Սփիւռք(ներ)ի «Ազգային» Ապագան Եւ Ներկայի Պատասխանատուութիւնը

By Asbarez | Friday, 12 May 2017

Hagop Balian

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

<<Այն պահուն երբ ստրուկը կ՛որոշէ, որ ինք այլեւս

ստրուկ պիտի չըլլայ, իր շղթաները կ՛իյնան>>

 

ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ

 

Ազգի մը զաւակներուն համար, օտարումը (alienation) իր անունը չըսող ստրկութիւն է, մեղմ կամ բիրտ գաղութացման հետեւանք:

Այս սպառնալիքին ենթակայ են արմատախիլ եղած ժողովուրդները: Արմատխլումը եղած ըլլայ բիրտ ձեւով (հայրենահանում) թէ կամաւոր (աշխատանքի կամ ապաստանեալի):

Այս պարզ ըմբռնումին ընդմէջէն պէտք է դիտել սփիւռքեան անբնական եւ պարտադրուած կացութիւնը, նաեւ Հայաստանի մէջ արագօրէն զարգացող յետ-խորհրդային ընկերաքաղաքական եւ մշակութային կացութիւնը, որ մղած է եւ կը շարունակէ մղել լայնածաւալ արտագաղթի:

Դեռ ինքզինք ազգի անդամ զգացող հայ անհատը ճակատագրական հարցման մը պէտք է պատասխանէ. <<Ի՞նչ ապագայ ունի Սփիւռք(ներ)ը որպէս ազգի հատուած>>:

Ազգի հատուած ըլլալու, մնալու եւ տեւելու համար շարունակութեան գիծին վրայ մնացող ինքնութիւն պէտք է ունենալ: Ինքնութեան կորուստի ընթացքը, որ դամոկլեան սուրի պէս կախուած է Սփիւռք(ներ)ի վրայ, անարիւն բրտութեամբ գործելով, արմատներու յարաբերաբար քաղաքակիրթ ստրկացում է, նոյնիսկ երբ չ՛անհանգստացներ, եթէ ինքնարդարացման գիտոսիկ-սոփեստ աճպարարութիւններու խաղին մէջ չիյնանք:

Հարցումը կը վերաբերի <<ազգի հատուած>>ին որպէս այդպիսին, ոչ համայնքներուն, որոնք կը մշակեն յուշի եւ գունաթափուող կարօտախտի մշակոյթ, որոնելով նահանջի եւ ինքնարդարացման նոր արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ <<Հայաստանին օգնել>>, <<Հայաստանը տեսնել, լուսանկարել>>, <<Հայաստանի արուեստագէտները հրաւիրել եւ սրահներ խանդավառել>>: Հայաստանն ալ կը քաջալերէ այս անմիջականի անհեռանկար թափահարումները:

Եթէ միայն կարենայինք թէական-տեսական համրանքին հակադրել իրաւութեամբ յատկանշուող թիւեր, մեր վերաբերումները եւ նախաձեռնութիւնները կ՛ունենային այսօրուընէ տարբեր որակ:

Հարցումը չի վերաբերիր անհատներու որպէս մարդ կացութեան եւ կեցութեան: Մարդիկ այս կամ այն ձեւով պիտի ապրին, պիտի տեւեն, պիտի արտադրեն եւ պիտի սպառեն, մոլորակի բոլոր բնակիչներուն պէս, եթէ իրենց <<ծագման>> յիշատակն անգամ կորսնցուցած ըլլան:

Երբեմն իրատեսութեամբ պէտք է դիտել եւ փորձել առանց ինքնախաբէութեան եւ ճապկումներու հասկնալ Սփիւռք(ներ)ի հայկականութիւն-ինքնութեան բազմերես հոլովոյթը, մտածել այդ հոլովոյթի վախճանական հասցէին մասին, առանց յոռետեսութեան կամ պարտուողականութեան յուզող խօսքերու, կամ գինովնալու ճառերու լաւատեսութեամբ:

Օր մը, եթէ ուշ չէ արդէն, ամենայն քաջութեամբ եւ իրատեսութեամբ, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ) պիտի խօսի՞ն հիմնական խնդիրի մասին. <<Ի՞նչ ապագայ ունի Սփիւռք(ներ)ը որպէս ազգի հատուած>>, լրջութեամբ խորհելով այն մասին, որ անիկա ազգի համրանքի կէսէն աւելի է: Պիտի կորսուի՞ ազգի հզօրութեան պատուանդան այդ հարստութիւնը: Ըսի՝ նաեւ Հայաստան պիտի խօսի՞ այս մասին, ոչ միայն պետութիւնը եւ մտաւորականութիւնը, այլ նաեւ ժողովուրդը, քանի որ Սփիւռքը առանց Հայաստանի ովկիանոսի վրայ ձգուած ուրուական նաւ մըն է, առանց Վակների նուագին:

Հարկ է ընկերային-քաղաքական ըմբռնումները չսահմանափակել համայնքային ինքնապաշտպանութեան ոլորտին մէջ, վերջին հանգրուանը յետաձգուած տեսնելու անհեռանկար գործնապաշտութեամբ:

Միշտ հիացած եմ բարձր հեղինակութիւն ունեցած դէմքերու խօսքէն չանջատուող գործին: Բարձր հեղինակութիւն, կ՛ըսուի charisme, ոմանք պարզապէս կը տառադարձեն եւ կ՛ըսեն <<խարիզմա>>: Անոնց միտքերով կը փորձեմ լուսաւորել մեր կացութիւնը: Այդ մեծերէն է Մահաթմա Կանտին, որ իր մեծ երկիրը եւ բազմամիլիոն ժողովուրդը դուրս բերաւ գաղութարար մեծ կայսրութեան մը տիրապետութենէն:

Յաճախ կ՛ըսեմ, որ ճիշդ կողմնորոշուելու համար երբեմն պէտք է յաճախել իրաւ մեծերու դպրոցը:

Ի՞նչ բան է Սփիւռք(ներ)ը: Եթէ ճշմարտութեան պայծառ պահու մը այդ հասկնալու ճիգ ընենք, պիտի հասնինք այն եզրակացութեան, որ Սփիւռք(ներ)ը պարտադրուած, հանդուրժուած կամ կամաւոր ստրկութիւն է, քանի որ բնական պայմաններու մէջ, մշակոյթով իր հողին վրայ ապրելու իրաւունքէն զրկած են զինք կամ անիկա ինքզինք կը զրկէ:

Այս գիտակցութիւնը եթէ ունենանք, եթէ լսենք Մահաթմա Կանտին, որ կ՛ըսէ. <<Այն պահուն երբ ստրուկը կ՛որոշէ, որ ինք այլեւս ստրուկ պիտի չըլլայ, իր շղթաները կ՛իյնան>>, մեր կեանքը նոր հուն կը մտնէ: Ի՞նչ պիտի ըսեն, եւ ե՞րբ, Սփիւռք(ներ)ը եւ անոնք, որոնք կը կոչուին <<սփիւռքահայեր>>, այնպէս՝ որ կարծէք անոնք ըլլան հայ ազգէն սերած նորատեսակ ազգ մը, քանի որ իրենց անմիջական, մօտաւոր եւ նոյնիսկ հեռաւոր նպատակներուն մաս չի կազմեր հայրենադարձութիւնը:

Սփիւռքահայը, հետեւողութեամբ Մահաթմա Կանտիի, ե՞րբ պիտի ըսէ, որ ինք այլեւս սփիւռքահայ չէ, թօթափելու համար օտարման անզգալաբար եւ տեւաբար զինք օղակող շղթան:

Սփիւռք(ներ)ի համար հայրենադարձութիւնը դադրած է նպատակ ըլլալէ, փոխարինուած է բարեսիրական դեռ տեւող զգացական հայրենասիրութեամբ, որ կը կռթնի այն արմատացած եւ արմատացող գաղափարին, որ Սփիւռքը յաւերժական է, միամտօրէն հաւատալով ազգային բովանդակութեամբ: Մինչդեռ այդ բովանդակութեան ազգայինը կը նօսրանայ, տօնական օրերու պղպջակ զուարճութիւն է, զատկական կարմիր հաւկիթներուն պէս, առանց գիտնալու անոնց ինչո՞ւն: Հայրենասիրական զեղումները կճեպ են, երբ անոնց առանցքին չկայ հայրենատիրութիւնը:

Իսկ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ հայրենատիրութիւնը: Եթէ պարզագոյն ողջմտութեամբ պատասխանենք, պիտի ըսենք՝ հայրենադարձութեամբ: Միթէ՞ պարզ չէ, որ բացակայ ըլլալով չենք կրնար ըսել որ ներկայ ենք: Սփիւռք(ներ)ի մէջ ճառեր արտասանել, <<սիրուած երգի>>չներով սրահ լեցնել եւ անով հպարտանալ, կը ծառայեն համայնքային կամ պարզապէս տեղական շահերու եւ փառասիրութիւններու: Եթէ Մահաթմա Կանտի մը ունենայինք, ան պիտի ըսէր, թէ <<հաւատալ բանի մը եւ զայն չապրիլ անպարկեշտութիւն է>>: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ հայրենասիրութիւն, եթէ զայն լիարժէք ձեւով չենք ապրիր: Եւ ի վերջոյ, զայն անկեղծիք ապրելու ձեւը ի՞նչ է, եթէ ոչ հայրենադարձութիւնը:

Մեր բոլոր տկարացումներու արդարացման համար կը թուենք անապահովութիւնը, կեանքի դժուար պայմանները, անկարելիութիւնը american way of life Հայաստանի մէջ գտնուելուն, եւ այլն: Կարծէք մեր հայրենասիրական զգացումները բաւարարելու համար Շամիրամի առկախ պարտէզները պէտք է տեղադրուին Հայաստան, որպէսզի հայրենադարձութեան մասին մտածուի:

Նոյն մեծն Կանտին, կ՛ըսէ նաեւ հետեւեալը. <<Ոչ մէկ երկիր ոտքի չէ կանգնած առանց բիւրեղացած ըլլալու տառապանքի կրակին մէջ>>: Երբ կը սկսինք խորհելու, որ Սփիւռքը յաւերժական է, որ Սփիւռքը ազգ է, կը նշանակէ որ մեր խօսքերը եւ իրարանցումները <<երկիր մը ոտքի չեն կանգնեցներ>>, քանի որ յանձնառու չենք ուզեր ըլլալ <<բիւրեղանալու տառապանքի կրակին մէջ>>, խորհելով որ այդ է իսկական հայրենատիրութեան գինը, ոչ <<տուրիզմ>>ը եւ ոչ <<դրամահաւաք>>ը:

Եթէ միայն գիտականօրէն ըմբռնենք, թէ ի՞նչ է Սփիւռք(ներ)ի ապագան, ի՞նչ պիտի ըլլայ ան իրապէս, ի՞նչ է մեր խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութենէ անդին գտնուող մեր իրաւ պատասխանատուութիւնը, կը հետեւինք իրաւ ազգային վարքագիծի, ճշմարտապէս եւ ոչ կարծիքներու շարոց փռելով սրահներու մուտքին կամ թերթերու ճակատին:

Սկաուտները սովորութիւն ունին ամէն առաւօտ իրենց փողկապին ծայրը հանգոյց մը ընելու եւ զայն քակելու բարի գործէ մը ետք: Եթէ հայերը ընդհանրապէս, պետութիւն եւ կազմակերպութիւններ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ամէն առաւօտ կրկնէին Մահաթմա Կանտիին խօսքը, սկաուտի հանգոյցին պէս, որ <<Հաւատալ բանի մը եւ զայն չապրիլ անպարկեշտութիւն է>>, մեր վաղը մեզի կը պատկանէր եւ կը կանխէինք օր մը մեր մասին անցեալով խօսուելու տխրութիւնը:

Սփիւռք(ներ)ի <<ազգային>> ապագան եւ ներկայի պատասխանատուութիւնը այսօրուան անմիջական օրակարգ են, ե՞ն, որպէսզի ըսենք, թէ Ռիւպիքոնի ա՞յս կողմն ենք, թէ այն կողմը…

 


 


comments

Advertisement