Ազրպէյճանցի Միլիառատէրը Էրտողանին "Կը Նուիրէ" 25 Միլիոն Տոլար Արժող Նաւթատար Նաւ Մը

By Aztag Daily | Monday, 05 June 2017


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 

Երբ 2003 թուականին Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան առաջին անգամ իշխանութեան եկաւ որպէս Թուրքիոյ վարչապետ, թուրքերուն մեծ մասը զայն ընդունեց որպէս բարեպաշտ մահմետականի եւ ազնիւ քաղաքական գործիչի` կաշառուած ղեկավարներու իշխանութեան տակ քանի մը տասնամեակ գտնուելէ ետք:

Սակայն, ժամանակի ընթացքին, Էրտողան եւ անոր ծայրայեղ իսլամական կուսակցութեան (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում) համախոհ առաջնորդները հետզհետէ դարձան կաշառակեր… Ագահութիւնը փոխարինեց բարեպաշտութիւնը, եւ դժուար էր դիմակայել մեծագումար դրամներու գայթակղութիւնը: <<Իշխանութիւնը կը փճացնէ, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս>> արտայայտութիւնը ճշգրիտ կերպով կը բնութագրէ Էրտողանի վերափոխումը` առ կաշառակեր եւ բռնակալ ղեկավարի:

Էնտրու Ֆիշմըն theintercept.com կայքի վրայ տեղադրուած ծաւալուն յօդուածի մը մէջ կը  բացայայտէ Էրտողանի ընտանիքին կողմէ 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ նաւթատար նաւ նուէր ստանալու արտասովոր հանգամանքները` գաղտնի, ստուերային համաձայնագրով… Այս զգայացունց բացայայտումը ի յայտ եկած է Էրտողանի եւ անոր որդւոյն` Պիլալի գաղտնալսուած հեռաձայնային խօսակցութիւններու հրապարակումէն քանի մը տարի անց, երբ ան զաւկին խորհուրդ տուած էր, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր թաքցնել խորհրդաւոր ձեւով ձեռք բերած հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու կանխիկ գումարը:

Ըստ Ֆիշմընի, նաւթատար նաւը Էրտողանին նուիրած է ազրպէյճանցի միլիառատէր Մուպարիզ Մանսիմով, դեռ 2008 թուականին, ինչպէս բացայայտած է Եւրոպական քննչական համագործակցութիւն (ԵՔՀ) ցանցը, որուն կազմին մէջ կը մտնեն 49 լրագրողներ` 16 երկիրներու 13 լրատուամիջոցներէ: <<Մանսիմով երկու տարի առաջ դարձած էր Թուրքիոյ քաղաքացի եւ ընդունած` Մուպարիզ Ղուրպանօղլու թրքական անունը, ենթադրաբար` Էրտողանի առաջարկով>>, կը տեղեկացնէ Ֆիշմըն: Զարմանալի չէ, որ` <<գործարքը կնքելէ ետք անոր գործարար կապերը լայն թափ ստացան Թուրքիոյ մէջ, որոնց շարքին` շահաւէտ պայմանագրեր կնքուեցան պետական ընկերութիւններու հետ>>:

Մանսիմով մտերմացած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ որպէս Պոլսոյ <<Թրամփ թաուըր>>-ներու մեծ ներդրող` ան հրաւիրեալներու կարգին էր այս տարուան սկիզբը կայացած նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան ժամանակ: <<Երբ 2009-ին Պոլսոյ մէջ բացուեցաւ <<Թրամփ թաուըր>>-ներու 39 յարկանի բնակելի եւ գրասենեկային համալիրը, Մանսիմով դարձաւ առաջին յաճախորդը` գնելով ութ բնակարաններ, որոնց շարքին` փենթհաուսը>>, ըստ theblacksea.eu կայքի:

Ֆիշմընի յօդուածը` հետաքրքրական եւ բարդ մանրամասնութիւններով, կը վերաբերի Էրտողանի 13 հազար թոն տարողութեամբ նաւ նուիրելուն եւ հիմնուած է Մալթայի փաստաթուղթերու վրայ, որոնց քննութիւնը իրականացած է ԵՔՀ-ի գլխաւորութեամբ, օգտագործելով Մալթայի մէջ գործող իրաւական, ֆինանսական եւ համագործակցական ծառայութիւններու մատակարարի 150 հազար գաղտնի փաստաթուղթերու արտահոսքը, ինչպէս նաեւ` Մալթայի ընկերութիւններու պետական արձանագրութեան ցուցակի <<մաքրուած>> տարբերակը: 2007-ին Մանսիմով Ռուսիոյ մէջ գնած է <<Ակտաշ>> նաւթատար նաւը եւ զայն արձանագրած` որպէս մալթական շինարարական ընկերութիւն` <<Փալ շիփինկ թրէյտըր ուան>>  անունով: 2008-ին, Մեն կղզիի նաւահանգիստը [Միացեալ Թագաւորութիւն] արձանագրուած <<Պումըրզ>> ընկերութիւնը, որ կը պատկանի Էրտողանի զաւկին` Պուրաք Էրտողանի, եղբօրը` Մուսթաֆայի եւ փեսային` Զիյա Իլկենի, ձեռք  բերած է  25 միլիոն տոլար արժողութեամբ բոլոր բաժնետոմսերը: <<Յաջորդ օրը ընկերութիւնը 18,4 միլիոն տոլարի վարկ վերցուցած է, ձեւակերպուած` Մանսիմովի կողմէ… Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Մանսիմով պարտաւորուած է մարել ամբողջ եօթը տարուան վարկը, աւելցուցած շահոյթը` մինչեւ 2015-ի վարձակալութեան իրաւունքի դիմաց (գնման արժէքի մնացած 7 միլիոն տոլարը վճարած է Էրտողանի անձնական, մտերիմ ընկերը, անյայտ պատճառներով): Մանսիմովի ընկերութիւնը, որ կը վերահսկէ սեւծովեան նաւթային առաքումներու երկու երրորդը, երկարաձգած է վարձակալական պայմանագիրը մինչեւ 2020, տարեկան 1,2 միլիոն տոլարով: Ընդհանուր առմամբ, Մանսիմովի կողմէ Էրտողանի ընտանիքին կատարուած դրամական փոխանցումները կը կազմեն 21,2 միլիոն տոլար>>:

Մէկ այլ աղբիւր` Sg.news.yahoo.com, Էրտողանի ընտանիքին նուիրուած նաւթատար նաւը  գնահատած է 29,64 միլիոն տոլար: Այս կայքը նաեւ բացայայտած է, որ <<Էրտողանի անձնական, մտերիմ ընկերը>>, որ նաւթատար նաւի համար վճարած է 7 միլիոն տոլար, թուրք գործարար Սըթքի Այանն է:

<<Մալթա Թուտէյ>> թերթը բացայայտած է, որ Էրտողանի փեսան` Պերաթ Ալպայրաք, 2012-ին ութ ընկերութիւն հիմնած է Մալթայի մէջ` խուսափելու համար միլիոնաւոր տոլարներու հարկ վճարելու պարտաւորութենէն, իր ընկերութեան` ուժանիւթային, հիւսուածեղէնի եւ շինարարական մեծ հիմնարկութեան` <<Քալիք հոլտինկզ>>-ի համար, որ միլիառաւոր տոլարներու մրցոյթներ շահած է: Ան չորս ընկերութիւններ բացած էր Շուէտի մէջ:

Ալպայրաք` Էրտողանի աւագ դուստր Էսրա Էրտողանի ամուսինը, 2011-ին ելեկտրոնային նամակ ստացած է մտերիմ գործընկերոջմէ մը, որ նախազգուշացուցած է, որ գաղտնի, ստուերային ընկերութիւնները <<հիմնուած են ֆինանսական մարմինները խաբելու վրայ. ատիկա ապահով համակարգ չէ: Եթէ ֆինանսական մարմինը զայն բացայայտէ, այդ մէկը բացասաբար կ՛անդրադառնայ [Քալիք-ի] հեղինակութեան վրայ>>, կը յայտնէ <<Մալթա Թուտէյ>>:

Ի վերջոյ, պարզուեցաւ, որ Ալպայրաք կարիք չունէր գաղտնի ստուերային ցանցի, քանի որ 2015-ին ան Էրտողանի կողմէ նշանակուեցաւ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար: Ան յաջողեցաւ հարկային համաներումի օրէնքը անցընել տալ <<Հարստութեան խաղաղութեան գործողութիւնը>> անուան տակ, որ թոյլ տուաւ Քալիք հոլտինկզի վերադարձնել անսահմանափակ քանակութեամբ ստուերային կանխիկ գումարներ` առանց հարկերու…

<<Մալթա Թուտէյ>> նաեւ կը յայտնէ, որ Էրտողան իր փեսան կը պատրաստէ որպէս իր յաջորդը: Զարմանալի չէ, որ Ալպայրաք ուղեկցած էր նախագահ Էրտողանի` Միացեալ Նահանգներ վերջերս կատարած այցելութեան ընթացքին:

Մալթայի մէջ արտասահմանեան բազմաթիւ ընկերութիւններու արձանագրութեան պատճառը այն է, որ այս երկիրը <<Եւրոպական Միութեան մէջ ունի ամէնէն ցած, արդիւնաւէտ համագործակցական հարկի տոկոսային չափը [5%] եւ դարձած է նախընտրելի վայր` հարկերէ խուսափելու համար Եւրոպական Միութեան մէջ, մինչդեռ, Ֆրանսայի մէջ, օրինակ, համագործակցութեան հարկի տոկոսային չափը կը կազմէ 33,33 առ հարիւր>>, ըստ Ֆիշմընի:

 

comments

Advertisement