Կոչ՝ Հայ Երիտասարդին

By Asbarez | Friday, 19 May 2017

attaack-1024x552

ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Ո՞ւր ես, ո՛վ երիտասարդ: Տանդ մէջ հանգիստ նստած, բջիջայինիդ վրայ կեդրոնացած, կը ստուգես ընկերային ցանցերը ու կը հանդիպիս լուրի մը՝ հայրենիքէն. Ատրպէյճան խախտած է զինադադարը ու հայկական կողմը զոհ տուած է: Կը կարդաս, ու կը շարունակես նկարներ դիտելու ժամանցդ:

Ո՞ւր ես, ո՛վ հայ երիտասարդ. մէկ մասդ Արցախի սահմանը կը պաշտպանէ, միւս մասդ՝ Թուրքիոյ ծովափերուն արեւը կը վայելէ:

Ո՞ւր էիր, հուժկո՛ւ երիտասարդ, երբ թուրքը յարձակեցաւ խաղաղ ժողովուրդիդ վրայ: Թուրքը յարձակեցաւ ժողովուրդիդ վրայ՝ ո՛չ թէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, հարիւր տարի առաջ, ո՛չ թէ Արցախի սահմանին վրայ եւ ոչ ալ Քեսապի մէջ: Թուրքը յարձակեցաւ ժողովուրդիդ վրայ՝ ազատ խօսքի մայրաքաղաքի՛ն մէջ, օտար երկրի հողին վրայ:

Ո՞ւր էիք, սիրելի՛ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, երբ Թուրքիոյ նախագահին հրահանգով՝ անմեղ ժողովուրդդ ծեծի ենթարկուեցաւ ու արիւնլուայ եղաւ: Ո՞ւր էիր, երբ թուրքը աւանակի նման կից զարնելով՝ գետին փռեց երէց հայորդիդ: Ո՞ւր էիր, երբ թուրքը Ամերիկայի մէջ նոյնիսկ, քու ազատ խօսելու իրաւունքդ անգամ մը եւս բռնաբարեց իր բազուկներով:

Ո՞ւր ենք: Նստած մեր ընկերներուն հետ՝ կը քննարկենք Թրամփի մէկ ապուշաբանութիւնը եւ <<ծակ փիլիսոփայական>> վերլուծումներով կը մշակենք հայ ժողովուրդի քաղաքական ուղեգիծը:

Զա՛րկ, զա՛րկ թշնամիիդ: Այդ թշնամիդ, որ հարիւր տարի անց՝ տակաւի՛ն կը յանդգնի ձեռք բարձրացնել մեր վրայ… բայց ինչո՞ւ չընէ: Ինչո՞ւ չընէ, երբ իր ցեղասպան նախահայրերը պատժողները յանիրաւի կը պիտակաւորուին իբրեւ <<տերորիստ>>, եւ երբ մենք ի՛ր պատճառով ստեղծուած Սփիւռքին մէջ, կ՛ընտրենք անոր շահերու պաշտպանները ու դաշնակիցները՝ անձնական շահ ապահովելու նպատակով, եւ երբ մենք, մե՛ր իսկ ձեռքերով, մեր ժողովուրդի, ազգի եւ հայրենիքի ճակատագիրը յանձնած ենք ի՛ր իսկ բարեկամներուն, ապա ինչո՞ւ չհարուածէ մեզ:

Ինչո՞ւ պիտի չհարուածէ մեզ թուրքը, երբ մեր բեմերէն, ժողովներէն ու դասարաններէն կը լսենք յուսահատ ու պարտուողական խօսքեր՝ մեր Դատին հանդէպ:

<<Ամօ՛թ է, սխա՛լ է, մենք թուրքին նման վայրագ չենք>> կ՛ըսեն, բայց անգամ մը եւս մեր հայ երիտասարդը փաստեց, որ ինք թուրքին ճանչցած վախկո՛տ հայն է, որ քաղաքակրթութեան ետեւ պահուըտելով, մէկ-երկու յօդուած գրելով եւ օտարին կոչ ընելով՝ կը փորձէ լուծել իր Դատը:

Ո՞ւր էք երիտասարդներ, ռազմակոչը լսեցէ՛ք… Թուրքը նո՛յն թուրքն է, իսկ հայն ալ՝ նո՛յն հայը:

 



comments

Advertisement