Հալէպի Ու Թալիշի Թիկունքին

By Asbarez | Friday, 09 June 2017

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Sarkis-Mahseredjian2 - Copy

Մեր մամուլէն, նաեւ անձնական հաղորդակցութիւններու ճամբով, հետզհետէ աւելի յաճախ կը լսենք. Հալէպի ապահովութեան վիճակը զգալի բարելաւում կրած է։ Ջուրի սպասարկումը բաւական կանոնաւորուած է, ելեկտրաբաշխումի ժամերը աւելցած են, աշխատանքի պայմաններ կը վերստեղծուին դանդաղ քայլերով…

Հալէպի մէջ Մայիս 28ի փառաւոր տօնակատարութիւն տեղի ունեցած է։

Հալէպի ուսումնական տարեշրջանը աւարտին կը հասնի, հանդէս… յառաջիկայ տարուան համար արձանագրութիւններ։

Տակաւին՝ մշակութային ձեռնարկներ, դասախօսութիւն… եւ մասամբ նորին։

Տարուան առաջին օրերուն անհաւատալի ու հեռաւոր երազ թուացող՝ բարեշրջում ցոյց տուող իրականութիւններ սկսած են իրենց բարի հովանոցը տարածելու ժողովուրդի կեանքին վրայ, մինչեւ իսկ քաջալեր հանդիսանալով, որ տուն-տեղ-գործ հարկադրաբար լքած մարդիկ մտածեն վերադարձի եւ վերականգնումի ձեռնարկելու մասին։ Քանդուածին ու քայքայուածին վերականգնումը սկսած է արդէն։

Եւ ինչպէս որ պատերազմական վիճակի ստեղծման առաջին փուլին, 5-6 տարի առաջ, անհաւատալի եւ աներեւակայելի կը թուէր, թէ տագնապը կրնայ տարիներ տեւել, այսքա՛ն սուգ ու աւեր պատճառել, հիմա, մարդիկ արդար զգուշաւորութեամբ կը դիտեն բարեշրջման ընթացքը, թերահաւատութեամբ հարց կու տան, թէ պատերազմը կրնա՞յ օր մըն ալ վերջ գտնել, կամ՝ արդէն վերջ գտա՞ծ է։

Բայց չէ՞ որ ամէն սկիզբ վերջ մը կ՛ունենայ…

Սուրիան ու անոր հետ մեր համայնքը ահաւոր գին վճարեցին երկրին պարտադրուած, ներամուծուա՛ծ պատերազմին. վճարումը հոս-հոն կը շարունակուի տակաւին, մինչեւ իսկ եթէ Հալէպի եւ պատերազմի դաշտ եղած կարգ մը շրջաններու վիճակը որոշ բարեշրջում արձանագրած է։ Բազմամիլիոն անմեղ քաղաքացիներ իրողապէս բռնագաղթի ենթարկուեցան, պիտակումներու խաղալիք դարձան, հակառակ անոր, որ իրենց կեանքէն, ստացուածքէն ու ճակտի քրտինքով շահուած վաստակէն շատ բան կորսնցուցին։ «Տաէշ» կոչուած թրքատիպ ոճրախումբը չխնայեց քրիստոնեային, իսլամին եւ այլ փոքրամասնութիւններու, այս բոլորը՝ «Իսլամ»ի անունով, ծառայեց միայն ու միայն վարկաբեկելու Իսլամը։

Հիմա, հորիզոնը սկսած է դանդաղօրէն լուսաւորուելու. թէեւ մտահոգիչ վիճակը բոլորովին չէ փառատած, ո՛չ ալ ամբողջական խաղաղութիւնն ու բարեկեցութեան ուղին պիտի հաստատուին մոգական գաւազանի մը շարժումով։

Հալէպի հայութիւնը, ինչպէս նշեցինք, բոլորին նման սուղ վճարեց պատերազմական տարիներուն։ Տոկաց, մնաց պատնէշի վրայ, նօսրացում ապրեցաւ, բայց տոկա՛ց։ Առաւելաբար վստահեցաւ իր կարողութիւններուն, սակայն մի՛շտ ալ զգաց, որ հայրենիքն ու Սփիւռքի հայութիւնը ըստ կարելւոյն իր թիկունքին են կանգնած։

Խաղաղութեան ու վերականգնումի երթը նո՛յնքան դժուար պիտի ըլլայ, սակայն ահաւորը, կը յուսանք, որ արդէն անցեալին կը պատկանի։  Սեփական բնակարան, գործատեղի եւ համայնքային հաստատութիւններ վերականգնելը կը կարօտի երկարաշունչ մագլցումի, որուն համար հիմնական նախապայմանը խաղաղութիւնն է։ Մեկնողներէն ոմանք պիտի չվերադառնան, որովհետեւ հարկադրաբար հաստատուած են տարբեր երկիրներու մէջ, նաեւ Հայաստան. սակայն պիտի ըլլան վերադարձողներ, որոնք իրենց ձեռքերը պիտի միացնեն տոկացողներուն եւ, պատերազմի տարիներո՛ւն իսկ կենսունակութենէ չհրաժարող մեր գաղութին պիտի ապահովեն վերակնեսաւորման յենարաններ։ Թրքական պատուհասին ենթարկուած Քեսապը նախատիպն էր ըլլալիքին։

2010ի Հալէպը կրնայ անդարձ մեկնած ըլլալ, սակայն նորին համար բաւարար հիմքեր կան ու պիտի ապահովուին անկասկած։

***

Արցախէն ու Հայաստանէն ժպիտ բաշխող լուրեր կը հասնին նաեւ սահմանային գօտիին մասին։ Թալիշը սկսած է վերաբնակեցուելու, 2016ի Ապրիլի յարձակման հետքերը կը դարմանուին, գաղթողները կը վերադառնան…

Հոս ալ՝ սեփականին կառչելու նո՛յն յանձնառութիւնը, աննահանջ կամքը։ Հո՛ս ալ՝ ոգի մը, զոր դարերու խորերէն ժառանգ հասած է մեզի եւ կը կոչուի Հայու Հոգի։

Հալէպն ու Թալիշը, նաեւ թշնամական յարձակումներու ենթակայ բոլոր շրջանները իրենց անփոխարինելի տեղն ունին մէն մի հայու հոգիին ու կեանքին մէջ, մտածումի՛ն մէջ։

Այսօր ու վա՛ղն ալ տառապեալներն ու վերականգնողները պիտի զգան, պէ՛տք է զգան, որ ամբողջ հայութիւնը կը շարունակէ կանգնիլ իրենց թիկունքին։

comments

Advertisement