Մայիս 28ն ու Իր Խորհուրդը

By Asbarez | Thursday, 25 May 2017

bedikian

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

Նախակրթարանի սեղաններէն մեր միշտ մեծ փափաքն ու երազը եղած է տեսնել մեր հայրենիքի անկախ եւ ազատ վիճակը: Ու այդ սրբազան երազանքը, իբրեւ տարագիր, ուր որ գացած ենք, մեզի հետ պտըտցուցած ու փայփայած ենք:

Սրբազան երազանք մը, որուն անհրաժեշտութիւնը, մեր արեան ուժով ընկալած ենք,  որովհետեւ մեզի համար անսակարկելի արժէք է մեր երկրին անկախութիւնը:

Ու այսօր՝ ահա Մայիսի 28ը, որ է եւ կը մնայ մեր պատմութեան ամէնէն նշանակալի թուականներէն մէկը: Մէկ խօսքով՝ մեր երկրի երկար ատենէ ի վեր սպասուած ու երազած անկախութեան ձեռքբերումը: Բաղձալի եւ նոյնքան ալ իրական:

Ու ի՞նչ է հայրենիքը եթէ ոչ դարերու երկայնքին մեր ժողովուրդին ապրած այն հողը, որ ունի յաւերժական արժէք: Եւ աւելին՝ անոր անկախութիւնն ալ՝ զայն պահող ոգին է:

Իբրեւ այս երկրագունդի վրայ ապրող եւ շնչող հայեր, մեզի համար, 20րդ դարու սկիզբին մեր պետականութեան վերադարձը, մեր վերջին շնչառութիւնն էր, եթէ կ՛ուզէք:

Անոր համար, 1918 Մայիս 28ի Ա. Հանրապետութիւնն ու հայրենիքի ազատ ու անկախ իրավիճակը մեր երջանկութիւնն է: Որովհետեւ անիկա թէեւ ծնունդ առած էր արիւնով եւ սուրով, սակայն եւ այնպէս ծնած էր մեր ժողովուրդի ազատ ապրելու կամքէն եւ վճռականութենէն:

Արդեօք կա՞յ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան երկրիդ ազատութիւնը: Ճակատագիրի բերումով, դարերով զրկուած ապրած էինք անկէ: Բազմաթիւ սերունդներ երազած էին իրականացած տեսնել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը: Մեր ժողովուրդին համար միշտ առաջնահերթ եղած էր հայրենի պետականութեան վերահաստատումը, անոր ազատ ու անկախ կեանքը: Ահա հայութեան քաղաքական իղձը, երկրի մը ու անոր ժողովուրդին ազատ ապրելու եւ անկախ կամքով իր ուղին ընտրելու եւ բարգաւաճելու հիմնական նախադրեալը:

Մինչեւ Մայիս 28, 1918, մեր պատմութիւնը վեց դարեր ապրեցաւ, օտարին եւ օտարներու լուծին տակ: Այս առումով, անկիւնադարձային եղաւ այս անկախութեան տիրանալը, որովհետեւ հայութիւնը իր ազատ հայրենիքին մէջ, իր սեփական պետական տունը շինելու կարելիութիւնը ունեցաւ, ու այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք, Հայաստանը դարձաւ հաստատ անուն մը համաշխարհային ընտանիքէն ներս, գրաւելով իր արդար տեղն ու դիրքը աշխարհի քարտէզին վրայ:

Այսօր հայ ժողովուրդի ամենամեծ տօնն ու օրը, իր հայրենիքի առաջին անկախութեան օրն է: Ու հայ ժողովուրդը պատիւ իրեն, ամբողջ աշխարհին զարմացուց իր մղած երեք ճակատագրական ճակատամարտերու սխրանքով:

Ու մնացեալը պատմութիւն է եւ պատմութիւնը տակաւին կենդանի է մեր բոլորին միտքերուն մէջ:

Բառերով անհնար է արտայայտել այն ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը, որ մեզի պարգեւեցին Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ Սարտարապատի հերոսներն ու հերոսամարտերը: Երկրի մը անկախութիւնը ձեռք կը ձգուի թէ՛ արեան գինով եւ թէ մեծ եւ զոհաբեր աշխատանքով ու անսակարկ նուիրում է պայմաններով:

Մեր ժողովուրդի դարերու վրայ երկարող պատմական ուղին նաեւ կ՛ապացուցանէ, որ մենք արժանի ենք ունենալու մեր անկախ եւ ազատ երկիրը, մեր հզոր բանակն ու մշակոյթը:

Իսկ այսօր: Այսօր ալ ունինք անկախ Հայաստան, եւ մանաւանդ՝ ազատագրուած Արցախ: Եւ երջանիկ ու հպարտ ենք, որ մեր ազգի անձնազոհ զաւակները, առանց ջանք ու եռանդ խնայելու, իրենց կեանքը նուիրաբերեցին այս նոր յաղթանակին համար:

Այսօր այլեւս Հայաստանը վերացական անուն մը կամ հայրենիք մը չէ բոլորիս համար: Անիկա քառորդ դարէ ի վեր այլեւս Խորհրդային ալ չէ: Առանց Մայիսեան յաղթանակին այսօր իր գոյութիւնը կասկածելի պիտի դառնար:

Հայրենիքը միշտ ալ կարելի է հեռուէն սիրել: Բայց իբրեւ հայ, իւրաքանչիւրս պարտաւոր ենք մեր հայրենիքը երկիր դարձնել: Երկիր, ուր ամէն մարդ կրնայ տեսնել իր ապագան, փոխանակ օտար ափերուն վրայ զայն երազելու:

Հաստատապէս, մենք այն երջանիկ սերունդին կը պատկանինք, որուն բախտ վիճակուեցաւ տեսնել Հայաստանի բաղձալի երկրորդ հանրապետութիւնը: Մեր մեծերը միշտ երազած էին զայն տեսնել եւ այդ ոգիով մեզի դաստիարակած ու այդ մաքուր ու սուրբ ոգին ալ մեզի ժառանգ ձգած: Ուստի,  մեզի կը մնայ շենցնել մեր երկիրը ու զայն դարձնել իսկապէս դրախտավայր մը:

Կը ցաւինք, որ այս օրերուն բազմաթիւ երեւոյթներ ստուեր կը ձգեն մեր անկախ պետականութեան վրայ, նոյնիսկ խամրացնելով անոր անկախութեան արժէքը: Այլ խօսքով՝ այսօր մեզմէ շատերու մօտ հայրենասիրութեան պակասը զգալի է: Կարծես հայրենի հողին վրայ շատերու մօտ պակսած է ներշնչող եւ ոգեւորող մթնոլորտը: Անոր համար շատեր կը հեռանան եւ կամ կը մտածեն հեռանալ փոխանակ մասնակցելու հայրենիքը աւելի բարեկեցիկ դարձնելու ճիգին: Շատ յստակ է, որ երկրի վերնախաւն ալ իր արդար բաժինը ունի այս տխուր իրականութեան մէջ:

Կրկնութեան գնով կը շեշտենք, որ  իւրաքանչիւր հայորդիի հայրենասիրութիւնը կախուած է իւրաքանչիւրի գիտակցութենէն եւ որ իր կարգին ատաղձ ունի Հայաստանի ապագային հետ: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, ու մանաւանդ չմոռնալ, որ մեր ժողովուրդի ամէնէն մեծ ձեռքբերումը մեր հայրենիքի անկախութիւնն էր, անկախ պետականութիւնն էր, եւ յատկապէս Արցախի ազատագրումն էր:

Անկախութեան այս գեղեցիկ ու պատմական տօնին առթիւ մաղթանքս է, որ մեր ժողովուրդը հայրենասիրութիւնը սոսկ իբրեւ պարզ բառ եւ կամ ալ բերնի ծամօնի չվերածէ, այլ նոյնիսկ իր զաւակները դաստիարակէ այն մտայնութեամբ ու ոգիով, որ հայրենիքը պէտք է պահել ու պահպանել աչքի լոյսի նման, որովհետւ վերջ ի վերջոյ մեր երկրի անկախութիւնը ձեռք ձգուած ու նուաճուած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն արեան գինով:

Պէտք է նաեւ ունենալ այն հոգեբանութիւնը որ իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է այս երիտասարդ հանրապետութեան թեւ ու թիկունք կանգնիլ անսակարկ, ու հաւատալ, որ մենք հզօր ենք, երբ միասնական ենք: Վկայ՝ Արցախը:

Այդ միասնութեամբ է, որ մենք միայն կրնանք ներքնապէս եւ արտաքնապէս զորացնել մեր հայրենիքը, ու այլեւս կարիքը չենք ունենար խնդրելու եւ կամ որեւէ երկրի դուռը թակելու, որ ճանչնան մեր դատը, Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու մեր պահանջատիրութիւնը:  Նոյնիսկ այս մէկը պիտի պարտադրէ որ մեծերը մեր դաշնակիցներն ու թշանմիները մեզի հետ հաշուի նստին համահաւասար:

Մեծ պատիւ պէտք է համարել ապրիլ անկախ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ, որ ունի իր ուրոյն դիրքն ու տեղը, իր հզօր բանակն ու հպարտ դրօշակը երկրագունդի վրայ:

Վստահ եմ, որ իմ սերունդս եւ մեզմէ ետք եկող սերունդներն ալ մեզի նման շատ հպարտ պիտի զգան ու հաւատան անկախ հայրենիք մը պահելու եւ պաշտպանելու գաղափարին, չլքեն զայն եւ առողջ ու հայրենաշէն գաղափարներով անոր նոր ապագան կերտեն, նոր տնտեսութեամբ եւ առողջ քաղաքականութեամբ նոր Հայաստան վերստեղծեն: Իսկ հիմա, ներկայիս մեր երկրին շուրջը, լուրջ շարժումներ ու փոփոխութիւններ սկսած են կատարուելու: Ականջ պէտք է տալ աշխարհի խաղերուն, ու պատմութենէն դասեր քաղել:

Մաղթանքս է, որ ապահովութեան եւ խաղաղութեան մէջ ապրի մեր հայրենիքը իր ժողովուրդով: Ու այս առթիւ ծունկ մը աղօթ ու խունկ հայրենիքի ազատութեան նուիրրաբերած մեր հերոսներբու յիշատակին, իսկ ապրողներուն ալ՝ ի սրտէ բարի մաղթանքներ:

Այսօր մենք երկիր ենք, մեզի կը մնայ միայն միաւորուիլ միաբանուիլ եւ հզօրանալ, որպէսզի Հայաստանը օտար պետութիւններու սահմանապահ աշտարակ չդառնայ:

Թող բոլոր գալիք տօները ըլլան լիարժէք ապրելու եւ զարգացնելու յիշատակելի տօներ: Եւ յիշեցէ՛ք, անկախութիւնն ու ազատութիւնը կը սկսին, մեր հոգիի ու միտքի անկախութենէն եւ ազատութենէն:

Մայիս 28 է: Այս եւ նման հերոսական յաղթանակներ պահելու եւ ոգեկոչելու մաղթանքներուս կողքին՝ ի սրտէ անկախութեանդ տարեդարձը շնորհաւոր, ո՜վ հայ ժողովուրդ:

 



comments

Advertisement