* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Հիմա Ի՞նչ Ընել

Sunday, 08 November 2009     |    |   

Source: Asbarez Editorial
Tags: armenia-turkey, protocols

Հոկտեմբեր 10էն անցաւ արդէն բաւական ժամանակ ու տակաւին կարծես անաորոշութիւն մը կը տիրէ հայկական իրականութեան մէջ, առնուազն արտաքնապէս այդպէս կ՛երեւի:

Այս անորոշութիւնը չի կրնար երկար տեւել, այլապէս հազիւ ստեղծուած զօրաշարժային մթնոլորտը պիտի թուլնայ եւ հետզհետէ բոլորովին խամրի, ի բացակայութիւն գործողութիւններու յստակ ծրագրերու:

Մէկ կողմէ թրքական խորհրդարանի քննարկումներու մասին լուրերու պակասը, միւս կողմէ արձանագրութեանց վաւերացման հայաստանեան ժամանակացոյցի վերաբերեալ ներկայ պայմաններու տակ հանրութեան անտեղեակութիւնը, կը զրկեն մեզ զօրաշարժի ու ընդվզման ալիքի ճիշդ հունաւորման նախադրեալներէն:

Կարելի է առարկել, որ այս անորոշութիւնը արդարացուած չէ, որ արձանագրութիւններու դէմ պայքարելու վճռականութիւնը պակսելու ոչ մէկ պատճառ կայ, ընդհակառակը, այս հանգրուանին, աւելի մէծ թափով պէտք է աշխատիլ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, այս հանգրուանին յատկապէս Սահմանադրական դատարանը գիտնայ, որ իր վրայ գամուած են բիւրաւոր մարդոց աչքերը ու իրմէ կ՛ակնկալուի, որ կատարէ ճիշդը, արդարը:

Հայ-թրքական արձանագրութեանց իրաւական արդար ու ճշգրիտ գնահատական տալու սահմանադրական դատարանի պարտաւորութիւնը իսկապէս ծանրակշիռ փորձաքար մը պիտի հանդիսանայ մեր երկրի ապագային համար: Սահմանադրական սկզբունքերուն տիրութիւն ընելու նախանձանդրութեան չափէն կախեալ է մեր պետականութեան կռուաններու յուսալիութիւնը, անոնց կենսունակութիւնը ու ապագայ բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու ներքին կարողականութեան հզօրացումը:

Իսկ եթէ այդ բարձր ատեանը իր պատասխանատուութեան մակարդակին անյարիր կեցուածք ճշդեց ու հարցը գնաց Ազգային Ժողով, ուր պատեհապաշտ ու շահադիտական հաշուարկներով ղեկավարուուղ մարդոց թիւը մեծ է, ապա մենք մեր այսօրուան գործողութիւններու տարողութեամբ, անոնց ուժգնութեամբ, պէտք է յստակ դարձնենք արձանագրութեանց կողմ քուէարկելու պատրաստուող իւրաքանչիւր պատգամաւորի, որ առանձին առանձին հաշիւ պիտի տան իրենց քուէին համար ու ժողովուրդը, սահմանադրականօրէն իրեն վերապահուած միջոցներով պիտի հետապնդէ զիրենք, ընդհուպ բոլորովին արտաքսելով զիրենք հայ քաղաքական դաշտէն:

Այս բոլորը սին սպառնալիքներ կամ յայտարարութիւններ կրնան ըլլալ եթէ մենք շարունակենք ձեռնածալ մնալ ու թերանանաք մեր պատասխանատուութենէն, որ նոյնքան պարտաւորեցնող է, որովհետեւ մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջեն մեր զաւակները, հայոց գալիք սերունդները:

Ուրեմն անցնինք գործի: Տակաւին հսկայական աշխատանք կայ աւելի մեծ շրջանակ մը տեղեակ պահելու արձանագրութեանց ստորագրման ու վաւերացման արդէն պատճառած ու տակաւին աւելի մեծ տարողութեամբ պատճառել սպառնացող վնասներու մասին: Պէտք է հասնիլ բոլորին, պէտք է օր ու գիշեր հանդիպումներ, նախ փոքրաթիւ, շրջանային զեկուցական, բացատրական հաւաքներ կազմակերպել, բոլորին նպատակաուղղելով դէպի աւելի մեծաթիւ կեդրոնական հաւաք-ցոյցի մը, որուն մասնակիցներուն թիւը պէտք է իսկապէս ապացոյց ըլլայ հակա-արձանագրութիւններու շարժումի լայնագոյն ժողովրդականութեան:

Բացատրական աշխատանքներու այս սկզբնական հանգրուանը կը պահանջէ համբերատար, սպառիչ աշխատանք, կը պահանջէ, որ խնդրին լաւատեղեակ, գիտակից ու բացատրելու, վերլուծելու կարողութեամբ իւրաքանչիւր հայորդի զինուորագրուի ու լծուի գործի:
Յամենայնդէպս այս բացատրական շարժումն իսկ պէտք չէ լուռ ընթանայ: Հրապարակը աշխուժացնելու ճիգերու լրատուութիւնը իրենց դրական նպաստը կը բերեն ընդհանուր գործին եւ մամուլը այդ ուղղութեամբ ահագին ընելիք ունի, ինչպէս եւ ունի պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը համայնքի մէջ առկայ զգայնութիւններն ու ընդվզումները լոյս աշխարհ հանելու ու անոնց մասին հանրութեան լայնագոյն խաւերը տեղեակ պահելու:

Գործը հսկայական է: հաւանաբար արդէն շատ գրեցինք, չըսելու համար շատ խօսեցանք: Անցնինք աշխատանքի:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement