Հայաստան Եւ Հայութիւն՝ Հմայաթափութեան Խութին Դէմ

By Asbarez | Tuesday, 13 June 2017

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Hagop Balian

Երազած էինք ազատ եւ անկախ Հայաստան, երգեր յօրինուած էին եւ դեռ կը յօրինուին, սրահներ կը յուզուէին եւ դեռ կը յուզուին: Բայց կը թուի, թէ յուզումէն անդին երթալու երազները կը խամրին, <<հայրենիք>>ը որպէս իրաւ գաղափար կը ճահճանայ երգի եւ ճառի պղտորութեան մէջ, երբ ամէն օր քիչ մը հմայքը կ՛աղօտի: Հմայքը կ՛աղօտենք բազմատեսակ մակերեսայնութիւններով, թեթեւսոլիկութիւններով:

Հայրենատիրութիւնը, որ քարոզուած էր, եւ զայն բնականօրէն ամբողջացնելու կոչուած հայրենադարձութիւնը, կարծէք զարնուած են հմայաթափութեան խութին, մշուշներու մէջ քանդուած ղեկերու պատճառով: Հմայաթափութիւն՝ որ կը վերաբերի զանգուածներուն, ոչ յամառ եւ երազկոտ փոքրամասնութիւններուն, որոնք իրենք զիրենք կը համարեն ազգի մեծամասնութիւն, այս՝ Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ):

<<Հայրենիք>>ը պատէն կախուելիք գեղանկար չէ: Այդպէս չէր վերաբերումը նախկին սերունդներուն, որոնք <<հայրենիք>> կ՛ապրէին իրենք իրենց խոստանալով վերադարձը, կը վերադառնային իրենց վկայականներով, իրենց կացութիւնը ժամանակաւոր կը համարէին, հայագիր եւ հայատառ գիր-գրականութեամբ հայրենիք կը ստեղծէին հեռու եւ մօտ աշխարհներու մէջ: Հայրենահանուածներու առաջին սերունդներու գրականութիւնը հայկական էր, թէեւ այդ օրերէն սկսեալ օտարման ցեցը սկսած էր իր աւերը գործելու:

Այսօր ազգովին կանգնած ենք հմայաթափութեան խութին դէմ: Հմայք-հայրենիքը, տօնական օրերու, գրական պատկերներու, զոհողութիւններու եւ յանձնառութիւններու, աղմկոտ երգերու հայրենիքը յանկարծ դարձած է ազատ հող-իրականութիւն, որուն տիրութիւն պէտք է ընել: Հող-իրականութիւն հայրենիքը հոն է, ուր հիւսուած է ազգի պատմութիւնը: Բայց ան սկսած է թափով հեռանալու հայերու սէրերու հորիզոնէն, <<ներսը եւ դուրսը>>:

Հայաստանէն դուրս, հեռու կամ մօտ, հայրենիք չկայ: Հայրենիքը կարծէք պարպուած է իր մագնիսական-ձգողական ուժէն: Ինչպէ՞ս բացատրել զանգուածային արտագաղթը միլիոնով հայերու, ինչպէ՞ս հասկնալ միլիոններով հայրենահանուածներու եւ անոնց ժառանգներուն մօտ եւ հեռու աշխարհներու մէջ նոր ապաստան աշխարհներու մէջ արմատաւորումը, որոնք բարեսիրութիւնը կամ Հայաստանին տրուած-տրուելիք նիւթական եւ քարոզչական օժանդակութիւնը կը համարեն չահանագստացնող հայրենատիրութիւն, որ այդպէս ալ չէ, կը նուաղի աղմուկի եւ ճառի պղտոր հոսանքներուն մէջ:

Այս նորատեսակ հայրենատիրութիւն-հայրեսասիրութեան նոր հուն ալ կը բացուի, հրաժարումներու արդարացման համար նոր հուն կը բանանք: Այսպէս, ազգային առաջադրանք կը համարենք օտար աշխարհներու կեանքին մերուելու ընտրանքը, կ՛ըսուի՝ ազդեցութիւն ձեռք բերել եւ այդ օգտագործել Հայաստանի եւ անոր դատին ի նպաստ: Տարիներէ ի վեր ոմանք յանկերգի վերածած են, այն, օրինակ, որ պէտք է մասնակցիլ հիւրընկալ երկիրներու կուսակցութիւններուն եւ քաղաքական կեանքին, յարաբերութիւններով եւ ձեռք բերուած ազդեցութեամբ ծառայել Հայաստանին:

Բայց ի՞նչ կ՛ըսէ պատմութիւնը: Բիւզանդիոնի տասնեակ հայազգի կայսրերը ի՞նչ ըրած են Հայաստանի համար: Ի՞նչ ըրած է հզօր Խորհրդային Միութեան աւագ դէմքերէն Անաստաս Միկոյեան՝ հայոց իրաւունքներուն համար: Կը մոռնա՞նք, որ պետութիւնները զգացականութիւններու ակումբ չեն, ունին իրենց կացութենէն բխած տրամաբանութիւն եւ շահեր: Հայեր երբ առաջադրուած ձեւով կը մերուին ազգային համայնքէն դուրս կազմակերպութիւններու մէջ, ամբողջովին կը տրուին իրենց նոր յանձնառութիւններուն, հոն կը մնան, ինչպէս ուրիշ երամի միացած աղաւնին, որ կ՛իջնէ իր նոր աղաւնետունը: Հարցուցէ՛ք գիւղերու մէջ աղաւնի թռցնողներուն եւ անոնք պիտի ըսեն, թէ գացողը ետ չի գար:

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս գունաթափուած է հմայք-հայրենիքը,- կամ չքացած երազի հմայքը,- որ հայրենիքը եւ հայրենադարձութիւնը նպատակ կը համարէր: Հաւկուրութեամբ կը խորհինք, որ սփիւռք-ազգ մը կրնայ ապրիլ եւ տեւել: Ո՞ւր կրնան հասցնել մերւումը եւ համարկումը: Համայն հայութիւնը, բարձրաթռիչ ղեկավարներէն եւ մտաւորականներէն մինչեւ համեստները, անհատաբար եւ հաւաքաբար, պարտք պէտք է համարեն (համարէին) առանց խուսանաւման ճապկումներու պատասխանելու հետեւեալ հարցումին.
Ի՞նչ է ժամանակակից հայուն կացութիւն-ապագան եւ վերաբերումը Հայաստան-հայրենիքին հանդէպ:

Ժամանակակից հայը, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ):

Ազգովին, ղեկավարութիւններ եւ մտաւորականութիւն, կողքովը կ՛անցնինք զոյգ հիմնահարցին. ի՞նչ են խորքային պատճառները աղէտ-արտագաղթի եւ չիրակականացող հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութեան:

Աղէտ-արտագաղթ. հայրենատիրութեան գիտակցութեան նահանջ, անհատապաշտութեան եւ <<լաւ ապրելու իրաւունք>>ի զիկզակող ճամբաներուն վրայ, բայց նաեւ հետեւանք պատեհապշտ բախտախնդիրներու, որոնք իւրացուցին եւ կը շարունակեն իւրացնել երկրին հարստութիւնը (կողոպուտ եւ <<կոռուպցիա>>), յառաջացնելով ազգավնաս եւ չար անհաւասարութիւններ:
Քանիցս ըսած եւ գրած եմ, որ խորհրդային հաւասարութեան դրութենէն անմիջապէս ետք ինչպէ՞ս յառաջացաւ մեծ դրամագլուխի տէրերու դասակարգ մը: Ազգային իրաւութեամբ յատկանշուող իշխանութիւն մը չպայքարեցաւ երեւոյթին դէմ, հարկային համակարգը քննութիւն չկատարեց անաշխատ եկամուտներու մասին, կ՛ըսեն՝ audit, <<աուտի>>չ ընելու խոստում տուող վարչապետ եղաւ: Ֆրանսացին կ՛ըսէ, որ խոստումները յանձնառու կը դարձնեն լսողները եւ ոչ խոստացողները: Դիզուած դրամագլուխը աշխատանք ստեղծելու ներդրում չեղաւ. վկայ՝ նախկին գործարաններու չորցած ծառերու տեսարան պարզող պատկերները:

Եւ արտագաղթը դարձաւ համաճարակ:

Ոչ ներսը եւ ոչ ալ դուրսը չգիտցանք դիրք ճշդել աղէտին դէմ: Հանդուրժեցինք: Չխօսեցանք արտագաղթած հայ արուեստագէտներուն եւ մտաւորականներուն մասին, որոնք իրենց ընտանիքով փոխադրուած են այլ երկինքներու տակ: Անոնցմէ ոմանք Հայաստան կ՛երթան-կու գան ելոյթներու եւ աշխատանքի համար, յոռեգոյնի օրինակ ըլլալով: Արդարեւ, երբ մարդիկ ականատես են զանգուածային եւ հանդուրժուած արտագաղթի, ինչպէ՞ս կրնան մտածել հայրենադարձութեան մասին:

Հանրագումար. հմայաթափութիւն:

Բախտաւոր պարագային, երբ դեռ բոլորովին <<ծագումով հայ>> չենք դարձած, հին Յունաստանի իմաստակներու ճառերուն նմանող խօսքեր կ՛ըսենք, որ Սփիւռքի մէջ որպէս ազգ կրնանք տեւել, համարկուելով հիւրընկալ երկրին, այսինքն այն՝ որ կարելի է յառաջացնել <<սփիւռք-ազգ>>, առաջադրանք՝ որ ընկերամշակութային գիտական ոչ մէկ հիմնաւորում ունի:

Միթէ՞ հայ ազգի նոր գաղափարախօսութիւնն է աճեցնել Ամերիկայի, Ռուսիոյ կամ այլ երկիրներու բնակչութեան համրանքը:

Այսօր հիմնահարց պէտք է ըլլայ հայուն եւ Հայաստանի ապագայի հմայքի վերականգնումը, որպէսզի Սփիւռք(ներ)ը համոզուի, որ ազգին համար սփիւռք-կացութիւնը միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, որպէսզի հայրենադարձութիւնը դառնայ անհետացումը կանխող կենսական առաջնահերթութիւն:

Հայրենիքը բարեսէրներու եւ զբօսաշրջիկներու նպաստով չի կրնար տոկալ եւ տեւել: Հայրենատէր զանգուածի կարիք ունի հայրենիքը, մարդոց՝ որոնք կը շէնցնեն հայրենիքը իրենց աշխատանքով եւ ներդրումներով, նաեւ սահմանները պաշտպանող սերունդով:

Այս գաղափարով եթէ առաջնորդուինք, անհատաբար եւ հաւաքաբար, օր մը պատմաբանը կրկին կ՛արձանագրէ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի խօսքը. <<Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր, եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի…>> (Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց):

Այսօր <<բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի>>ն պէտք է ըմբռնել միացեալ Հայաստան-Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողի տիրութեամբ եւ ծաղկումով, այլապէս օր մը <<Հայաստան>> կոչուած աշխարհին տէր կ՛ըլլան տարբեր պատմութեամբ ժողովուրդ մը կամ ժողովուրդներ: Եւ լուրջ չ՛ըլլար բռնագրաւեալ Հայաստանի ազատագրութեան դատը:

Իսկ մենք դեռ ժամանակ մըն ալ կ՛ապրինք որպէս ապահով եւ կուշտ <<ծագումով հայեր>>:
Բարձրախօսներու աղմուկէն առաջ եւ վերջ լաւ է մտածել գալիքի մասին:

Դանիէլ Վարուժան կը խօսէր <<վարդահեղեղ արշալոյս>>ի մասին, որուն ոտնաձայնը կ՛առնէր:
Ի՞նչ բանի ոտնաձայնը կ՛առնեն Սփիւռք(ներ)ը այսօր, ո՞ր ոտնաձայնը լսելու համար կ՛արտագաղթէին եւ կ՛արտագաղթեն հայերն այսօր:

Պայծառ դէմքով Քրիստափոր ըսած էր. <<Հիմա կ՛երթամ սուլթանի դէմ>>: Ո՞վ եւ որոնք պիտի առաջնորդեն, այսօ՛ր, հայ զանգուածները, աստ եւ անդ, հոգիները կրծող ներքին սուլթաններու դէմ:

 


comments

Advertisement