Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը

By Asbarez | Monday, 26 June 2017

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

0522pakradestoukian

Եթէ յիշենք, թէ այսօր միայն ու միայն հոգեւոր գրականութեան նիւթ դարձած գրաբարը 16 դարեր առաջ հայերէնի առօրեայ լեզուն էր, ապա կրնանք պատկերացնել խօսակցական լեզուին՝ մինչեւ մեր օրերը ապրած մեծ փոփոխութիւնը:

Գրաբարը զերծ մնաց այդ փոփոխութենէն՝ շնորհիւ եկեղեցւոյ ապահովուած անձեռնմխելիութեան: Իսկ հասարակ ժողովուրդի բերանին մէջ անիկա յարատեւօրէն ապրեցաւ զանազան փոփոխութիւններ՝ ազդուելով բազմաթիւ գործօններէ: Նախ, իր մէջ ընդունեց բազմաթիւ օտար արմատական բառեր: Քաղաքականութիւնը կարեւոր ազդակ մըն էր օտար, յատկապէս պարսկերէն կամ թրքերէն բառերու ներխուժման համար: Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ պետականութենէ զուրկ դարեր: Շատ բնական է, որ այդ դարերուն ընթացքին թղթաբանութեան, դիւանագիտութեան, վարչակարգի, ռազմավարութեան, օրէնսդրութեան վերաբերեալ բազմաթիւ բացատրութիւններ հեշտութեամբ փոխառնուէին հարեւան եւ իշխող մշակոյթներու բառամթերքէն:

Անցեալին մեր լեզուին բազմաթիւ բառեր մատուցող գերպետութիւնները՝ Պարսկական եւ Օսմանեան կայսրութիւնները, աւելի նոր ժամանակներու իրենց տեղը զիջեցան արեւմտեան լեզուներու եւ ռուսերէնի: Անշուշտ, այստեղ կարեւոր գործօն մըն ալ կը յայտնուի այդ մշակոյթներուն արձանագրած ճարտարագիտական նուաճումներէն: Անցեալի թղթաբանութեան կամ դիւանագիտական բառամթերքին փոխարէն, այս անգամ մեր լեզուին թափանցեցին օտար արմատներով գիտական բացատրութիւններ: <<Ելեկտրականութիւն>> բառին մատնանշած իմաստին փոխարէն, անհամեմատօրէն ընդարձակ բացատրութիւն մը պիտի ըլլար հայերէնի <<հոսանք>> բառը: Ահա այդ բառը աւելի նեղ իմաստի մէջ օգտագործելու համար, ստիպուեցանք դիմել <<ելեկտրական հոսանք>> բացատրութեան: Կարծես նշանակելի օրինակ մըն է՝ այս նորայայտ հասկացողութիւններու համազօր սեփական բառեր գտնելու դժուարութիւնը բացատրելու համար: Սակայն, կ՛արժէ խոստովանիլ, թէ որոշ տրամաբանութենէ ծագած այս տեսակի օտար արմատական բառերուն փոխարէն, մենք կ՛օգտագործենք նաեւ այնպիսի բառեր, որոնց գործածութեան միակ պատճառը՝ ցուցամոլութի՛ւնն է, սնո՛պ ցուցամոլութիւնը: Այսինքն, հաւաքականութեան մէջ ջանալ ապացուցել, թէ կը տիրապետենք այդ տուեալ օտար լեզուին:

Այս բոլորը մեր միտքը կը խուժեն յատկապէս այն օրերուն, երբ մենք մեծ գոհունակութեամբ կը հետեւինք ոչ հայերու հայերէն սորվելու մարմաջին: Անհաւատալիօրէն բարձր է իրենց թիւը եւ զարմանք կը պատճառէ բոլորիս՝ միշտ յուշելով այն հարցումը, թէ <<ինչի՞ կը ծառայէ հայերէն սորվիլը>>:

Նախ պէտք է նշենք, որ այս հարցումը արդէն ինքնին բաւական թշուառութիւն կը պահէ իր մէջ, որովհետեւ շատ յիմար միտք մըն է այն, որ մայրենի լեզուն սորվելու համար սպասել, թէ անիկա պէտք է բանի մը ծառայէ: Լեզուն մեր սեփականութիւնն է եւ արտայայտութի՛ւնը մեր պատկանելութեան: Աւելի բնական ի՞նչ երեւոյթ պիտի ըլլար, եթէ ոչ՝ հայը խօսէր հայերէն, գերմանացին խօսէր գերմաներէն, կամ թուրքը՝ թրքերէն: Աշխարհի վրայ արդեօք ուրիշ ո՞ր ժողովուրդներու ծնողներն են, որոնք իրենց զաւակին հետ կը խօսին միա՛յն այն լեզուներով, որոնք <<բանի մը պիտի ծառայեն>>: Ուրեմն, ամբողջովին անիմաստ նախասիրութիւն մըն է հայու մը հայերէնէն խուսափիլը, պատրուակելով, թէ հայերէնը բանի մը չի ծառայեր:

Հապա ի՞նչ ըսել դպրոցներու այն վարիչներուն կամ ուսուցիչներուն, որոնք կը ձայնակցին այս աստիճանի տգէտ ծնողներու պահանջին, եւ դպրոցի ուսման ծրագիրին մէջ կը նուազեցնեն մայրենի լեզուի գործածութիւնը:

Եթէ այսօր մեր դպրոցներուն մէջ հայերէնի դասաւանդման նահանջ մը կ՛ապրինք, ապա անոր գլխաւոր պատասխանատուն՝ տգէ՛տ ծնողներու պարտադրածներուն դիմաց թուաբանութեան, գիտութեան, կենսաբանութեան, երկրաչափութեան եւ այլ առարկաներու մէջ հայերէնի գործածութենէն հրաժարի՛լն է:

Հայերէնէ դժգոհող ծնողներուն ցոյց տուէք բազմաթի՛ւ օտար վարժարաններու դուռը եւ մի՛ զոհէք իբրեւ հայ վարժարանի ուսուցիչ, տնօրէն կամ խնամակալ՝ ձեզի վստահուած գլխաւոր առաքելութիւնը: Ապա թէ ոչ՝ ձեզի՛ պիտի վիճակուի բազում դարեր յաղթահարելով մեր օրերուն հասնող այս հրաշք լեզուին թաղման ծիսակատարութիւնը:

 

comments

Advertisement