերը կը սպառնային <<խեղդել>> մեր ինքնաշարժին շարժակը, եթէ մեր վարորդը ծանօթ չըլլար անոնց խորութեան. յաճախ այնքան մը կը մօտենար ճամբեզրին, որ կը վախնայինք թէ ուր որ է, մեր ինքնաշարժը պիտի գլորի ձորն ի վար, նոր <<զարդ>> մը աւելցնելով ճամբաներուն եզերքները եւ անոնցմէ վար կախուած զարիթափները <<զարդարող>> ատրպէյճանական պայթած-հրկիզուած հրասայլերուն ու զրահամեքենաներուն վրայ։

Ամրան օրերու երկար ըլլալը մեզի առիթ տուաւ, որ արեւամուտէն կարճ ատեն մը առաջ հասնինք Շուշիի ստորոտը։ Մեր մեքենավար ընկերը, որ նաեւ սքանչելի ուղեցոյց մըն էր, մատ առ մատ ծանօթ էր այդ շրջաններուն, մասնակցած էր ճակատումներու, մեզի ցոյց տուաւ հռչակաւոր Քարին Տակը. այդ պահուն միայն լիովին ըմբռնեցինք, թէ ինչպիսի՛ սխրանքներ արձանագրուած էին այդ հողերուն վրայ, ի՛նչ կը նշանակէր անոր քովէն բարձրացող արահետներէ գիշերանց քալելով հասնիլ Շուշի ու ազատագրել զայն։

Գիշերը անցուցինք Շուշիի (Դաշնակցութեան զօրաբաժինի) զօրանոցին մէջ, անմոռանալի ժամեր ապրեցանք մեր զինեալ տղոց հետ, որոնց շարքին կային պեխ-մօրուքի չհասած պատանիներ։ Պատմեցին, որ անոնք կ՛ուզէին ճակատ երթալ, սակայն երէցները տակաւին յարմար չէին գտներ, ու անոնց վստահած էին դիրքերուն ետին տարուող աշխատանքներ։ Գիշերը բաւական յառաջացած էր, երբ Աղտամի ճակատէն վերադարձաւ մարտական խումբ մը, որ կատակներով ու մանրապատումներով վերանորոգեց մթնոլորտը։ Ճակատներէն նուռ ու այլ աւարներ բերած էին զօրակայանի տղոց, հիւրերս ալ համտեսեցինք նշանաւոր նուռէն… Ամէն մէկը հերոսապատում մը ունէր, տարբեր դիրքերու վրայ կատարուած սխրանքներու պատմութիւններ, որոնք, կը զգայինք՝ շարժապատկերի դրուագներ չէին, ուր հերոս մը կրնայ սպաննուիլ, սակայն գիտես, որ զայն շուտով պիտի տեսնես ուրիշ ժապաւէնի մը մէջ։ Հոս ամէն բան իրական էր, անդառնալի իրականութիւն…։

Ու յանկարծ տեսանք, որ արեւը կը ծագէր, մենք քնատ էինք, բայց այդ մատղաշ տղաքը չէին յոգնած պատմելէ ու նկարագրելէ։ Հերոսները յոգնութիւն կը ճանչնա՞ն…

 

***

 

Յաջորդ առաւօտուն, այցելեցինք Ղազանճեցոց եկեղեցին, որ կիսաւեր վիճակ ունէր. օրը անձրեւոտ էր, եկեղեցւոյ գմբէթէն ու տանիքի այլ անկիւններէն անձրեւաջուրը կը ջրվիժէր։ Յետոյ իջանք Ստեփանակերտ. ճամբուն վրայ, պահ մը կանգ առինք այն պայթած հրասայլին կողքին, որ Ստեփանակերտէն Շուշի բարձրանալու պահուն, հրթիռակոծուած էր ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ եւ անոր հինգ <<բնակիչները>> նահատակուած էին։ Այսօր Արցախ այցելողը նոյն վայրին մէջ կը գտնէ հրասայլ-յուշակոթող մը, որ փոխարինած է իսկական հրասայլը։ Ստեփանակերտի վիճակը շատ տարբեր չէր Շուշիի կիսաւեր համայնապատկերէն։ Խորհրդարանի օրուան շէնքը եւ կողքի բնակավայրերը ռումբերու հետքեր կը կրէին, կիսաքանդ էին կամ խորոչներով <<զարդարուն>>. պաշտօնատարներու գրասենեակները կը յիշեցնէին Ղազանճեցոց եկեղեցւոյ ջրվէժները։ Բայց Ստեփանակերտի հարաւը, գողտրիկ բլրակին վրայ, մեր քաջ ֆետայիներուն պէս ոտքի կանգնած կը մնար <<Մենք ենք Մեր Լեռները>> յուշակոթողը, նշանաւոր Մամիկն ու Պապիկը…

 

***

 

Ձեռքիս նոթատետրը բաւական հարստացած էր դրուագներով, որոնց մասին յետոյ, Պէյրութ վերադարձիս, քանի մը յաջորդական սիւնակ արձանագրեցի <<Ազդակ>>ի էջերուն։ Կարճ ատեն ետք, տրտմութեան պահեր ապրեցայ, երբ իմացայ, որ Շուշիի մէջ մեր ծանօթացած տղոցմէն նահատակներ ինկած են։ Երբ նահատակ մը անձամբ ճանչցած ես, սրտաճմլումը տարբեր երանգ կ՛ունենայ…։ Հիմա, երբ պատկերասփիւռէն կը լսեմ նոր նահատակներուն մասին, կը տեսնեմ անոնց լուսանկարները, անխուսափելօրէն կը վերադառնամ Շուշիի ու Ստեփանակերտի մէջ այդ քանի մը ժամերուն, որոնք կեանքի մը երկարութիւնը կրնան լեցնել ու լուսաւորել անկասկած։

Յաճախ մտածած եմ եւ ես ինծի հարց տուած՝ թէ Շուշիի յաղթանակը, ընդհանրապէս Արցախի պատերազմներուն մեր յաղթանակները, նոյնինքն ազատագրումը ինչպէ՞ս պատահեցաւ, երբ այդ օրերուն գիտէինք, հիմա ալ գիտենք, որ մեր թշնամին կը կարծէր, թէ ռազմամթերքով եւ նիւթական մեծ առաւելութիւններով օժտուած՝ հարցը պիտի վերջացնէր մուկ բռնած կատուի պէս։ Միջազգային ու աշխարհաքաղաքական պայմաններն ալ ի նպաստ մեզի չէին, այսօրուան վիճակէն ալ աւելի վատ…

Վերջերս, հետս 1993ին Արցախ այցելած նոթերու տետրակս գլուխը վեր բարձրացուց դարակի մը մէջէն ու երկար ատենէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, դարձեալ աչքէ անցուցի դէպի խունացում գացող արձանագրութիւններս։ Ու հոն գտայ դրուագ մը, որուն մասին գրելու առիթ չեմ ունեցած. դրուագ մը, որ մեզի պատմեց մեր ուղեկից ընկերը՝ Արշակը, երբ Երկուշաբթի յետմիջօրէին հրաժեշտ տուած էինք Շուշիին ու բռնած՝ Երեւան վերադարձի ճամբան։ Կը հաւատամ, որ դրուագը ճշմարտութիւն է եւ իր մէջ կարելի է խտացած տեսնել մեր յաղթանակին՝ Շուշիի ու Արցախի ազատագրման գաղտնիքը։

Ներկայացնեմ ամփոփ կերպով, վստահելով յիշողութեանս, քանի մը տողով արձանագրութեանս եւ խօսեցնելով պատմող.

<<15-20 զինակիցներու հետ պարտականութիւնը ունէինք՝ անակնկալ յարձակում մը գործելու ատրպէյճանական դիրքի մը վրայ (ափսոս որ վայրը չեմ արձանագրած), որ կը գտնուէր հայկական գրաւուած գիւղի մը կողքին, բլուրի մը վրայ։ Գիւղը ամայացած էր, ատրպէյճանական դիրքը՝ բարձրադիր ու դժուար հասանելի։ Պէտք էր սողոսկելով յառաջանալ, ուղղակի կրակի տակ մնալու վտանգը աչք առնելով՝ պարտաւոր էինք չէզոքացնել այդ կրակակէտը։ Տարածուն գիծ մը կազմած՝ սկսանք յառաջանալ ու երբ կը պատրաստուէինք յարձակման անցնելու, բլուրին գագաթէն ատրպէյճանցիները սկս-ան գնդացիրներով կրակ տեղալու մեր վրայ։ Յառաջանալը ինքնասպանութիւն պիտի ըլլար, ստիպուեցանք քիչ մը նահանջել ու դիրք բռնել մայթէ մը քիչ մը աւեի բարձր՝ պատանման դիրքի մը ետին։ Իրարու ձայն տուինք, բարեբախտաբար ոչ ոք վնասուած էր, սակայն անշարժութեան մատնուած էինք։ Փամփուշտները կարկուտի սաստկութեամբ եւ անընդհատ կը շարունակուէին, արգիլելով յաւելեալ նահանջի որեւէ կարելիութիւն։ Եթէ վերէն յարձակումի անցնէին, հաւանաբար յաջորդ արեւածագը պիտի չտեսնէինք։ Միակ յոյսը կը մնար… գիշերը, որպէսզի մութէն օգտուելով, կարենայինք մեր սկզբնական դիրքերը վերադառնալ։

<<Յանկարծ, մեր տղոցմէ մէկը սկսաւ յեղափոխական երգ մը երգելու։ Միւսները շուտով ձայնակցեցան. խենթ բան էր, բայց բոլորս կ՛երգէինք խանդավառութեամբ։ Բլուրին գագաթէն կրակը դադրեցաւ։ Հաւանաբար կարծեցին, որ օգնական ուժ եւ ծանր զէնք ստացած ենք։ Ու ակնթարթի մը մէջ, կրակելով դուրս ցատկեցինք մեր անպաշտպանելի դիրքէն ու խոյացանք դէպի բլուրին գագաթը։ Ատրպէյճանցիները ահ ու սարսափի մատնուած էին, լքեցին դիրքը եւ փախուստ տուին։ Դիրքը գրաւեցինք առանց զոհի ու վիրաւորի…>>։

…Դար մը առաջ, ճակատ գացող ֆետայի մը Սիամանթոյէն երգ մը ուզած էր, որովհետեւ կ՛ուզէր <<երգելով մեռնիլ>>։ Արցախի հերոսները գտած էին երգելով յաղթանակելո՛ւ ձեւը, եւ ազատագրեցին Շուշին ու Արցախը, մեզի ըսելու, որ մեր պատմութիւնը միայն նահանջներով ու ջարդերով չէ կերտուած, այլ Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանը կ՛ապրին Արցախի մէջ, պիտի երաշխաւորեն Արցախի անկախութիւնն ու հայկականութիւնը։

 

5 Մայիս 2017

 



comments

Advertisement